ՄԱ­ՀԸ ԿԸ ԽՈՐ­ՏԱ­ԿՈ­ՒԻ ԿԵԱ՛Ն­ՔՈՎ

Քրիս­տոս իր ամ­բողջ կեան­քով եւ մա­նա­ւանդ իր կեան­քին վեր­ջին եօթ­նեա­կին ցոյց տուաւ, թէ ան­մա­հու­թիւ­նը միայն «մա­հէն ա­զատ ըլ­լալ»ու հո­գե­կան գո­յա­վի­ճակ մը չէ՛։

Ան ը­սաւ. «Ես իսկ եմ յա­րու­թիւն եւ կեանք»։ Եւ Ան ապ­րե­ցաւ այն­պէս կեանք մը՝ ուր սոր­վե­ցուց ապ­րիլ այն պայ­ման­նե­րու տակ, որ մա­հը չկա­րե­նայ վերջ դնել ա­նոր։ Յի­սու­սի վար­դա­պե­տու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ ու­ղե­ցոյց մը, բա­ցատ­րա­գիր մըն է այն­պի­սի կեանք մը ապ­րե­լու այս աշ­խար­հի վրայ՝ որ մա­հը կա­րող չըլ­լայ «վերջ» մը, վախ­ճան մը հան­դի­սա­նալ։ Ու­րեմն կը հե­տե­ւի, թէ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը՝ բո­լո­րո­վին ան­դե­նա­կան կեան­քի հետ ա­ռըն­չել կա­րե­լի չէ՛, քա­նի որ ան կը պատ­րաս­տուի երկ­րա­յին կեան­քի ըն­թաց­քին։ Ուս­տի, ան­մա­հու­թիւ­նը մա­հուան հետ կապ ու­նի եւ մա­հը երկ­րա­յին կեան­քին կը պատ­կա­նի։

Ան­շուշտ մա­հը մարմ­նա­ւոր գո­յու­թեան տե­սա­կէ­տով փո­փո­խու­թիւն մը կը ստեղ­ծէ։ Ը­սենք՝ մա­հը ժա­մա­նա­կի եւ մի­ջո­ցի մէջ վի­ճա­կի մը փո­փո­խու­թիւնն է։

Ար­դա­րեւ, «գո­յու­թիւն»ը ի­մաս­տա­ւո­րո­ղը հո­գի՛ն է, քա­նի որ նոյն Ինքն Յի­սուս կ՚ը­սէ, թէ մար­մի­նը ո՛չ մէկ բա­նի կը ծա­ռա­յէ, հո­գին է կա­րե­ւո­րը։

Երբ մար­դիկ կ՚ապ­րին ընդ­հան­րա­պէս աշ­խար­հա­պաշտ կամ աշ­խար­հա­սահ­ման կեան­քով եւ աշ­խար­հագ­նաց ըն­թաց­քով, բնա­կա­նա­բար կ՚ան­տե­սեն ա­մէն բա­րո­յա­կան ար­ժէք եւ հո­գե­ւոր ճշմար­տու­թիւն։ Ֆի­զի­քա­կան-մարմ­նա­կան աշ­խար­հը կը նա­խընտ­րեն հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու, յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու։ Ար­դիա­կա­նու­թեան ստեղ­ծած հո­սանք­նե­րէ տարուած, մար­դիկ հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նան հո­գե­ւոր եւ յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րէ։ Այ­սօր մար­դիկ կ՚ապ­րին միայն ներ­կան։ Այ­սօր մար­դիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն չեն ըն­ծա­յեր ան­ցեա­լին, ան­ցեա­լի ար­ժէք­նե­րուն եւ անդ­րա­դառ­նալ չեն ու­զեր ա­պա­գա­յին։ Ա­նոնց հա­մար «կեանք» ը­սուա­ծը ներ­կան է միայն, ապ­րի­լը՝ «պահ»ը։ Մինչ­դեռ կեան­քը, մար­դուն հա­մար ե­րեք ե­րես­ներ ու­նի՝ ան­ցեալ, ներ­կայ եւ ա­պա­գա՛յ։ Իսկ ա­պա­գան խոր­հող­ներ, միայն աշ­խար­հա­պաշտ մտա­հո­գու­թիւն­նե­րով, մարմ­նա­կան եւ նիւ­թա­կան մի­տում­նե­րով կ՚ըն­դու­նին զայն։

