ՄԱՐՄՆԱՑՈՒՄՆ ԲԱՆԻՆ
«Անիկա զիս պիտի փառաւորէ, քանի որ ինչ որ ինձմէ առնէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի։ Ինչ որ Հայրս ունի՝ իմս է. ասոր համար է որ ըսի ձեզի, թէ ինչ որ առնէ ինձմէ՝ պիտի յայտնէ ձեզի», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 14-15)։
Սուրբ Հոգիին առաքելութիւնը միշտ յարակից է եւ դասաւորուած՝ Որդիին առաքելութեան հետ։
Հոգին Սուրբ, որ «Կեանքը տուող Տէրն է», առաքուած է սրբացնելու համար արգանդը Կոյս Մարիամին եւ զայն բեղմնաւորելու աստուածապէս, այնպէս ընելով որ Մարիամ յղանայ Հօր յաւիտենական Որդին՝ իրմէ առնուած մարդկայնութեամբ մը։
Ուստի Կոյս Մարիամի մասին կաթողիկէ հաւատքին դաւանածը կը հիմնուի Քրիստոսի մասին անոր հաւատացածին վրայ, իսկ Մարիամի մասին անոր ուսուցածը՝ իր կարգին կը լուսաւորէ անոր հաւատքն ի Քրիստոս։
Աւետարաններու մէջ «Յիսուսի Մայր» կոչուած Մարիամը (ՅՈՎՀ. Բ 1), (ՅՈՎՀ. ԺԹ 25) անոր Որդիին ծնունդէն իսկ առաջ՝ մղումով Սուրբ Հոգիին ողջունուած է «Ի՜նչ երջանկութիւն, որ Տիրոջս մայրը ինծի կ՚այցելէ, որովհետեւ երբ ողջոյնդ լսեցի, երեխաս ուրախութեամբ շարժեցաւ որովայնիս մէջ» (ՂՈՒԿ. Ա 43-44)։ Արդարեւ, Ան որ Մարիամ Ս. Հոգիով իբր մարդ յղացաւ ըստ մարմինին եւ ճշմարտապէս իր Որդին դարձաւ, ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ՝ Հօր յաւիտենական Որդին, Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրորդ Անձը։ Այս իմաստով Եկեղեցին կը դաւանի, թէ Մարիամ ճշմարտապէս Աստուածածին է եւ Աստուածամա՛յր։
Արդարեւ, Յիսուս Սուրբ Հոգիէն յղացուեցաւ Կոյս Մարիամի արգանդին մէջ, քանի որ Ան «նոր Ադամ»ն է. «Ս. Գիրքին մէջ այսպէս գրուած է.- Առաջին մարդը՝ Ադամ, ստեղծուեցաւ իբրեւ շնչաւոր էակ, մինչ երկրորդ Ադամը՝ կենդանարար հոգի է։ Արդ, ատոր համար ալ նախ շնչաւորը կու գայ եւ յետոյ հոգեւորը, քանի որ շնչաւոր մարմինը նուազ կարեւոր է, քան հոգեւորը» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 45-46). եւ որովհետեւ. «Առաջին մարդը երկրէն էր եւ հողեղէն, մինչ երկրորդ մարդը՝ մեր Տէրը՝ երկինքէն» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 47)։ Ուստի Քրիստոսի մարդկայնութիւնը Իր յղութեան պահէն իսկ լի է Սուրբ Հոգիով, քանի որ Աստուած. «իր Հոգին ամբողջապէս անոր տուած է» (ՅՈՎՀ. Գ 34)։
Յիսուս՝ Նոր Ադամը, Իր կուսական յղացումով կը սկզբնաւորէ որդեգրութեան որդիներուն «Նոր ծնունդ»ը, հաւատքով Սուրբ Հոգիին մէջ։ Աստուածային կեանքին մասնակցութիւնը կը ծնի. «ո՛չ արեան ճամբով եւ ո՛չ մարմինի կամ մարդկային կամքով, այլ՝ Աստուծմէ ծնելով» (ՅՈՎՀ. Ա 13)։ Եւ այս կեանքը ընդունիլը կուսակա՛ն է, որովհետեւ այս կեանքը ամբողջովին մարդուն տրուած է Հոգիէն։ Ուստի, Աստուծոյ հանդէպ «մարդկային կոչում»ին հարսանեկան նշանակութիւնը կատարեալ կերպով կ՚իրագործուի Կոյս Մարիամի «կուսական մայրութեան» մէջ։
