ՈՒՍՈՒՑԻ՛ՉՆ Է ՈՐ ԿԸ ԿԵՐՏԷ ԱՊԱԳԱՆ
Ժ. Ժ. Ռուսօ, իր «Էմիլ» գիրքին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ կրթութիւնը կը սկսի մօր գրկին մէջ, ապա կը կատարելագործուի դաստիարակութեամբ՝ դպրոցը՝ ուսուցիչին հսկողութեանը տակ եւ կ՚ամբողջանայ ընկերային միջավայրի մէջ՝ ուղիղ եւ շիտակ քայլեր առնելով։
Ամէն ասպարէզ, ամէն նախասիրուած աշխատութեան տեսակ, ամէն ծառայութիւն նուիրակա՛ն է, երբ ան նպատակ եւ դիտաւորութիւն ունի «մա՛րդ»ը՝ նուիրուած է մարդկութեան բարօրութեան, յառաջացման եւ կատարելագործութեան։ Անշուշտ, կարելի է խորհիլ, թէ ամէն ծառայութիւն բնականաբար նպատակ ունի մա՛րդը, մարդուն օգուտը, բարիքը։ Բայց կա՛ն ծառայութիւններ, որոնք քայլ մը առաջ կ՚երթան այդ նուիրականութեան մէջ, քանի որ անոնք իրենց աշխատութեան կը միացնեն զոհողութիւնը, «մարդ» հանգամանքին կու տան աւելի լայն իմաստ մը՝ թէ՛ տեղական, թէ՛ ժամանակի տարածութեան մէջ եւ «մարդ»ը կ՚ըմբռնեն որպէս «մարդկութիւն»։ Եւ այսպիսի ծառայութիւն մը աւելի՛ եւս նուիրական կ՚ըլլայ, քանի որ անոր նպատակը ընդլայնացած է դէպի «հանրային բարիք» կամ «հասարակաց օգուտ»։
Արդարեւ, հանրային ծառայութեան կամ հասարակաց բարիքի եւ օգտի նուիրուած աշխատութիւն մը նախամեծար կը համարուի, եւ նախապատուութիւն կը ստանայ բոլոր միւս ծառայութիւններուն նկատմամբ։
Ուստի, «հանրային ծառայութեան» յատկանիշն է զոհողութիւն եւ նուիրուածութիւն, եւ ո՛չ թէ որեւէ նիւթական կամ բարոյական շահ։ Հանրային ծառայութեան նուիրուած ամէն աշխատանք՝ որուն միակ նպատակն է մարդկութեան բարիքը եւ օգուտը նուիրական է եւ նշան՝ մարդուն էական կոչումին հաւատարմութեան։ Քանի որ մարդ, ըստ էութեան կոչուած է իրերօգնութեան՝ զիրար զօրացնելու, զիրար ամբողջացնելու, իրարու թերութիւնները եւ տկարութիւնները լրացնելու։
Հնդիկները կ՚ըսեն, թէ ո՛վ որ անտառէն փայտ հաւաքէ, լաւ գործ մը ըրած կ՚ըլլայ, իսկ ո՛վ որ այդ փայտերէն նստարան մը շինէ՝ օգտակար գործ մը կատարած կ՚ըլլայ, իսկ ո՛վ որ այդ նստարանին վրայ նստած՝ մանուկի մը բառ մը սորվեցնէ, ան վեհագոյն աշխատութիւն մը կատարած կ՚ըլլայ։
Եւ ահաւասի՛կ, այդ վեհագոյն աշխատանքը կատարող «վեհագոյն աշխատաւո՛ր»ն է ուսուցիչը։
Հնդիկներու իմաստութեան յատկանիշն է վերոյիշեալ պատմուածքը՝ չափանիշ մը՝ աշխատութիւններու կարեւորութեան, բայց ստուգանիշ մը նաեւ՝ անոնց մէջ նախապատուութեան արժանի վեհագոյն աշխատութեա՛ն։ Արդարեւ, դաստիարակութիւնը՝ մարդուն զարգացման ծառայութիւնը, միւս ծառայութիւններու նկատմամբ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ»ն է՝ «PRIMUS INTER PARES»։ Եւ հաւասարներու մէջ առաջնագոյնը ըլլալու պատիւը կը վերաբերի «ուսուցիչ»ին՝ այն նուիրական վեհագոյն աշխատաւորի՛ն։ Ուստի անոր աշխատութիւնը անհամեմատօրէն կը գերազանցէ միւս աշխատանքները, քանի որ ան կ՚աշխատի ո՛չ միայն ներկային, այլ նաեւ եւ մանաւանդ ապագային համար, ապագան կերտելո՛ւ համար։
Չափազանցած պիտի չըլլանք եթէ ըսենք, թէ ուսուցիչը ողնասիւնն է ընկերային կեանքին։ Եւ հի՛մն է ապագայի շէնքին, որ կը կերտէ ուսուցիչը նուիրուած ոգիով, զոհողութեամբ։ Ան, նմանցուած է մոմի մը՝ կը վառի եւ հետզհետէ կը ծիւրի, կը հալի, կը տկարանայ, բայց կը լուսաւորէ, կը զօրացնէ իր շուրջը գտնուողները։ Ան լուսարձակ մըն է, որ կը լուսաւորէ ամէն կողմ, ուղեցոյց կ՚ըլլայ ամէնուն, հոգ չէ թէ երբեմն ինք մութի մէջ մնայ, թերեւս անտեսուի, մոռցուի…։ Այս իմաստով, ուսուցիչը լուսաւոր ճամբաներ կը բանայ ամէն անոնց առջեւ, որ կը փափաքին ներկայէն անցնիլ եւ առաջնորդուիլ դէպի ապագա՛յ։ Ապագան՝ բանաւոր էակին՝ մարդուն նպատա՛կն է, ուր առաջնորդուելու համար ուղեցոյցի մը պահանջքը ունի միշտ եւ ահաւասիկ այդ ուղեցոյցի պարտականութիւնը ստանձնած է «վեհագոյն աշխատաւոր»ը՝ ուսուցիչը, դաստիարա՛կը։