Մար­դիկ այ­սօր կը գո­հա­նան միայն տե­սա­նե­լի եւ շօ­շա­փե­լի ար­ժէք­նե­րով։ Ա­նոնց հա­մար ներ­կա­յի եր­ջան­կու­թիւ­նը բա­ւա­րար է, այ­սօր ե­թէ եր­ջա­նիկ են, ա­պա ու­րեմն ա­մէն ինչ կա­տա­րեալ է…։ Ե­թէ այ­սօր հա­րուստ են՝ բա­ւա­կան է ա­տի­կա՝ որ ու­րա՜խ ըլ­լան։ Մինչ­դեռ ժա­մա­նա­կա­ւոր է եւ աշ­խար­հի պատ­կա­նող եր­ջան­կու­թիւն։

Բայց մարդ պէտք է գիտ­նայ, թէ եր­ջան­կու­թե­նէ շա՜տ ա­ւե­լի վեր կայ, շա՜տ ա­ւե­լի հե­ռուն կայ ե­րա­նու­թեան վի­ճա­կը՝ որ ան­ժա­մա­նակ է եւ մշտնջե­նա­կա՛ն։

 Այս բո­լո­րը կը նշա­նա­կէ, թէ ան­մա­հու­թեան ճշմար­տու­թիւ­նը ո՛չ մա­հէն վերջ եւ ոչ ալ ան­դե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն մըն է, այլ՝ այս աշ­խար­հի վրայ մշա­կուող, երկ­րա­յին կեան­քին մէջ ա­ճող վի­ճա՛կ մը։

Սի­րե­լի­նե՜ր, յա­րու­թիւ­նը պսա­կումն է ան­մա­հու­թեան։ Կամ ը­սենք՝ յա­րու­թիւ­նը ան­մա­հու­թեան բնա­կան, բա­նա­կան մէկ հե­տե­ւանքն է։ Մար­դիկ յա­րու­թիւն պի­տի առ­նեն, քա­նի որ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք կայ, քա­նի որ ան­մա­հու­թիւն կայ։

Վիք­թոր Հիւ­կօ կ՚ը­սէ, թէ ան­մա­հու­թիւ­նը ա­ւե­լի շատ կը զգայ գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ, երբ կը շրջա­գա­յի գե­րեզ­մա­նա­տու­ներ, հոն կը հասկ­նայ որ ի­րա­պէ՛ս ան­մա­հու­թիւն կայ, յա­ւի­տե­նա­կան կեանք կա՛յ։ Ար­դա­րեւ ան­հա­տը հո՛ն է որ կը մնայ մի­նակ, իր լայն ա­ռու­մով, հո՛ն է որ կը յանձ­նուի իր իս­կա­կան էու­թեան եւ հո՛ն է որ կը վե­րա­դառ­նայ հո­ղին։

«Հող» կը նշա­նա­կէ՝ բուն էու­թիւն, իս­կու­թիւն։ Ան կը նշա­նա­կէ նաեւ եր­կիր, «ու­րիշ եր­կիր», այն եր­կի­րը՝ ուր­կէ ստեղծուե­ցաւ մա՛ր­դը։ Մար­դը ո՞ւր­կէ կու գայ։ Մար­դը յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թե­նէն կու գայ, հո­ղը զայն մարմ­նա­ւոր էա­կի կը վե­րա­ծէ, այ­սինքն ժա­մա­նա­կա­ւոր էա­կի։ Եւ մարդ ե­թէ դար­ձեալ վե­րա­դառ­նայ հո­ղին, ա­պա կը ստա­նայ դար­ձեալ իր իս­կա­կան նկա­րա­գի­րը՝ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, երբ Վիք­թոր Հիւ­կօ կ՚ը­սէ, թէ՝ գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րու մէջ կը զգամ ան­մա­հու­թիւ­նը, կար­ծեմ ա՛յս ը­սել կ՚ու­զէ, մա­հը «մա­հուան» վերջն է, մա­հէն վերջ այ­լեւս մահ չկա՛յ, հա­պա ե­թէ մահ չկայ, ու­րեմն ան­մա­հու­թի՛ւն կայ, քա­նի որ բնու­թիւ­նը չ՚ըն­դու­նիր եր­բեք ոչն­չու­թիւն…։

