ՏԵՍՆՈՒԱԾԸ ԵՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ
Բնաւ խորհելու առիթ ունեցա՞ծ էք սիրելինե՜ր. աչքով տեսած որեւէ «իր», չի մնար որպէս պատկեր, այլ մեր մտքին մէջ կը փոխակերպուի «խորհո՛ւրդ»ի մը՝ որ ոչ մէկ նմանութիւն կ՚ունենայ աչքին տեսածին հետ։
Ահաւասիկ ճիշդ այս պատճառով է, որ իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը բոլորովին տարբեր արժէքներ կը ներկայացնեն։ Ուրիշ խօսքով՝ աչքին ամէն տեսածը ի՛նք չէ, այլ միայն տեսնուածին պատկերը՝ որ շատ անգամ նմանութիւն իսկ չ՚ունենար տեսնուածին հետ։
Մտային անտեսանելի ի՜նչ հիանալի եւ խորհրդաւոր գործողութիւն մըն է կա-տարուածը՝ բնութեան մէկ հրաշալի՛քը։ Եւ կամ ըսենք՝ ի՜նչ խորհրդաւոր «ո՛ւժ» մըն է այս՝ որ պատկերը կը վերածէ խորհուրդի։ Արդարեւ, աչքը կը տեսնէ այն՝ որ տեսանելի է նիւթական աշխարհի վրայ։ Աչքը չի՛ կրնար տեսնել անտեսանելին, այսինքն խորհուրդը։
Բայց հարց է՝ թէ նիւթական աշխարհը ինչպէ՛ս կը կորսնցնէ իր նիւթական նկարագիրը, էութիւնը, եւ բոլորովին տարբեր, աննիւթական աշխարհի մը մէջ եւ անսահման տարածքի մը վրայ կը յայտնուի։ Այս աննիւթական եւ անսահման տարածքը կ՚անուանուի «հոգեւոր աշխարհ», որ անբաժան է՝ «մտային աշխարհ»էն։
Եւ մարդ «պատկեր»ի աշխարհէ մը ստիպողաբար կ՚անցնի «խորհուրդ»ի աշխարհին։ Խորհուրդը կը կազմակերպուի հոգիին եւ մտքին մէջ։ «Պատկեր» ըսուածը կը պատկանի նիւթական-մարմնական աշխարհին՝ մարմնական աչքին կազմաբանութեան կը պատկանի. իսկ «խորհուրդ»ը՝ իմաստասիրութեան, ուր հոգին եւ միտքը միասին կը գործեն։
Արդարեւ, տեսնուած ամէն «պատկեր»ին ետին կը գտնուի ստեղծագործական հրաշալի գործողութիւն մը՝ զոր կը կատարէ Գերագոյն եւ Ամենարարիչ, Ամենաբուղխ Էակը՝ Ո՛ւժը, Իմաստութիւնը, Բարութի՛ւնը։ Այս Էակը՝ Աստուած, յարաներկայ գործօն ո՛ւժ մըն է։ Ան յարատեւ կը գործէ իր ամբողջ արարածներուն օգտին եւ մանաւանդ մարդ էակին համար՝ որ ստեղծած է Իր պատկերով եւ Իրեն նմանութեան կոչելով։ Մարդ պէտք է աշխատի նմանիլ Անոր, քանի որ իր կոչումը ա՛յս է։
Ուստի «Աստուած» բառը կը նշանակէ՝ հոս ներկայ եղող, միշտ հոս գտնուող. «աստ» այսինքն՝ հոս եղած։ Աստուծոյ գործօն յարաներկայութիւնը հաստատ փաստերէն մէկն է՝ մարդուս զգալու եւ խորհելու անբացատրելի կարողութիւնը։ Մարդուս աչքը, ըսենք, «գործիք» մըն է, հապա խորհուրդը ի՞նչ է…։
Խորհուրդը, սիրելինե՜ր, Աստուծոյ խոր-հըրդաւոր գործողութեան արդիւնքն է։ Աստուած ամէն անհատի մէջ կը գործէ, հոգ չէ թէ մարդ անդրադառնայ կամ ո՛չ, խնդիր չէ թէ մարդ կ՚ընդունի թէ ո՛չ այդ ներգործութիւնը։ Աստուած այս իմաստով հաւատարիմ է թէ՛ Իր ստեղծագործութեան եւ թէ Իր ամենախնամութեան։ Ամենախնամ է Ան՝ Ամենախրատ, Ամենախորհուրդ, Ամենակարող, Ամենահա՛ս։
Նիւթէն՝ աննիւթականին, տեսանելիէն անտեսանելիին, պատկերէն՝ խորհուրդի այս Անեզր, Անծայր եւ Անսկիզբ ու Անեղ հեղինակը միա՛յն Աստուած կրնայ ըլլալ։ Ո՛ւժ մը՝ խորհող, գործող իմաստութիւն մը, որ նաեւ բարի է՝ կը սիրէ, քանի որ Ի՛նք Սէ՛ր է։ Այս իսկ պատճառով, սիրելի ընթերցող բարեկամնե՜ր. Աստուած անձնաւորութեան մը «անուն»ը չէ՛, այլ՝ ստեղծագործական, նախախնամական անսկիզբ ու անվերջ իմաստութեան մը՝ մտային ուժի մը որակո՛ւմը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 19, 2015, Իսթանպուլ