ԿԵԱՆՔԻՆ ԳԻՇԵՐԸ ԵՒ ՑԵՐԵԿԸ
Անդրադարձա՞ծ էք, սիրելի՜ բարեկամներ. մեր ապրած օրերը՝ մեր կեանքը որքան ալ միօրինակ ըլլայ, կարծուի թէ՝ իւրաքանչիւր օր՝ յաջորդին նոյնն է, եւ ներկան անցեալին կրկնութիւնն է, բայց մեր ապրած կեանքին ո՞ր օրը կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Իրաւ է, որ մարդկային իմաստութիւնը ըսեր է, թէ՝ պատմութիւնը կրկնութիւն է, սակայն կեանքի մէկ օրը երբեք չի՛ նմանիր ուրիշ օրուան մը, եւ ամէն մէկ օր ունի իւրայատուկ նկարագիրը։ Եւ այս իրողութենէն կը հետեւի, թէ՝ կեանքը ունի «գիշեր»ներ եւ «ցերեկ»ներ, ինչպէս ունի՝ նեղութիւններ եւ ուրախութիւններ։
Մեր բոլորին կեանքը լեցուած է երբեմն «խաւար» պահերով, երբեմն ալ «լուսաւոր» պահերով։ Աւելի լա՛ւ է ըսել՝ մեր ապրած կեանքի օրերէն մէկ մասը կ՚անցնի ցաւով, վիշտով եւ տառապանքով, իսկ ուրիշ մաս մը՝ ուրախութիւններով, վայելքներով եւ յաջողութիւններով…։
Արդարեւ, ապրած ամէն օրուան վրայ արեւ չի ծագիր, երբեմն մութ ու խաւար կը պատէ, օրը գիշեր կ՚ըլլայ՝ ուր ո՛չ մէկ լոյս կը լուսաւորէ կեանքը։
Այս իմաստով, թերեւս չկայ ապրող էակ մը այս աշխարհի վրայ՝ որ մութ ու խաւար օրեր ունեցած չըլլայ՝ «մահուան շուքի մէջ»էն քալած չըլլայ։
Եւ եթէ կեանքը այս տեսակիւնէն դիտել փորձենք, ընդհանուր առումով, ճիշդ է այն խօսքը՝ թէ կեանքը կրկնութիւններու ամբողջութիւնն է։ Այո՛, ուրախութիւններու եւ տրտմութիւններու, յաջողութիւններու եւ անյաջողութիւններու, վայելքներու եւ տառապանքներու կրկնութի՛ւնն է կեանքը, բայց սա տարբերութեամբ, թէ՝ ուրախութիւններ եւ տխրութիւններ միշտ նոյնը չեն, նոյն աստիճանը եւ սաստկութիւնը չունին, այլ անոնց պատճառները եւ հետեւանքները տարբեր են։ Կեանքի մէջ պատահած դէպքեր կրնան իրարու նմանիլ, բայց եւ երբեք նոյնը չե՛ն։ Ահաւասիկ ասոր համար է, որ վերը ըսինք, թէ մարդուս ապրած կեանքի ո՛չ մէկ օրը նոյնը չէ, թերեւս նմանը՝ տարբեր երեսակներով, եւ ուրեմն, կեանքը կրկնութիւններու արդիւնք չէ՛։
Եւ եթէ կեանքը նոյն դէպքերու, պատահարներու կրկնութիւնը ըլլար, այդ միօրինակութիւնը անտանելի կ՚ըլլար մարդուս համար՝ յուսալքութեան պատճա՛ռ։ Արդարեւ կեանքին իմաստը՝ յոյսին մէջ է, իսկ յոյսը հոն կայ՝ ո՛ւր որեւէ պատահարի մը, երեւոյթի մը արդիւնքը յայտնի չէ, հոն՝ ո՛ւր կեանքի փորձառութիւնը, որ կրկնութիւնն իսկ է, ցոյց չի կրնար տալ որեւէ հետեւանք։ Եւ խորհեցէ՛ք անգամ մը, սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքը եթէ ըլլար միօրինակ՝ միշտ նո՛յն պատճառներ եւ նո՛յն արդիւնքներ, ո՜րքան անիմաստ կ՚ըլլար զայն ապրիլ՝ ուր մարդուս կամքը ո՛չինչ արժէք պիտի ունենար…։
Մարդ, որեւէ արդիւնքի հասնելու համար պէտք է աշխատի, իր ազատ կամքով ընտրէ նպատակ մը, այլապէս կրնայ հասնիլ իր նպատակին թէ ո՛չ, այդ չէ՛ բուն հարցը, այլ նպատակ մը ունենա՛լն է, իր նպատակին հասնելու կամք ու կորով ունենալու է մարդ։ Բայց եթէ կեանքի մէջ միօրինակ կրկնութիւններ ըլլար, մարդուս ազատ կամքը, նպատակի ընտրութիւնը, նպատակին հասնելու համար աշխատանքը որեւէ իմաստ պիտի չունենար։
