ԱՆԻՄՍԱՍՏ ՊԱՅՔԱՐ՝ ՆՈՅՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՈՎ
Մեր թուականէն 120 տարիներ առաջ՝ 1904 թուականին «Արեւելեան Մամուլ»ին մէջ հայ մեծագոյն մանկավարժներէն Ռեթէոս Պէրպէրեան կը գրէր անձի մը մասին՝ որ ունէր մտաւորականի բոլո՛ր արժանիքները. անձ մը՝ որ թէ՛ գրող էր եւ թէ բանասէր, թէ՛ մանկավարժ եւ թէ պատմագէտ, հրապարակախօս. փիլիսոփայ մը պարզապէս: Անձ՝ որ «իր բովանդակ կեանքը, իր բոլոր մտաւոր ուժն ու գանձերը» նուիրեց եւ նոյնիսկ զոհաբերեց Պէրպէրեանի բառերով «ընկերային բարօրութեան ու բարուց ազնուութեան»:
Բնականաբար խօսքը Մատթէոս Մամուրեանի մասին է. գրող. անձ՝ որ ի տարբերութիւն միւս յայտնի գրողներուն ունեցած է բարձրագոյն ուսում՝ մինչեւ իսկ որպէս ունկնդիր յաճախելով Քէյմպրիճի համալսարան։ Հայերէնին եւ թրքերէնին կողքին տիրապետած է անգլերէն, ֆրանսերէն, ինչպէս նաեւ արաբերէն լեզուներուն: Անձ՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է գիր-գրականութեան ու կրթութեան. հիմնած է ուսումնարան, եղած է ուսուցիչ եւ վարժարանի տնօրէն:
Նման մեծ արժանիքներու տէր մա՛րդն է հիմնադիրը եւ առաջին խմբագիրը սփիւռքի մէջ ամենէն յայտնի ամսագիրներէն «Արեւելեան Մամուլ»ին, որ հրատարակուած է Զմիւռնիոյ մէջ՝ 1871-1909 թուականներուն:
Սակայն ցաւալին ա՛յն է, որ այո՛, գրականութեան մէջ կը յիշուի Մամուրեանի անունը, սակայն այսօր մեր ժողովուրդի զաւակներէն քանի՞ն գիտէ անոր մասին. այսօր եթէ փողոց դուրս գանք անցորդներէն քանի՞ն լսած են Մամուրեանի մասին. յաճախ այս ցաւը կ՚արտայայտենք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Մամուրեան աւելի պակաս մտաւորական-գրող մը չէ՛ քան Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան եւ ուրիշներ. ինչո՞ւ համար այսօր նման մտաւորականի մը անունով վարժարան եւ կամ փողոց մը չունինք Հայաստանի մէջ. Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս չորս կամ հինգ փողոց կայ Պարոնեանի անունով. անոնցմէ միայն մէկը Մամուրեանի անունով չէ՞ր կրնար ըլլալ. այս ալ գրականութեան անարդար մէկ կողմը:
Այս բոլորին կողքին պէտք է ընդունիլ, որ Մամուրեան գրած է ո՛չ թէ «յայտնի» գրող մը կամ հեղինակ մը դառնալու յետին մտայնութեամբ. անոր գրութիւնները մի՛շտ ալ ծնունդ առած են հայ ժողովուրդը յուզող խոր ցաւերէն. ան գրած է ա՛յն հեռանկարով, որպէսզի տեսնէ քաղաքակիրթ հայ ժողովուրդ մը՝ իմացականօրէն բարգաւաճած՝ տեսնելու եւ ունենալու համար հայու հոգիով ապագայ սերունդ մը՝ ազատ ու անկախ հայրենիքի մը հովանիին տակ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Մամուրեան յանդուգն գրող մըն է. ան յաճախ իր կեանքը վտանգելով քննադատած է իշխանութիւնները եւ գրած արդարութեան սիրոյն. այդ իսկ պատճառով անոր գրութիւնները պէտք չէ ընդունիլ որպէս լոկ գրական աշխատանք. Մամուրեանի աշխատանքները աւելի քան 150 տարուան հնութեամբ կը շարունակեն մնալ ժամանակակից:
Բոլորս ալ գիտենք Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը. կարդալով Մամուրեան պիտի հասկնաք, որ ժամանակը մեր ազգին մէջ չէ՛ յաջողած փոխել շատ մը ախտեր, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակեն մեր արիւնալի վէրքը մնալ: Ահաւասիկ Մամուրեանի խօսքերէն մէկը, որ ունի 150 տարուան հնութիւն, որ կը շարունակէ մնալ ժամանակակից.
