ՕՐԷՆՔ, ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ՊԱՐՏՔ

«Օրէնք»ը իր ամենալայն իմաստով, կը նշանակէ՝ որեւէ էութեան մը կազմութեան, աշխատութեան եւ գործունէութեան եւ իր կազմութեան նպատակին արդիւնաւոր կերպով հասնելու համար նախատեսուած կանոններու ամբողջութիւնը։ Օրէնքը՝ Իմաստութեան հետեւանքներէն մին եւ առաջնակա՛րգն է։ Օրէնքի համեմատ է, որ կը գործէ, կ՚աշխատի որեւէ դրութիւն, ան ըլլայ բնութիւն, տիեզերք, մարդկային ընկերութիւն, բարոյական կեանք եւ ամբողջ ստեղծագործութիւնը։ Եւ այս իմաստով՝ «օրէնք»ը «բացատրագիր» մըն է, թէ ներկայ կազմութիւնը արդիւնաւոր ըլլալու համար ի՛նչպէս եւ ի՛նչ պայմաններով պէտք է գործէ։

Օրէնքը հռչակուած եւ հաստատուած է «բանականութեան» եւ «իմաստութեան» կողմէ որպէս դիւրութիւն կեանքի։ Ուստի, իր լայն առումով՝ ո՛ւր որ կեանք կայ, հոն կա՛յ օրէնք։ Եւ ահաւասիկ, այս կարգաւորութիւնը՝ որ բանականութեան կողմէ հաստատուած է, «Օրէնք» կը կոչէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Ուրեմն, օրէնքը կենցաղի կանո՛ն մըն է, որ կը ծառայէ բարիին եւ ճշմարիտին։

Բարոյական օրէնքը բազմազան արտայայտութիւն ունի, եւ այդ բոլորն ալ համազօտուած են իրարու. կայ «յաւիտենական օրէնք»ը՝ որ Աստուծոյ հաստատած օրէնքն է եւ աղբիւրն է բոլոր օրէնքներուն. կայ «բնական օրէնք»ը, կայ «յայտնուած օրէնք»ը՝ որ կը բովանդակէ հին եւ նոր կամ աւետարանական Օրէնքը, կան վերջապէս «քաղաքացիական կամ մարդկային-աշխարհային օրէնք»ներ եւ «եկեղեցական օրէնք»ներ։ Եւ այս բոլորն ալ կը կանոնաւորեն եւ կը սահմանեն խնդրոյ առարկայ կազմութեան արդիւնաւոր աշխատանքի եւ գործունէութեան պայմանները։ Արդարեւ, ամէն կազմութիւն, բնական կամ մարդկային հաստատութիւն նպատակ ունի կատարելութիւնը, որուն հասնելու ճամբան է՝ օրէ՛նքը։

Բարոյական օրէնքը իր միութիւնը եւ լիութիւնը կը գտնէ Աստուծոյ մէջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մէ՛ջ, քանի որ Յիսուս Քրիստոս Ի՛նքն է ուղի՛ն կատարելութեան։

Յիսուս Ի՛նքն է վախճանը՝ կատարելութիւնը, լիութիւնը օրէնքին, քանի որ Ի՛նք կ՚ուսուցանէ եւ միայն Ի՛նք կու տայ Աստուծոյ արդարութիւնը։ Այս մասին կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. «Մինչդեռ Քրիստոսով Օրէնքը իր վախճանին հասած է եւ միայն Քրիստոսի հաւատացողը կ՚արդարանայ» (ՀՌՈՄ. Ժ 4)։

Եւ «Օրէնք»ով է, որ մարդ կը մասնակցի իմաստութեան, ճշմարտութեան եւ բարութեան Արարչին՝ որ կու տայ անոր իր արարքներուն տիրապետելու եւ ինքզինք կառավարելու կարողութիւնը՝ ճշմարտութեան, բարիին եւ կատարեալին հասնելու համար։

Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ սկզբնական բարոյական իմաստը, որ թոյլ կու տայ մարդուն իր բանականութեամբ զանազանելու ի՛նչ որ բարի է եւ չար, ի՛նչ որ օգտակար է եւ վնասակար, ի՛նչ որ ճշմարտութիւն է եւ սուտ, շիտակ կամ ծուռ…։

Աստուածային յաւիտենական եւ բնական օրէնքը՝ ցոյց կու տայ մարդուն այն «ճամբայ»ն, որուն ան պիտի հետեւի՝ գործելու համար բարին եւ հասնելու համար իր վախճանին, եւ այս իսկ պատճառով՝ օրէնքը ուղեցոյց մը, բացատրագիր մը, կամ լուսարձակ մըն է՝ որ ցոյց կու տայ ուղի՛ղ ընթացքը։

