ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՃՆՇՈՒԱԾՆԵՐ

Մտահոգութիւնը մարդուս կեանքին ամենէն ցաւալի հոգեվիճակներէն մին է։ Մտահոգութիւնը մտատանջութիւն մըն է, որ կը չարչարէ մարդս։

Մարդ, ընդհանրապէս, չ՚անդրադառնար որ կը ճզմուի, կը ճնշուի իր մտահոգութիւններուն բեռին տակ, եթէ վերանորոգութիւնը չունենար Յիսուս Քրիստոսի հետ։ Ըսելը աւելորդ է՝ կարելի պիտի չըլլայ գիտնալ Անոր ներկայութեանը զօրացուցիչ եւ բուժիչ յատկութիւնը։

Այսպիսի գիտութիւն մը վե՛ր է մարդկային կարողութենէն եւ հոգեմտաւոր տարողութենէն։

Յիսուս Քրիստոսի ներկայութիւնը հոգւով եւ միտքով ապրիլը պիտի բուժէր «հիւանդ աշխարհ»ը՝ պիտի փարատէր ամէն մտահոգութիւն։ Որովհետեւ, կեանքի անբաժան մէկ մասը ընդունիլ մտահոգութինը՝ տեւական մտահոգուիլ, ընդհանրապէս ախտաւոր վիճակ մը կը ստեղծէ։ Այս վիճակէն ազատուելու համար պէտք է սպասուի Քրիստոսի ներկայութիւնը։ Յայտնի է, որ եթէ մարդ ունենայ վստահելի մէկը, ապաւէն մը, մտահոգութիւն չի զգար։

Մարդ երբ զանց չընէ Յիսուս Քրիստոսի հետ առանձնացումի յատկացուած ժամանակը՝ աստիճանաբար պիտի վերածուի Անոր նմանութեանը մարմնապէս-ֆիզիքապէս, հոգեպէս եւ մտաւորապէս։ Ուստի, բոլոր անոնք որ կը վստահին եւ կ՚ապաւինին, կը զգան Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան, կամ հոգեւոր շփման մէջ կ՚ըլլան Անոր հետ, անոնց այս յարաբերութեամբ պիտի մօտենան Իրեն ճշմարտութեան եւ հետզհետէ, կամաց-կամաց Իր բարի եւ սիրալի ազդեցութիւնը պիտի տարածուի։

Մարդ իր բարի եւ սիրալի կենցաղով, երկրի վրայ ամէն տեղ «Սուրբ Տեղ»ի կը վերածէ. մարդ պէտք է աշխատի եւ գործածէ իր յատկութիւնները՝ իր նմաններուն՝ «ուրիշ»ներուն սրտին եւ յառաջդիմութեան համար, որովհետեւ ա՛յդ է մարդուն էական եւ սկզբնական կոչումը՝ անսակարկ իրերօգնութի՛ւն։

Սակայն, մեծագոյն գործը՝ Յիսուս Քրիստոսի յատկացուած առանձնացումի պահն է՝ հաղորդուիլ Անոր հետ, հոգեպէս միանալ Անոր էութեան հետ։ Կենսական կարեւորութիւն մը ունի այս հարցը…

Պէտք է գիտնանք, թէ մարդուս ամէն մէկ մտածումը, գաղափարը, հաւատալիքը՝ գործունէութիւնը, աղօթքը, բաղձանքները եւ ամէն հոգեւոր արժէք կը հաւաքուին եւ այս բոլոր արժէքները կը մատուցուին Յիսուս Քրիստոսի՝ առանձնացումի ընթացքին։ Ուրախ, եւ աւելին՝ երջանիկ պէտք է ըլլայ մարդ, որ Յիսուս Քրիստոս իր հետ է, իր մէ՛ջ։ Այս իսկ պատճառով է, որ Ան մարմնացաւ, մարդացաւ եւ աշխարհ եկաւ՝ որպէսզի մարդիկը առաջնորդէ դէպի Հայր Աստուած, դէպի ճշմարտութիւն, դէպի Բարին, դէպի Սէ՛ր՝ Անոր հետ խօսակցութիւն եւ յարաբերութիւն ունենալու եւ Անոր հայրութիւնը վայելելու համար։

Մարդուն կոչումը, ահաւասի՛կ, այս է, եւ նպատակն ալ պէտք է ա՛յս ըլլայ։

Արդարեւ, «նպատակ» ըսուածը՝ անգիտակից արշաւի մը սկիզբը չէ որ ցոյց կը տրուի ընդհանրապէս, եւ ո՛չ իսկ վազքի մը երկարութիւնը կամ երկարատեւութիւնը եւ կամ արագութիւնը։ Բայց, մարդ, անպայմա՛ն նպատակ մը ունենալու է կեանքին մէջ՝ բարի նպատա՛կ մը։ Երբ նպատակակէտը տեսանելի կ՚ըլլայ, այն ատեն մարդուս սիրտը՝ հոգին եւ միտքը՝ բանականութիւնը եւ մարմինը ամբողջութեամբ՝ ջիղերը, մկանները ա՛յնքան կը պրկուին, որ կարծես կ՚անցնին մարդկային տոկալու կարողութեան սահմանը եւ կը հասնին բեկանելու կէտին։

Հաւատացեալ եւ հաւատաւոր քրիստոնեային համար նպատակակէտը արդէն իսկ տեսանելի՛ սկսած է դառնալ եւ կը մնայ անոր վերջին կանչը ուղղել Յիսուս Քրիստոսի։ Ուստի, ականջ պէտք է դրուի Քրիստոսի ձայնին՝ յիշել որ Ան հաւատացեալին կողքին է՝ խրախուսելով զայն դէպի յաղթանակ՝ որ է երանելի՜ յաւիտենական կեա՛նք։ Արդարեւ, երկնային տարեգրութիւններու մէջ ամենէն տխուր եւ ցաւալի արձանագրութիւնները անոնք են՝ որոնք կը պատմեն շատերու մասին, որոնք լա՛ւ ընթացած են, քաջ եւ կորովի սրտերով, մինչեւ նպատակակէտին երեւնալը, յաղթանակին՝ երանելութեան մօտենալը, սակայն վերջին պահուն վհատած են։

Երկինքի ամբողջ բազմութիւնը կը բաղձար պոռալ բարձրաձայն, թէ ո՛րքան մօտ էր վախճանը, կ՚ուզէր խնդրել իրենցմէ վերջին ճի՛գ մը թափել, սակայն անոնք դուրս ինկան, եւ յայտնութեան վերջին օրը միայն գիտցան, թէ որքան մօտ էին յաղթանակի։

Յաղթանակի ճամբուն մէջ անվհատ ըլլալու է հաւատացեալը եւ հաստատակամ յառաջանայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 28, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2023