ԱՆՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ՍՊԱՍԵԼ
Մարդկային կեանքին մէջ կան պարագաներ, պատահարներ, որոնք մտատանջութիւն կը պատճառեն ենթակային։ Արդարեւ, մարդուս սաստիկ մտատանջութիւն պատճառող պարագաներուն մէ՛կն ալ՝ կարեւոր եւ կենսական լուրի մը անհամբերութեամբ սպասելն է։ Մանաւանդ մտահոգութիւն կը պատճառէ երբ երկարի ժամանակը եւ չառնուի սպասուած լուրը։
Այս մտահոգութիւնը աւելի եւս անտանելի կը դառնայ մանաւանդ, երբ առարկան իր էութեանը մէջ «բարեշրջում» կամ «նորոգում» մը պատրաստելու նպատակ ունի։
Անուրանալի է, թէ՝ հասարակութեան մը մէջ, ամէն ժամանակի եւ շրջանի, պատահած են նման անհամբեր սպասումներ, մանաւանդ հասարակաց հարցերու շուրջ եւ մտատանջութիւն է պատճառած վերակենդանութիւն մը փափաքող ամէն ողջախոհ անձի։ Ամէն ճշմարիտ մարդասէր անձկութեամբ կը սպասէ եւ իրենց խօսակցութեան նիւթ կ՚ընէ վերակենդանութեան, վերանորոգման հարցը։ Ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ խօսակցութեան սկիզբ տուող բառերուն վրայ «հարցական պարոյկ» մը կը նշմարուի, եւ կը սկսի. «ինչպէ՞ս», «ե՞րբ», «ինչո՞ւ», եւ այն հարցումներով ընդհանրապէս…։
Անորոշութեան շրջաններու յատկանշական ո՛ճն է այս հարցական եղանակը, որ կարծես լուծում մը բերել կ՚ուզէ ներկայ անել, անորոշ վիճակին։
Արդարեւ, այս հարցողական եղանակը եւ ոճը բնական հետեւանքն է բանաւոր էակին՝ մարդուն բանականութեան։ Օրինաւոր անհամբերութիւնը, արդարեւ, մղիչ ուժ մըն է մարդուն համար, հարցում մը՝ միտքերու առերեւոյթ անշարժութեան եւ լռութեան պատճառները պրպտելու եւ հասկնալու համար։
Իրերու այս վիճակը մարդուս համարձակութիւն կը ներշնչէ՝ ընդարմացած զգացումներուն, մարդասիրական մարած խանդին եւ բարոյական ընդհանուր անտարբերութեան անդրադարձման եւ զանոնք վերակենդանացնելու մասին խորհելու եւ գործելու անհրաժեշտութիւնը հասկնալու։ Մարդուս մէջ տիրող եւ միտքերու եւ սրտերու մէջ հաստատուած այս անտարբերութեան պատճառած վնասը՝ թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ մե՛ծ է։
Մարդուս ամենէն անզուսպ եռանդը եւ ամենէն ազնիւ զգայութիւնները երբեմն իր կամքէն կախում չունեցող պարագաներով կը զսպուին, բայց այս զսպումը նոյն եռանդին դադարմանը եւ նոյն զգայութիւններուն ընդարմացմանը ապացոյց չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ անհրաժեշտ հետեւութիւն պարագաներու բռնութեան, եւ հետեւաբար՝ դադարման ժամանակաշրջան մը։
Այս իմաստով, մարդասիրական եռանդը, մարդկային ազնիւ եւ ընտիր կիրքերէն մին եւ կարեւորագո՛յնը պէտք է նկատել, եւ այս տեսակ կիրքերու վառարան հանդիսացող սի՛րտ մը միայն գիտէ զանոնք վառ եւ բորբոք պահել, գիտէ թէ այս թէութեամբ միա՛յն մարդս ճշմարտապէս առաքինի է եւ արի՛։
Եւ մարդ անհամբերութեամբ կը սպասէ այն պահուն՝ որ պիտի հասնի իր նպատակին եւ պիտի իրականանայ իր արդար փափաքները։ Այս ուղղութեամբ բնական է մարդուս անհամբերութիւնը, քանի որ ան միշտ առոյգ եւ եռանդուն կը պահէ զինք։
Ուրեմն, «յետադիմական մտայնութեան» տէր միտքեր, յառաջդիմութեան վերաբերող հակառակորդներ պէտք չէ՛ ուրախանան, ակնկալուած արդիւնքներու ուշացման պատճառով եւ պէ՛տք է հանդուրժողութեամբ դիմաւորեն յառաջադէմ միտքերու անհամբերութիւնը այս մասին։ Եւ դարձեալ, «յետադէմ միտքեր» պէտք չէ՛ վստահին իրենց չարարուեստ հնարքներուն վրայ, որոնցմով կ՚աշխատին իրերու նոր վիճակին յաջորդ տալ հինը՝ որուն տխուր յիշատակներու արձագանգը չի պակսիր երբե՛ք բոլորին յիշողութեանը մէջ, եւ անոնց վրայ պարտ կը դնէ, սրբազան պարտ՝ ոգորիլ առնաբա՛ր ամէն տեսակ յետամտութեան դէմ։