Այս մասին, տեսնենք թէ ի՛նչ կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս՝ մեծ աստուածաբանը։

«Ո՞ւր ուրեմն այս կանոնները արձանագրուած են, եթէ ոչ մատեանին մէջ այն լոյսին, զոր կը կոչեն ճշմարտութի՛ւն։ Հոն է որ արձանագրուած է ամէն արդար օրէնք, անկէ է որ ան կ՚անցնի արդարութիւն գործող մարդուն սրտին մէջ, ո՛չ թէ հոն գաղթելով, այլ հաստատելով անոր մէջ իր դրոշմը, նման կնիքի մը, որ մատանիէն կ՚անցնի մոմին առանց լքելու մատանին»։

Դարձեալ մեծ անուն մը՝ Սուրբ Թովմաս Աքուինացին սապէս կ՚ըսէ.

«Բնական օրէնքը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ բանականութեան լոյսը, որ դրուած է մեր մէջ Աստուծմէ. անով կը ճանչնանք ի՛նչ որ պէտք է կատարենք եւ ի՛նչ որ չկատարենք, ի՛նչ բանէ պէտք է զգուշանանք։ Այս լոյսը կամ օրէնքը Աստուած մարդուն տուած է արարչագործութեան պահուն»։

Բնական օրէնքը կ՚արտայայտէ անձին արժանապատուութիւնը եւ կը սահմանէ հի՛մը անոր իրաւունքներուն եւ անոր հիմնական պարտականութիւններուն։ Ուստի, հաւասարութիւնը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներու վրայ։ Ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, պէտք է զանցուի իբրեւ ներհա՛կ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագրին։ Արդարեւ, «ճշմարիտ օրէնք» մը գոյութիւն ունի, անիկա ուղիղ իմացականութիւնն է, ան համաձեւ է բնութեան հետ, սփռուած՝ բոլոր մարդոց մօտ. ան անայլայլելի է եւ մշտնջենակա՛ն։

Եւ այս իմաստով, Եկեղեցիի բարձր գաղափարները եւ միջոցները թէեւ զուտ բարոյական-կրօնական են, բայց անոնք, գործադրուելով մարդկային հասարակութեան մէջ, առաջ կը բերեն անհատնելի յարաբերութիւններ, զանազան անձերու շահերուն նկատմամբ մրցումներ, մրցակցութիւններ, բազմատեսակ կամքերու շփումներ եւ անով զուտ գաղափարական-բարոյականէն կ՚անցնին գործնականին՝ որմէ կը ծնի «իրաւունք»ի խնդիրը։ Եկեղեցին, իբրեւ բարոյական-կրօնական «ղեկավարիչ հիմնարկութիւն», կամայականութիւններու առաջքը առնելու, անձնական քմահաճոյքները արմատախիլ ընելու եւ իր անդամներուն որոշ կեանքը որոշ ուղղութեամբ առաջնորդելու համար «պարտականութիւն» կը համարէ օրնէքով, կանոններով որոշել իւրաքանչիւր անդամի յարաբերութիւնը դէպի եկեղեցի, դէպի իրարու եւ դէպի ուրիշ անհատներ եւ շրջաններ՝ որոնք եկեղեցիէն դուրս են։

Այս կերպով սահմանուած են ամէն մէկ անդամի եւ ամբողջութեան «իրաւունքներու սահման»ները եւ «պարտականութիւններու կարգ»ը։

Ուստի իրաւունքի այս տեսակէտէն եկեղեցին կը մտնէ իրաւաբանական շրջանի մէջ։ Որոշ կարգ եւ կանոններով, օրէնքներով կը ղեկավարուի ո՛չ ճնշող միջոցներով, այլեւ՝ բարոյական եւ մե՛ղմ։ Եկեղեցական իրաւունքը ներանձնական մտքով համա-խըմբումն է այն կանոններուն, իրաւունքներուն եւ պարտք եւ պարտաւորութիւններուն՝ որոնք տրուած են եկեղեցիի անդամներուն ամէն մէկուն համար։

Եւ ուրեմն, օրէնքը կը ներդաշնակէ, կը հաւասարակշռէ եւ կը համեմատէ «իրաւունք»ը եւ «պարտք»ը, ապահովելով խաղաղ, անդորր, անվրդով կեանք մը՝ որ կը բերէ մարդուն ակնկալուած երջանկութիւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 19, 2018, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 23, 2018