ԹԱՆԿԱԳԻՆ ՆՈՒԷՐԸ

«Ամենէն գեղեցիկ նուէրը՝ որ կը նուիրես մէկու մը, ժամանա՛կն է, որովհետեւ քու նուիրածդ երբեք քեզի պիտի չվերադառնայ, որ քու կեանքէդ մաս մըն է»։

PAULO COELHO

Կեանքը մարդուս տրուած նուէր մըն է, իսկ ժամանակը՝ այդ կեանքէն մաս մը, հատուած մը, եւ ուրեմն ժամանակն ալ պարգե՛ւ մըն է մարդուն տրուած եւ թէ թանկարժէք պարգե՛ւ մը։

Մարդկային սերունդին նախնական շրջանը կը վերջանայ, քօղ մը կը ձգուի անցեալ շրջաններուն վրայ եւ մարդի՛կ, նախկին ժամանակներ, իրենց ակնարկը կը դարձնեն այն շրջանին վրայ, երբ իրենց իրակա՛ն ծագումը կը սկսի։

Ժամանակներու ընթացքին, շրջաններու մէջէն մարդու վրայէն կը ջնջուի «ժառանգական չարիք»ը հին սերունդին, կը ջնջուի մարդկային շառաւիղը։ Եւ «Հին մարդ»ու գերեզմանէն, մարդկութեան համար՝ նո՛ր, երկնային նախածնող մը յառաջ կու գայ. Աստուած-Մարդ մը, Աստուած-Հայր մը։ Անոր մէջ վերստին կը ծնի մարդ, եւ այս վերածնունդով, արժանաւոր զաւակ կ՚ըլլայ, ազատ՝ յանցանքի կապանքներէն, անմեղ, երկնային, անմա՛հ զաւակ, որուն կը պատշաճի եւ կը վայելէ՝ երկնաւոր Հօր ժառանգութիւնը, յաւիտենականութիւն, փառք եւ աստուածանմանութի՛ւն։

Արդարեւ, այն որ Կեա՛նք է, Ինքը միայն կրնայ մեզի կրկին կեանք պարգեւել։ Մարդէն կախեալ է, ուրեմն, Անոր հոգին ընդունիլ, մեզ Անոր զաւակները ընել, եւ վերջապէս Իրմով վերածնիլ։ Սակայն, մարդը, եթէ իբր երկնային էակ, վերստին կը ծնի, ինչո՞ւ իսկոյն չի լքեր երկրաւոր մարմինը եւ չի վերադառնար հոն՝ ուր իր Փրկիչը յաղթական մուտքը գործեց՝ մահը եւ մեղքը նուաճելէ, պարտելէ ետք։

Արդարեւ, ա՛յնքան ատեն որ Ան՝ մարդը մարզադաշտի վրայ՝ կեանքի պայքարի մէջ կը թողու, կ՚ուզէ որ ան, եթէ նոյնիսկ պարտուած է, սակայն եւ այնպէս յաղթանակը ապահովէ, եւ մինչեւ վերջ՝ իր օգնութիւնը իրեն կ՚ընծայէ։ Որքան ատեն որ դեռ հոգին մահկանացու եւ ժամանակաւոր պատեանը կը կրէ, կարող է՝ որ մահէն դէպի կեանք վերադառնայ։ Սակայն ինչ վիճակի մէջ որ այս անցաւոր, ժամանակաւոր կեանքը կը թողու հոգին, նո՛յն վիճակի մէջ, յաւիտենականութեան համար պիտի ծնանի, կա՛մ յաւիտենական կեանքի, կա՛մ յաւիտենական մահուան համար։

Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, կեանքը եւ անոր ամէն մէկ մասը՝ ժամանակը պարգեւ մը, նուէր մըն է մարդուս՝ Աստուծմէ տրուած, շնորհուա՛ծ…։

Կեանքը ստեղծողը Աստուած է։ Արդարեւ Ան տէրն է նաեւ ամէն ժամանակներու։ Ան Աստուած է, որ միջոցէն եւ ժամանակէն անդին կարո՛ղ է եւ կ՚ուզէ ազատագրել զայն, եւ Իր Ամենակարողութիւնը ի գործ պիտի դնէ այս ծրագրին իրագործումին համար։ Ժամանակին բոլոր պահերը Աստուծոյ համար «ներկա՛յ» են իրենց այժմէութեանը մէջ։ Ան «նախասահմանութեան» Իր յաւիտենական ծրագիրը կը գծէ՝ անոր մէջ ներառելով իւրաքանչիւր մարդու ազատ պատասխանը՝ Իր շնորհքին։

Աստուած, մարդոց կուրացումէն ծնած գործերը կը թոյլատրէ՝ փրկութեան Իր ծրագիրը կատարելու համար։

«Ներկայ ժամանակ»ը, ըստ Տիրոջ, Հոգիին եւ վկայութեան ժամանա՛կն է, ժամանակ մը, որ նաեւ յատկանշուած է «անձկութեամբ» եւ չարին գործերով, որ չի խնայեր Եկեղեցւոյ եւ սկիզբ կը հանդիսանայ վերջին օրերուն պայքարներուն։ Ժամանակը՝ սպասումի եւ հսկումի։

Արդարեւ, չկայ բան մը որ գոյութիւնը չպարտի Արարիչ Աստուծոյ։ Ուստի, աշխարհը սկսաւ, երբ Աստուծոյ խօսքով ոչինչէն գոյացաւ՝ ստեղծուեցաւ, գոյութիւն ունեցող բոլոր էակները, ամբողջ բնութիւնը, տիեզերքը, մարդկային ամբողջ պատմութիւնը կ՚արմատանան այս սկզբնական դէպքին մէջ. այս ծնունդով է որ աշխարհը գոյացած է եւ ժամանակն ալ սկիզբ առած է։

Մարդը, այս աշխարհի վրայ եւ ժամանակին մէջ գագաթնակէտն է արարչագործութեան։ Արդարեւ, Աստուածաշունչը զայն յստակօրէն կ՚արտայայտէ զանազանելով մարդուն ստեղծումը միւս արարածներու ստեղծումէն։

Մարիամի Աւետումը բացումը կը կատարէ «ժամանակներու լրումին» (ԳԱՂ. Դ 4), այսինքն խոստումներուն եւ նախապատրաստութիւններուն կատարումին։

Արդարեւ, մարդուն կեանքը սահմանաւորուած է ժամանակի չափով։ Այդ «ժամանակ»ին ընթացքին մարդ փոփոխութիւն կը կրէ, կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի էակներուն մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական վարջաւորութիւնը կեանքին։ Մահուան այս բնոյթը անձկութիւն եւ շտապ կը ստեղծէ մարդուն կեանքին մէջ։ Մարդուն «մահկանացու» ըլլալու յիշատակը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելո՛ւ, թէ միայն սահմանափակ ժամանակ մը ունի մարդ իրագործելու եւ ապրելու իր կեանքը։

Եւ ուրեմն կեանքը եւ ժամանակը իսկական պարգեւներ են տրուած մարդուն։

«Յիշէ՛ Արարիչդ պատանեկութեանդ օրերուն. փոշին հողին՝ շունչն ալ զայն տուող Աստուծոյ տակաւին չվերադարձած» (ԺՈՂ. ԺԲ 1, 7)։

Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Եւ այն ատեն, մարդկային ցեղը իր վերջնական կատարելութիւնը պիտի գտնէ Քրիստոսի մէջ։

«Վերջին ժամանակներ»ուն՝ Տիրոջ Հոգին պիտի վերանորոգէ մարդոց սիրտը. նոր օրէնք մը արձանագրելով անոնց մէջ, պիտի կերպարանափոխէ առաջին արարչութիւնը եւ հոն Աստուած պիտի բնակի մարդոց հետ խաղաղութեան մէջ։ Մարդուս ապրած յետին ժամանակները Սուրբ Հոգիին զեղումին ժամանակներն են։ Այսուհետեւ վճռական պայքար մը կը մղուի «մարմին»ին եւ «Հոգի»ին միջեւ։

Կեանքը՝ ամբողջ ժամանակը երջանկութեամբ ապրիլ իմաստութիւն կը պահանջէ, եւ այդ իմաստութիւնը տուած է Աստուած բոլոր մարդոց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 21, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 25, 2020