Բնաւ փոր­ձած էք շրջա­գա­յիլ գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րու մէջ։ Հոն միշտ մի­նա՛կ էք։ Մի­նակ էք, քա­նի որ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը բազ­մու­թեան խմբա­վայր մը չէ։

Գե­րեզ­մա­նա­տու­նը մի­նակ ան­հատ­նե­րու յա­տուկ տեղ մըն է՝ կեն­դա­նի կամ մե­ռեալ։ Ե­թէ մի­նակ ան­հա­տը մե­ռեալ է, յանձ­նուած է հո­ղին՝ ուր­կէ առ­նուած եւ ստեղ­ծուած էր։ Իսկ կեն­դա­նիին՝ ող­ջին հա­մար՝ գե­րեզ­մա­նա­տու­նը իր ամ­բող­ջու­թեամ­բը իր գո­յու­թիւ­նը կը պա­հէ այն մէկ հա­տիկ, մի­նակ սի­րե­լի՜ ան­ձին հա­մար, ո­րուն ա­ճիւն­նե­րը կը բո­վան­դա­կէ իր սե՛ւ ծո­ցին մէջ։

Ու­րեմն՝ ողջ կամ մե­ռեալ, եր­կու­քին հա­մար ալ մի­նա­կու­թեան են­թա­կան միշտ «ան­հա՛տ»ն է։

Գե­րեզ­մա­նա­տան մէջ մի­նակ շրջող մէ­կը՝ ի­րա­պէս «մի­նակ» է, սրբա­զան եւ խորհրդա­ւոր լռու­թեան մը մէջ կը գտնուի, ո՛չ ինքն ի­րեն հետ է եւ ոչ ալ իր­մէ զատուած։ Մի­նակ մար­դը իր խոր­հուրդ­նե­րուն, իր էու­թեան, իր նե­րաշ­խար­հին հետ է։ Ար­դա­րեւ, տի­րող լռու­թիւ­նը խորհր­դա­ւոր ի­մա՛ստ մը ու­նի։

Այդ խորհր­դա­ւոր լռու­թեան մէջ, հոն լռած է ա­մէն ինչ, մարդ­կա­յին ա­մէն կիրք՝ նա­խանձ, վա­տու­թիւն, կեղ­ծա­ւո­րու­թիւն, ա­տե­լու­թիւն, չա­րու­թիւն, ստու­թիւն, մո­լու­թիւն, անգ­թու­թիւն եւ ի՛նչ որ կը վի­րա­ւո­րէ մար­դը…։ Մար­մի­նին հետ հա­լած, բնաջն­ջուած է մարմ­նա­ւոր, աշ­խար­հա­յին կեան­քի հետ հա­մըն­թաց եւ զու­գոր­դուած ա­մէն տե­սակ ա­նօ­գուտ, ան­շահ եւ անշնորհք եւ մա­նա­ւանդ, վնա­սա­րար ի­րո­ղու­թիւն։ Գե­րեզ­մա­նա­տան մթնո­լոր­տին մէջ միա՛յն մէկ տար­րի, մէկ զգա­ցու­մի գո­յու­թիւ­նը կը զգա­ցուի, սէր եւ կա­րօ՛տ։ Ի՞նչ բա­նի կա­րօտ, ի՞նչ բա­նի սէր. յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան, այ­սինքն ան­մա­հու­թեա՛ն։ Ու­րեմն բնա­կան է, որ մարդ այդ մի­ջա­վայ­րին մէջ, այդ խորհր­դա­ւոր լռու­թեան մէջ ան­մա­հու­թիւ­նը, յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան կա­րօ­տը եւ փա­փա­քը զգայ։ Բնա­կան է, որ այդ խորհր­դա­ւոր մթնո­լոր­տին մէջ ան­մա­հու­թեան վրայ մտա­ծէ եւ ան­մա­հու­թիւ­նը զգա՛յ։

