ՄԵՐ ՈՍԿԵՏԱՌ ԱՅԲՈՒԲԵՆԸ
Ի՜նչպէս անուանել մեր այբուբենը՝ աստուածատո՞ւր, ոսկետա՞ռ, թէ՝ անգի՛ն։ Ի՛նչպէս անուանել ան, յայտնի եւ յստակ է, որ թանկագին գանձ մըն է այբուբենը։ Արժէք մը՝ որ հետզհետէ կ՚աւելնայ, կը բարդուի արժէքը գիտցող, արժէքաւոր միտքերու եւ հոգիներու մէջ։ Ան իրապէս «աստուածատուր» է, շնորհ մըն է ժողովուրդին, քանի որ ան, ընթացքը փոխած է ժողովուրդին, նոր ընթացք տուած է անոր ամբողջ մտաւոր ու հոգեւոր կեանքին։ Հոգեմտաւոր զարգացում մը, նորոգութիւն մը, վերակենդանութիւն մը, մէկ խօսքով՝ վերածնունդ մը կատարած է այս աստուածատուր, ոսկետառ այբուբենը։
Հայ լեզուի այբուբենը գի՞ւտ մըն է, թէ՝ ներշնչման արդիւնք մը։ Ատիկա բոլորովին տարբեր հարց մըն է, բայց ըլլա՛յ գիւտ, ըլլա՛յ ներշնչման արդիւնք, ան իր գեղեցկութեամբ, իր ձայնական ու կարգաւորման նկարագրով, իրապէ՛ս աստուածային է, եւ աստուածատուր։ Անոր ամէն մէկ ձայնը կը հնչէ որպէս գեղեցկութիւն, որպէս բարութիւն, որպէս սէր, եւ որպէս մշտնջենաւոր արժէ՛ք։ Ան հոգի՛ն է ամբողջ ժողովուրդին, միտքը եւ կեանքը՝ հասարակաց զգացումը, հասարակաց խորհելակերպը, եւ ժողովուրդին ամէն մէկ անդամը, անհատը իրար միացնող զօրաւոր, խորհրդաւոր կապը։ Ան, արդարեւ հասարակաց ուժն է, զօրութիւնն է, հոգիի եւ մտքի ապահովութիւնն է. ան արժէ՛ք մըն է. անիմանալի կարողութիւն մըն է՝ որ կը կազմակերպէ ժողովուրդը՝ իր ամբողջ կեանքովը։ Այբուբենին ամէն մէկ տառը սիրոյ երգ մը կ՚երգէ, սիրոյ մէջ միութեան, սիրոյ մէջ զօրանալու երգը կը կանչէ, այն քաղցր երգը սիրոյ, որ շատերու կը պակսի դժբախտաբար…։
Հայ ըլլալ եւ հայ լեզուի այբուբենին անծանօթ, օտար ըլլալ… անտարբեր ըլլալ իր սեփականին, օտար ըլլալ իր հարազատին, եւ յամառիլ այդ անբնական արարքին մէջ՝ սխալը չսրբագրել, գոնէ ջանք չընել սրբագրելու եւ մէկ խօսքով վերջակէտ մը դնել. «Պարագաները այդպէս բերին, առիթ չունեցայ սորվելու»։ Վերջակէ՛տ։ Բայց մարդ միայն մահանալով չի՛ հեռանար իր սիրելիներէն, իր մերձաւորներէն, երբեմն անիմաստ «վերջակէտ»ներու միջոցաւ ալ կ՚օտարանայ, կը կորսուի իր միջավայրէն…։
Պատկանելիութեան ստուգանիշներէն մին եւ կարեւորագոյնն է լեզուն։ Լեզու գիտնալ՝ կը նշանակէ ծանօթանալ անոր, սիրել եւ սիրով գործածել զայն։ Ո՜վ անտարբեր կը մնայ իր սիրելիին, եթէ անտարբեր է՝ ապա ուրեմն ան «սիրելի» չէ՛ իրեն համար։
Սիրելինե՜ր, ինչպէս որ երբ պարտէզի մը մէջ մէկ հատիկ վարդը այդ պարտէզին «վարդաստան»ի հանգամանքը չի տար, նոյնպէս ալ՝ մի քանի գիրք կարդալով, մարդ ո՛չ գիտուն եւ ոչ ալ գրասէր կրնայ ըլլալ։ Ուստի կարեւորը տեւականութիւնն է՝ հաստատ կամքը, այսինքն՝ յարատեւութիւնը։