Կո՛յս է Մարիամ, քանի որ անոր կուսութիւնը նշա՛նն է անոր «անեղծանելի» հաւատքին եւ Աստուծոյ կամքին իր անբաժանելի նուիրումին։ Իր հաւա՛տքն է, որ կարելի կը դարձնէ «Փրկչին Մայրը» ըլլալ։ Արդարեւ, Սուրբ Օգոստինոս կ՚ըսէ. «Մարիամ Քրիստոսի հաւատքը ընդունելուն համար աւելի երանելի՛ է քան թէ Քրիստոսի մարմինը յղանալուն համար»։ Մարիամ միանգամայն կոյս է եւ Մա՛յր, քանի որ ան պատկե՛րն է Եկեղեցւոյ եւ անոր ամենակատարեալ իրականացո՛ւմը։
Աստուած Եւայի սերունդէն ընտրեց Կոյս Մարիամը, որպէսզի ան ըլլայ Իր Որդիին Մայրը։
Արդարեւ, «Բան»ը մարմնացաւ եւ մարդացաւ «փրկելու համար մեզ, հաշտեցնելու մեզ Աստուծոյ հետ»։ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի սապէս կ՚ըսէ. «Մեր բնութիւնը հիւանդ էր, բուժում կ՚աղերսէր, անկեալ էր՝ կ՚ուզէր կանգնիլ, մեռեալ՝ յարութիւն առնել։ Մենք կորսնցուցած էինք տիրապետումը բարիին, հարկ էր զայն մեզի վերադարձնել։ Փակուած էինք խաւարին մէջ, հարկ էր մեզի լոյսը բերել։ Գերիներ՝ կը սպասէինք Փրկիչի մը, բանտարկեալներ՝ օգնութեան մը, ստրուկներ՝ ազատարարի մը։ Այս բոլոր պատճառները արդեօք անկարեւո՞ր էին։ Արդեօք արժանի չէի՞ն Աստուած յուզելու, զԻնք մինչեւ մեր մարդկային բնութիւնը իջեցնելու մեզի այցելելու, քանի որ մարդկութիւնն այնքան խեղճ եւ դժբախտ վիճակի մը մէջ կը գտնուէր»։
«Բան»ը մարմին եղաւ, որպէսզի այսպէս մենք ճանչնանք Աստուծոյ սէրը. (Ա ՅՈՎՀ. Դ 9)։ Եւ. «Որովհետեւ Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
«Բան»ը մարմին եղաւ, որպէսզի մեզի իբր «սրբութեան տիպար» ծառայէ. «Սիրեցէ՛ք զիրար ինչպէս Ես սիրեցի ձեզ» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 12)։
Արդարեւ, Յիսուսի սէրը կը բովանդակէ գործնական ընծայումը անձին՝ Անոր օրինակին համեմատ։
«Բան»ը մարմին եղաւ՝ մարդացաւ, որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ աստուածային բնութեան (Բ ՊԵՏ. Ա 4). «Այս պատճառով Բանը մարդացաւ» եւ «Անիկա թանկագին ու մեծամեծ խոստումներ տուաւ մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակից ըլլանք աստուածային բնութեան, ձերբազատուելով աշխարհի մէջ տիրող կորստաբեր ցանկութիւններէն»։ Սուրբ Աթանաս Աղեքսանդրացի կ՚ըսէ. «Որովհետեւ Աստուծոյ Որդին մարդ եղաւ որպէսզի մեզ աստուածացնէ»։ Իսկ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կը պարզաբանէ. «Աստուծոյ Միածին Որդին, ուզելով որ մենք Իր աստ-ւածութեան մասնակցինք, մեր բնութիւնը առաւ, որպէսզի Ինք մարդանալով, մարդիկն ալ աստուածներ դարձնէ»։
Արդարեւ, Աստուծոյ Միածին Որդիին ճշմարիտ «Մարդեղութեան» հանդէպ հաւատքը զատորոշող նշանն է քրիստոնեայ հաւատքին, քանի որ «Ան յայտնուեցաւ մարմինով», ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ (Ա ՏԻՄ. Գ 16)։
Ան ճշմարիտ Աստուած է եւ ճշմարիտ մա՛րդ…։
Շնորհաւոր ըլլայ Սուրբ Ծնունդը մեր բոլոր Կաթողիկէ եղբայրներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 7, 2018, Իսթանպուլ