«Սովորական ուսուցիչը կը պատմէ։ Լաւ ուսուցիչը կը բացատրէ։ Բարձրակարգ ուսուցիչը ցոյց կու տայ։ Հանճարեղ եւ հեղինակաւոր ուսուցիչը կ՚ոգեշնչէ», կ՚ըսէ Ուիլեամ Ուորդ։ Արդարեւ, այս խօսքը կ՚ապացուցանէ, թէ ուսուցչութիւնը նախ «կոչում» կը պահանջէ, յետոյ զոհողութիւն եւ նուիրականութիւն։ Եւ որքան իրաւացի է այն խօսքը, թէ՝ մարդ սորվեցնելով կը սորվի։ Արդարեւ, ուսուցչութիւնը տեւական զարգացում, տեւական ինքնափոխութիւն պահանջող ծառայութիւն մըն է. ան կը նմանի լերան գագաթի մը՝ որ մարդ պէտք է տեւական ջանք թափէ հոն հասնելու համար. կամ հորիզոնի մը՝ որուն հասնիլ գրեթէ անկարելի է, բայց մարդ պէտք չէ՛ վհատի եւ չյարատեւէ։
«Լաւ ուսուցիչ է ան՝ որուն չի գերազանցեր աշակերտը», կ՚ըսէ Լէոնարտօ Տա Վինչի։ Այս խօսքն ալ ցոյց կու տայ այն պարտաւորութիւնը՝ թէ ուսուցիչը պէտք է միշտ ինքզինք զարգացնէ, տեւական բարեփոխուի, առանց կանգ առնելու եւ ըսելու, թէ՝ ես կատարեալ եմ, հասած եմ իմ գագաթնակէտիս, եւ ահաւասիկ, գուցէ այն ժամանակ, աշակերտը կը գերազանցէ իր ուսուցիչը։ Քանի որ ուսումը երբեք «վերջ» չունի, փոքր անուշադրութիւն մը արդէն ձախողութեանը պատճառ կ՚ըլլայ այդ նուիրական աշխատանքին եւ ապարդիւն կը մնայ։
Ուստի ամէն ինչ գիտնալ կարծել, ինքզինք կատարեալ համարել՝ սորվելու, զարգանալու, յառաջդիմելու եւ կատարելագործուելու առջեւ կարեւոր պատուարներ, արգելքներ են։ Ուսումը երբեք չի՛ ներեր յաւակնութեան, ինքն իրմով հպարտանալու, այլ կ՚օգնէ համեստ գիտունին, խոնարհ գիտնականին։
Պէտք չէ մոռնալ, թէ՝ սորվելու համար, մարդ պէտք է գիտնայ նախ այն, որ չի գիտեր։ Արդարեւ չգիտցածին անդրադառնալ, չգիտցածը գիտնալ առաքինութի՛ւն է եւ պայման՝ տեւապէս սորվելու։
Եւ Թոլսթոյ իր կարծիքը կը յայտնէ սա խօսքերով.
«Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշխատանքը, ան լա՛ւ ուսուցիչ մը կ՚ըլլայ։ Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ աշակերտը, ապա ան աւելի՛ լաւ ուսուցիչ մը կ՚ըլլայ, քան ան, որ կարդացած է բոլոր գիրքերը, բայց չի սիրեր իր աշակերտը։ Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ ե՛ւ իր աշխատանքը, եւ իր աշակերտը, ան կ՚ըլլայ կատարեալ ուսուցիչ»։ Ուրեմն, քանի որ սիրել կը նշանակէ զոհուիլ, նուիրուիլ, ապա ուրեմն կատարեալ ուսուցիչ է այն՝ որ զոհողութեամբ եւ նուիրուած կը կատարէ իր ծառայութիւնը, առանց կախեալ զգալով ինքզինք արտաքին ազդեցութիւններէ եւ յետին նպատակներէ։
Ուրեմն «վեհագոյն աշխատաւոր»ի հանգամանքը ստանալ դիւրին չէ՛. միայն անունով կամ տիտղոսով, արտաքին տեսքով կարելի չէ տիրանալ անոր, այլ՝ հոգիով, միտքով եւ ամբողջ էութեամբ նուիրուելով եւ իւրացնելով զայն։
Ինչպէս վերը յիշեցինք, մարդ սորվեցնելով կը սորվի եւ ուսուցիչն ալ պէտք է անդրադառնայ այս իրողութեան, քանի որ Սենեկա կ՚ըսէ, թէ՝ ուրիշներուն սորվեցնելով մենք մեզի կը սորվեցնենք…։
Ուսուցիչը պէտք չէ ինքզինք սահմանափակէ դասարանին պատերով եւ դասաժամերը որոշող զանգակին հնչիւնով, քանի որ ան ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակ «ուսուցի՛չ» է՝ նուիրուած սորվեցնելու, դաստիարակելու սերունդներ՝ որոնք պիտի կազմեն մեր ապագայ կեանքը, եւ ապագայի շէնքը պիտի կերտուի ուսուցիչին ջանքերով, վեհագոյն աշխատանքով։ Բոլոր ուսուցիչներու պատասխանատուութեան յանձնուած է մարդկութեան ապագան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 12, 2018, Իսթանպուլ