ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

«Մէկու մը, որ կարելի է տալ, ամենէն թանկագին նուէրը, քու ժամանակդ է, քանի որ ան քու կեանքէդ մաս մըն է, որ երբեք պիտի չվերադառնայ»։

Այսպէս կ՚ըսէ պրազիլացի համբաւաւոր վիպագիր Paulo Coelho (Ծնեալ 24 օգոստոս 1947), մատնանշելով մանաւանդ, թէ ժամանակը մարդուս ամենէն թանկարժէք շնորհն է, եւ որ եթէ այն տրամադրուի ուրիշի մը՝ «իրմէ տալ բան մը» կը նշանակէ, եւ այդ պատճառով ալ թանկարժէք նուէր մըն է, որ կրնայ մարդ տալ ուրիշներուն։

Յաճախ կը կրկնենք այն ճշմարտութիւնը՝ թէ մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան համար, եւ այս պատճառով՝ մարդուն առաջնակարգ պարտականութիւնը օգնել է իր նմաններուն, անշուշտ կարելիութեան եւ կարողութեան չափով։ Մարդ ստեղծուած է նաեւ ամէն մէկը տարբեր յատկութիւններով եւ կարողութիւններով, որպէսզի մարդիկ զիրար լրացնեն, իրարու թերութիւնը հաւասարակշռեն եւ տկարութիւններ զօրացնեն։ Եւ դարձեալ այս պատճառով, մարդուն նախադաս կոչումն է իրմէ տա՛լ, այսինքն զոհողութիւն ընել ուրիշին համար, որ է իր նմանը։

Արդարեւ այս զոհողութիւնը փոխադարձ է, ո՛չ թէ այն իմաստով որ զոհողութիւն ընողին զոհողութիւն ընելով փոխադարձնել, այլ այն նպատակով, թէ իւրաքանչիւր անձ պարտաւոր է իր առաւելութիւններէն մաս մը յատկացնել իր նմանին՝ որ թերեւս կը պակսի այն առաւելութիւնը իրմէ։ Ուստի, Ղուկաս աւետարանիչ, «Առաքեալներու գործերը» գիրքին մէջ, որ շարունակականութիւնն է իր Աւետարանին, սապէս կ՚ըսէ. «Եւ կեանքիս օրինակով ցոյց տուի՝ թէ այսպէս պէտք է աշխատիլ եւ տկարներուն օգնել, յիշելով այն խօսքը որ Տէր Յիսուս ինք ըսաւ, թէ՝ Աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։

Մարդ, արդէն բնականաբար, իր բնութեամբ իր գոյութիւնը ապահովելու եւ տեւականացնելու համար կը հայթայթէ ան՝ որուն պահանջքը ունի իր կեանքը ապահովելու եւ պահպանելու համար, այսինքն մարդ միշտ կ՚առնէ՛։ Բայց կարեւորը ուրիշին ալ տալու պատրաստակամութիւնն ունենալն է, որպէսզի ան ալ իր կարգին կարենայ իր կեանքը ապահովել եւ տեւականացնել։

Այսպէս, ուրեմն, կարելի է ըսել, թէ մարդկային ամբողջ կեանքը պիտոյքներու եւ պահանջքներու առեւտուր մըն է, զանոնք ներդաշնակելու եւ մարդոց մէջ հաւասարակշռելու համար…։

Մարդ, ըստ էութեան ընկերային էակ մըն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մարդկային անձը պէտք ունի ընկերային կեանքին։ Ասիկա մարդուն համար կը գոյացնէ ո՛չ թէ յաւելեալ բան մը, այլ պահանջքը իր կեանքին եւ պահանջք մը անոր բնութեան։