Արդարեւ, հետեւանք յետամտութեան, ամլութեան եւ անշարժութեան կը մատնուի ամբողջ ընկերութիւնը։ Յետամտութիւնը պէտք է գիտնայ եւ հասկնայ, թէ իր լուծը թօթափող եւ յառաջդիմութեան գիրկը նետուող ողջամիտ հասարակութիւններու մէջ Նախախնամութեան մատը միշտ գոյութիւն ունի, մի՛շտ կը գործէ։ Անդիմադրելի զօրութիւն մը կա՛յ միշտ, որ ուշ կամ կանուխ իր առջեւ գտնուած ամէն դժուարութիւն, ամէն արգելք փշրելով ուղիղ կերպով կ՚անցնի կ՚երթայ՝ ամէն տեղ մաքրութիւն, ամէն տեղ նորութիւին, եւ լո՛յս տարածելով։
Եւ այս անդիմադրելի զօրութեան աղբիւրը մտային մշակո՛ւմն է։ Արդարեւ, անհամբերութիւնը հասկնալի է եւ ներելի, բայց պէտք է նկատի առնել նաեւ այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Նորոգիչներու եւ դարմանողներու ամենէն զօրաւորը ժամանա՛կն է»։
Անշուշտ յոյսը մեծ եւ կարեւոր դեր կը խաղայ փափաքներու իրականացման եւ անկնալուածներու կատարումին մէջ։ Ուստի համբերութեան եւ անհամբերութեան սահմանը շատ դիւրափշուր եւ դիւրաթեք է, պէտք է լաւ գործածել այդ «սահման»ը՝ ինչպէս ամէն բանի մէջ, այս մասին ալ չափազանցութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը որեւէ օգուտ չբերելէ աւելի՝ վնաս կը պատճառէ։ Մարդ, թէ՛ անհատապէս, եւ թէ՛ հաւաքաբար պէտք է լաւ գծէ սահմանը համբերութեան եւ անհամբերութեան։ Այլապէս կեանքը անտանելի կ՚ըլլայ եւ ամէն ջանք ու աշխատութիւն՝ ապարդի՛ւն։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ համբերութեամբ կարելի եղած է շա՜տ յաջողութիւններ ձեռք բելեր, իսկ անհամբերութեան պատճառով կորսնցնել ձեռք բերուած յաջողութիւններ եւ կամ դիմաւորուիլ անյաջողութիւններով, մինչդեռ թերեւս կարելի պիտի ըլլար քիչ մը համբերատար ըլլալով…։
Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին պտո՛ւղն է համբերութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Իսկ Սուրբ Հոգիին արդիւնքներն են՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն…» (ԳԱՂԱՏ. Ե 22-23)։
Սուրբ Հոգիին «պտուղ»ները, որոնցմէ մէկն է՝ «համբերատարութիւն»ը, կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մարդուս մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։
Աղօթքին յատկութիւններէն մէկն է՝ մի՛շտ աղօթել առանց յոգնելու, հաւատքի «համբերութեա՛մբ»։
Աստուած Ի՛նք համբերող է, եւ բնականաբար կ՚ուզէ, որ մարդիկ ալ համբերատար ըլլան, քանի որ համբերութիւնը կու գայ հաւատքէն եւ վստահութեան զգացումէն։ Աստուած կը համբերէ, քանի որ միշտ կ՚ուզէ մարդոց օգուտը։ Աստուած չ՚ուզեր որ կորսուի ոեւէ մէկը։ Արդարեւ, սիրոյ եւ յոյսի մէջ համբերատարութիւնը պայմա՛ն է, ինչպէս եւ հաւատքի մէջ։
Ընտանիքի մէջ ալ համբերատարութիւնը անհրաժե՛շտ է անխախտ երջանկութեան մը համար։
Պօղոս Առաքեալ կը պատուիրէ. «Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ» (ԵՓՍ. Դ 2)։
Արդարեւ, Պօղոս Առաքեալ կու տայ անզուգական նկարագրութիւնը սիրոյն՝ երբ կ՚ըսէ.
«Սէրը կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ ամէն բանի, կը համբերէ ամէն բանի», (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 7)։
Անկեղծ սէրը համբերող սէ՛րն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 24, 2017, Իսթանպուլ