ԲՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՊՈՅՐԸ

Բնական գեղեցիկ տեսարաններ մարդուս մտային եւ հոգեկան հորիզոնը կ՚ընդլայնեն, եւ կարծես միտքը աւելի արագ եւ աւելի ընդարձակ եւ անկախ կ՚աշխատի, չտեսնուածները կը տեսնէ, աներեւակայելիները  կ՚երեւակայէ, անիմանալին հասկնալի կ՚ընէ եւ վրիպումներու ուշադրութիւն դարձնելով, մարդ աւելի՛ խոհուն եւ խոկուն կը դառնայ։ Իսկ հոգին՝ բնական հիանալի՜ տեսարանի մը առջեւ աւելի՛ զգայուն, աւելի՛ ազնիւ եւ աւելի համակրութեամբ լեցուած վիճակ մը կը ստանայ։

Բնական գեղեցիկ տեսարաններու դիմաց մարդուս քաղցր յիշատակները կը վերակենդանանան եւ մարդ կարծես պահ մը անցեալին մէջ կ՚ապրի, ինքզինք տարինե՜ր առաջուայ օրերուն մէջ կը զգայ՝ մանուկ, տղայ կամ երիտասարդ՝ աւելի երջանիկ եւ աւելի կապուած կեանքին։ Հոն կը զգայ, թէ գեղեցկութիւններ մնացած են անցեալի մէջ, թերեւս դիտած տեսարանին մութ մէկ անկիւը…։

Մարդ երբ կը դիտէ այդ տեսարանը, ակամայ կը խորհի, եւ կամ մտածել կը փորձէ եւ ինքն իրեն կը հարցնէ, թէ արդեօք այդ գեղեցիկ տեսարանին մէջէն ինքն ալ դիտողներ կա՞ն։

Երեւակայութիւնը աղուոր բան է։ Երեւակայողին համար ո՛չ մէկ սահման, ո՛չ մէկ արգելք գոյութիւն ունի, բաւ է որ կարենայ ընդարձակ երեւակայել։

Երեւակայութիւնը, արդարեւ, հեռո՜ւները կը մօտեցնէ, անտեսանելին տեսանելի կ՚ընէ, կորսուածը անմիջապէս աչքերու առջեւ կը ներկայացնէ, եւ երեւակայութիւնը, գոնէ պահ մը, մարդս կ՚երջանկացնէ, փափաքները կ՚իրականացնէ, կարօտներու յագուրդ կու տայ եւ կարօտակէզներու՝ մխիթարիչ կ՚ըլլայ։ Երեւակայութիւնը մարդս տարբեր աշխարհ մը կը տանի՝ ուր իր բոլոր փափաքները կ՚իրականանան, տկարութիւններ կը զօրանան եւ անկատարութիւններ կը կատարելագործուին։ Երեւակայութիւնը, այս իմաստով «նոր կեանք» մը, «նոր աշխարհ» մը, «նոր մարդ» մը կը ստեղծէ։

Երեւակայութիւնը մտացածին աշխարհ մը, անհասանելի մթնոլորտ մը կը գոյացնէ եւ կը գոյատեւէ այնքան ատեն, երբ երեւակայելու ուժը կրնայ թեւածել։ Անիկա սահման չունի եւ ոչ ալ արգելք։ Բայց անկարելին երեւակայել կրնայ երբեմն մարդս անհանգստացնել, յուսախաբութեան մատնել։ Ուրեմն անիկա կը նմանի դեղահատներու, որ պէտք է չափաւոր գործածել, քանի որ անոնց չափազանց գործածութիւնը ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ մարդուս։

Բնական գեղեցիկ տեսարաններ ամենալաւ կերպով կարելի է դիտել եւ վայելել բարձունքներու վրայէն։ Ուստի բնական տեսարաններու սիրահարներ միշտ կը նախընտրեն բարձունքները։

Զոր օրինակ, Գնալը կղզիի մէկ բարձունքէն դիտել ծովը, երկինքը, ամպերը, Իշխանաց կղզիները՝ Պուրկազը, Հէյպէլին, Մեծ կղզին եւ միւսները, տարուի՜լ երթալ յիշատակներու խորը…։

Եւ ո՜րքան հաճելի է եւ հանդարտեցուցիչ՝ ծովը եւ երկինքը դիտել իրիկնամուտի մը պահուն Գնալըի բարձունքէն՝ գեղեցիկ վայելքներու հեռապատկերը ունենալով աչքին առջեւ։ Այն բարձունքէն պարզուած բովանդակ գեղեցկութեան առջեւ զգայուն հոգիներ կ՚ենթարկուին զգլխիչ տպաւորութիւններու, եւ ահաւասիկ, միտքն է որ, կը սկսի աշխատիլ՝ երեւակայել, ենթադրել եւ միացնել ներկան անցեալին եւ հոն տեսնել ապագան, այն ապագան, որ արդէն հասած է սա պահուս, եւ կը խորհի մարդ միամիտօրէն, թէ կարելի չէ՞ արդեօք փոխել անցեալի նկատմամբ ապագան, որ սա պահուս արդէն ներկայ է։ Ո՛չ, կարելի չէ փոխել կարգ մը բնական օրէնքներ, կարելի չէ անոնց տիրապետել, այլ մարդն է որ պարտաւոր է համակերպիլ, հնազանդիլ անոնց, անշուշտ եթէ յուսախաբ ըլլալ չուզէր։ Ուստի անկարելին յուսալ յուսախաբութիւն կը բերէ, եւ մարդ պէտք է գիտնայ գոհանալ միայն երեւակայութիւններով՝ գիտնելով որ անոնք երբեք պիտի չիրականանան։ Եւ ուրեմն խոհեմութիւն է եւ ողջամտութիւն՝ ճշմարտութիւնները ընդունիլ երկիւղածութեամբ եւ հաւատարմութիւն ցոյց տալ բնական օրէնքներուն՝ որոնք փոխել անկարելի՛ է։ Անկարելին միշտ անկարելի՛ է…։

