ՓԱՐԻՍԵՑԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԸ
Ահաւասիկ երկու նկարագիրներ՝ որոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն շրջանի մէջ, ամէն տեղ։ Արդարեւ «փարիսեցի»ն կը խորհրդանշէ յաւակնոտ, մեծամիտ, ինքնահաւան եւ ինքզինք միշտ ուրիշներէն գերադաս նկատող անձը, իսկ «մաքսաւոր»ը՝ ինքնաճանաչութեան շնորհով օժտուած, խոնարհ, համեստ եւ ամօթխած, պարկեշտ մարդը։ Եւ այս իմաստով, այս երկու տիպարները միշտ գտնուած են մարդկային ընկերութեան մէջ, եւ տեսնուած՝ ամէն հասարակութեան միջավայրէն ներս։ Այս երկու նկարագիրները կը կազմեն մարդկային ընկերութիւնը՝ թէեւ հակադիր բայց զիրար լրացնող, ամբողջացնող եւ ընկերային ներդաշնակութիւնը ապահովող՝ իրարմէ անբաժա՛ն տարրեր։
Սա անուրանալի է, որ եթէ հակադրութիւններ չըլլան, կարելի չ՚ըլլար որեւէ արժէք յայտնել, քանի որ արժէքներ կը բացայայտուին ընդհանրապէս իրենց հակադիրներուն հետ բաղդատմամբ, իրարու նկատմամբ ունեցած առաւելութիւններով եւ թերութիւններով։ Ուստի, սեւը «սե՛ւ» է, քանի որ «ճերմակ» չէ՛ եւ փոխադարձաբար…։
Զոր օրինակ, եթէ «չար»ը գոյութիւն չունենար, «Բարի»ն արժէք մը պիտի ներկայացնէ՞ր։ Խնդրական է եւ վիճելի, բայց գոնէ իր մէջ ունի ճշմարտութեան մեծ բաժին մը այս հարցը։
Եւ ահաւասիկ, «փարիսեցի»ին եւ «մաքսաւոր»ին հակադրութիւնը՝ ուր արժէք կը ստանայ համեստութիւնը, խոնարհութիւնը, ինքնագիտակցութեան առաքինութիւնը եւ ազնուութի՛ւնը։
Փարիսեցին իր տիրական եւ ազդո՛ւ դիրքը ապացուցանելու համար աչքի զարնող տեղեր կը գրաւէ, որպէսզի ամէն մարդ տեսնէ զինք։ Եւ երբ կ՚աղօթէ, կ՚ուզէ որ լսեն իր շուրջինները։ Ինքնահաւան, յաւակնող եւ քիչ մըն ալ իր նմանները ստորագնահատող ոճով մը կ՚աղօթէ. կարծես Աստուած միայն ի՛ր Աստուածն է, եւ կարծես առանձնաշնորհեալ մըն է ինք Անոր առջեւ։
Մինչեւ աղօթքը իր իսկութեան մէջ զԱստուած փառաբանող եւ Աստուծոյ ներկայացուած աղերսի մը խոնարհ խօսակցութիւնն է։
Բայց փարիսեցին իր «ամբարտաւան» կեցուածքով եւ մեծամտութեամբ ինքզինք կը փառաբանէ։ Ան երբ իբր թէ կ՚աղօթէ, ուրիշները կը բամբասէ եւ կը զրպարտէ… եւ կը կարծէ, թէ կ՚աղօթէ…։ Ասիկա աղօթք չէ, այլ՝ ինքնափառաբանութիւն, ինքնագովութիւն։ Փարիսեցին աղօթելով մեղք կը գործէ՝ փոխանակ բարիքի։
Մինչդեռ ճշմարիտ աղօթքը խոնարհութիւն, ներհայեցողութիւն, պարկեշտութիւն եւ մանաւանդ անկեղծութիւն կը պահանջէ՝ որոնք կը պակսին փարիսեցիին հոգեւոր կեանքէն։ Փարիսեցին, այս կերպով չ՚աղօթեր, այլ աղօթքը կը շահագործէ իր շահերուն, ինքզինք գոհացնելու համար։
Եւ մաքսաւորը՝ ան ալ կ՚աղօթէ, ծածուկ, անձայն, ինքնաճանաչութեամբ՝ խոնարհ եւ պարկեշտ։ Ան չի՛ հետաքրքրուիր իր շուրջիններուն հետ, քանի որ ան գիտակցութիւնը ունի աղօթքին, գիտէ որ կը խօսի Աստուծոյ հետ եւ այլեւս ո՛չ մէկ կարեւորութիւն ունի իր դիրքը, իր կեցուածքը եւ իր էութիւնը, քանի որ այդ պահուն կը գտնուի Աստուծոյ առջեւ. ինք եւ իր Արարիչը եւ բոլոր էութիւններու միակ Աստուածը։ Աստուծոյ ներկայութեան իր աննկատելի արժէքին գիտակցութիւնը ունի, մաքսաւորը՝ որուն «Ես»ը բոլորովին կորսնցուցած է իր գոյութիւնը։ Այսպէս կը մօտենայ ան Աստուծոյ, առանց առանձնաշնորհեալ մը կարծելով զինք, քանի որ գիտէ որ Ան բոլոր արարածներու, ամբողջ մարդկութեան Աստուածն է։ Մաքսաւորը խոնարհ է, քանի որ ինքնագիտակցութեան առաքինութիւնը ունի. պարկեշտ է եւ ազնիւ, հնազանդ որդիի մը նման…։
