ՀԱԿԻՐՃ ԲԱՅՑ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ

Խօսքեր կան, որոնք կարճ եւ ամփոփ են բայց իմաստալի՛ց, եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն քան երկար հատուածներ։ Արդարեւ կարճ եւ ամփոփ խօսքեր շատ աւելի՛ տպաւորիչ կ՚ըլլան եւ օգտակար, քանի որ միտք պահել շատ աւելի դիւրին է։

Ուրեմն ստորեւ կու տանք այս «կարճ» եւ «ամփոփ» բայց «իմաստալից» խօսքերէն նմոյշներ, որոնք առածներ են կամ խորհող մարդոց մտածումներ։

- Պատմութիւնը այն ատեն շատ արժէքաւոր կը դառնայ, երբ մեր անցեալ կեանքին իրական պատկերը կը ցոլացնէ, մեր առջեւ դնելով մեր լաւ եւ յոռի կողմերը։ Ե. Խ. ՌՇՏՈՒՆԻ

- Անպէտ կեանք մը վաղապաս մահ է պարզապէս։ ԿԷՕԹԷ

- Ի՞նչ է բարեկամը. ան մէկ հոգի է, որ երկու մարմնի մէջ կ՚ապրի։ ԱՐԻՍՏՈՏԵԼ

- Խաչդ կրէ համբերութեամբ եւ յանձնումով եւ վերջաւորութեան ա՛ն քեզ պիտի կրէ։ ԹՈՄԱՍ ԳԷՄԲԱՑԻ

Եթէ խաչին նշանը այդքա՛ն զօրութիւն ունի, որքան աւելի Խաչեալը՝ Ի՛նքը։ ԿԻՊՐԻԱՆՈՍ

- Եթէ հանդիպիս խօսակիցի մը՝ որ կը պնդէ թէ ինք կապիկէն յառաջ եկած է. մի՛ վիճաբանիր, քանի որ ինք քեզմէ լա՛ւ գիտէ իր ընտանեկան ծառը…։

- Մարդ ծրագիրներ կը մշակէ այս կեանքին համար որպէս թէ երբեք պիտի չվերջանայ եւ ծրագիրներ կ՚ընէ գալիք կեանքին համար, որպէս թէ երբեք պիտի չսկսի։

- Յիսուսէ աւելի ճշմարիտ բարեկամ չէ եղած. այն բաները որ իր Հօրմէն լսեց, մեզի փոխանցեց եւ իր կեանքը կամուրջ մը ըրաւ դէպի դրախտ տանող։

- Կեանքին՝ արկածով կամ դիպուածով գոյութիւն ունենալու կարելիութիւնը, հաւասարապէս բաղդատելի է տպարանի մը մէջ պայթումի մը հետեւանքով ընդարձակ բառարանի մը գոյութիւն ունենալուն։

- Ան որ օրինակելի կեանք մը կ՚ապրի, լաւագոյն դաստիարակը եւ քարոզի՛չն է։

- Նմանը իր նմանը կը գտնէ։

- Արուեստը՝ երկար, կեանքը՝ կարճ։ ՀԻՊՈԿՐՈՏ

- Հարցը կեանքին կարճ ըլլալը չէ. ժամանակը լաւ չգործածե՛լն է։ ՍԵՆԵԿԱ

- Իմաստասէրը խորհելով ճշմարտութեան բնոյթը կը գտնէ։

- Առանց քննարկութեան գոյացութիւն մը ոչխարներու յատուկ բան մըն է եւ ոչ թէ մարդոց՝ որ բանականութեամբ օժտուած է։

- Իմաստութիւն է՝ ի՛նչ բան չգիտնալու սահմանները որոշել եւ գոյացութեան ճշմարիտ բնոյնթը ըմբռնել։

- Մարդիկ եթէ անդրադառնային իրենց չգիտցածներուն…։ ՍՈԿՐԱՏ

- Չհասկնալով հանդերձ չհասկնալու շարունակել…։

- Բան մը ստոյգ գիտնալ՝ թէ ո՛չինչ գիտէ։ ՍՈԿՐԱՏ

- Հարցնել, հարցաքննել, սորվիլ՝ չգիտցածին անդրադառնալ…։

- Սորվելու ամենամեծ թշնամին եւ արգելքն է՝ գիտնալ կարծել…։

- Փափաքները չափաւորել՝ երջանկութեան համար անհրաժե՛շտ է։

- Եթէ գոյութիւն ունիմ՝ մահ չկա՛յ. եթէ մահ կայ՝ ես գոյութիւն չունիմ։ ԵՊԻԿԻՒՐ

- Իմաստասիրութիւնը դարմանի միջոց մըն է։

- Սորվիլը՝ մարդուս նախապէս ունեցած գաղափարներուն վերյիշումն է. այսպէս, նոր բան մը չենք սորվիր, այլ յիշատակներով լեցուն միտքը կը վերանորոգենք։ ՊՂԱՏՈՆ

