ԵՐԴՈՒՄԻ ՄԱՍԻՆ

«Դարձեալ լսեր էք որ ըսուեցաւ առաջիններուն,- Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա ըրած երդումներդ վճարէ Տէրոջը։

Բայց ես ձեզի կ՚ըսեմ.- Ամենեւին երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկնքի վրայ՝ որ Աստուծոյ աթոռն է եւ ո՛չ ալ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ ալ Երուսաղէմի վրայ՝ որ մեծ թագաւորին քաղաքն է, ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասնզի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել։

Հապա մեր խօսքը ըլլայ այոն այո, եւ ոչը՝ ոչ. ու ասկէ աւելին չարէն յառաջ կու գայ»։

(ՄԱՏԹ. Ե 33-37)։

Նախապէս, առիթով մը, խօսած եւ խորհրդածած էինք երդումի մասին։ Արդարեւ, երդումը, ամէն պարագայի հարկաւոր արարք մը չէ, քանի որ ան ի վերջոյ խոստում մը, ուխտ մը, սրբազան յուսադրութիւն մը կ՚ենթադրէ։ Եւ այսպիսի խոստում մը սովորական կեանքի մէջ գործածել անիմաստ է, քանի որ ճշմարտախօս մարդու մը խօսքը արդէն ինքնին «երդում»ի համազօր է։ Մարդիկ, ընթացիկ փոխյարաբերութիւններու մէջ իրարու կրնան շատ բան խոստանան եւ շատ բնական է ասիկա, բայց այդ խոստումները հաստատել եւ վաւերացնել սրբազան խոստումով մը՝ խոստացողին ինքնավստահութեան պակասի նշանն է։

Ուստի, Յիսուս, վերոյիշեալ պատուէրը կը վերջացնէ սա խօսքերով. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն այո, եւ ոչը՝ ոչ…». (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Արդարեւ, վճռականութեան արտայայտութիւն է՝ այոն այո, եւ ոչը՝ ոչ ըլլալ, ինչ որ որոշում առնելու կարողութիւնը կը նշանակէ մարդուն, հաստատ եւ վերջնական եւ անդառնալի՛ ըլլալ առնուած եւ արտայայտուած որոշումներուն մէջ։ Եւ երբ մարդ ունի «որոշում առնելու կարողութիւն», իր խօսքը վճռակա՛ն է եւ այլեւս պէտք չէ զգայ յաւելեալ, լրացուցիչ ուրիշ խոստումի մը, այսինքն իր լայն եւ ընդհանրացած առումով՝ «երդում»ի։

Եւ դարձեալ, երդումին ամէն տեսակը «այոն այո, եւ ոչը ոչ»ի սկզբունքէն աւելին չարէն յառաջ կու գայ. (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Այս իմաստով, երդումով խոստումը վաւերացնել՝ կը նշանակէ ինքնավստահութեան պակասը լրացնել սրբազան խոստումի վկայութեամբ։ Ասիկա, կերպով մը շահագործում է սրբազան արժէքներուն։ Մարդուս երկմտութիւններուն, անորոշութիւններուն պէտք չէ՛ մասնակից ընել սրբազան արժէքները եւ բարձր գաղափարները։

Մարդ, այնքան ատեն որ կը շարժի իր ազատ կամքով, պէտք է ի՛նք պատասխանատու ըլլայ իր որոշումներուն եւ թէ կարելի չէ խուսափիլ այդ պատասխանատուութենէն երդումի պատրուակին ապաւինելով։

Հաստատամիտ եւ ինքնավստահ մարդը ազատօրէն կը գործածէ իր ազատ կամքը եւ կը գիտակցի իր պատասխանատուութեան։

Այստեղ փոքր շեղում մը ընենք եւ անդրադառնանք նոյն հատուածի 36-րդ համարին, որ կ՚ըսէ. «Ոչ ալ քու գլխուդ վրայ երդում ընես, վասնզի չես կրնար մէկ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել». (ՄԱՏԹ. Ե 36)։

Նախ՝ մարդ ինքզինք երդումի առարկայ չի կրնար ընել, քանի որ մարդուս կեանքը կախում ունի Աստուծմէ։ Յետոյ՝ կարելի չէ մէկ մազ իսկ ճերմկցնել կամ սեւցնել. այս խօսքին ոմանք կրնան առարկել եւ ըսել, որ մարդ կրնայ իր կարելիութիւններով ներկել իր մազը ճերմակ կամ սեւ եւ ուրիշ գոյներ։ Պէտք է յիշել, որ մազի գոյնը փոխել եւ ներկել՝ այստեղ արուեստական եւ մարդու ձեռքով կատարուած ներկի փոփոխութեան մասին չէ՛, այլ անոր բնութեան մասին՝ հոգեւոր ներկի մասին։ Չէ՞ որ Յիսուս ուրիշ տեղ մըն ալ կ՚ըսէ. «Չէք կրնար ձեր հասակին վրայ բան մը աւելցնել…»։ Այս կը նշանակէ, ուրեմն, մարդս որքան որ ունի ազատ կամք բայց ի վերջոյ կախում ունի Աստուծմէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024