«Հայերը կարող չեն եղեր ժամանակին հետ ազգային ատեաններ եւ ժողովներ հաստատելու, իրենց իրաւունքը, շահը, անկախութիւնը պաշտպանելու, ներքին քաղաքային կռիւներուն վերջ տալով՝ արտաքին ասպատակութիւններու դէմ պատերազմելու...»։ Մամուրեան կ՚ուզէր, որ ժողովուրդը վերջ տայ իր անտեղի ներքին պայքարներուն, որովհետեւ ներքին պայքարներէն տարուելով հայը ժամանակ չ՚ունենար տեսնելու արտաքին վտանգները. գուցէ մեր պարտութեան հիմնական պատճառներէն մէկը այն էր, որ այնպէս ինչպէս մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ, նոյնպէս ալ անցնող երեսուն տարիներուն ընթացքին արտաքին վտանգները մոռնալով կեդրոնացած մնացինք մեր ներքին ու անիմաստ պայքարներուն:
Այսօր կը տեսնենք, թէ պայքար մը գոյութիւն ունի եկեղեցականներու եւ քաղաքական գործիչներու միջեւ. այս մէկը եւս նոր երեւոյթ մը չէ. դարձեալ Մամուրեանն է գրողը. «Իշխան, նախարար եւ կրօնաւոր, վերջին ժամանակները մանաւանդ իրարու ձեռքէ յափշտակելու ճիգ կ՚ընեն ժողովուրդը, իբր թէ նոյն հայրենեաց զաւակ, նոյն հայկայ ծնունդ չլինէին...». գրող մտաւորականը կ՚ուզէր ընդգծել, որ թէ՛ եկեղեցական եւ թէ քաղաքական գործիչներ կ՚անգիտանային, որ անոնք նոյն ազգի զաւակը ըլլալով նոյն բանի համար է որ կը պայքարին։ Նոր այդ երեւոյթը այսօր է. կուսակցութիւններ իրարու միս կ՚ուտեն, քաղաքական եւ եկեղեցական գործիչներ զիրար կը խոշտանգեն նոյն բանին համար՝ ունենալու ազատ ու անկախ Հայաստան մը: Այսօր Հայաստանը կը նմանի հիւանդ մօր մը, որ զաւակներէն ջուր կը խնդրէ եւ զաւակները իրենց մօրը ջուր հասցնելը առաջնահերթ նկատելու փոխարէն կը կռուին, թէ ո՞վ պիտի տանի այդ ջուրը... մինչ մայրը կամաց կամաց ծարաւին պատճառով կը մահանայ:
Մեր մեծագոյն ցաւը այն է, որ մեր հետ կը կրկնուի այն՝ ինչ որ կը տեսնենք Մամուրեանի պարագային։ Մեր թուականէն 150 տարիներ ետք (եթէ հայը շարունակէ գոյութիւն ունենալ աշխարհի երեսին) նոյն խնդիրները գոյութիւն պիտի ունենա՞ն մեր ապագայ սերունդներուն մօտ. անոնք եւս դժբախտութիւնը պիտի ունենան ըսելու, որ մեր այսօրը այն է՝ ինչ որ էր մեր թուականէն 150 տարիներ առաջ. եթէ այդ դժբախտ բախտը վիճակուի անոնց, ապա մենք ազգովի պարտուած ենք՝ առանց թշնամի ունենալու:
Մեր մեծագոյն թշնամին ո՛չ այլազգին եղած է, ոչ պարսիկը. մե՛նք եղած ենք մեր մեծագոյն թշնամին եւ կը շարունակենք մնալ. ամենէն դժուարն է յաղթական դուրս գալ ա՛յն պայքարին մէջէն, որուն թշնամին ո՛չ թէ արտաքին՝ այլ ներքին է:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Աշխարհի վիճակը դէպի լա՞ւ պիտի երթայ, թէ՝ դէպի վատ:
Պատասխան. Արհեստագիտութեան եւ առողջապահութեան զարգացումը մարդուն կը խոստանայ աւելի լաւ որակով կեանք եւ ապագայ, հաւանաբար կեանքի տեւողութեան երկարացումով, միւս կողմէ սակայն այլ մարտահրաւէրներ, ինչպէս օրինակ՝ կլիմայի փոփոխութիւնը, քաղաքական անկայունութիւնը, տնտեսական անհաւասարութիւնը զգալի սպառնալիքներ են աշխարհին բարեկեցութեան համար: Աշխարհի դէպի լաւ կամ դէպի վատ առաջնորդուիլը կախեալ է այս մարտահրաւէրները լուծելու մարդկութեան կարողութենէն: Այդ բոլորը լուծելով մարդը կ՚ունենայ աւելի արդար ապագայ մը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան