ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ (Բ)
Պահեցողութեան շրջան մը կ՚ապրինք. այս շրջանը, ընդհանուր առումով՝ զսպումի շրջան մըն է։ Պահեցողութեան կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ՝ ուտելու չափազանցութիւնը եւ մանաւանդ որկրամոլութեան զսպումը։ Անոնք որոնք գիտակցութեամբ կը մօտենան պահեցողութեան, գիտեն որ որքա՜ն օգտակար է ինքնազսպումը հոգեւոր կեանքին համար։ Թէեւ ան ունի մարմնական օգտակարութիւններ ալ, բայց այդ մարզը կը պատկանի մասնագէտ բժիշկներու, որոնք եւս խստիւ կը յանձնարարեն պահեցողութիւնը, եւ ուրեմն այդ մասը պատշաճ է թողուլ բժիշկներուն…
Արդարեւ, ժուժկալութեան նպաստները եւ «կուշտ ստամոքս»ի վնասները կարելի չէ ուրանալ նոյնիսկ հասարակ միտքերու կողմէ։ Այս իրականութեան անդրադարձող հասարակ բայց լուսամիտ միտքեր գիտեն, թէ պարապ ստամոքսներ պիղծ խորհուրդներ չեն ծնիր։ Կերակուրերով լեցուած ստամոքսներ տեւապէս անսուրբ, հայհոյիչ մտածումներ կ՚արտադրեն. ուստի, յղփացած ստամոքսը պիղծ մոլութիւններ կը ստեղծէ։ Անոնք որ համադամներով իրենք զիրենք կը գոհացնեն՝ իբր թէ «երջանիկ» կ՚ըլլան, տարբեր խորհուրդներ, մտածումներ կ՚ունենան. իսկ անոնք որոնք պարզ եւ չափաւոր կերակուրով կը բաւարարուին, անոնք իրենց անօթութեան մասին կը մտածեն։
Ծանրաբեռնուած, խճողուած ստամոքսներ սուրբ եւ առաքինութեամբ օժտուած գաղափարներու ծնունդ չե՛ն կրնար տալ։
Անոնք որոնք ստամոքսին կը ծառայեն՝ անկարելի է, որ Աստուծոյ հաւատարիմ հաւատացեալներ ըլլան, քանի որ մարդ երկու տիրոջ չի՛ կրնար ծառայել։
Եթէ նախամարդն Ադամ պահած ըլլար պահեցողութեան պատուիրանը, անեղ, առաքինի եւ անմահ կեանք մը պիտի ժառանգէր եւ երկրի վրայ պիտի չվտարուէր, այլապէս երկնքի մէջ բոլոր բարիքները պիտի վայելէր, քանի որ բոլոր անոնք, որոնք պահեցողութիւն ըրին՝ ցաւերէ, վիշտերէ փրկուեցան. մարդկային ամբողջ պատմութիւնը եւ կեանքի փորձառութինը ա՛յս ցոյց կու տայ մեզի։
Թէ ինչե՞ր են պահեցողութեան ձեւերը եւ ինչպէ՞ս կը գործադրուի ան եւ վերջապէս ինչե՞ր են արդիւնքները։
Ի՞նչ կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը այս մասին։
«Եւ կ՚ըսեն.- Մենք ինչո՞ւ ծոմ պահեցինք եւ դուն չտեսար. մեր անձերը չարչարեցինք եւ դուն չգիտցար։ Ահա ձեր ծոմապահութեան օրը ձեր բաղձանքը կը կատարէք եւ ձեր բոլոր պահանջները խստութեամբ կը պահանջէք։ Ահա կռիւի եւ վէճի եւ չարութեան բռունցքով զարնելու համար ծոմ կը պահէք, որպէսզի ձայնը բարձրերը լսել տաք։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս եւ մարդու մը իր անձը խոնարհեցնելու օրը այսպէ՞ս կ՚ըլլայ։ Իր գլուխը կնիւնի՝ ճիլի պէս (=Luncus) ծռելով եւ իր տակ քուրձ եւ մոխիր տարածելո՞վ կ՚ըլլայ։ Ասիկա ծոմապահութիւն եւ Տէրոջը ընդունելի օ՞ր պիտի անուանես։ Իմ ընդունած ծոմապահութիւնս՝ Անիրաւութեան կապերը քակելը, լուծին կապերը թուլցնելը, հարստահարութիւն կրողները ազատ թողուլը, ամէն լուծ կտրելը, հացդ անօթիին բաժնելը։ Թափառական տնանկները տունդ ընդունիլը, մերկ մը հագուեցնելը եւ մարմինդ անտեսելն է։ Այն ատեն քու լոյսդ առաւօտի պէս պիտի ծագի եւ բժշկութիւնդ շուտով պիտի յայտնուի։ Քու արդարութիւնդ քու առջեւէդ պիտի երթայ եւ Տէրոջը փառքը քու ետեւէդ պիտի պաշտպանէ։ Այն ատեն պիտի կանչես եւ Տէրը պիտի պաշտպանէ, պիտի աղաղակես եւ անիկա պիտի ըսէ.- Ահա ես։ Եթէ քու մէջէդ լուծը, մատով ցուցնելն եւ չար խօսքերը վերցնես, եթէ անօթին յօժարութեամբ կերակրես եւ կարօտին հոգին կշտացնես, այն ատեն քու լոյսդ խաւարի մէջ պիտի ծագի եւ քու խաւարդ կէսօրուան պէս պիտի ըլլայ։ Տէրը միշտ քեզի առաջնորդութիւն պիտի ընէ։ Քու հոգիդ անջուր տեղերու մէջ՝ երաշտութեան ատեն պիտի կշտացնէ։ Ոսկորներդ պիտի զօրացնէ. դուն ջրարբի պարտէզի պէս, աղբիւրի պէս պիտի ըլլաս, որուն ջուրը չի պակսիր։ Քեզմէ ծնածները հին աւերակները պիտի շինեն։ Նախկին դարերուն հիմերը պիտի վերականգնես։ Դուն փլածները նորոգող եւ բնակութեան համար ճամբաներ շտկող պիտի կոչուիս». (ԵՍ. ԾԸ 1-12)։
Պահեցողութեան մասին Պօղոս առաքեալ, հռովմայեցիներու գրած նամակին մէջ հետեւեալը կը գրէ.
