ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅԻՆ ԱՄԱՆՈՐԸ

Նոր տարին կամ Ամանորը կարեւոր հանգրուան մըն է մարդկային կեանքին մէջ՝ ուր կարծես ակնթարթի մը արագութեամբ ամէն ինչ կը փոխուի՝ հինը կը սրբուի եւ նորը կու գայ՝ նորոգելով ամէն ինչ որ արդէն «անցեալ» է եղած։ Մարդիկ միշտ «նոր»ը կ՚ուզեն, նորոգուիլ կ՚ուզեն եւ կ՚ապրին նոր յոյսերով, նոր ակնկալութիւններով…։

Բայց ժամանակը չէ՛ որ պիտի փոխէ մարդը, այլ մա՛րդն է որ պիտի բարեշրջէ ժամանակը, եւ մա՛րդն է որ ընթացք եւ ուղղութիւն պիտի տայ կեանքին՝ ժամանակաւոր շրջա՛նին։

Ժամանակը կը սուրայ միշտ նոյն արագութեամբ եւ միշտ նոյն ձեւով եւ մա՛րդն է որ պիտի օգտագործէ զայն իր օգտին համար, երբեմն քայլ յարմարցնելով ժամանակին արագութեան, երբեմն ալ հակակշռելով անոր արագ ընթացքը, ուղղութիւն տալով անոր։ Եւ ահաւասիկ այս արագ ընթացքին մէջ «Նոր տարի»ն կամ «Ամանոր»ը առիթ մըն է այդ արագութիւնը եւ արագութեան յարմարութիւնը չափելու, համեմատելու կամ կշռելու. պահ մը միայն՝ ուր հինը կը տեղափոխուի նորի եւ կը նորոգուի ամէն ինչ, գոնէ այդպէս կը կարծեն մարդիկ, արդարացնելու համար իրենք զիրենք, ըսելով թէ այլեւս ամէն ինչ փոխուած եւ նորոգուած է։ Այս իմաստով բարեպատեհ առիթ մը պէտք է նկատել «Ամանոր»ը, քանի որ մարդուս առիթ կու տայ անդրադառնալու, թէ պահանջքը ունի «նոր»ի մը եւ նորոգուելո՛ւ։

Կեանքը տեւական բարեփոխութիւններով միշտ յառաջ կ՚ընթանայ եւ մարդ պարտաւոր է քայլ յարմարցնելու այդ բարեփոխութիւններուն, ապա թէ ոչ դասալիք կ՚ըլլայ եւ իրեն համար կեանքը հետզհետէ կը դժուարանայ եւ ի վերջոյ անտանելի կը դառնայ։ Ահաւասիկ, ճիշդ այդ պահուն է որ օգնութեան կը հասնի «Ամանոր»ը։ Նոր տարիի սկիզբը մարդ պահ մը կանգ կ՚առնէ, կը խորհի, կարգ մը բաներու կ՚անդրադառնայ եւ կ՚որոշէ քայլ յարմարցնել կեանքի բնական բարեփոխութեան ընթացքին։

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի կ՚ըսէ, թէ Նոր տարին սկսած է տօնուիլ բաբելոնեան աշտարակաշինութենէն յետոյ, երբ 72 ազգերը տարածուեցան եւ ցրուեցան ամէն մէկը իր երկիրը։

Ահաւասիկ, իւրաքանչիւր ազգի իր տեղը՝ իր երկիրը հասնելու «առաջին օր»ը սահմանուեցաւ որպէս «տարեմուտ»։

Այս իմաստով, հրեաներու տարուայ սկիզբը եղաւ Նիսան ամիսը, հռոմայեցիներունը՝ Յունուարը, հայերունը՝ Նաւասարդը եւ այլն։

Աւելի վերջի շրջաններուն, ազգերը միաբանելով՝ Նոր տարին սկսան նշել յունուարին։

Այս առթիւ Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը կը յորդորեն չմոռնալ, որ յունուար 1-ի առաւօտ բոլոր եկեղեցիներու մէջ սուրբ պատարագ կը մատուցուի, եւ քրիստոնեայի համար պատշաճ է աղօթքով եւ սուրբ հաղորդութեամբ սկսիլ տերունապարգեւ նոր տարիին։