Ջուրը կրնա՞յ ծակել քարը։ Առաջին ակնարկով՝ ո՛չ, ջուրի քանակը որքան շատ ըլլայ, չի կրնար ծակել քարը, բայց տեւական, կաթիլ կաթիլ, եւ յարատեւ եթէ հոսի քարին վրայ, կրնա՛յ անոր վրայ փոսիկ մը, խոռոչ մը բանալ եւ նոյնիսկ կտոր կտոր ընել զայն։ Ուրեմն, ինչպէս վերը ըսինք, պատահական ընթերցումներ չէ՛ որ լեզուն կը զարգացնեն, այլ՝ շարունակականութի՛նը։
Ուրեմն, երբ կա՛յ սեփական լեզու մը, անոր սեփականատէրերը, հարազատ տիրականները ինչո՞ւ անտարբեր կը գտնուին անոր մասին, ինչո՞ւ օտար կը համարեն իրենց հարազատը… կարելի չէ՛ հասկնալ իրապէս, քանի որ ատիկա բոլորովին հակառակ է բանականութեան, տրամաբանութեան։
Արդարեւ Թարգմանչաց տօնը առի՛թ մըն է հաշուեյարդար մը կատարելու այս մասին՝ խորհելու, թէ ո՛րքան տէր կը կանգնին մեր սեփական արժէքներուն։
Ուստի ի զուր չէ, որ Մեսրոպ Մաշտոց կ՚անուանուի՝ «Երկրորդ Լուսաւորիչ», ապահովելով ժողովուրդին՝ հոգեւոր լուսաւորութեան առընթեր մտային լուսաւորութիւնը՝ ունենալով իր սեփական այբուբենը, ինչ որ անհրաժեշտ է ընկերային զարգացման, յառաջդիմութեան եւ ինքնութեան պահպանման համար…։
Եւ եթէ հարցը հայ այբուբենն է, կ՚ուզենք յիշել միքանի հետաքրքրական երեւոյթներ՝ որոնք փաստեր եւ վկայութիւններ, ապացոյցներ են, թէ ան աստուածատուր խորհուրդ մըն է։ Ան՝ ո՛չ միայն մտային, այլ հոգեւոր արժէք մը կը ներկայացնէ Հայ ժողովուրդին համար, որուն անտարբերութիւն ցոյց տալ անհաւատարմութիւն է իր ինքնութեան։
Ըսինք, որ Հայ այբուբենը աստուածատուր է եւ ոսկետառ։ Ան աստուածատուր է, քանի որ իր մէջ կը բովանդակէ անհամար խորհուրդներ։
Ինչպէս յայտնի է, Հայ այբուբենը կը բաղկանայ 36 տառերէ։ 36 թիւը կը խոր-հըրդանշէ՝ այն 36 խուցերը, որոնց մէջ 72 թարգմանիչներ, ամէն մէկ խուցի մէջ երկու-երկու, յունարէնի թարգմանեցին Սուրբ Գիրքը։ Սա խորհուրդ մըն է, որ ցոյց կու տայ արբուբենին աստուածատուր շնորհ մը ըլլալը՝ Հայ ժողովուրդին։
Նաեւ՝ Հայ այբուբենը կը սկսի «Ա» տառով եւ կը վերջանայ «Ք»ով։ Ի՛նչ որ Մաշտոցեան այբուբենն է, իսկ «Օ», «Ֆ» աւել-ցըւած է աւելի վերջ։
Այբուբենի առաջին տառը՝ «Ա» կը ներկայացնէ՝ Աստուած, իսկ վերջինը՝ «Ք» կը խորհրդանշէ Քրիստոսը։ Իսկ «Փ» տառը՝ որ կը նախադրէ «Ք» տառին, կը խորհրդանշէ. (Փ)առք (Ք)րիստոսի։ Եւ երբ կը տեսնենք այս իրականութիւնները, կարելի՞ է, որ ուրանանք՝ թէ Հայ այբուբենը աստուածատուր այբուբեն մը, շնորհ մըն է եւ թէ ճշմարտութի՛ւն…։
