ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ՄԵՐ ՊԱՐՏՔԸ

Ամէն գիտակից եւ խոհեմ մարդ կը սարսափի պարտքէն. ասիկա բնական է եւ հասկնալի՛, քանի որ պատքը բեռ մըն է մարդուն ուսերուն վրայ՝ որքան նիւթական, նո՛յնքան եւ աւելի՝ բարոյակա՛ն։ Արդարեւ, կեանքի պայքարը աւելի եւս կը դժուարանայ, երբ ուսերուն վրայ բեռը ծանրանայ, ճնշէ եւ անտանելի դարձնէ կեանքը, եւ հետզհետէ սպառի մարդուն դիմադրելու եւ տոկալու ուժը։

Ծերունի մը կը պատմէ, թէ ինչպէս անծանօթ բարերար մը փարատած է իր սարսափը պարտքին նկատմամբ։ Ծերունին դժբախտութիւնը ունեցած է սնանկանալու՝ զանազան դէպքերու բերմամբ։ Պարտատէրի եւ պարտապանի ըմբռնումը յայտնի կերպով կարելի է տեսնել «Տէրունական աղօթք»ին, այսինքն «Հայր մեր…»ին մէջ, կ՚ըսէ ծերունին՝ յենուելով իր ապրած կեանքի փորձառութեան վրայ։

Եւ կը շարունակէ պատմել ծերունին. «Մենք մեր պարտապաններուն՝ մեզի դէմ յանցանք գործած մարդոց ներելով, Աստ-ւած ալ, իրեն ունեցած մեր բազմաթիւ -պարտքեր-ուն՝ մեր յանցանքներուն կը ներէ…»։

Ուրեմն -պարտք-ը, լայն առումով, կը բովանդակէ նաեւ մեր յանցանքները։ Եւ այդ «պարտք»ը հատուցանել շատ աւելի դըժ-ւար է, քան նիւթական որեւէ պարտք վճարել։ Բայց ամէն պարտք պէտք է ի վերջոյ հատուցանուի՝ հանգիստ խիղճով խաղաղ կեանք մը ապրելու համար։

Որեւէ գործի մը մէջ ձախորդութեամբ պարտքերու մէջ թաղուիլը, տարբեր տեսակի պարտապան կը դարձնէ մարդը, քան՝ իր սխալներու կամ թերութիւններու հետեւանքով կուտակուած նիւթական թէ՛ բարոյական պարտքերու տակ մնալը։ Գիտակից եւ իր պարկեշտութեան մէջ նախանձախնդիր մարդը վստահաբար շուտով կը փափաքի «մարել» կամ ոչնչացնել իր պարտքերը եւ կը տոկայ ամէն նեղութեան զանոնք «մարել»ու համար, քանի որ կը սոսկայ անոնց վրայ նորերը աւելցնելէ։ Ահաւասի՛կ, այս է պատճառը, որ իր պարտքերուն նկատմամբ բծախնդիր եղող անձը, նաեւ իր պարկեշտութեան նախանձախնդիր կ՚ըլլայ։

Եւ ծերունին կ՚ուզէ իր պարտքէն փրկուելու պատմութիւնը փոխանցել սերունդէ՜ սերունդ, որպէսզի իւրաքանչիւր պարտական չյուսահատի, չյուսալքուի, այլ սպասէ այն «անծանօթ բարերար»ին՝ որ շատ ալ հեռու չէ իրմէ, նոյնիսկ իր մէջը, բաւական է յուսալ եւ հաւատալ, թէ անպայմա՛ն պիտի ըլլայ «անծանօթ բարերար» մը՝ որուն բարիքը անսահմա՜ն է…։

Արդարեւ, ամէն մարդ այս աշխարհի վրայ, կեանքին նկատմամբ ունի «մե՜ծ պարտք» մը, որ Աստուած դրած է անոր ուսերուն, եւ զոր անպայմա՛ն պէտք է վճարէ ան՝ «ԱՇԽԱՏԱ՛ՆՔ»ն է այդ պարտքը։

