ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԸԼԼԱԼ…

Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոնեայ ըլլալ»։ Արդարեւ հարցը սա է. «Քրիստոնեայ անուանուի՞լ» թէ «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Ուստի անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ եւ հոգւով քրիոտոնեայ ըլլալ տարբեր վիճակներ են, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն վիճակ։

«Քրիստոնեայ ըլլա՛լ» կը նշանակէ ունենալ այն հոգեւոր խորունկութիւնը՝ որ Քրիստոս ունեցաւ։ Մակերեսային ըմբռնումով կարելի չէ՛ թափանցել խորունկութիւններու եւ ըլլալ կատարեալ։

Անոնք որ կը տառապին ծանծաղութենէ, չեն կրնար հասնիլ կատարելութեան եւ կը մնան միշտ նոյն մակարդակին վրայ եւ նոյն վիճակին մէջ։

Արդարեւ, ջուրերու երեսին փոթորիկը կախում չունի միայն փչող հովին սաստկութենէն, այլ՝ ջուրերուն «խորունկութենէն» եւ «տարածութենէն»։

Նոյն սասկութեամբ փչող հովը, որ ամբողջ ովկիանոսը կը կատղեցնէ, եւ ջրային հսկայ լեռներ եւ ձորեր կը գոյացնէ անոր մակերեսը, հազիւ թէ կրնայ ծփծփացնել ծանծաղուտ՝ քիչ խորութիւն ունեցող լճակի մը մակերեսը։ Եւ ասիկա նո՛յնն է մարդկային հոգիին մէջ ալ։

Շատ անգամ մարդկային հոգիին վրդովումը լճակի մը մակերեսին վրդովումն է. աննշան, եւ «անարժան» մարդու մը, որմէ կ՚ակնկալուի խորութիւն ունենալ, եւ սակայն, դժբախտաբար, չունի՛…։

Աննշան-անարժան մարդիկ կը վրդովին, կը յուզուին դոյզն յուսախաբութիւններով, անցաւոր դիտողութիւնով մը, պատահական բախումներով, եւ կը յուսալքուին, կ՚ողբան, կը կոծեն իրենց դժբախտութիւնը իբր թէ ամբողջ աշխարհ ճեղքուեցաւ կամ փուլ եկաւ իրենց կանգնած տեղը եւ զիրենք կլանեց ողջ ողջ… եւ թաղեց…։ Այնպիսիներուն համար ո՜վ գիտէ քանի անգամ վախճանը եկած պիտի ըլլար աշխարհին եւ վերջացած կեանքը։

Բայց կը շարունակէ կեանքը իր ընթացքը…։

Մինչդեռ Յիսուս կը պատուիրէ քա՛ջ ըլլալ աշխարհի նեղութիւններուն դիմաց եւ Իր իսկ տիպարով կը քաջալերէ մարդիկը. «Ասոնք խօսեցայ ձեզի, որպէսզի ինձմով խաղաղութիւն ունենաք։ Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Ուստի աշխարհի վրայ անխուսափելի են նեղութիւններ, դժուարութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր, բայց զանոնք պէտք է քաջութեամբ դիմաւորէ մարդ, եւ քա՛ջ ըլլայ զանոնք յաղթահարելու համար։ Մարդ համբերութեամբ պէտք է տոկայ ամէն նեղութեան, քանի որ յոյսը եւ յոյսին լոյսը զինք պիտի առաջնորդէ խաղաղութեան, երանութեան։

Ահաւասիկ, հո՛ս է հոգիի խորութեան կարեւորութիւնը. մարդ եթէ մակերեսային մօտենայ կեանքի նեղութիւններուն՝ անմիջապէս կը յուսալքուի, դասալիք կ՚ըլլայ կեանքէն, ինչ որ կը նշանակէ հաւատքի ե՛ւ վստահութեան պակաս։ Մինչդեռ երբ մարդ կը վստահի, վախ չ՚ունենար աշխարհի նեղութիւններուն նկատմամբ, բնական կը սեպէ այդ բոլորը, եւ վստահութեան ներշնչած քաջութեամբ կը դիմադրէ անոնց։ Արդարեւ, ո՛չ մէկ խաւար կարծուածին չափ մութ է, եւ անպայման լոյսի ճառագայթ մը գոյութիւն ունի անոր մէջ՝ խորը, որ միայն կրնան նշմարել անոնք՝ որոնք խորութեան թափանցելու կարողութիւնը եւ զօրութիւնը ունին…։

Ուստի, հոգեւոր ծանծաղութեան, մակերեսային ըլլալու ապացոյց է «դիւրայուզութիւն»ը կամ «դիւրազգածութիւն»ը։ Մարդ մը՝ որուն հոգին խորութիւն ունի, ամէն փչող հովէ չ՚ազդուիր եւ չի փոթորկիր։ Հոգեւոր խորութիւն ունեցող մարդը կը պահէ իր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը՝ պաղարիւն՝ խոհեմ եւ ողջամիտ է. բանականութիւնը չի կորսնցներ, ինչ որ ամենէն աւելի այդ միջոցին պիտի օգնէ իրեն, պիտի ներդաշնակէ վտանգը եւ անվտանգութիւնը, պիտի հակակշռէ հոգեկան նեղութիւններու պատճառած վիճակը։

