ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒՆ ԵՐԳԸ
Սիրելի՜ բարեկամներ, մի՛ թողուք որ ձեր մտածումներն ու մտահոգութիւնները մոլորեցնեն ձեզ։ Դիտեցէք ձեր շուրջը, ահաւասի՛կ գարո՜ւն է՝ բնութիւնը վերակենդանացեր է, ամէնուրեք ուրախութիւն, հրճուանք, խնդութիւն, ամէն ոք զուարթ ու շէն. եւ կարծես կեանքը նոր կը սկսի։ Ձմեռնանինջը վերջացած՝ բնութիւնը ամբողջ՝ արթնցած է գարնան այս շրջանին։ Կարծես տգեղ ո՛չինչ կայ, ամէն կողմ գեղեցկութիւն, խանդ ու ոգեւորութիւն, ամէն տեղ երջանկութիւն, եւ սէրը տիրած է ամէն կողմ, յոյսը նորոգուած եւ աշխոյժ կը նորոգէ սիրտերը, կը մխիթարէ սրտաբեկները, կը վանէ, կը փարատէ հոգիներու խաւարն ու մութը։ Եւ բնութեան բոլոր գոյները միացած երջանիկ են, եւ նոյնիսկ սեւն ու ճերմակը՝ հակադրութեան խորհրդանիշը այս երկու գոյները՝ իրարու կից, միացած մօտեցած երջանկութեան յաղթանակի երգով կը զուարճանան…։
Եւ ձմեռուան ծաղիկներով տրտում եւ վշտացած սիրտեր գարնան զուարթադէմ ծաղիկներով կը մխիթարուին, գարնան ծաղիկները կը սփոփեն, կ՚ամոքեն եւ կը մեղմեն ամէն ցաւ ու վիշտ։
Եւ ծաղիկներու նման կը գեղեցկանան մարդիկ, կ՚առողջանան մարդկային վատթարացած փոխյարաբերութիւնները։ Գարունը իր ծաղիկներով խաղաղութիւն, երջանկութիւն, ոգեւորութիւն կը բերէ եւ կը կորսուին, մոռացութեան կը մատնուին ամէն տրտմութիւն, ամէն սրտնեղութիւն, վիշտ ու քէն, գժտութիւն։ Եւ գարունը կը յիշեցնէ մեզի, թէ այս կեանքը ապրիլ պէտք է սիրով, խաղաղութեան մէջ, կեանքը վայելել պէտք է ուրախութեամբ, երջանկութիւն պէտք է նկատել ամէն բարեկամութիւն, ամէն ընկերութիւն։
Եւ այս բոլորին վկաներն են ծաղիկները՝ անմեղ ու անաչառ, եւ նո՛յնքան արդար եւ սուրբ։ Ծաղիկները վկաներ են մարդուս զգացումներուն եւ արտայայտուած կամ չարտայայտուած անկեղծ սէրե՜րու, մտերմութիւններու…։
Ձեռքեր կը շօշափեն, կը գգուեն գարնան ծաղիկները։ Անոնց չարիք մը չհասցնելու ծայրայեղ բծախնդրութեամբ, մեղմօրէն, փափկանկատ կը մօտենան ծաղիկներուն՝ որպէս թէ վախնային անոնց հոգիներուն հեծեծանքը լսելու։ Բայց, ո՛չ, գարնան ծաղիկները հեծեծանք չունին, միշտ ուրախ ու զուարթ են անոնք, քանի որ «Նոր կեանք»ի մը լրատուներն են անոնք։ Այնպէս կը թուի, թէ՝ ծաղիկներն ալ «հոգի» ունին, կը զգան եւ կը հակին համր շնորհակալութիւն մը յայտնելու իրենց շռայլուած մեծարանքներուն համար։ Եւ ծաղիկները՝ գարնան ծաղիկները երախտապարտութեան տիպար են կարծես, եւ իրենց երախտագիտութիւնը կը յայտնեն բուրմունքով, խանդաղատանքի մը բովանդակ սիրատենչութեամբ։
Եւ ծաղիկները, գարնան գեղեցիկ ծաղիկները մեզի կը յիշեցնեն խաղաղութեան, սիրոյ անհրաժեշտութիւնը մեր կեանքէն ներս։
Ծաղիկներ են անոնք միայն, բայց անոնք մարդուս կը յիշեցնեն, թէ կեանքը գեղեցիկ է, եւ այդ գեղեցկութիւնը պահել ու տեւականացնել մարդուս առաջնակարգ պարտականութիւնն է՝ որուն պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ունենալու է։ Ուստի ծաղիկներուն ներկայութիւնը մարդու կեանքէն ներս, շա՛տ պերճախօս է, հետեւաբար ի՜նչ պէտք կայ ա՛յդքան հակասական խորհրդածութիւններու մէջ խորասուզուելու։ Արդարեւ, թէ՛ մարդը եւ թէ ծաղիկը ստեղծողը մէ՛կ է՝ Աստուած, տիեզերքի ստեղծիչը եւ արարիչը։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ մարդ իրմէ բաժին մը կրնայ տեսնել ծաղիկին մէջ, եւ ինչպէս, փոխադարձաբար՝ ծաղիկին մէջ մարդ էակէն մաս մը, բեկոր մը։ Կարելի է խորհիլ, թէ մարդ «հոգի» ունի, բայց ծաղիկը՝ ո՛չ։ Ո՜վ գիտէ, թերեւս ծաղիկն ալ ունի «հոգի» մը, քանի որ կ՚ապրի, ինքզինք կը յայտնէ, գեղեցկութեան տիպար կը հանդիսանայ, իր բուրմունքով թերեւս իր զգացումները արտայայտելու կ՚աշխատի, կարելի է բոլոր ասոնց հակառակիլ, բայց հակառակ որեւէ փաստ չկայ, քանի որ գուցէ մենք, մարդս չենք հասկցած ծաղիկներուն խորհրդաւոր լեզուն։