- Կեանքը նախապէս գիտցուածներուն վերյիշումին մէկ պայքա՛րն է։

- Աստուած՝ անժամանակ, ամենատես եւ ամենագէտ է։ ՊՈԹԻՈՒՍ

- Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ։ ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍ ԱՒՐԵԼԻՈՍ

- Սուրբ մը ըլլալ՝ բացառութիւն մըն է. իսկ արդար ըլլալ՝ կանո՛ն։ ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

- Ճշմարտութիւնը գեղեցիկ գետ մըն է՝ որ ո՛չ մէկը կրնայ ցամքեցնել։ ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ

- Երկու ծառ իրարու շուքով չեն աճիր։ ԽԱԼԻԼ ՃԻՊՐԱՆ

- Իրարու բաժակ լեցնենք, բայց նոյն բաժակով չխմենք։ ԽԱԼԻԼ ՃԻՊՐԱՆ

- Բաժակս թէեւ փոքր է, սակայն ես կը նախընտրեմ ի՛մ բաժակէս խմել։ ԱԼՖՐԷՏ ՏԷՕ ՄԻՒՍԷ

- Գոյութիւնը ըմբռնում է. «Esse est percipi»։ ՊԷՐԿԸԼԷՅ

- Սաստիկ կը հակառակիմ եւ կը հակադրեմ քու գաղափարներուդ, բայց անոնք ազատօրէն արտայայտելու իրաւունքդ կը պաշտպանեմ ի գին ամէն բանի։ ՎՈԼԹԷՐ

- Հարցը իյնալը չէ՛, այլ՝ իյնալէն ետք կարենալ կանգնի՛լն է։

- Հարցը սխալիլը չէ՛, այլ՝ զայն սրբագրել եւ դաս առնել այդ սխալէն եւ մանաւա՛նդ սխալը չկրկնե՛լն է։

- Հոգին ծեր կը ծնի եւ հետզհետէ, տարիներու ընթացքին կ՚երիտասարդանայ. ասիկա կեանքին կատակերգութի՛ւնն է։

- Իսկ մարմինը երիտասարդ կը ծնի եւ տարիներու ընթացքին կը ծերանայ. ասիկա ալ կեանքին ողբերգութի՛ւնն է։ ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ-է փոխանցուած։

- Առողջութիւնը ամէն բան չէ, բայց առանց առողջութեան ո՛չ մէկ բան կարելի է։ ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ-է փոխանցուած։

- Մարդ ազատ կը ծնի. բայց ամբողջ կեանքը կ՚ապրի շղթաներու մէջ։ ԺԱՆ ԺԱԳ ՌՈՒՍՕ

- Լռութիւնը միայն մե՛ծ է. մնացեալը տկարութի՛ւն։ ALFRED de VIGNY (Գայլին մահը)

- Երիտասարդութիւնը սխալա՛նք է, միջին տարիքը՝ պայքար, իսկ ծերութիւնը՝ զիղջ եւ ապաշաւ։ BENJAMIN DISRAELI

- 40 տարեկանը՝ երիտասարդութեան ծերութիւնը, իսկ 50 տարեկանը ծերութեան երիտասարդութի՛ւնն է։ ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

- Անգիտութիւնը երջանկութիւն է։ ՈՒԻԼԻԸՄ ՇԷՅՔՍՓԻՐ. (WILLIAM SHAKESPEARE)

- Մարդ եղէգ մըն է բնութեան մէջ՝ ամենէն տկարը, բայց մտածո՛ղ։ PASCALE

- Վագրի վրայ նստիլ դիւրին է, բայց իջնելը՝ դժուա՛ր։

- Նախ վնաս մի՛ պատճառեր. «Primum non nocere»։ ՀԻՊՈԿՐԱՏ

Ահաւասիկ առածներ, ասացուածքներ եւ մտածումներ։ Անշուշտ իւրաքանչիւր անձ այդ բոլորին իր տեսակէտին, համոզումներուն եւ կարծիքներուն համեմատ կրնայ մեկնաբանել զանոնք, ինչ որ շատ բնական է։ Բայց մէկ բան յստակ է՝ որ այս խօսքերուն ամէն մէկը իրապէ՛ս «իմա՛ստ» կը պարունակէ, որ ուղղութիւն կու տայ կեանքին…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 23, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020