ՅԻՄԱՐԱՆՈՑԻ ԽԵՆԹԸ
Մեր թուականէն 87 տարիներ առաջ՝ 27 օգոստոս 1935 թուականին հրապարակագիր, ազգային եւ քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան մի քանի բարեկամներու հետ միասին կ՚երթայ Վիլժուիֆ, իր խօսքերով՝ «այն չարաշուք հաստատութիւնը, ուր տարիներէ ի վեր կը հիւծի մեծ Վարպետը՝ Կոմիտաս»:
Շաւարշ Միսաքեան կը նկարագրէ զգացումները, երբ մէկ առ մէկ կը բարձրանայ յիմարանոցի աստիճաններէն, տեսնելու համար խենթ մը՝ որ իր խենթութեանը մէջ աւելի հայրենասէր, աւելի գիտակից ու զարգացած էր՝ քան մենք՝ չխենթացածներս:
Խենթը տեսնելով իր հայրենակիցները կ՚ըսէ. «Վերջապէս դուք ալ Փարիզ ինկաք… ահաւոր վիճակ է… հայրենիքէն հեռու, թափառական եղանք». Խօսքը՝ որ այսօր սփիւռքի մէջ յիմարանոցէն դուրս գտնուածներս չենք համարձակիր ըսել, որովհետեւ այսօր «Փարիզ իյնալ»ը փրկութիւն, իսկ Հայրենիքի մէջ ապրիլը՝ տառապանք կը համարենք:
Կոմիտասի այս խօսքերուն մէջ բացայայտ է այն գաղափարը, որ ինք կը նախընտրէր իր հիւանդութեանը մէջ տառապէր՝ Հայրենիքի մէջ, քան այս օտար ափերուն վրայ բուժում ստանար, առանց զգալու այն շունչն ու հոգին, որուն համար կեանք մը ամբողջ նուիրաբերած էր:
Ներկաներ կ՚ուզեն նիւթը շեղել ու հեռու մնալ հայրենիքի մասին խօսելէ՝ խնայելով վարդապետին հիւանդութիւնը, սակայն Կոմիտաս Վարդապետ շարունակելով իր խօսքը կ՚ըսէ. «մենք շատ պակասութիւններ ունինք. խելօք ազգ ենք, պէտք է համերաշխութեամբ աշխատինք։ Ինչե՜ր տեսայ, ինչե՜ր տեսայ հոս գալէս վերջը...»: Այստեղ ո՞վ է խենթը... ո՞վ է յիմարանոց դրուողը. եթէ այս պակասութիւնը տեսնողը նոյնինքն խենթն է, ես կ՚ուզեմ Աստուածացնել այդ խենթութիւնը, որովհետեւ եղած եմ հաւատացողը, թէ «երբ չի մնում ելք ու ճար... խենթերն են գտնում հնար» ու մենք այսօր՝ «իմաստուն»ներս այդ խենթութեան պակասով կը տառապինք:
Մենք շա՜տ պակասութիւններ ունինք. պակասներ՝ որոնք երբեք չկրցանք լեցնել եւ ընդհակառակը շա՜տ աւելիով պակսեցուցինք՝ հասցնելով մինչեւ յատակ եւ աւելին: Այնպէս ինչպէս տունէն առյաւէտ հեռացող անդամի մը տեղը յաւիտեան չի լեցուիր, նոյնպէս ալ մեր խենթերուն տեղը մնաց դատարկ, իսկ անոնց խենթութիւնը՝ կարօտ:
Կոմիտաս խենթ էր... հայրենիքի կարօտով ու հայրենասիրութեամբ խենթացած մը, որ ամէն մէկ բջիջի մէջ կը փորձէր գտնել հայն ու հայկականը:
Վերջերս կը կարդայի արձակագիր եւ լրագրող Մուշեղ Գալշոյեանի «Երկեր»ը. հեղինակը իր «Ծիրանի ծառ» աշխատութեան «Աղբրանց արուն մեր քարերուն» խորագրեալ արձակին մէջ կը նկարագրէ Կոմիտաս Վարդապետի եւ դաշնակահարուհի եւ երաժշտագէտ Մարգարիտ Բաբայեանի միջեւ տեղի ունեցած դրուագ մը: Կոմիտաս օտար ափերու վրայ դիտելով ջուրերը կ՚ըսէ Մարգարիտին. «Մարգարիտ, ի՞նչ գիտես, թէ այս ալեակներից մէկը Հայաստանէն գալով չէ հասած այստեղ եւ հիմա կ՚ուզէ ափ ելլել...»:
Սրբազա՛ն խենթութիւն է ընդարձակ ծովու մէջ հայ ջուրի կաթիլ մը փնտռելը եւ մէկ կաթիլ հայրենի ալեակը շա՜տ աւելին պիտի արժէ Վարպետին համար քան բազմահազար միւսները՝ որոնք հայկական չեն եւ իրը չեն կրնար ըլլալ երբեք:
Մարգարիտ կը պատասխանէ. «Տարօրինակ բաներ կը մտածես Կոմիտաս». տասնամեակներ ետք ինծի տարօրինակ չի թուիր այդ մէկը, որովհետեւ մեզմէ շատե՜ր որպէս անվարժ լողորդներ հայկական ափերէն հեռանալով օտարութեան մէջ խեղդեցին իրենց հայրենասիրութիւնը եւ փորձեցին «հարազատ» մէկ մասը դառնալ միւս ալեակներուն ու ձուլուեցան: Անոնցմէ քանի՞ն այսօր Կոմիտասի տեսած ալեակին պէս կ՚ուզէ իրապէս ափ դուրս գալ ու բաժնուիլ միւսներէն. անոնցմէ քանի՞ն կ՚ուզէ պահել իր հարազատութիւնը՝ գէթ խենթի մը կողմէ ճանչցուելու համար:
Միսաքեան կը յայտնէ, թէ Կոմիտասի վիճակին դիմաց «չդիմացայ եւ դուրս ելայ». գրողը կը յայտնէ, թէ Կոմիտասի աչքերը պղտորիլ սկսած էր: Վերջաւորութեան դուրս եկող ներկաներէն մին կը յայտնէ, թէ «արցունք մը կը կայծկլտար աչքերուն խորը». Կոմիտաս կու լար. հաւանաբար կու լար նաեւ Շաւարշ Միսաքեան: Բայց հետաքրքրական է. ո՞վ, որո՞ւ համար կու լայ... Շաւա՞րշ Կոմիտասի վիճակին, թէ Կոմիտաս Շաւարշի եւ Շաւարշի նման բազմատասնեակներու համար:
Ի՜նչ առեղծուած. մենք կու լանք խենթին համար, իսկ խենթը՝ մեր համար, առանց յստակ սահմանում տալու, թէ խենթանա՞լը աւելի վտանգաւոր է, թէ ոչ օտարանալն ու ձուլուիլը:
Շաւարշ Կոմիտասի վերջին բառերը կը յիշէ հետեւեալ բառերով. «Մի՛ երթաք, մի՛ երթաք, բարի մարդիկ». անոնք գացի՛ն մեծ Վարպետ, իրենց բարութեան կողքին տանելով նաեւ հայրենասիրութիւնն ու հայրենիքի հանդէպ նուիրումը եւ հրապարակը յանձնեցին այնպիսի՛ խենթերու՝ որոնց խենթութիւնը խենթութեանդ հետ աղերս չունի եւ անծանօթ է քեզի:
Անոնք օտար ծովու ալեակներուն մէջէն չկրցան փրկել ափ դուրս գալ ուզող ալեակը, այլ աւելիով խեղդեցին զինք, նորանոր ալեակներ զոհ դարձնելով այն ծովերուն, որոնք խիղճ ու ողորմ չունին:
Երանի՜ բոլորս ըլլայինք խենթեր... եւ ունենայինք ա՛յն խենթութիւնը՝ որ ունէիր ազգիդ նկատմամբ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՐԳԱՐ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ
(1907-1973)
Մեր թուականէն 115 տարիներ առաջ՝ 31 մարտ 1907-ին Վանի մէջ ծնած է բարկօղիի (քոնեաք) մասնագէտ եւ մեքենագէտ Մարգար Սեդրակեան:
Սեդրակեան փոքր տարիքէն ապրած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի արհաւիրքը, որուն զոհ դարձած են ծնողներն ու ընտանիքի անդամները: Նախնական կրթութիւնը ստացած է մանկատան մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Գիւղատնտեսութեան կաճառը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1930 թուականին:
Սեդրակեան 1927 թուականէն սկսեալ սկսած է աշխատիլ բարկօղիի արտադրութեան ոլորտէն ներս. 1940 թուականէն սկսեալ մինչեւ իր կեանքի վերջը որպէս մեքենագէտ աշխատած է Երեւանի բարկօղիի գործարանէն ներս. 1940-1948 թուականներուն ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Գիւղատնտեսութեան կաճառէն ներս:
Սեդրակեան որոշ ժամանակ ձերբակալուած ու աքսորուած է Օտեսա, ուր շարունակած է դարձեալ զբաղիլ իր մասնագիտութեամբ: Վերադառնալով աքսորէն եղած է բարկօղիի արտադրութեան նոր արհեստագիտութեան հիմնադիրներէն. շնորհիւ իր ուսումնասիրութիւններուն ու աշխատանքին ան յառաջ բերած է բազմաթիւ բարկօղիի տեսակներ. ինչպէս՝ «Յոբելենական» (1937), «Ընտիր» (1939), «Հայաստան» (1940), «Արտաշատ» (1941), «Դուին» (1942), «Երեւան» (1947) եւ ուրիշներ:
Սեդրակեանի ստեղծած «Յոբելենական» անունով բարկօղին 1937 թուականին ընտրուած է Խորհրդային Միութեան առաջին բարձրագոյն որակի բարկօղին: Շնորհիւ իր աշխատանքներուն՝ Սեդրակեանին 1966 թուականին տրուած է «Բարկօղիի արտադրութեան բարձր վարպետ»ի կոչում, իսկ 1971 թուականին ստացած է «Սոցիալիստական աշխատանքի հերոս» կոչումը: Արժանացած է «Մուրճ եւ մանգաղ», «Լենին», «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն: Սեդրակեան արժանացած է նաեւ Ֆրանսայի բարկօղիի «Քամիու» տան բարձրագոյն պարգեւին՝ «Համեստ ասպետ» շքանշանին:
Ի յիշատակ Սեդրակեանի՝ 1975 թուականին Երեւանի բարկօղիի գործարանին մէջ կառուցուած է Սեդրակեանի յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիր:
Սեդրակեանի բարկօղիները եղած են օտար առաջնորդներու եւ կառավարիչներու ամենէն շատ նախընտրած ըմպելիքներէն. անոնք շատ անգամ իրենց նամակներուն եւ յուշերուն մէջ անդրադարձած են Սեդրակեանի բարկօղիներու որակին. անոնցմէ մէկն է Ուինսթըն Չըրչիլ, որուն բողոք-խնդրանքին հիման վրայ աքսորէն վերադարձած է Սեդրակեան:
Սեդրակեանի շնորհիւ է, որ աշխարհի մէջ տարածում գտաւ Հայկական բարկօղիի համբաւը:
Սեդրակեան մահացած է 1 հոկտեմբեր 1973 թուականին, Երեւանի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024