Ո՜վ գիտէ, եթէ կարելի ըլլար հաղորդակցիլ, հասկցուիլ, խօսիլ ծաղիկներու հետ, թերեւս աւելի լաւ պիտի հասկցուէին, մարդս մարդու հետ հասկցուածէն աւելի՛, քանի որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, դժբախտաբար այն ցոյց կու տայ մեզի թէ՝ մարդիկ աւելի շատ իրարու հետ «չեն հասկցուիր», քան հասկցուիլ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս, իրերու եւ իրողութիւններու նոյն աչքով, գոնէ նոյն տեսանկիւնէն չեն նայիր, չեն տեսներ եւ շատ անհամաձայնութիւններ այս տարբեր վիճակէն կը ծագի։ Եթէ մարդիկ անգամ մըն ալ նոյն տեսանկիւնէն դիտել փորձէին իրերը եւ իրողութիւնները, եւ կամ տարբեր տեսանկիւններէ դիտուած իրերու եւ իրողութիւններու մէջ հասարակաց կէտեր գտնելու ջանային, վստահ եմ, ո՛չ անհամաձայնութիւն, ո՛չ սրտնեղութիւն եւ ոչ ալ գժտութիւն, քէն, խռովութիւն կամ պառակտում պիտի ըլլար։ Եւ քանի որ կա՛յ «ՍԷՐ»ը, հապա ինչո՞ւ «ԱՏԵԼՈՒԹԻՒՆ» ըլլայ, եթէ սէրը տիրապետէ, այլապէս ատելութիւնը կը կորսուի…։
Մեզի միշտ տարօրինակ թուած է գժտութիւնը եւ քէնը, քանի որ այս զգացումները բոլորովին հակառա՛կ են մարդկային բնութեան։
Հակառակ են, նախ սա պատճառով, թէ մարդ ստեղծուած է նոյն Արարիչին կողմէ եւ նոյն հողով եւ անշուշտ նոյն շունչով ու հոգիով։ Յետոյ մարդ ստեղծուած է իր նմանին օգնելու, նեցուկ կանգնելու, լրացնելու, ամբողջացնելու, զօրացնելու զիրար, ապա ուրեմն մարդ ինչպէ՞ս կրնայ թշնամանալ մէկու մը՝ որուն կը կարօտի։
«Մարդը մարդուն գա՛յլն է», ըսուած է, որ սկզբնապէս հռոմէական բանաստեղծ Պլավտը, մօտաւորապէս 250-284 թուականներուն, մեր թուականէն առաջ ըսած է. «Homo homini lupus», եւ աւելի ճանչցուած է Հոբբսի արտայայտութեամբ։
Այս խօսքը աւելի ծայրագոյն եսամոլութեան բանաձեւն է, եւ սակայն մարդ պէտք է մերժէ այդ տմարդկային զգացումը եւ շարժի ըստ իր կոչումին՝ ծառայասիրութեան ոգիով իրերօգնութեան եւ մանաւանդ սիրոյ ազնիւ զգացումներով։
Եւ ահաւասիկ ոսկի կանոնը՝ վարուիլ այնպէս իր նմանին հետ, ինչպէս որ կը փափաքիս թէ քու նմանդ քեզի հետ վարուի։ Ո՜վ կ՚ուզէ որ մէկը ատէ զինք, ո՜վ կ՚ուզէ որ բարոյապէս վիրաւորէ զինք, ապա ուրեմն ո՛չ ոք թող չատէ ուրիշը եւ չվիրաւորէ ոեւէ մէկուն արժանապատուութիւնը։
Իսկ եթէ պատահած է ատելութիւն կամ վիրաւորանք, փոխադարձ ներողամտութեան զգացումներով կարելի է դարմանել ամէն վէրք, բաւ է որ անկեղծօրէն զղջայ։
Գարուն է, վէրքերը դարմանելու, նորոգելու եւ նորոգուելու եղանակն է եւ երանի՛ անոնց՝ որ գիտեն օգտուիլ այս շրջանէն, օգտագործուիլ գարնան բարեպատեհ առիթներէն։ Եւ դարձեալ երանի՜ անոնց, որ գարնան ծաղիկներու նման կը վերակենդանացնեն իրենց կոտրած սիրտը, կը կազդուրեն նաեւ սրտաբեկները։ Այս աշխարհը զիրար կոտրելու, վիրաւորելու համար չէ տրուած մարդուս, այս կեանքը մարդուս համար նոյնիսկ ծաղիկի մը կեանքէն իսկ կա՛րճ է՝ զիրար վիրաւորելու, իրարու հետ գժտուելու, քէն պահելու համար, գուցէ զղջալու, հաշտուելու, քէնի՝ թշնամութեան վերջ տալու, համակերպելու ժամանակը շատոնց անցած ըլլայ երբ մարդ անդրադառնայ, թէ իր ըրածը ո՜րքան անիմաստ է եւ ո՜րքան անհամապահասխան իր մարդ կոչումին։
Հաշտութիւնը երջանկութի՜ւն է. համաձայնութիւնը, համերաշխութիւնը ուրախութի՛ւն։
Ծաղիկէն առնենք օրինակը։ Սիրենք զիրար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 12, 2016 Իսթանպուլ