Արդարեւ Ժ. Ժ. Ռուսօ անաշխատ, ծոյլ մարդը կը կոչէ «ընկերային գող», որ կ՚ապրի մակաբոյծի մը նման՝ ուրիշներուն աշխատանքը շահագործելով, եւ ինք չաշխատելով, ծոյլ եւ ամուլ ապրելով…։

Ուստի աշխատութիւնը մարդուն ճիտին պա՛րտքն է, ինչպէս կը սորվեցնէ Աստուածաշունչը, քանի որ մարդուն դրախտէն վտարման ընթացքին տրուած Աստուծոյ անէծքով յառաջ եկաւ այս մեծ «պարտք»ը։

Արդարեւ մե՛ծ պարտք մըն է ասիկա, որ սակայն մտահոգութիւն եւ տագնապ չի ծնիր, այլ դրական իմաստով, զբաղում մը, որ միաժամանակ ծուլութեան, ամլութեան, անշարժութեան, անաշխատութեան ախտին յաղթահարումը կ՚ապահովէ։

«Երեսիդ քրտինքով պիտի ուտես հացդ» (ԾՆ. Գ 19)։ Ա՛յս եղաւ Աստուծոյ անէծքը։

Անգործութիւնը՝ անշարժութիւնը չարի՛ք կը ծնի. անգործ կամ անզբաղ մարդը ընդհանրապէս չարիք կը խորհի եւ կը նախանձի աշխատողներուն, գործողներուն եւ իրենց աշխատութեան պտուղը օգտագործողներուն։ Անոնց համար «արդար շահ»ը անիրաւութեան արդիւնք է, ուրեմն պարտաւոր են հատուցանել։ Ո՜րքան թիւր կարծիք եւ որքան մոլար մտածում, քանի որ ամէն աշխատող արժանի՛ է իր վարձքին, անշուշտ աւելորդ պիտի ըլլար ըսել՝ արդար աշխատանքի արդա՛ր վարձք։

Արդէն «անգործութիւնը չարիք կը ծնի» խօսքը ժողովրդական իմաստութեան իրաւացի մէկ արտայայտութիւնն է, որ կ՚ապացուցանէ անաշխատութեան, ծուլութեան չարի՛ք մը ըլլալը եւ կը հաստատէ այս մասին Ժ. Ժ. Ռուսոյի մտածումները։

Ամբողջութեամբ ճշմարիտ է խօսքը, քանի որ անգործութիւնը՝ անշարժութիւնը եւ ծուլութիւնը նաեւ մարդկային մտքի չարացման ուղին կը հարթէ, ընթացքը կ՚ուղղէ դէպի չար, որ աղբի՛ւրն է ամէն տեսակ թէ՛ չարիքի եւ թէ բարիքի։ Բարիքի նաեւ՝ քանի որ մարդ երբ անդրադառնայ իր սխալին, սկսի աշխատիլ եւ գործել, այն ժամանակ ընթացքը կ՚ուղղուի դէպի բարի՛։

Մարդկային ցեղի ընդհանուր պատմութեան ընթացքին մեծ համբաւ ունեցած եւ նո՛յնքան ալ մեծ վաստակ թողած մարդիկ, միշտ հաւատացած են աշխատանքին կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան։ Երբեմն նոյնիսկ մեծ հանճարներ, հակառակ իրենց աստուածատուր կարողութեան, դարձեալ աշխատանքը կը գովեն եւ համեստօրէն զանիկա կը ներկայացնեն իբրեւ պատճա՛ռ իրենց արձանագրած յաջողութիւններուն։

Միքէլանճէլոն՝ այս աշխարհահռչակ իտալացի արուեստագէտը, որուն համար յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ «աշխատանքի անսահման ուժ»ին մէջ, կը պնդէ, որ մարդու մտքին մէջ երեւակայուած որեւէ կերպար, անպայմա՛ն կարելի է մարմարին վրայ քանդակել, եթէ կորովի ու ճարտար ձեռքը արուեստագէտին, հնազանդի անոր մտքին։ Իր կենսագիրը ներկայացնելով, նկարագրելով անոր առօրեան, կ՚ըսէ, թէ ան յոգնիլ չէ՛ր գիտեր։ Գիշեր ատեն ընդոստ կ՚արթննար եւ դարձեալ կը սկսէր աշխատիլ։