Եւ ամէն անոնք որ բնական գեղեցիկ եւ տպաւորիչ տեսարաններու գեղեցկութիւններէն քիչ շատ ազդուելու ընդունակ հոգի մը եւ տպաւորուող միտք մը ունին, եւ գտնուած են բարձունքի մը վրայ, կրնան դիւրաւ երեւակայել մարդուս հիացիկ բացագանչութիւնները եւ անոր զմայլանքը այդ եզական տեսարանին առջեւ։

Գնալըի այն բարձունքը՝ ուրկէ կարելի է դիտել ծովը, երկինքը, Իշխանաց կղզիները իրենց հրապուրիչ գեղեցկութեամբ՝ առաւօտ կանուխ ժամերուն՝ արեւածագին, եւ կամ իրիկնամուտին, այդ պահերուն խորհրդաւոր աղջամուղջը՝ արշալոյսի եւ կամ գիշերուան կիսամութ երեւոյթը՝ արեւը կամ լուսինը, եւ մանաւա՛նդ մոգական լիալուսինը իսկական վայելք մըն է՝ բարոյական յագեցում մը եւ հոգեկան անբացատրելի բաւարարութիւն մը։ Ուստի կարօտ մը, երա՜զ մըն է Գնալըի այդ բարձունքը, ամբողջ կեանք մը, որուն մէջ կ՚ամփոփուի ամբողջ ընտանիք մը, սերունդներ, ապրումներ՝ ուրախութիւններ, տրտմութիւններ, ցաւեր, վիշտեր, կարօտներ, դժբախտութիւններ, եր-ջանկութիւններ եւ այն բոլոր զգացումները, ինչ որ մարդ կրնայ ապրիլ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին։

Եւ Գնալըի բարձունքին՝ արեւը արեւմտեան հորիզոնին մօտեցած՝ յստակօրէն կը պատկերացնէ հանդիպակաց կղզիներու մէկ մասը իրենց բոլոր սիրուն մանրամասնութիւններով։ Հարաւային կողմը միւս կղզիները Մարմարայի ծովու կապուտակ եւ ծիծաղկոտ ջուրերէն վեր բարձրացած՝ տեսարանին կու տան սխրալիր երեւոյթ մը։

Գնալըի այդ բարձունքին՝ արեւը հետզհետէ կը խոնարհի եւ կը պատրաստուի համբուրել արեւմտեան հորիզոնը։ Քաղաքէն բարձրացող գոլը՝ ջերմութիւնը եւ փոշին, մէգը եւ մշուշը զայն կը վերածեն բոսորագեղ, անճառագայթ սկաւառակի մը, որ որքան կը խոնարհի, այնքան կը ձեւափոխուի, կը ձեւազեղծուի, եւ վերջապէս հորիզոնին ներքեւ թաղուելու ատեն՝ իր ուզած ձեւը առնելով յուշկապարիկի՝ ցնորածին էակի մը նման, բոսորագեղ լուսամփոփի մը կը վերածուի։ Այս բարձունքէն, հազիւ ծովէն քանի մը մեթր բարձր, մարդուս առջեւ կը պարզուին բազմազան եւ այլազան գեղեցկութիւններու համադրութիւն մը՝ ամենէն համբաւաւոր բնական տեսարանը։

Եւ, արուեստագէտ եւ ոչ-արուեստագէտ, հոն կը մնայ պահ մը հմայուած, յափշտակուած՝ ուր մարդ խօսելէ աւելի կ՚ուզէ դիտել։

Շատեր կը մագլցին այդ բարձունքը, կը հրապուրուին, վայրկենական հաճոյքով մը կը լեցուին, բայց քիչեր կու գան հոս հոգիին մղիչ զօրութենէն՝ յագեցնելու իրենց հոգիի անօթութիւնը։

Եւ կեանքի տարիներու փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Գնալըի այդ բարձունքը տեւական վայելելու՝ հոն ապրելու համար բնական գեղեցկութիւններուն չափ միասին ապրելու, շուրջը, կերպով մը միատեղ ըլլալու ստիպուած մարդոց գեղեցկութիւնն ալ կարեւո՛ր է։ Քանի որ որեւէ տեղ գեղեցիկ եւ հրապուրիչ ընողը՝ որքան բնական գեղեցկութիւնները, նո՛յնքան ալ մարդոց գեղեցկութիւնն է, եւ տեղ մը պատմական եւ պատուական կ՚ըլլայ իր բնակիչներով մանաւա՛նդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 16, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018