ՀՈԳԵԿԱՆ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Երբ կը տօ­նենք Սուրբ Ծննդեան ո­գե­կո­չու­մը եւ կը խան­դա­վա­ռուինք ա­նոր յի­շա­տա­կով, ա­սի­կա որ­քան խա­ղա­ղու­թեան, մարդ­կա­յին եղ­բայ­րու­թեան, մար­դա­սի­րու­թեան ազ­նիւ զգա­ցում­նե­րու անդ­րա­դաձ­ման ա­ռիթ մը, նոյն­քան ալ ա­ւե­տիս մըն է հո­գե­կան վե­րածնն­դեան։ Ար­դա­րեւ, Սուրբ Ծննդեան տօ­նա­խմբու­մը ա­ռիթ մըն է հա­մե­րաշ­խու­թեան, հաշ­տու­թեան, ինչ որ կը պատ­կա­նի հա­ւա­քա­կան կեան­քի, մար­դոց փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ա­նոնց զար­գաց­ման եւ բա­րե­փոխ­ման. բայց ան­հա­տա­կան կեան­քի մէջ ալ ա­նի­կա վե­րա­զար­թու­մի, վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ մը պէտք է նկա­տուի։

Սուրբ Ծնուն­դը, պէտք է ազ­դէ մարդ­կու­թեան թէ՛ հա­ւա­քա­կան, թէ՛ ան­հա­տա­կան-անձ­նա­կան կեան­քին եւ բա­րե­փո­խէ այն ա­մէն ինչ, որ կը վատ­թա­րաց­նեն հա­ւա­քա­կան-հա­սա­րա­կա­կան եւ ան­հա­տա­կան-անձ­նա­կան կեան­քը։ Ուս­տի Սուրբ Ծննդեան ո­գե­ւո­րու­թիւ­նը պէտք է վե­րա­նո­րոգ­ման ա­ռիթ մը ըլ­լայ մարդ­կու­թեան հա­մար։ Ար­դա­րեւ, ա­մէն տօ­նախմ­բու­թիւն պէտք է նոր ո­գի մը, նոր շունչ մը ներշն­չէ, այ­լա­պէս ի­մաստ մը չ՚ու­նե­նար յի­շա­տա­կի մը ո­գե­կո­չու­մը։

Ա­մէն տօն ու­րա­խա­լի ա­ռիթ մըն է վե­րա­նո­րոգ­ման, ու­րախ մի­ջա­վայր մը՝ բա­րե­փոխ­ման, վե­րա­կեն­դա­նու­թեան։ Այս ի­մաս­տով իւ­րա­քան­չիւր տօն ու­նի իր ի­մաս­տը, իր խոր­հուր­դը եւ իր դա­սը, որ­մէ օգ­տուե­լու են ա­մէն ա­նոնք, որ կը մաս­նակ­ցին տօ­նի ո­գե­ւո­րու­թեան։ Եւ Քրի­սոտ­սի ծննդեան ո­գե­կո­չումն ալ ու­նի իր ի­մաս­տը եւ խոր­հուր­դը, բազ­մա­կող­մա­նի եւ բազ­մա­տե­սակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ Սուրբ Ծնուն­դը, պարզ դէպք մը, կեան­քի մէջ պա­տա­հա­կան եւ պատ­մա­կան ե­րե­ւոյթ մը, սո­վո­րա­կան պա­տա­հար մը չէ՛, քա­նի որ ան «խոր­հուրդ» մըն է, ի­մաստ մը եւ նպա­տակ մը ու­նի։

Զոր օ­րի­նակ, Սուրբ Ծնուն­դը խո­նար­հու­թեան, հա­մես­տու­թեան, հնա­զան­դու­թեան կա­տա­րեալ խոր­հուրդ մը, տի­պար մըն է հա­մայն մարդ­կու­թեան։