Այս հանճարը ունէր նաեւ խորհրդանշան մը, որ զինք կը ներշնչէր իր աշխատանքին մէջ։ Աշխատանքի պահուն, Միքէլանճէլօ իր դիմաց կը դնէր սայլի մը մէջ նստած ծերունիի մը պատկերը, որուն հագած գոգնոցին վրայ գրուած էր «Ես կ՚ուսանիմ տակաւին»։ Դարձեալ համբաւաւոր մեծ երաժիշտներ՝ Մոցարթ, Պէթհովէն եւ Սեպասթիէն Պախ, աշխատութեան մէ՛ջ տեսած են մարդուն արժէքը եւ յաջողութիւնը։ Մեծ մարդոց յատուկ աշխատանքի այս եռանդը, անոնց մտքին մէջ արթնցուցած է «վճարելի պարտք»ի մը գիտակցութիւնը՝ զոր մարդ ունի այս կեանքին նկատմամբ։ Այս պարտքի գիտակցութիւնն է, որ ծնունդ է տուած անժամանցելի եւ անգին մշակութային արժէքներու, զորս կը վայելէ մարդկութիւնը այսօր։

Հանճարեղ կարողութիւնը երկինքէն տրուած պարգեւ մըն է մարդուն։ Սակայն ի՞նչ կ՚արժէ անիկա, երբ աշխատութիւնը իբրեւ շարժակ, կեանքի չկոչէ այդ շնորհքը։ Որքա՜ն մարդիկ, ամէն օր, ժամանակը կը սպաննեն ծուլութեամբ, ամլութեամբ, անգործութեամբ։ Ոմանք ժամանակը ինչպէ՞ս վատնելու համար մտածելու ալ ժամանակ կը տրամադրեն, որ շա՜տ աւելի մեծ մեղք է, քան՝ անգիտակից կերպով ժամանակը սպաննելը։

Այսօր մարդիկ երանի՜ կու տան այն մարդուն, որ իր պարտատէրներուն հանդէպ ունեցած բոլոր պարտքերը՝ նիւթական եւ բարոյական, փակած՝ հատուցանած կը հեռանայ այս կեանքէն…։

Ամենէն անփոյթ, անհոգ եւ անտարբեր ծնողքը այն է՝ որ նման կացութեան մը կը մատնէ իր զաւակները։ Արդարեւ փոխանակ ժառանգին փոխանցելու՝ նիւթական արժէքներ, դրական եւ օգտագործելի ժառանգութիւն, պարտք փոխանցել՝ ծնողքի մը համար ամենէն տհաճ եւ ամենէն նուաստացուցիչ երեւոյթն է։ Ուստի ապագան խորհիլ, սերունդներու օգտակար հանդիսանալ ծնողքի մը առաջնակարգ եւ անյետաձգելի պարտականութի՛ւնն է՝ որուն ամէն ծնողք հաւատարիմ ըլլալո՛ւ է, անշուշտ կարողութեան եւ կարելիութեան չափով։

Ասոր փոխարէն, որքա՜ն հանգիստ եւ խաղաղ պիտի ըլլայ այն մարդուն խիղճը՝ որ իր պարտքերը եւ պարտամուրհակները պատռած, եւ պարտքերուն վրայէն գի՛ծ քաշած, կ՚անցնի անդենական կեանքը…։

Ուստի աշխատիլ ո՛չ միայն ներկային համար, այլ եւ մանաւա՛նդ ապագային համար… եւ աշխատիլ ո՛չ միայն իր օգտին, իր հանգիստին համար, այլ նաեւ՝ իր շուրջիններուն, իր մերձաւորներուն եւ ինչո՞ւ չէ՝ համայն մարդկութեա՛ն համար։

Եւ երանելի՜ է այն անձը՝ որ կեանքին հանդէպ ունեցած իր պարտքը՝ իր ստեղծագործ եւ արտադրող արդար աշխատանքը վճարած, կը մտնէ պատմութեան խորքը…։ (Vatican News, 9/5/2018)

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 20, 2018, Իսթանպուլ   

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018