Այս առթիւ ժողովուրդներու եւ անոնց մշակոյթներուն մէջ Ամանորի հետ կապուած բազմաթիւ սնահաւատութիւններ կը գտնուին, որոնցմէ մի քանին կը յայտնեն ճշմարտութեան նշաններ։ Զոր օրինակ, կ՚ըսուի թէ տարեմուտի օրերուն պէտք է ներողութիւն խնդրել անոնցմէ, որոնք վիրաւորած, վշտացուցած ենք նախորդ տարուայ ընթացքին. թշնամիներ, հակառակորդներ պէտք է հաշտուին, վիրաւորուածները, վշտացածները՝ ներեն։

Ասիկա բոլորովին կը համաձայնի քրիստոնէական վարդապետութեան սկզբունքներուն հետ, քանի որ սէրը, խաղաղութիւնը եւ հաշտութիւնը քրիստոնեային առաջնակարգ նպատակները պէտք է ըլլայ եւ Նոր տարին լաւագոյն առի՛թն է զանոնք գործադրելու։

Ուստի, Ամանորը, քրիստոնեային համար այն ատեն իմաստ եւ արժէք կը ստանայ, երբ ան առիթ մը ըլլայ քրիստոնէական հաւատքը կեանքի վերածելու եւ ապրելո՛ւ։ Ամանորը պէտք է անդրադարձում մը ըլլայ ճշմարտութեան, առիթ մը ճշմարիտին յայտնութեան։ Նոր տարին, քրիստոնեային համար պէտք է ըլլայ հոգեւոր նորոգութեան, հոգեպէս վերածնելու առիթ մը եւ ո՛չ թէ միայն թուականի փոփոխութիւն մը։ Քրիստոնեան պէտք է անդրադառնայ վերակենդանութեան, հոգեպէս արթնութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան՝ որ Նոր տարին պատեհ առիթ մըն է վայելելու այդ բոլորը։

Մարդ, արդարեւ, բանաւոր էակ մըն է եւ միակը ապրող էակներու, ուստի պէտք է անդրադառնայ իր կեանքին, իր ապրածներուն իմաստին՝ անոնց պատճառին եւ նպատակին, եւ ահաւասիկ, Ամանորը այն առիթը կ՚ընծայէ իրեն։ Ամանորը, այս պատճառով կարեւորութիւն պէտք է ընծայէ, առիթ մը նկատուի ներհայեցողութեան, ինքնազննութեան եւ անդրադառնալու ամէն մէկը իր ներաշխարհին։

Ապա թէ ոչ՝ տարեմուտը կը մնայ լոկ թուականի փոփոխութեան օր մը եւ անշուշտ կը կորսնցնէ իր իսկական իմաստը՝ նորոգութեան՝ նորոգուելու բարեպատեհ առիթ մը ըլլալու հանգամանքը։

Եւ երբ կը խորհրդածենք՝ թէ տարեմուտը լոկ թուականի փոփոխութեան օր մը չէ, այլ նորոգութեան, նորոգուելու բարեպատեհ առի՛թ մը, ապա ուրեմն մենք մեզի կը ստիպուինք հարցնել նաեւ, թէ ի՞նչ է կեանքը որ կ՚ապրինք եւ թէ ինչո՞ւ պահանջքը կը զգանք յաճախ նորոգելու կեանքի ընդհանուր ընթացքը եւ նորոգուիլ այդ բնական ընթացքին մէջ։

Արդարեւ, մարդկային կեանքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ արտայայտութիւնը, ձեւաւորումը անոր ազնուագոյն շնորհներուն, ուժերուն եւ կարողութիւններուն։ Բայց այդ ընթացքին մէջ բնականաբար կը յայտնուին նաեւ, անխուսափելիօրէն կործանարար բնազդներ եւ կիրքեր, որ կը միջամտեն, կ՚ընդհատեն եւ շատ անգամ արգելք կը հանդիսանան, կը վնասեն զայն։