«Իսկ եթէ կերակուրի համար եղբայրդ տրտմեցնես, սիրով վարուած չես ըլլար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ զանիկա՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ։ Թող ձեր բարին չար խօսքերու նշաւակ չըլլայ։ Վասնզի Աստուծոյ արքայութիւնը կերակուր եւ խմելիք չէ, հապա արդարութիւն եւ խաղաղութիւն եւ խնդութիւն Սուրբ Հոգիով։ Քանզի եթէ մէկը այս բաներով Քրիստոսին ծառայէ, անիկա Աստուծոյ հաճելի կ՚ըլլայ եւ մարդոցմէ կը գովուի։ Ուրեմն իրարու հետ խաղաղութեամբ եւ շինութեամբ ապրինք։ Կերակուրի պատճառով Աստուծոյ գործը մի՛ քակէք։ Ամէն բան մաքո՛ւր է. միայն այն մարդուն գէշ է, որ ուրիշը կը գայթակղեցնէ։ Աղէկ է միս չուտել եւ գինի չխմել եւ որեւէ բան չընել՝ որով քու եղբայրդ կրնայ իյնալ կամ գաղթակղիլ, կամ տկարանալ։ Դուն հաւատք ունի՞ս. զանիկա քեզի պահէ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր որ իր անձը չի դատապարտեր անով, որ ինք կ՚ընդունի։ Բայց այն որ կը խղճահարուի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, վասնզի հաւատքով չ՚ուտեր, քանզի ի՛նչ բան որ հաւատքով չէ՝ մե՛ղք է». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 15-23)։
«Իսկ դուն ինչո՞ւ քու եղբայրդ կ՚անարգես, վասնզի ամէնքս ալ Քրիստոսին ատեանին առջեւ պիտի կանգնինք». (ՀՌՈՄ. ԺԴ 10)։ «Հաւատքի մէջ տկար եղողը ընդունեցէք, ո՛չ թէ տարակուսական որոշումներով։ Մէկը կը հաւատայ, թէ ամէն բան կրնայ ուտել եւ ան որ տկար է՝ կանանչեղէն կ՚ուտէ։ Ան որ կ՚ուտէ՝ չուտողը թող չանարգէ՛ եւ ան որ չ՚ուտեր՝ ուտողը թող չդատէ՛, որովհետեւ Աստուած զանիկա ընդուներ է։ Դուն ո՞վ ես որ ուրիշին ծառան կը դատես. իր Տէրոջը կը կանգնի կամ կ՚իյնայ. բայց պիտի կանգնի, քանի որ Աստուած կարո՛ղ է զանիկա կանգնեցնել։ Մէկը մէկ օրը ուրիշ օրէ աւելի կը յարգէ, մէկն ալ ամէն օրը մէկ կը սեպէ. թող ամէն մարդ իր միտքը հաճեցնէ…». (ՀՌՈՎՄ. ԺԴ 1-5)։
Երբ այս տողերը կը կարդանք, Խրիմեան Հայրիկի (Մկրտիչ Ա Վանեցի Կաթողիկոս. 1820-1907) վերագրուած սա խօսքը կը յիշենք. «Ի՛նչ որ կ՚ուզէք, կերէք, բա՛ւ է որ մարդու միս մի՛ ուտէք»։ Արդարեւ, օրէնքը մարդո՛ւն համար է, եւ ո՛չ թէ՝ մարդը օրէնքին համար։ Ուստի, պահեցողութիւն ընել, ծոմապահ ըլլալ, բայց մարդու սիրտ կոտրել, մարդու արժանապատուութիւն վիրաւորել, անարգել, ատել, հայհոյել, զրպարտել, բամբասել, չարախօսել եւ ամէն տեսակ վատ զգացումներով լեցուած ըլլալ՝ ո՞րքան կրնայ աստուածահաճոյ ըլլալ այդպիսի ծոմապահութիւն մը, թերեւս միա՛յն ձեւապաշտութիւն…
«Երբ ծոմ կը պահէք, կեղծաւորներուն պէս տրտմերես մի՛ ըլլաք. քանզի իրենց երեսները կ՚աւրեն որպէսզի մարդոց երեւնան, թէ ծոմ կը պահեն. ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի.- Անոնք իրենց վարձքը առած կ՚ըլլան։ Բայց դուն երբ ծոմ պահողի պէս չերեւնաս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտուկ տեղ կը գտնուի։ Քու Հայրդ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յատկապէս հատուցում պիտի ընէ», կ՚ըսէ Յիսուս Քրիստոս. (ՄԱՏԹ. Զ 16-18)։
Ուստի հետեւինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անսուտ եւ ճշմարիտ խօսքերուն եւ ըստ այնմ հասկնանք եւ գործադրենք ծոմապահութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
•վերջ
Մարտ 1 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/02/2024
- 12/02/2024