Արդարեւ, յիմարութեան մէկ տեսակն է այս կեանքը՝ որ կ՚ապրի մարդ։ Կեանքը աստուածաշնորհ թանկագին պարգեւ մըն է, հանդուրժողութեամբ դիմաւորել ամէն կսմիթի պատճառած ցաւը եւ երբեմն արժանապատուութեան վիրաւորանքները, ամէն ապտակ, ամէն քննադատութիւն, ամէն մաղձոտ խօսք, ամէն նայուածք ժպիտով մը, մարգարէական հանդուրժողութեամբ եւ համբերատարութեամբ դիմաւորել… այս կը պահանջէ մարդուն տրուած այս աստուածատուր շնորհը։ Եւ այս բոլորը կը պատահին մարդուն իր կեանքի ամբողջ ընթացքին՝ կ՚ընդունի զանոնք իր կեանքի ճամբուն վրայ։

Համբերատարութիւն եւ հանդուրժողութիւն, ահաւասիկ հոգիի խորութիւն ունեցող մարդոց յատկանշական առաւելութիւնները։

Երբ մարդ իր կեանքին մէջ մեծ եւ լուրջ հոգեր, խնդիրներ չունի, «ճակատագրական համեմատութիւն»ներ կու տայ այն աննշան, անկարեւոր եւ մանր մունր հարցերուն, պարզ խնդիրներուն, որոնք իր դէմը կ՚ելլեն։

Խորհինք անգամ մը սիրելի՜ բարեկամներ՝ թէ ի՜նչ պարզ բաներու նեղուած, խաւարի մատնած ենք մեր լուսաւոր կեանքը։ Նայւածք մը նոյնիսկ երբեմն պատճառ եղած է մեր հոգեկան վրդովումին, բաւած է որ հոգեպէս տակնուվրայ ըլլայ մեր տրամադրութիւնը։ Աւելին՝ վա՜յ մէկը հայհոյեր է երեսիդ… ի՞նչ եղաւ… երկի՞նքը փուլ եկաւ, փլաւ գլխուդ… աշխարհի վախճա՞նը եկաւ այդ հայհոյութեան պատճառով։ Ինչո՞ւ առնես, ընդունիս, անցնիս անարգական եւ վիրաւորիչ խօսք մը։ Խօսքը անցաւ, հեռացաւ, բայց անոր տպաւորութիւնը մնաց, թերեւս հայհոյողն ալ զղջաց իր ըրածին, թերեւս մոռցաւ իսկ իր ըրածը, ապա ուրեմն ինչո՞ւ այդքան վրդովէ քեզ…։

Առածը կ՚ըսէ. «Բարկութիւնը կու գայ՝ աչքը կը կարմրի, բարկութիւնը կ՚անցնի՝ երեսը կը կարմրի…»։ Կարմրած երեսի մը համար կ՚արժէ՞ այդքան վրդովանք, այդքան նեղութիւն, եւ կեանքը խաւարի մատնել…։

Մարդ պէտք է զօրաւոր նկարագիր ունենայ՝ որպէսզի հանդուրժող եւ համբերատար ըլլայ՝ լրջամիտ եւ ողջախո՛հ։ Ունենալու է այս առաքինութիւնները որպէսզի հաւատարիմ մնայ իր «մա՛րդ» կոչումին։ Ուստի մարդ իր բանականութեամբ ազատ է եւ անկա՛խ։ Ինչո՞ւ համար դո՛ւն ինքդ կորսնցնես քու յատկութիւններդ, ինչո՞ւ համար դո՛ւն ինքդ չըլլաս անկախ տէրը քու խաղաղութեանդ եւ երջանկութեանդ, ինչո՞ւ համար թոյլ տաս որ ուրիշներ խանգարեն քու խաղաղութիւնդ եւ երջանկութիւնդ. կեանքդ քու սեփականութեանդ յանձնուած է եւ մի՛ յանձներ զայն ուրիշներու շահագործման, տէ՛ր կանգնէ քու սեփական կեանքիդ…։ Մի՛ թողուր որ քեզմէ դուրս ուրիշ մէկը մատակարարը ըլլայ քու երջանկութեանդ կամ դժբախտութեանդ։ Երջանկութիւնը քո՛ւ իրաւունքդ է։ Ո՛չ անհատապէս, եւ ոչ ալ հաւաքապէս «խօսք տանել»ու, ինչպէս կ՚ըսեն, «հոգեւոր խորունկութիւն»ը ունին անոնք՝ որ լճակի մը մակերեսային փոթորիկին կը նմանին, եւ ինչո՞ւ համար ովկիանոսի փոթորիկին համեմատութիւնը տրուի լճակի փոթորիկին։

Ահաւասի՛կ, քրիստոնէութիւնը մեզի կը սորվեցնէ հոգեւոր խորութիւն ունենալու ճամբաները, որոնք մեզ պիտի փրկեն ամէն մակերեսային դատումներէ, որոշումներէ եւ անհամեմատ արտայայտութիւններէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 25, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019