ՔԱՆԱԿԻ ԵՒ ՈՐԱԿԻ ՄԱՍԻՆ
Մարդիկ յաճախ վէճի նիւթ կ՚ընեն, թէ ո՞ր մէկը կարեւոր է կեանքի մէջ յաջողութեան եւ նպատակի հասնելու համար. քանա՞կը, թէ որակը։ Բայց կեանքի փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդիկ ընդհանրապէս, եւ պէտք է ըսել՝ շատ յաճախ «քանակ»ին կարեւորութիւն կ՚ընծայեն, «քանակ»ին ետեւէն են եւ ո՛չ թէ՝ որակին։ Այնպէս կը տեսնուի, որ մարդիկ կը փափաքին եւ կ՚աշխատին «շատ» պտուղ ունենալ, փոխանակ «լաւ» պտուղ ունենալու։ Այս ուղղութեամբ, ոմանց կեանքը եւ կենսագրութիւնը կազմուած է «շատ» գործերէ, որոնք թերեւս իրենց տեղը եւ արժէքը ունին, բայց որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը «մեծ» գործ մըն է, որ կ՚ապրի, կը մնայ…։
Արդարեւ կեանքի մէջ կարեւորը «գործ»ին շատ եւ կամ քիչ ըլլալէ աւելի, անոր լաւ եւ օգտակար ըլլալն է, ինչ որ կեանքի փորձառութիւնն ալ այս կ՚ապացուցանէ։
Զոր օրինակ, կան «գործ»եր արտադրողներ, կան հեղինակներ, որոնց անունը թերեւս տասնեակ եւ աւելի գործերու, հեղինակութիւններու վրայ արձանագրուած կ՚երեւի եւ սակայն որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը «դասական» եւ մնայուն գործերու, հեղինակութիւններու մաս կրնայ կազմել եւ օգտագործուիլ մէկ սերունդէ մը կեանքէն անդին։
Եւ դարձեալ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ո՛չ թէ «շատ»ը, այլեւ «քիչ»ը աւելի արժէք կը ստանայ, աւելի թանկագի՛ն է։ Այս տեսութեան ամենալաւ օրինակը կրնայ ըլլայ ոսկին՝ նկատմամբ աւելի շատ գտնուող մետաղներու։ Քանակով քիչ, բայց որակով բա՛րձր…։
Բնութեան գեղեցկութեան աննկարագրելի գերադրականը՝ բարձրագոյնը՝ բառագիրքերու մէջ ընդանրապէս մէկ բառով կ՚արտայայտուի, փոխանակ երկար խօսքերու եւ նախադասութիւններու. զոր օրինակ՝ «երկինք» բառը։ Այդ բառին պարունակութեան մէջ կը դնենք մենք բոլոր «աւելի»ն, բոլոր ճոխութիւնը գեղեցկութեան՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ իմաստասիրական՝ սահմանելի եւ անսահմանելի իմաստին։
Գեղեցկութիւնը արտայայտելու համար բաւարար է բառ մը միայն՝ «երկինք». մէկ բառ միայն փոխանակ երկար բացատրութիւններու, մեկնաբանութիւններու։
Խօսքն ալ այդպէս չէ՞. կան կարճ եւ քիչ խօսքեր, որոնք շատ բան կը պարուակեն, իմաստալից են՝ որակաւոր եւ օգտակար են, մինչ կան երկար խօսքեր, որոնք ո՛չ մէկ արժէք, ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունին, քանի որ իմաստ չեն պարունակեր՝ որակ եւ արժէք չեն ներկայացներ ընդհանրապէս։ Եւ ուրեմն իսկական արժէքը ո՛չ թէ քանակին, այլեւ որա՛կին մէջն է։ Եւ ահաւասիկ, պարզ օրինակ մը մեր ամէնօրեայ կեանքէն. պնակներ լեցուն ուտելիք որ ո՛չ մէկ սնունդ կը պարունակէ, օգտակար կ՚ըլլա՞յ մարդուս, քան իսկական սնունդ պարունակող դեղահատ մը։
Գրական աշխարհի մէջ ալ, կան եւ եղած են բանաստեղծներ, որոնք հարիւրաւոր ոտանաւորներ գրած են եւ սակայն բոլորն ալ մոռցուած են. իսկ քիչեր՝ որոնք միայն մէկ-երկու ոտանաւորով անմահացա՛ծ են։ Եւ խօսակցութեան ատեն ո՞վ աւելի օգտակար կ՚ըլլայ. շատախօ՞սը, թէ սակաւախօսը։ Արդարեւ առաջինը շատ կը խօսի՝ ո՛չինչ կ՚ըսէ, երկրորդը քիչ կը խօսի՝ շա՜տ բան կ՚ըսէ։
Կեանքի մը արժէքը այն ատեն կը մեծնայ, արժէք կը ստանայ, երբ մարդ կրնայ իր ուժերը անտեսել եւ կեդրոնացնել «մէկ գործ»ի մը վրայ, փոխանակ տարածելու զանոնք տասը գործերու վրայ, եւ բոլորն ալ անկատար թողելու։ Ուստի լա՛ւ է մէկ ծառ տնկել եւ լաւ խնամել, որպէսզի աճի, մեծնայ եւ պտղաբեր ըլլայ, լաւ պտուղ տայ քան պտղաստան մը տնկել եւ սէզերու, որդերու կեր ընել եւ չկարենալ օգտուիլ անոր պտուղներէն։
Յիսուս աշխարհ եկաւ մէ՛կ կոչումով. մէկ նպատակի մը նուիրումով, որ էր փրկե՛լ մարդիկ Աստուծոյ սիրոյն յայտնութեամբը՝ Իր կեանքովը։ Յիսուսի կեանքին «վախճան»ը չէր խաչը, այլ՝ «լրո՛ւմ»ն էր։
Մեր ալ կեանքին լրո՛ւմն է սէրը, ամէն գնով, որպէսզի ապացուցանենք, թէ մե՛նք ալ Աստուծոյ որդիներն ենք, մե՛նք ալ Աստուծոյ սիրոյն արժանի ենք…։
Վերջապէս, Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Ոեւէ մէկուն որեւէ բանով պարտական մի՛ մնաք, միայն, մի միայն իրար սիրելու պարտաւորութիւնը ունեցէք, քանի որ իր ընկերը սիրողը կատարած կ՚ըլլայ Աստուծոյ Օրէնքը…» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8)։
Մարդուս հոգերը, մտահոգութիւններն ալ եթէ քի՛չ են, կարելի կ՚ըլլայ դիմադրել, տանիլ դիւրութեամբ, իսկ եթէ դիզուին, բարդուին, անտանելի՛ կ՚ըլլան, եւ այս իսկ պատճառով է, որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Վաղուան մտահոգութիւնը վաղուան ձգեցէ՛ք։ Իւրաքանչիւր օրուան նեղութիւնը ինքնին բաւարար է» (ՄԱՏԹ. Զ 34)։
Եւ, սիրելի՜ բարեկամներ, երջանկութեան գաղտնիքը «քի՛չով գոհանալ»ու մէջ կը կայանայ եւ անոնք որ իրենք զիրենք «դժբախտ» կը զգան, կը նշանակէ, որ կը պակսի ան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 20, 2019, Իսթանպուլ