«ԿԱՏԱՐԵԱԼ ԸԼԼԱԼ» ԿԱՐԾԵԼ…

«Կատարեալ ըլլալ» եւ «կատարելութեան ձգտիլ». այս երկու վիճակները թէեւ արտաքնապէս մերձիմաստ, բայց ըստ էութեան իրարմէ բոլորովին տարբեր գոյավիճակներ են։ Ուստի կատարելութիւնը մարդուս համար նպատակ մը, հեռանկար մը կամ բարձրագոյն գաղափար մըն է՝ որուն կը ձգտի մարդ, պէ՛տք է ձգտի, բայց բացարձակ կատարելութեան հասնիլ գրեթէ անկարելի՛ է, ինչպէս մարդ չի՛ կրնար հասնիլ հորիզոնին, որուն որչափ մօտենալ փորձէ, ան այնքան կը հեռանայ իրմէ։

Բայց մարդ պէտք է միշտ ձգտի կատարելութեան։

Արդարեւ, «կատարելութիւն» ըսուած վիճակը որոշ, յստակ վիճակ մը չէ՝ որոշ սահմանում, չափ եւ կշիռ չունի։ Որ մէկուն համար «կատարելութիւն»ը եթէ նիւթական բաւարարութիւն է, ուրիշ մէկուն համար հոգեկան գոհացումը կատարելութիւն է։ Մէկ խօսքով, կատարելութիւնը յստակ եւ որոշ սահմանում մը չունի։ Բացարձակ կատարելութիւնը, թերեւս, լրումն է ամէն արժէքի եւ մանաւանդ՝ կեանքի լրո՛ւմը։ Կ՚արժէ յիշել խաչի վրայ Յիսուսի խօսքին, երբ «լեղիով խառն քացախը խմեց.

«Ամէն ինչ կատարեալ է» (ՅՈՎՀ. ԺԹ 30), եւ «ապա գլուխը խոնարհեցուց եւ հոգին աւանդեց»։

Այս ուղղութեամբ, կատարելութիւնը կեանքի լրո՛ւմն է՝ մա՛հը, որ դուռն է անմահութեան։

Ուստի «կատարելութիւն» նշմարելը կեանքի որեւէ պահուն, կարճատեսութիւն մըն է, չըսելու համար կուրութիւն, որ ահաւո՜ր պատասխանատուութիւն մը կը հրաւիրէ, մանաւանդ երբ տեսնուի «գիտակից» անձերու վրայ։

Կեանքի որեւէ հանգրուանին կատարելութիւն տեսնել ինքնախաբէութիւն է։ Կան մարդիկ, որոնք որքան գոհ են իրենց անհատական առաւելութիւններէն, կարողութենէն, տարողութենէն եւ ընդհանրապէս գործերէն, նոյնքան դժգոհ են իրենց շուրջիններուն կեանքի գործունէութենէն։

Մարդ ինքզինք «կատարեալ» կրնայ համարել, երբ իր նմանները «կատարեալ» են, անհատական կատարելութիւնը, արդարեւ, կախում ունի հաւաքական-ընկերային ընդհանուր կատարելութենէն։

Կան նաեւ մարդիկ, որոնք որքան ներողամիտ եւ թոյլատու են իրենց անձնական-անհատական տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն նկատմամբ, եւ նո՛յնքան եւ աւելի աններող, անհանդուրժող եւ բուռն քննադատող իրենց նմաններուն հանդէպ, եւ մանաւանդ պատասխանատու անձերու եւ կա՛մ պաշտօնական մարմիններու նկատմամբ։ Մարդ միշտ ինքնբաւ կը կարծէ ըլլալ՝ կատարեալ եւ անթերի։ Մարդ գոհ է իր կեանքէն, իր անձէն, իր կարողութենէն, իր արարքներէն։ Եւ նոյնքան դժգոհ՝ ուրիշներու ընթացքէն եւ աշխատանքէն։ Ուստի, մարդ, ընդհանրապէս կ՚ուզէ, որ ուրիշներ ալ իրեն պէս ըլլան, բայց չի մտածեր, որ ինք ո՞րքան կատարեալ է, ո՞րքան անթերի եւ զօրաւոր, տիպար ըլլալու չափ ուրիշներուն, իր շուրջիններուն։

Նախ պէտք է ինքզինք կշռել, չափել եւ յետոյ ուրիշներուն կշռին կամ չափին միջամտել։

Նախ պէտք է «հայելի»ին նայի մարդ եւ յետոյ իր աչքը դարձնէ իր նմաններուն՝ անոնց անկատարութիւնը կշռելու եւ չափելու համար։

Ուրիշներու անկատարութիւնը տեսնելու եւ յայտարարելու այս իրողութիւնը սակայն եթէ իր շրջուած ձեւով ներկայանար, թէ՛ անձին եւ թէ՛ հասարակութեան զարգացումը եւ բարիքը քառապատիկ համեմատութեամբ պիտի աճէին…։