Անշուշտ մարդ արարածը օժտուած է բազմաթիւ ուժերով, կարողութիւններով եւ կոչուած՝ զանոնք գործածել ի նպաստ կեանքին։ Այս իմաստով մարդ կոչուած է միա՛յն բարի եւ տեւապէս օգտակար գործ կատարելու, քանի որ անոր առաջնակարգ կոչումն է իրերօգնութիւն՝ լրացնել իրարու թերութիւններ եւ զօրացնել զիրար իրենց տկարութիւններուն մէջ։

Աշխարհի մէջ որքան բարութիւն, խաղաղութիւն կը տիրէ, նոյնքան եւ դժբախտաբար երբեմն նոյնիսկ աւելի՝ կռիւ, պատերազմ, թշնամութիւն, հակառակութիւն, նախանձ, ատելութիւն եւ ամէն տեսակ չարութիւն… եւ ուրեմն այդ տեսակ ժխտական արարքներ պէտք է զտուին, մաքրուին կեանքէն, որպէսզի մարդ կարենայ ապրիլ իր սկզբնական կոչումին համաձայն եւ հաւատարիմ մնալ իր կոչումին մէջ։ Եւ մարդ պէտք է աշխատի միշտ մնալ խաղաղութեան մէջ՝ փոխանակ տրտմութեան ուրախութիւն ապրելու, փոխանակ արցունքի հաճոյք զգալու համար կեանքէն։

Մարդկային կեանքին, արդարեւ, պէտք չէ տիրապետէ արցունքը, այլ՝ խաղաղութիւնը՝ սէրը, ազատութիւնը եւ բարգաւաճումը։ Եւ ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով է որ մարդ պահանջքը ունի տեւական նորոգուելու, նորոգելու իր կեանքը, որպէսզի հեռանան իրմէ ամէն բացասական՝ ժխտական, վնասակար երեւոյթ, որոնք ցաւ եւ վիշտ կը պատճառեն իրեն եւ արգելք կը հանդիսանան իր խաղաղութեան, երջանկութեան՝ որոնց կոչուած է իր ստեղծագործութեան առաջին պահէն իսկ։

Կռիւը, անհամաձայնութիւնները, պատերազմը, թշնամութիւնները պտուղներն են մարդուն։

Երկինքի անէծքը, մարդուն անհնազանդութեան, յաւակնութեան, յանդգնութեան, որով կը յայտնուին բոլոր չարութիւնները, կռիւները. իսկ խաղաղութիւնը, սէրը՝ օրհնութիւնը Յաւիտենական եւ անսկիզբ Բարիին՝ եւ միջոցը, առիթը կեանքի մեծ իրագործութեան՝ որ կը նշանակէ ապրիլ կեանքը իր կոչումին համաձայն։

Ուստի, միտքերու լայնախոհութիւն, սիրտերու քաղցրութիւն, կիրքերու զգաստութիւն ամէն մարզի մէջ մարդս կ՚առաջնորդեն իր նպատակին ապահով եւ հաստատ քայլերով…։

Եւ ահաւասիկ, նորոգութեան եւ նորոգուելու պահանջքը կը յայտնուի այս կէտին՝ զեղչելու համար կեանքի այս անբաղձալի մռայլը եւ թոհուբոհը։ Արդարեւ ամէն յետին նպատակ, ամէն չարամտութիւն պէտք է սրբուի եւ նորոգուի ամէն անպատեհութիւն՝ որ վնաս կը պատճառեն մարդուն եւ կեանքի խաղաղ ընթացքին։ Անվտանգ կեանք մը կարելի է ապահովել միայն խաղաղ միջավայրի մէջ, եւ նորոգութիւնը անհրաժեշտ է այս խաղաղ միջավայրին հաստատման համար եւ տարեմուտը՝ Ամանորը լաւագոյն առիթ մըն է այդ նորոգման։ Ուստի պէտք կայ անդրադառնալու՝ ամփոփուելու, լրջանալու եւ իրարու հետ՝ միասիրտ ըլլալու։