Մարդկային փորձառութիւնները հիւսուած են թերեւս «նման» բայց ո՛չ երբեք «նոյն» փոխնիփոխ իրադարձութիւններու շարունակականութեամբ՝ առողջութեամբ եւ հիւանդութեամբ, երանութեամբ եւ հիասթափումով, բարի գործերով եւ չար գործերով, յաղթութեամբ եւ պարտութեամբ, յաջողութեամբ եւ անյաջողութեամբ, ժպիտով եւ արցունքով, Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ եւ Աստուծմէ հեռացած, պաղած եւ այլն, եւ այլն։
Ուստի երբեմն լայն են մարդուս կեանքի հորիզոնները, եւ երբեմն՝ նեղ, երբեմն՝ մութ, երբեմն՝ լուսաւոր, երբեմն՝ ամպամած, երբեմն՝ պայծառ, յստա՛կ։
Եւ խօսքը բերել կ՚ուզենք մարդուս անհատական յարաբերութիւններուն։ Արդարեւ, մարդկային փոխյարաբերութիւններն ալ ունին իրենց գիշեր ժամերը եւ ցերեկ պահերը՝ մութը եւ լուսաւորը։
Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ՝ «սոկեայ բարեկամութիւն» կարծածդ օր մըն ալ կը տեսնես թէ՝ «պղինձ» է եղեր։
Եւ աւելի ցաւալին այն է, որ այս չի պատահիր միայն ընկերներու, բարեկամներու մէջ, այլ կը տեսնուի նաեւ եղբայրներու, ազգականներու, արենակիցներու, հարազատներու միջեւ։ Այս բնական է, քանի որ անհատական եւ հաւաքական կեանքը հաստատուած է ընդհանրապէս եսամոլութեան, շահու, անձնասիրութեան վրայ, ուր որեւէ արժէք չի ներկայացներ «ուրիշ»ը կամ «միւս»ը՝ ըլլա՛յ ընկեր, ըլլա՛յ բարեկամ, ըլլա՛յ ազգական, ըլլա՛յ արենակից եւ նոյնիսկ եղբայր։ Ո՜րքան ցաւալի է ասիկա։
Մարդ, հազիւ թէ ինքզինք կը ճանչնայ, ինքնակեդրոն անձ մը կ՚ըլլայ, ինքնաբաւ եւ այլամե՛րժ։
Երբ մարդ ինքնակեդրոն է, կորսնցուցած է փոխադարձ համակրանքի եւ սիրոյ զգացումները, եւ չի ճանչնար ո՛չ ընկեր, ո՛չ բարեկամ, ո՛չ ազգական եւ ո՛չ իսկ եղբայր։ Ցաւալի՜ բայց իրականութի՛ւն։
Սիրելի՜ բարեկամներ, յաճախ «բարեկա՛մ» կը կոչեմ ձեզ, քանի որ հաւատարիմ էք ձեր բարեկամութեան, հաւատարիմ ձեր արժէքներուն, ձեր արժանիքներուն, ձեզի համար տարուած աշխատանքներուն, ձեզի հանդէպ յայտնուած սիրոյ. ահաւասի՛կ, այս է բարեկամութիւնը, ա՛յս է եղբայրութիւնը։
Սիրելի՜ներ, ո՞ր աւերումը եւ անկումը աւելի՛ ցաւալի է եւ տառապալից քան բարեկամութեան մը աւերումը եւ ոչնչացումը…։
Գեղեցիկ շէնք մը երբ դուրսէն դիտենք, չենք կրնար հասկնալ, թէ անոր հիմերը ո՛րքան խորունկ եւ հաստատուն են, կամ թէ ժայռի վրայ հաստատուած են թէ լպրծուն աւազի վրայ։ Տարիներ չի՛ բաւեր հասկնալու ասիկա։ Հազիւ երկրաշարժ մը կը յայտնէ «գեղեցիկ շէնք»ին իրական կացութիւնը։
«Գեղեցիկ շէնք» կարծուած բարեկամութիւններ ալ նոյնն են. կեղծ եւ շահամոլ զգացումներու վրայ հիմնուած կարծեցեալ բարեկամութիւններ, որքան ալ տեւեն, վերջապէս կը փլչին։ Մարդկային բարեկամութիւններ որքա՜ն յաճախ փուր են եւ փուտ, որոնք ի՜նչ յուսախաբութիւններու պատճառ կ՚ըլլան։ («Փուր»=ընկոյզի միջուկը չորսի բաժնող մաշկ։ «Փուտ»=փտած, անհիմն, խարխուլ, անկայուն)։ Եւ մինչեւ որ սիրտը չմաքրուի ամէն տեսակ ծածկուած, քօղարկուած նենգութիւններէ, թոյներէ, եւ ո՛չ մէկ բարեկամութիւն կրնայ երկար ապրիլ։ Ուրեմն մարդկային բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ ալ կ՛այ «գիշեր» եւ «ցերեկ»։ Բնական գիշեր եւ ցերեկէն ունի տարբերութիւն մը սակայն՝ մարդկային յարաբերութիւններու մէջ՝ գիշերը եւ ցերեկը մարդը՝ ի՜նք կը ստեղծէ եւ իր ստեղծածին գերի՛ն կ՚ըլլայ, ստրուկը կ՚ըլլայ իր իսկ նենգամտութեա՛ն։
Աններող եւ ոխակալ ոգին երբեք տեղ չունի՛ բարեկամութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 17, 2016, Իսթանպուլ