Ըսուեցաւ, որ «կատարելութիւն» համարել կարճատեսութիւն է, նոյնն է պարագան գիտութեան համար։ Մարդ եթէ կարծէ, թէ «գիտէ», ո՛չինչ կրնայ սորվիլ, ո՛չինչ կրնայ զարգացնել իր մտային կարողութիւնը։ Երբեմն կը լսուի. «ես արդէն գիտեմ այդ մասին, ուրեմն պէտք չունիմ կարդալու, սորվելու…»։ Ահաւասիկ, տգիտութեան յստակ պատկերը. «գիտնալ կարծել» եւ ինքնաբաւ, կատարեալ նկատել ինքզինք, եւ թիզ մը չկարենալ յառաջանալ, գիտութիւնը բանտարկելով իր նեղ սահմաններուն մէջ։ Մինչդեռ, ինչպէս կատարելութիւնը, նո՛յնպէս գիտութիւնը անհուն եւ անմատչելի հորիզոնին կը նմանի, որուն մօտենալ եւ հասնիլ անկարելի՛ է միշտ։ Անմատոյց է հորիզոնը, եւ ուրեմն գիտութիւնը եւ կատարելութիւնն ալ, հորիզոնի նմանութեամբ անմատո՛յց են։ Կատարելութեան հասած նկատել ինքզինք, սնափառութիւն է եւ կարճամիտ մարդու գործ, որոնք իրենք զիրենք կը ներկայացնեն իբր ամենէն սրամիտ եւ հանճարեղ մարդը, հաւաքականութեան մէջ ամենէն յառաջադէմը, ամենէն լուսամիտը, ամենէն խելացին՝ որ կը տեսնէ ուրիշներուն անկատարութիւնը, թերութիւնը եւ տկարութիւնը։

Այդպիսին կրնայ խաբել ինքզինք, կրնայ խաբել իր շուրջիններէն ոմանք, բայց ո՛չ բոլորը։ Ի վերջոյ կը յայտնուի իր իսկական էութիւնը՝ անկատարութիւնը եւ թերութիւնը, եւ անոր անկումը ահաւո՜ր կ՚ըլլայ։ Ուստի մարդուն մրցակիցը այս մասին, ո՛չ թէ իր շուրջինները, իր նմանները, այլ՝ նոյնինքն իր «Ես»ն է, անշուշտ եթէ անկեղծ է եւ զօրաւոր նկարագրի տէ՛ր…։

Կան մարդիկ, որոնք, իրենք զիրենք կը բաղդատեն եւ մրցակից կը տեսնեն իրապէս «մեծ մարդոց» հեղինակութիւնը։ Բայց իրական գիտունը ո՛չ թէ շատ բան գիտցողը, այլ՝ իմաստո՛ւնն է։ Մնաց որ «շատ բան գիտնալ»ու հարցն ալ, ըստ էութեան խնդրական է, քանի որ «շատ բան գիտնալ»ը չափ եւ սահման մը չունի։ Արդարեւ, գիտուն ըլլալու առաջին պայմանն է՝ չգիտցածին անդրադառնալ եւ չգիտցածը գիտնա՛լ։ «Չգիտցածը գիտնալ»՝ իմաստութի՛ւն է, եւ ուրեմն ասկէ կը հետեւի, թէ «գիտնալ կարծել»՝ իսկական տգիտութիւն է։ Մարդ, այն ատեն իրապէս «գիտուն» կը համարուի, երբ կը մտածէ ո՛չ թէ գիտցածներուն, այլ՝ չգիտցածներուն մասին։

Առանց իմաստութեան, գիտութիւնը ո՛չինչ կ՚արժէ, քանի որ գիտութիւնը երբ գործնականի չվերածուի, որեւէ արժէք չի ներկայացներ, իսկ գիտութիւնը կեանքի կը կոչուի, այսինքն գործնականի կը վերածուի իմաստութեա՛մբ։

Ուրեմն, կատարեալին մօտենալու համար մարդ պէտք է իմաստուն ըլլայ՝ իմաստութեամբ գործէ եւ իմաստութեան ճամբուն վրայ յառաջանայ։ Միամիտութի՛ւն է՝ ունայնամտութիւնը պանծացնել, շռայլ գովեստներով տգիտութիւնը գիտութիւն համարել, եւ մանաւանդ գիտութիւնը անջատել իմաստութենէն։

Բարեբեխտաբար կա՛ն իմաստուն գիտուններ՝ որոնք գիտակից իրենց «չգիտցած»ին, կը շարունակեն սորվիլ, հետեւելով այն սկզբունքին, թէ գիտութիւնը վերջ չունի, քանի որ սահման չունի։

Անշուշտ դեռահաս մը քաջալերելու եւ զարգացնելու լաւագոյն միջոց մըն է եւ կարեւոր ազդակ մը գնահատանքը։ Կասկած չկա՛յ այս մասին, բայց շփացումը եւ յաւակնութիւնը զարգացնելու պատճառ պէտք չէ ըլլայ գնահատանքը եւ գովասանքը։ Չափաւորութիւնը պայմա՛ն է. գովել մէկը՝ պայմանաւ որ բժիշկի մը պէս, բծախնդիր եւ չափաւոր վարուիլ, մանաւանդ նկատի ունենալ ենթակային հոգեբանութիւնը, մտային հասութիւնը, եւ անոր ընծայուելիք այդ «զօրացուցիչ»ին քանակը։

Կատարելութեան բարձրունքներուն մօտենալու գլխաւոր մէկ միջոցը դժգոհութիւն եւ քննադատութիւնն է. իր ունեցածէն, իր ուսումէն, իր գիտութենէն, իր արուեստէն գոհ եղող, զայն բաւարար գտնող, կատարելութեան հասած նկատող ոչ մէկ անձ կրնայ մօտենալ կատարելութեան, կամ գիտութեան բարձրունքներուն մօտենալ։

«Մարդ արցունք թափելու է մշտապէս իր կատարելութեան համար», կ՚ըսէ Թհօրուօլտսըն։

Թող բարերար անձրեւնե՜րու վերածուին այդ արցունքները բոլորիս համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 24, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018