Քրիստոնէական հաւատքը մեզի կու տայ այդ զգացումը եւ գիտակցութիւնը՝ թէ պէ՛տք է նորոգուինք եւ նորոգենք մեր կեանքը, ինչ որ Ամանորը կը յիշեցնէ իւրաքանչիւր քրիստոնեային այս պահանջքին կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը իր կեանքին բարգաւաճման համար։

Քրիստոնեան, ուրեմն, պէտք է հասկնայ եւ ըստ այնմ դիմաւորէ Ամանորը եւ գիտնայ օգտուիլ անոր ընծայած առիթներէն։

Անշուշտ որ «նոր»ը պէտք է դիմաւորուի ուրախութեամբ, բայց պէտք է նկատի ունենալ նաեւ որ «նոր»ը միշտ անորոշութիւն կը նշանակէ, եւ ուրեմն պէտք է նաեւ զգոյշ ըլլալ, եւ «նոր»ի մը պայմաններուն քայլ յարմարցնելու ուշադրութիւն ընել, ապա թէ ոչ կրնայ մարդ կորսուիլ «նոր»ին մէջ առանց նորոգուելու։

«Նոր»ը բարեբեր կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ ան կը դիմաւորուի ուղիղ հաւատքով, լուսաւոր յոյսով եւ աստուածաշնորհ սիրով։ Եւ հոն՝ ուր կը բացակայի հաւատքը, յոյսը եւ սէրը, կարելի չ՚ըլլար օգտուիլ անոր բարիքներէն։ Նորը, այս իմաստով պէտք է նպատակի մը ծառայէ, որ է ճշմարտութիւն, գեղեցկութիւն եւ բարութիւն։ Նոր տարին քրիստոնեային, ուրեմն պէտք է ներշնչէ այս բարձրագոյն արժէքներուն շնորհները, պէտք է բարձր նպատակներու առաջնորդէ եւ կեանքին իմաստը իմացնէ։

Նոր տարին, Ամանորը շնորհաւոր կ՚ըլլայ այն ատեն, երբ այս մտադրութեամբ, եւ մանաւանդ, գիտակցութեամբ դիմաւորուի։ Նոր տարին այն ատեն իմաստ կը ստանայ, երբ անիկա համարուի աշխարհի ստեղծագործութեան առաջին օրը՝ որուն պիտի յաջորդէ մարդուն արարչութիւնը, եւ ապա Աստուծոյ մարդեղութիւնը՝ Սուրբ Ծնունդը։

Արդարեւ, ստեղծագործութեան 6-րդ օրը կամ 6-րդ շրջանին պատահեցաւ մարդուն արարչութիւնը, ինչպէս նոր տարւոյ՝ յունուար 6-ին մարմնացաւ, մարդացաւ Աստուածորդին Յիսուս։ Ուստի եթէ յունուար 1-ը նոր տարիի սկիզբն է, որ կը համապատասխանէ տիեզերքի ստեղծագործութեան առաջին օրուան, յունուար 6-ն ալ մարդուն եւ Աստուածորդւոյն ծննդեան օրն է։

Ուրեմն, երբ կը դիմաւորենք Նոր տարի մը եւս, պէ՛տք է յիշենք այս բոլորը եւ զայն համաձայնեցնենք քրիստոնէական վարդապետութեան սկզբունքներուն եւ ապրինք անոր մեզի ընծայած վայելքները, օգտագործենք անոր բարիքները եւ մանաւանդ գիտակցութեամբ եւ քրիստոնէական ողջ հաւատքով, յոյսով եւ սիրով դիմաւորենք եւ ընդունինք զայն, եւ մաղթենք որ բարեբեր առիթ մը ըլլայ ան՝ լոյս հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ անդրադառնալու լաւագոյն առիթ մը։

Այս զգացումներով շնորհաւոր ըլլայ Նոր տարին…։

Տ. ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 6, 2018, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2018