Խո­նար­հու­թեան խոր­հուր­դը կը պա­րու­նա­կէ, քա­նի որ Սուրբ Ծննդեան հրա­շա­լի՜ ի­րո­ղու­թեամբ Աս­տուած մարմ­նա­ցաւ եւ մար­դա­ցաւ, որ­պէս­զի իջ­նէ՝ բարձ­րաց­նե­լու հա­մար մար­դը։ Ար­դա­րեւ, ինք­նին, Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թիւ­նը խո­նար­հու­թեան դաս մը, տի­պար մըն է։ Ար­դա­րեւ, խո­նար­հու­թիւ­նը աս­տուա­ծա­տուր ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է՝ որ մար­դը կը բարձ­րաց­նէ եւ հո­գին կ՚ազ­նուաց­նէ։ Ուս­տի ի­րա­կան բարձ­րու­թիւ­նը խո­նար­հու­թեան մէ՛ջ է՝ գիտ­նալ զո­հել եւ զի­ջա­նիլ՝ բարձ­րաց­նե­լու հա­մար գլո­րած, տա­պա­լած­նե­րը, ձեռք եր­կա­րե­լով ա­նոնց, ե­թէ պէտք է՝ խո­նար­հե­լով, մին­չեւ իսկ իջ­նե­լով ա­նոնց ա­մէն մէ­կուն ոտ­քը։

Խո­նար­հու­թիւ­նը ազ­նուու­թեան նշան է՝ վե­հու­թիւն եւ բարձ­րու­թիւն եւ ա­հա­ւա­սիկ այս ցոյց կու տայ Աս­տուած՝ Ի՛նք, իր իսկ տի­պա­րով։

Խո­նար­հու­թեան ո­գին կը մեր­ժէ հպար­տու­թիւ­նը։

Կը պատ­մուի, թէ թա­գա­ւոր մը սաս­տիկ փո­թո­րի­կէ մը յե­տոյ, պտը­տե­լու հա­մար լեռ բարձ­րա­ցաւ։

Հոն տե­սաւ մե­ծա­մեծ ծա­ռեր, ո­րոնք կոտր­տած եւ ին­կած էին, միայն ե­ղէգ մը կար որ կան­գուն մնա­ցած էր։ Թա­գա­ւո­րը այս տե­սա­րա­նը տես­նե­լով, հե­տաքրք­րու­թեամբ հար­ցուց ե­ղէ­գին.

«Ո՜վ ե­ղէգ, ը­սէ՛ ին­ծի, թէ ինչ­պէ՞ս կան­գուն եւ հաս­տա­տուն մնա­ցիր, երբ նոյ­նիսկ մե­ծա­մեծ, հսկայ ծա­ռե­րը կոտ­րուե­ցան եւ տա­պա­լե­ցան»։­

Եւ ե­ղէ­գը, հա­մես­տու­թեամբ պա­տաս­խա­նեց.

«Ո՜վ թա­գա­ւոր, երբ սաս­տիկ փո­թո­րի­կը բարձ­րա­ցաւ, ծա­ռե­րը հպար­տու­թեամբ հա­կա­ռակ կանգ­նե­ցան ա­նոր դէմ եւ փո­թո­րի­կը տա­պա­լեց զա­նոնք, քա­նի որ ան ա­ւե­լի զօ­րա­ւոր էր, իսկ ես խո­նար­հե­ցայ փո­թո­րի­կին զօ­րու­թեան դէմ, խո­նար­հա­բար հնա­զան­դե­ցայ ա­նոր կամ­քին եւ ա­հա՛ կան­գուն եւ հաս­տատ մնա­ցած եմ…»։

Սմ­բատ Սար­կա­ւագ Խա­նուե­լեա­նի պատ­մած այս գե­ղե­ցիկ ա­ռա­կը մեզ կը սոր­վեց­նէ, թէ Աս­տու­ծոյ հզօր կամ­քին հա­կա­ռա­կո­ղը, իր հպար­տու­թեամբ կը տա­պա­լի այդ հսկայ ծա­ռե­րուն նման, իսկ խո­նարհ­ներ կ՚ապ­րին, ինչ­պէս կը վկա­յէ Սուրբ Գիր­քը եւ կը կրկնէ Յա­կո­բոս Ա­ռա­քեալ.

«Տէ­րը հա­կա­ռա՛կ է ամ­բար­տա­ւան­նե­րուն, մինչ­դեռ շնորհ կու տայ խո­նարհ­նե­րուն» (ՅԱԿ. Դ 6)։ Եւ երբ Աս­տուած խո­նար­հե­ցաւ ին­կած մար­դը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար, ա­պա ու­րեմն մարդ ինչ­պէ՞ս չխո­նար­հի, իր ին­կած եղ­բայ­րը բարձ­րաց­նե­լու հա­մար, իջ­նե­լով նոյ­նիսկ մին­չեւ ա­նոր ոտ­քը։