Ար­դա­րեւ ո՛չ մէկ ժխտա­կան ե­րե­ւոյթ մշտնջե­նա­ւոր է, ի վեր­ջոյ զայն կը վե­րա­ծ-ւի դրա­կա­նի, ա­մէն թե­րու­թիւն կ՚ամ­բող­ջա­նայ, ա­մէն տկա­րու­թիւն կը զօ­րա­նայ եւ ա­մէն ինչ կը կա­տա­րե­լա­գոր­ծուի։ Բնու­թեան ըն­թաց­քը ա՛յս է։ Ա­մէն ա­նո­րո­շու­թիւն ի վեր­ջոյ կը հաս­տա­տուի։ Ի՛նչ որ դրա­կան է, ի՛նչ որ կա­տա­րեալ է, ի՛նչ որ զօ­րա­ւոր է մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ եւ ան­շուշտ բնու­թեան մէջ՝ տե­ւա­կան է եւ ան­մա՛հ։ Զոր օ­րի­նակ, սէ­րը՝ տե­ւա­կա՛ն է, ո՛չ կը հին­նայ, ո՛չ կը պակ­սի եւ ոչ ալ կը բնաջն­ջուի։ Կան ան­շուշտ ու­րիշ բա­րո­յա­կան բարձր ար­ժէք­ներ՝ որ չեն վեր­ջա­նար, կը մնան մի՛շտ ա­նայ­լայ­լե­լի ու մշտնջե­նա­ւոր, ան­մա՛հ են, ինչ­պէս՝ բա­րու­թիւ­նը, սրբու­թիւ­նը, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը, եղ­բայ­րա­սի­րու­թիւ­նը, ճշմար­տու­թիւ­նը, ե­ւայլն։ Քա­նի որ ի՛նչ որ դրա­կան է՝ Աս­տուծ­մէ կը բղխի, ո­րով­հե­տեւ «դրա­կան ըլ­լալ» Աս­տու­ծոյ նկա­րա­գի՛րն է։

Սա­պէս ը­սենք, դրա­կա­նը աս­տուա­ծա­յին է, իսկ ժխտա­կա­նը՝ մարդ­կա­յի՛ն։ Դրա­կա­նը կա­տա­րե­լու­թիւն կ՚են­թադ­րէ, կը մնա՛յ, իսկ ժխտա­կա­նը՝ որ ան­կա­տա­րու­թեան հե­տե­ւանքն է, կ՚անց­նի կ՚եր­թայ։

Ուս­տի գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­ր կը նմա­նին խորհր­դա­ւոր գիր­քի մը՝ ո­րուն է­ջե­րուն մէջ, մեծ մա­սամբ պա­կաս­ներ կան, պատ­ռուած նե­տուած են, բա­ցի այն է­ջը՝ որ գրուած է գրի­չով մը՝ որ թաթ­խուած է Աս­տու­ծոյ սի­րոյն մէջ։ Գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ կը տի­րէ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­ւա­սա­րու­թիւն, եւ ո՛ւր որ կայ խա­ղա­ղու­թիւն եւ հա­ւա­սա­րու­թիւն, հոն կա՛յ ար­դա­րու­թիւն։

Այս մտա­ծում­նե­րով՝ ճշմար­տու­թիւն­ներ, Յի­սուս Քրիս­տո­սով մարմ­նա­ւո­րուած ճշմար­տու­թիւն­նե­րը ան­մա­հա­ցու­ցիչ են, ինչ­պէս Ինք ը­սաւ. «Ես եմ յա­րու­թիւն եւ կեանք»։ Ան Ինք իսկ Յա­րու­թեամ­բը ցոյց տուաւ ան­մա­հու­թեան ճամ­բան ամ­բողջ մարդ­կու­թեան։ Ա­նոր հա­ւա­տալ՝ ան­մա­հու­թեան ըն­դու­նե­լու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւնն է։

Մա­հը մարմ­նին ու հո­գիին բա­ժա­նումն է, ու­րեմն բա­ժա­նու­մը մա՛հ է։ Մա­հը հրա­ւէ՛ր մըն է ան­մա­հու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կա՜ն կեանքի…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 20, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 4, 2015