ԵՐԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդ մը ապագայի մէջ երջանիկ ապրելու համար, պէտք է ջանայ իր սորված բարի գաղափարները կենդանացնել եւ գործադրել՝ նաե՛ւ իր բարի գործերով։ Եւ այս իմաստով, քրիստոնեայի մը կատարելիք բարի գործերը բացատրուած են Քրիստոսի բարոյական վարդապետութեան մէջ, ինն համառօտ «երանութիւններ»ով, զորս ըսաւ Յիսուս, լերան վրայ մեծ բազմութեան առջեւ։

Այս երանութիւնները, զորս ըսաւ Յիսուս, անոնց ոճէն կ՚երեւի որ հեզ եւ խոնարհ սրտի տէր ըլլալով՝ մարդոց հրամայական եղանակով չի սորվեցներ իր բարի գաղափարները, այլ երանի՜ կու տայ անո՛նց միայն, որոնք յօժար կամքով կ՚ընդունին եւ կը կատարեն իր խրատները։

Ա. Երանութիւն. «Երանի՜ աղքատաց հոգւով, զի նոցա է արքայութիւն երկնից». Երանի՛ հոգւով աղքատներուն, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը անոնցն է։ Այս առաջին երանութեան փափաքողը պէտք է որ «հոգւով աղքատ» ըլլայ։ Այս կը նշանակէ, որ մարդ պիտի խոստովանի, թէ ի՛նչ որ ինքն ունի՝ իրը չէ, այլ երկնաւոր Հօր մէկ պարգեւը, շնորհն է, եւ առանց Աստուծոյ օգնութեան, առանց Աստուծոյ կամքին, որեւէ բարի գործ չի կրնար կատարել մարդ։

Այս համոզումով պէտք է ճանչնանք մեր տկարութիւնը եւ թերութիւնները եւ միշտ Աստուծոյ ողորմութեան եւ գթութեան դիմենք խոնարհաբար։

Ուրեմն, ոչ ոք պիտի չհպարտանայ իր հարստութիւններովը, բարձր դիրքովը եւ պաշտօնովը, եւ այլն։ Որովհետեւ այս բոլորը աշխարհի վրայ ժամանակաւոր, այսինքն անցաւոր են, եւ չեն կրներ երբեք հոգեւոր բարիքներու տեղ բռնել։

Հոգիով աղքատներուն Քրիստոս կը խոստանայ երկնքի արքայութիւն, իսկ այս աշխարհի վրայ սրտի հանգստութիւն՝ ներքին խաղաղութիւն։

Բ. Երանութիւն. «Երանի՜ սգաւորաց, զի նոքա մխիթարեսցին». Երանի՛ սգաւորներուն, որովհետեւ, անոնք մխիթարութիւն պիտի գտնեն։ Սգաւոր են անոնք, որոնք ճանչնալով իրենց թերութիւնները, կը համոզուին, թէ պէտք եղածին պէս չեն կատարեր իրենց պարտքը եւ պարտականութիւնը դէպի Աստուած եւ դէպի մարդիկ։ Ուրեմն այսպիսի մարդիկ իրենք զիրենք Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու համարելով՝ կը զղջան իրենց մեղքերը, յանցանքները, կ՚ապաշխարին եւ արտասուքով կը խնդրեն Աստուծմէ ողորմութիւն եւ գթութիւն։ Այսպիսի տրտմութեան մէջ է ազնիւ կեանքը եւ փրկութիւնը. իսկ աշխարհային անցաւոր՝ ժամանակաւոր բաներուն համար տրտմիլը, նեղուիլը կրնայ մարդս ճշմարտութենէ մոլորեցնել եւ հեռացնել։

Եւ այս իմաստով, սգաւորներու գտած մխիթարութիւնն է Աստուծոյ շնորհը, գթութիւնը եւ անոնց խղճի հանգստութիւնը։

Գ. Երանութիւն. «Երանի՜ հեզոց, զի նոքա ժառանգեսցեն զերկիր». Երանի՛ հեզերուն, որովհետեւ անոնք երկիրը պիտի ժառանգեն։ Հեզ եւ խոնարհ մարդը միշտ կը զգուշանայ, որպէսզի իր շուրջինները, իր ընկերները զուր տեղ չվշտացնէ, եւ ինքն ալ ո՛րեւէ անյաջողութենէ, ձախողութենէ չվշտանայ, չնեղուի։ Որովհետեւ, թէ՛ յաջողութիւնը, թէ՛ ձախողութիւնը Աստուծոյ կողմէ կու գան։ Առաջինով Աստուած մարդուս հոգեկան կարողութիւնները եւ տարողութիւնը կը փորձէ. իսկ երկրորդով՝ մարդս կ՚անդրադառնայ իր տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն, կը հասկնայ զանոնք եւ կը սրբագրէ եւ կ՚ուղղուի։

Ուրեմն, թէ՛ յաջողութիւնը, թէ՛ ձախողութիւնը, անյաջողութիւնը մարդուս օգտին համար են եւ մենք պարտաւոր ենք երկուքն ալ համբերութեամբ եւ չափաւորութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ տանիլ։

Դ. Երանութիւն. «Երանի՜ այնոցիկ որ քաղցեալ եւ ծարաւի են վասն արդարութեան, զի նոքա յագեսցին». Երանի՛ անոնց, որոնք քաղցած՝ անօթի եւ ծարաւի են արդարութեան համար, որովհետեւ անոնք պիտի յագենան։ «Արդարութիւն» ըսելով՝ նախ պիտի հասկնանք բարեգործութիւնը՝ որ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սկզբնական պա՛րտքն է. երկրորդ՝ այն վերջին հատուցումը՝ որով բարի քրիստոնեայ մը վերջին դատաստանի օրը արդարանալով Աստուծոյ առջեւ Անոր հոգեւոր փառքին մասնակից պիտի ըլլայ։

Արդարութեան համար քաղցածներ՝ անօթիներ եւ ծարաւիներ անոնք են, որոնք սրտո՛վ կը սիրեն բարեգործութիւնը եւ կը կատարեն զայն միեւնոյն ատեն իրենք զիրենք առաքինի եւ պարկեշտ, ազնիւ մարդ չեն համարիր իրենց կատարած բարեգործութեանը համար. այլ կը հաւատան թէ՝ եթէ Աստուծոյ առջեւ արդարանալու ըլլան, մի միայն պարզապէս Աստուծոյ ձրի պարգեւը՝ շնորհն է՝ որով է որ արդար պիտի ըլլան։

Ե. Երանութիւն. «Երանի՜ ողորմածաց զի նոքա ողորմութիւն գտցեն». Երանի՛ ողորմածներուն, որովհետեւ անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն։ Արդարեւ, «ողորմութիւն»ը կ՚ըլլայ երկու տեսակ. նիւթական՝ նիւթապէս եւ բարոյապէ՛ս։

Նիւթական ողորմածութիւնն է քաղցածը կերակրել, մերկը հագցնել, բանտարկեալներուն եւ հիւանդներուն այցելել, խնամել զանոնք, զրկուածներուն իրաւունքը պաշտպանել, իր ազգին եւ բոլոր մարդոց՝ համայն մարդկութեան բարեկեցութեանը համար աշխատիլ։

Բարոյական ողորմածութիւնն է՝ յորդորելով մոլորեալը դէպի ճշմարտութիւն դարձնել, տգէտին սորվեցնել ճշմարիտը եւ բարին, մէկու մը բարի խորհուրդ տալ՝ զայն վերահաս վտանգէն ազատելու, մխիթարել տրտմեալը, չարի դէմ չար հատուցում ընելէ զգուշանալ, սրտով ներել մեզ վշտացնողներուն։

Ողորմութիւն ընել ուզողը պիտի մտածէ, թէ իրմէ ողորմութիւն ստացող մէկը բարոյապէս պիտի բարձրանա՞յ կամ պիտի կրթուի՞ ստացած ողորմութեան շնորհիւ, թէ ընդհակառակն աւելի՛ վնասակար հետեւանք պիտի ունենայ։ Ողորմածներուն Աստուած կը խոստանայ ողորմութիւն ընել, այսինքն վերջին դատաստանին օրը անոնք Աստուծոյ ողորմութեամբ արդար պիտի ըլլան եւ յաւիտենական երջանկութեան պիտի արժանանան՝ երանելիներուն կարգին պիտի դասուին։