Ուս­տի, խո­նար­հու­թիւ­նը մարդս կը բարձ­րաց­նէ մին­չեւ Աս­տուած եւ հրեշ­տակ կը դարձ­նէ զայն։

Ար­դա­րեւ, հպար­տու­թիւ­նը մա՛յրն է բո­լոր մեղ­քե­րուն։ Եւ «հրեշ­տակ»ը սա­տա­նա­յի վե­րա­ծուած է իր հպար­տու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ու­րեմն խո­նար­հու­թիւ­նը մարդս ինչ­պէս հրեշ­տա­կի կը վե­րա­ծէ, հպար­տու­թիւնն ալ՝ սա­տա­նա­յի՛։ Ա­սոր ա­մե­նա­լաւ օ­րի­նակն է՝ Ա­րու­սեակ հրեշ­տա­կը, որ Աս­տու­ծոյ նմա­նիլ ու­զե­լով հպար­տա­ցաւ եւ սա­տա­նայ դար­ձաւ։

Եւ նոյն հպար­տու­թեան ախ­տը վա­րա­կե­լով մար­դուն սիրտն ու միտ­քը՝ զայն մղեց պա­տուի­րա­զան­ցու­թեան, անհ­նա­զան­դու­թեան եւ այս պատ­ճա­ռով զրկուե­ցաւ դրախ­տի ե­րա­նե­լի՜ կեան­քէն։ Եւ հպար­տու­թիւ­նը պատ­ճառ ե­ղաւ, որ մար­դը վտա­րուի դրախ­տէն։ Հպար­տու­թիւ­նը որ­պէս կոր­ծա­նա­րար եւ քան­դիչ ախտ, տպա­ւո­րեց հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը։

Ուս­տի հպար­տու­թե­նէն կը ծնին՝ սնա­փա­ռու­թիւն, ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւն, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, պա­տուա­մո­լու­թիւն, փա­ռա­սի­րու­թիւն, ինք­նա­գո­վու­թիւն, մե­ծամ­տու­թիւն եւ մա­նա­ւանդ անհ­նա­զան­դու­թիւն, ո­րոնք ա­մէն մէ­կը կոր­ծա­նա­րար են մար­դուս թէ՛ մարմ­նա­ւոր, թէ՛ հո­գե­ւոր կեան­քին հա­մար, այս ախ­տե­րը, մարդս կը դա­տա­պար­տեն յա­ւի­տե­նա­կան կոր­ծան­ման, ե­թէ ան­կեղծ ու ճշմա­րիտ զղջու­մով չքա­ւուին, չսրբուին։

Հե­տաքրք­րա­կան է այն՝ թէ այս ախ­տով տա­ռա­պող­ներ չեն գի­տակ­ցիր եւ չեն անդ­րա­դառ­նար ի­րենց վատ վի­ճա­կին՝ ի­րենք ալ կը հա­ւա­տան ի­րենց «մե­ծու­թեան», «զօ­րու­թեան» եւ կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց ըն­թաց­քը։ Ար­դա­րեւ, հպար­տու­թեան ախ­տէն փրկուիլ շատ դժուար է, քա­նի որ ա­նոր կ՚ըն­կե­րակ­ցի նաեւ «ինք­նա­խա­բէու­թիւն»ը, որ կը շլաց­նէ, կը կու­րաց­նէ մար­դուս հո­գե­ւոր աչ­քը եւ կը խա­թա­րէ ա­նոր բա­նա­կա­նու­թիւ­նը՝ մտա­յին տե­սո­ղութիւ­նը։

Հպարտ, սնա­փառ մար­դը կը կար­ծէ, թէ իր շուրջ գտնուող­ներ, բո­լորն ալ հիա­ցած են ի­րեն եւ կը հա­մո­զուի այս խա­բէա­կան կար­ծի­քով։

Հպարտ եւ ինք­նա­հա­ւան մար­դը՝ խուլ է ա­մէն խօս­քի, բա­ցի գո­վա­սանք­նե­րէ, ո­րոնք ալ մե­ծա­մաս­նու­թեամբ կեղծ են եւ խա­բէա­կան։ Եւ հպարտ մար­դը միշտ իր շուրջ ու­նի կա­մա­ւոր գե­րի­ներ՝ զինք փա­ղաք­շե­լով խա­բող շո­ղո­քորթ մանկ­լա­ւիկ­ներ…։

