ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀՈԳԻՆ

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ. Բնութիւնը կարծես պատկերագրուած օրինակ մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Արդարեւ, մարդկային հոգին ալ ունի լեռներու կատարներ՝ որոնք մարդուս մտածումներուն, խորհուրդներուն թռիչքները, իտէալները, սէրերը, յուզումները, ըմբռնողութիւնը Էակի մը մասին, որ Տիեզերքի Արարիչը, Ստեղծիչը, Կառավարիչը եւ Նախախնամն է, եւ մարդկային կեանքին եւ էութեան բացարձակ Տէրը։

Այդ կատարներուն վրայ կեցած՝ մարդը կ՚ապացուցանէ, թէ ինք Աստուծոյ պատկերը կը կրէ, թէ՝ Սաղմոսերգուին բացատրութեամբ, «երկինքի հրեշտակներէն քիչ մը միայն վար դրուած է»։

Բնութիւնը իբրեւ մարդուս անձէն դուրս՝ առարկայական իրողութիւն մը՝ որ մարդ կ՚ապրի իր անձին մէջ. կամ Բնութիւնը դուրսը ինչ որ է, նոյնն է ան ներսը։ Արդարեւ, զգայարանական փորձառութիւնը, նաեւ հոգեկան փորձառութիւն մըն է։

Բնութիւնը ունի իր յատուկ եղանակները. ձմրան մէջ ի՛նչ որ է Բնութիւնը, նոյնը չէ միւս եղանակներուն մէջ. յայտնի իրողութիւն է արդէն, թէ ո՛րքան տարբեր է Բնութիւնը եղանակէ եղանակ։ Եւ ա՛յդպէս է նաեւ մարդուն «հոգեւոր բնութիւն»ը։ Արդարեւ, մարդն ալ ունի իր ձմեռնային փորձառութիւնը, ինչպէս նաեւ գարնանայինը եւ ամառնայինը։ Չէ՞ որ մարդ միշտ չի խնդար, այլ նաեւ՝ երբեմն կու լայ եւ կը սգայ…։

Կեանքի մէջ յաջողութիւնները՝ աշնանային տերեւներու պէս՝ յաճախ կը թօշնին, կ՚իյնան, կը կորսուին։ Հարուստը կրնայ աղքատանալ եւ կամ, փոխադարձաբար, աղքատը՝ հարստանալ։ Եւ մարդուս կեանքը ո՜րքան կը նմանի Բնութեան…։ Ինչպէս որ մարդուն գլխուն վերեւի երկնակամարը միշտ կապոյտ չէ, նո՛յնպէս ալ ցաւերու, վիշտերու սեւ սեւ ամպեր, յուսախաբութիւններու, յուսալքումներու՝ կու գան մռայլել մարդուն հոգին։ Մարդուն հոգիին մէջ ալ փոթորիկներ կը ծագին, եւ երկրաշարժներ՝ որոնք հիմնովին կը յեղափոխեն կեանքին ընթացքը եւ պայմանները, եւ կամ կը կործանեն իր փայփայած յոյսերը եւ երազները։

Եւ սակայն ան որ իր հոգւոյն մէջ ունի անյատակ վիհեր, մթին եւ արհաւրալից, որոնց մէջ կրնայ թաղուիլ։ Ան որ կրնայ սրբանալ, կրնայ նաեւ՝ մեղանչել Աստուծոյ եւ մարդոց դէմ մինչեւ այն աստիճան, որ նոյնիսկ «դժոխքը իրմէ ամչնայ»։ Մարդուս հոգին ալ ունի անտառներ, որոնց մէջ կը թափառին գազաններ նոյնիսկ շատ աւելի կատաղի քան հնդկական անտառներուն ամենէն արիւնարբու վագրերը, կամ թունալից օձերը։ Նաեւ՝ մարդկային հոգիին մէջ կարելի է գտնել իր ազնուութեան եւ վեհանձնութեան դաշտերուն քով իր խաբէութեան, կեղծիքի, ատելութեան ճահիճները։

Երբ վստահելի կը ճանչցուի մէկը որպէս Աստուծոյ արժանի որդի մը, եւ սակայն կը ստէ, կը դաւէ, կը մատնէ՝ Սատանային ծնունդը կ՚ըլլայ եւ Սատանային չափ զազրելի։

Այսպէս, մարդուս հոգեւոր աշխարհագրութիւնը նմանութիւններ, նմանութեան բազմաթիւ գիծեր ունի արտաքին աշխարհին աշխարհագրութեան հետ։ Ինչպէս Բնութիւնը իր արեւը ունի, մարդը եւս ունի իր հոգւոյն մշտափայլ արեւը, որ է Աստուծոյ Սիրոյն յայտնութիւնը յանձին Յիսուս Քրիստոսի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 22, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021