Մաքսաւորը՝ գիտակցութիւնը ունենալով իր մեղաւորութեան, խոնարհաբար եւ ամօթխածութեամբ ներում կը խնդրէ իր սխալներուն, իր յանցանքներուն համար։
Փարիսեցին, կարծես բոլորովին անմեղ է եւ մաքուր, գոռոզութեամբ եւ ինքնահաւանութեամբ կը մօտենայ Աստուծոյ՝ միայն ինքնագովութեան խօսքեր արտասանելով եւ միայն իր «Ես»ը առաջադրելով։ Անոր համար կարեւորը աղօթել չէ՛, այլ իր «Ես»ը գոհացնել եւ մանաւանդ ցոյց տալ շուրջիններուն՝ թէ ինք ո՜րքան մօտ է Աստուծոյ իր կարծեցեալ առաքինութիւններով։
Փարիսեցին, արդարեւ, ինքնակոչ «առանձնաշնորհեալ» մըն է, Աստուծոյ ընտիր անձը. բայց իր առանձնաշնորհեալ ըլլալը միայն ինք գիտէ, միայն իր ենթադրութեան սահմաններուն մէջ տեղ կը գրաւէ։
Բայց դժբախտաբար, փարիսեցին չէր գիտեր թէ կարելի չէ Աստուծոյ մօտենալ մեծամտութեամբ, եւ կամ գիտէր բայց նկատի չէր առներ, որովհետեւ ինքնահաւանութեամբ արտայայտուած խօսքեր երբեք չեն ընդունուիր Աստուծոյ կողմէ։ Մինչեւ իսկ Քրիստոս՝ Իր միածին Որդին խոնարհեցաւ եւ իր ամբողջ երկրաւոր կեանքին մէջ համեստ եղաւ։
«Կ՚ըսեմ ձեզի,- եզրակացուց Յիսուս,- մաքսաւո՛րն է որ արդարացած տուն գնաց, եւ ո՛չ թէ փարիսեցին. որովհետեւ ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՂՈՒԿ. ԺԸ 14)։
Արդարեւ, կարելի է խորհիլ թէ փարիսեցին ալ ունէր արդար կողմեր, բայց կարեւորը դիրքը կամ կացութիւնը չէ՛, այլ անոնց արտայայտութեան ոճը եւ ձեւը. մարդ կրնայ իրապէս արդար ըլլալ, բայց ասիկա երբեք ուրիշները վարկաբեկելու, ստորագնահատելու կերպով պէտք չէ արտայայտէ, մանաւանդ Աստուծոյ՝ որ ամենատես, ամենագէտ է եւ արդէն գիտէ թէ ո՛վ է արդարը եւ ով՝ անիրաւը, ո՛վ անմեղ է եւ ով՝ մեղաւո՛ր։
Եւ այսօր ալ կարելի է նկատել փարիսեցիներ եւ մաքսաւորներ ընկերային կեանքին մէջ եւ յատկապէս եկեղեցական միջավայրէն ներս, որոնք ամէնուրեք կը յայտնուին իրենց կեղծաւորութեամբ եւ անկեղծութեամբ՝ ինքնահաւանութեամբ եւ խոնարհութեամբ, գոռոզութեամբ եւ համեստութեամբ։
«Փարիսեցի»ն ներկայացնողներ՝ անգամ մը որ կը հասնին դիրքի մը, կը կարծեն թէ այլեւս ամէն ինչ են իրենք եւ կը ջանան իշխել եւ տիրել բոլոր դիրքերու՝ աստուածային նախասահմանութիւն նկատելով իրենց ժամանակաւոր փառքը։ Անոնք աւելի եւս բարձրանալու համար կը ջանան ստորադասել ուրիշները՝ երբեմն զրպարտելով, երբեմն մեղադրելով եւ անիրաւելով զանոնք։
Եւ մաքսաւորին դասէն երբեք չեն օգտը-ւիր փարիսեցիներու ներկայացուցիչները՝ միշտ հաստատ եւ հաւատարիմ մնալով իրենց «փարիսեցիի նկարագիր»ին վրա՛յ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 10, 2019, Իսթանպուլ