Այբուբենի 7-րդ տառը «Է» կը խորհըր-դանշէ դարձեալ Աստուած՝ որ «Է»։ Իսկ «Է» տառը երբ իրարու հակառակ քով քովի դրուի՝ կը ստացուի խաչանիշը, եւ ստորոտը՝ Ադամի գանկը։ Փորձենք «Է» գրելով հակառակ եւ քովը՝ շիտակ «Է» տառը, պիտի դիմաւորուինք խաչի խորհուրդով։ Աստուածատուր է նաեւ այբուբենը իր դասաւորումով։ Փորձենք գրել այբուբենը ուղղահայեաց՝ 9 տառեր, 4 սիւնակի մէջ։ 9 տառը 4 սիւնակի մէջ՝ ընդամէնը 36 տառ, ինչ որ Հայ այբուբենի տառերուն թիւն է։ (4)ը կը խորհրդանշէ՝ 4 Աւետարանները, նաեւ՝ (4)ը՝ մարմինը կազմող (4) տարրերը կը խորհրդանշէ։ 4 շարքը կը նշանակէ նաեւ (4) Աւետարանիչները։ (4)ը Եդեմական դրախտի տարրերը կը կազմեն։ Իսկ 4 շարքի մէջ 9 տառերը կը խորհրդանշեն՝ հրեշտակներու 9 դասերը։ Վերջապէս «Ք» տառն ալ կը խորհրդանշէ խա՛չը։
Հոս յարգանքով ու ակնածանքով յիշենք այբուբենը.
1-Ա 10-Ժ 19-Ճ 28-Ռ
2-Բ 11-Ի 20-Մ 29-Ս
3-Գ 12-Լ 21-Յ 30-Վ
4-Դ 13-Խ 22-Ն 31-Տ
5-Ե 14-Ծ 23-Շ 32-Ր
6-Զ 15-Կ 24-Ո 33-Ց
7-Է 16-Հ 25-Չ 34-Ւ
8-Ը 17-Ձ 26-Պ 35-Փ
9-Թ 18-Ղ 27-Ջ 36-Ք
Աւելի վերջ՝ Օ, Ֆ։
Իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ. հպարտ ու երջանիկ ըլլալու ես, քանի որ այսքան գեղեցիկ, սքանչելի խորհուրդներով լեցուն, հրաշալի՜ եւ աստուածատուր այբուբենի մը սեփականատէ՛րն ես։ Հպարտ՝ քանի որ քո՛ւկդ է անիկա, երջանիկ՝ քանի որ զայն գործածելու, անով զգացումներդ ու մտածումներդ արտայայտելու առիթը ունիս, անով կրնաս գրել Աստուծոյ խօսքը, անով կ՚ապրիս Աստուծոյ իմաստութիւնը, անով երջանի՜կ կապեր կը հաստատես հարազատներուդ եւ սիրելիներուդ հետ։ Ամէն նուէր թանկագին է, բայց այդ նուէրը երբ Աստուծմէ է՝ ան շնորհ մըն է՝ առանձնաշնո՛րհ մը։ Եւ առանձնաշնորհութիւն մը վայելել ամէն մարդու չի վիճակիր, պէ՛տք է յարգը գիտնալ։ Իսկ եթէ մարդ չ՚անդրադառնար այդ առանձնաշնորհին, ի՞նչ կարելի է անուանել՝ անտարբերութի՞ւն, թէ՝ անմտութի՛ւն…։
Յաճախ ցաւ յայտնելով կը կրկնեմ. կան, դժբախտաբար ոմանք, որ կը յամառին եւ չեն կարդար հայերէն։ Զոր օրինակ, հայերէն թերթ, եւ եթէ պատճառը հարցնէք, անոնց պատասխանը կ՚ապշեցնէ ձեզ. «Հայ թերթին մէջ ի՞նչ կայ որ կարդանք…»։
Խոնարհաբար յիշեցնեմ. Հայ թերթին մէջ Հայ գիր կայ, չ՚արժե՞ր հայ գիրին համար կարդալ…։
Եւ կը խորհիմ եւ յուսահատութեան սահմանը կը հասնիմ. արդեօք այս տողերը քանի՞ հոգի, քանի՞ Հայ գիրի սիրահար պիտի կարդայ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 23, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/19/2025
- 04/19/2025
- 04/19/2025