Զ. Երանութիւն. «Երանի՜ այնոցիկ որ սուրբ են սրտիւք, զի նոքա զԱստուած տեսցեն». Երանի՛ անոնց, որոնք սրտով սուրբ են, որովհետեւ անոնք Աստուած պիտի տեսնեն։ Սրտով սուրբ ըլլալ՝ կը նշանակէ մաքուր եւ ազնիւ սիրտ ունենալ. իսկ ազնիւ սիրտը պէտք է որ անկեղծ, պարզ եւ անխարդախ ըլլայ։ Մարդ մը երբ մէկ ուրիշը սրտանց չի սիրեր իբրեւ բարի, ազնիւ մարդ՝ պէտք չէ որ անոր առջեւ կեղծէ ու բարեկամ ձեւանայ։

Արդարեւ, մարդ մը իր սրտին մաքրութիւնը եւ ազնուութիւնը ցուցնելու համար պէտք է որ բարի գործեր կատարէ, որովհետեւ առանց բարի գործի երբեք չենք կրնար հասկնալ մէկու մը բարի զգացումները։

Մարդս կրնայ իր սիրտը կրթել եւ իր զգացումները ազնուութեան բարձր աստիճանին հասցնել, եթէ միշտ իր վրայ հսկողութիւն ընելով աշխատի գէշ ցանկութիւններէ հեռու պահել ինքզինք, եւ ամէն յոռի եւ վատ զգացումները, կիրքերը եւ մտածումները հեռացնել իր սրտէն եւ միտքէն։

Ուստի, Քրիստոս, սրտով սուրբ մարդոց կը խոստանայ «Աստուածութիւն», այսինքն յաւիտենական երանութիւն, եւ այս երանութեան մէջ ամենէն բարձր վարձատրութիւնը։

Է. Երանութիւն. «Երանի՜ խաղաղարաց զի որդի Աստուծոյ կոչեսցին». Երանի՛ խաղաղութիւն ընողներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդի պիտի կոչուին։

«Խաղաղութիւն» սիրողները ամէնուն հետ մարդասիրաբար կը վարուին. երբեք հակառակութիւն չեն ըներ եւ եթէ իրենց մէջ վէճ մը պատահի, կ՚աշխատին ճշմարտութեան համաձայն վերջացնել, մինչեւ իսկ զիջող կ՚ըլլան, եթէ այդ զիջողութիւնը ուրիշներուն վնաս չի բերեր։

Խաղաղութիւն սիրողները պարտաւոր են նոյնպէս ուրիշ թշնամի կամ հակառակորդ մարդիկը հաշտեցնելու իրարու հետ։ Խաղաղութիւն սիրողները Աստուծոյ որդի պիտի կոչուին, քանի որ ասոնք իրենց գործերով հետեւող են Քրիստոսի, որ երկինքէն իջնելով՝ մեղաւոր մարդկութիւնը հաշտեցուց Հայր Աստուծոյ հետ։

Ը. Երանութիւն. «Երանի՜ անոնց, որոնք կը հալածուին արդարութեան համար որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը անոնցն է». «Երանի՜ այնոցիկ որ հալածեալ իցին վասն արդարութեան, զի նոցա է արդարութիւն երկնից»։

Թ. Երանութիւն. «Երանի՜ է ձեզ, յորժամ նախատիցեն եւ ասիցեն զամենայն բան չար վասն անուան իմ, ցնծացէք եւ ուրախ լերուք զի վարձք ձեր բազում են յերկինս»

Երանի՛ ձեզի, երբ մարդիկ նախատեն եւ հալածեն ձեզ, կամ ստելով՝ ձեր մասին ամէն տեսակի զրպարտութիւն ընեն իմ հետեւորդներս ըլլալնուդ համար։ Ցնծացէք եւ ուրախացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ։ Յիշեցէք որ նոյն ձեւով հալածանքի ենթարկուեցան ձեզմէ առաջ ապրող մարգարէներն ալ…։ (ՄԱՏԹ. Ե 1-12)։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 30, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2018