Մինչ­դեռ քրիս­տո­նեայ կեան­քը՝ խո­նար­հու­թեան կեանք է։ Քրի­սոտ­սի ծնուն­դը իր ի­մաս­տով, խոր­հուր­դով՝ խո­նար­հու­թեան իս­կա­կան տի­պար մըն է։

«Ան որ իր հե­ղի­նա­կու­թեամբ կը խօ­սի՝ իր ան­ձին հա­մար փառք կը փնտռէ, իսկ ան որ զինք ղրկո­ղին փառ­քը կը փնտռէ, ճշմա­րիտ է եւ խա­բէու­թիւն չկայ ա­նոր մէջ» (ՅՈՎՀ. Է 18), կ՚ը­սէ Յի­սուս։

Նման կեր­պով կը խօ­սի Ա­ռա­կա­խօ­սը, երբ կ՚ը­սէ. «Թող քեզ քու ըն­կերդ գո­վէ եւ ո՛չ թէ քու բե­րանդ՝ օ­տա­րը եւ ո՛չ թէ քու շրթներդ» (Ա­ՌԱԿ. ԻԷ 2)։ Մարդ որ­քան ալ բա­րի եւ բա­րե­գործ ըլ­լայ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած, վե­հանձն եւ բա­րե­միտ, պար­տա­ւոր է գոր­ծադ­րէ ա­նոնք որ­պէս «ան­պի­տան ծա­ռայ»ի մը նման (ՂՈՒԿ. ԺԷ 10), քա­նի որ մարդ կո­չուած է կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու՝ իր աս­տուա­ծան­մա­նու­թեամբ եւ բա­նա­կա­նու­թեամբ, ի­մաս­տու­թեամբ։

Խո­նար­հու­թիւ­նը հպար­տու­թեան հա­կա­դիր վի­ճակն է, ո­րուն օ­րի­նա­կը Յի­սուս Ի՛նքն է, երբ կ՚ը­սէ.

«Չե­կա՛յ ծա­ռա­յու­թիւն ըն­դու­նե­լու, այլ ե­կա՛յ ծա­ռա­յե­լու» (ՄԱՏԹ. Ի 28)։ Եւ Յի­սուս իր ծննդեան կեր­պին եւ պա­րա­գա­նե­րուն օ­րի­նա­կով տի­պար մը ե­ղաւ խո­նար­հու­թեան եւ իր իսկ ծնուն­դով նա­խա­պատ­րաս­տեց իր վար­դա­պե­տու­թեան սկզբունք­նե­րը, ո­րոնց գլխա­ւորն է՝ խո­նար­հու­թեան դա­սը։

Ու­րեմն, Սուրբ Ծննդեան տօ­նը պէտք է անդ­րա­դարձ­ման ա­ռիթ մը ըլ­լայ՝ ինք­նաքն­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լու, մեր նա­յուած­քը դարձ­նե­լու մեր ինք­նա­կազ­մու­թեան, մեր նե­րաշ­խար­հին եւ տես­նե­լու, թէ ո՞ր­քան հա­մեստ եւ խո­նարհ ենք մեր փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ մեր շուր­ջին­նե­րուն հետ եւ թէ ո՞ր­քան հնա­զանդ Աս­տու­ծոյ, որ խո­նար­հե­ցաւ մին­չեւ մե­զի, որ­պէս­զի սրբէ մեր մեղ­քե­րը, սրբագ­րէ մեր սխալ­նե­րը։ Եւ փոր­ձենք խո­նարհ ըլ­լալ, իջ­նել մին­չեւ իր ոտ­քը ա­նոր, որ ին­կած է, եւ կանգ­նե­լու հա­մար մէ­կու մը պա­հանջ­քը ու­նի, եւ ին­չո՞ւ մենք չըլ­լանք զայն վե­րա­կանգ­նո­ղը, խոր­հե­լով որ օր մըն ալ ու­րիշ մը, թե­րեւս մեր վե­րա­կանգ­նա­ծը մեզ կը բարձ­րաց­նէ, երբ ին­կած ըլ­լանք խոր­խո­րա՜­տի մը մէջ։

Եւ Սուրբ Ծնուն­դի խոր­հուր­դէն ու­նինք շա՜տ դա­սեր, տի­պար­ներ առ­նե­լիք՝ «աս­տուա­ծան­ման կեանք» մը ու­նե­նա­լու հա­մար՝ ո­րուն կո­չուա՛ծ ենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նուար 18, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 23, 2017