Փոխանակութեամբ ուրիշին հետ, փոխադարձութեամբ ծառայութիւններու եւ երկխօսութեամբ իր նմաններուն՝ իր եղբայրներուն հետ, մարդը կը զարգացնէ իր զօրութենականութիւնը եւ այսպէս կը համապատասխանէ իր կոչումին՝ հաւատարիմ մնալով միշտ անոր։ «Ընկերութիւն» մը ամբողջութիւնն է անձերու՝ որոնք զօդուած՝ կապուած են իրարու օրինական կապով՝ «միութեան սկզբունք»ի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Այս իմաստով «ընկերութիւն»ը «հասարակաց ուժ» մըն է՝ բոլորովին անջատուած անհատական ուժերէն։ Ընկերութիւն մը ըլլալով միանգամայն տեսանելի եւ հոգեւոր «համախմբում» մը կը համընթանայ ժամանակին մէջ. ան կը ներփակէ անցեալը եւ կը պատրաստէ ապագան։ Անով, իւրաքանչիւր անձ «ժառանգորդ» կարգուած է. կ՚ընդունի «մնաս»ներ, որոնք կը ճոխացնեն իր ինքնութիւնը եւ զորս պարտի օգտագործել։

Իրաւամբ ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ պարտի անձնուիրում ունենալ այն հասարակութիւններուն հանդէպ, որոնց մաս կը կազմէ, ինչպէս նաեւ յարգանք՝ այն իշխանութիւններուն, որոնք պատասխանատու են հասարակաց բարիքին։

Ուստի «հանրային ծառայութեան» մասնակցիլ իւրաքանչիւր անհատի պարտքն է, քանի որ անդա՛մն է այդ հանրութեան։

Կարգ մը ընկերութիւններ, զոր օրինակ՝ ընտանիքը, աւելի անմիջականօրէն կը համապատասխանեն մարդուն բնութեան։

Արդարեւ, Աստուած չէ ուզած միայն Իրեն պահել գործածութիւնը բոլոր իշխանութիւններուն։ Ան իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, զորս ան կարող է կատարել իր բնութեան կարողութիւններուն համեմատ։ Իւրաքանչիւր անհատ պէտք է հետեւի այս գործելաձեւին ընկերային կեանքին մէջ։

Աշխարհը կառավարելու Աստուծոյ վարուելակերպը, որ ցոյց կու տայ ա՜յնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան հանդէպ, պէտք է ներշնչէր իմաստութիւնը անոնց՝ որ կը կառավարեն մարդկային հասարակութիւնները։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատ, որ ստանձնած է պարտականութիւն մը, պէտք է զայն գործածէ եւ պէտք է վարուի իբրեւ պաշտօնեայ աստուածային Նախախնամութեան, քանի որ կոչումը ստացած է Աստուծմէ իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ։

Հասարակութիւնը՝ ընկերութիւնը անհրաժեշտ է մարդկային կոչումին իրականացումին համար։

Հասնելու համար այն նպատակին, հա՛րկ է որ յարգուի արդար դասակարգումը արժէքներուն, որոնք ֆիզիքական-մարմնական եւ բնազդային-հոգեւոր տարածքը կ՚ենթակարգեն ներքին եւ հոգեւոր տարածքին։ Միջոցներու եւ նպատակներու հակակշռումը, որուն հետեւանքով, որպէս վերջնագոյն արժէք կը դասաւորուի ինչ որ անոր նպաստող միայն միջո՛ց մըն է, կամ անձերը կը նկատուին իբրեւ պարզ միջոցներ՝ հասնելու համար նպատակի մը, ծնունդ կու տայ անարդար կառոյցներու։

Ուրեմն, իւրաքանչիւր անձ պատասխանատո՛ւ է ուրիշէն, քանի որ պարտաւոր է լրացնելու անոր թերութիւնները, զօրացնելու անոր տկարութիւնները։ Ա՛յս է կոչումը մարդուն ահաւասիկ։

«Ո՛վ որ կը փնտռէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ո՛վ որ կորսնցնէ իր կեանքը պիտի փրկէ զայն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 33)։

Եւ այս փրկութիւնը կ՚իրականանայ՝ նուիրումով, անձնուրացութեամբ, զոհողութեամբ եւ իրմէ տալով՝ գոնէ իր աւելի՛էն… քանի որ միշտ երանելի՜ է տա՛լը քան առնելը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 20, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 23, 2019