ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՎՍՏԱՀԻԼ

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին» (Ա. ՊԵՏՐՈՍ Ե 7)։

Պետրոս առաքեալի գրած առաջին ընդհանրական նամակի այս քաջալերական խօսքը ուղղուած է բոլորիս, որ երբեմն կը յուսալքուինք նեղութիւններու, մտահոգութիւններու, դժուարութիւններու ճնշումին տակ։

Արդարեւ, Պետրոս առաքեալի այս ընդհանրական նամակին (Ա ՊԵՏՐՈՍ Ա-Ե) գըլ-խաւոր նպատակն է քաջալերե՛լ ընթերցողները, որոնք նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ մտահոգութիւններու դիմաց կը գտնուին։ Պետրոս նռաքեալ իր այս Ա. ընդհանրական նամակին մէջ կը յիշեցնէ Յիսուս Քրիստոսի օրինակը, որուն մահը, Յարութիւնը եւ խոստացուած գալուստը հաւատացեալներուն յոյս պէտք է ներշնչեն։ Ասոր լոյսին տակ, ճշմարիտ հաւատացեալը պէտք է ընդունի նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները եւ քաջութեամբ դիմանայ անոնց, քանի որ ատիկա իր հաւատքին հարազատութեան երաշխիքն է. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։

Արդարեւ, հաւատքը կ՚ենթադրէ վստահութիւն. աւելի պարզ խօսքով՝ հաւատքը կը կատարելագործուի վստահութեամբ։ Աներկմիտ, հաստատ վստահութիւնը հաւատքին կատարելութիւնը ցոյց կու տայ, այն որ մարդուն հոգեւոր կեանքին ապահովութիւնը եւ անվտանգութիւնը կը նշանակէ։ Եւ այս իմաստով, հաւատքը իր նպատակին կը հասնի եւ նշանակութեան՝ իմաստ կը ստանայ աներկբայ, ստոյգ վստահութեան զգացումի արտայայտութեան։ Ուերմն՝ հաւատալ եւ վստահիլ համընթաց են, որոնք զիրար կը լրացնեն։ Հաւատքը ամբողջ եւ անթերի կ՚ըլլայ, երբ կ՚արտայայտուի կատարեալ, անկասկած վստահութեա՛մբ…։

«Պետրոս նաւակէն իջաւ եւ ջուրերուն վրայէն քալելով սկսաւ երթալ Յիսուսի։ Բայց տեսնելով հովին սաստկութիւնը՝ վախցաւ, եւ երբ սկսաւ ընկղմիլ.- Տէ՛ր, ազատէ՛ զիս, պոռաց։ Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարելով բռնեց զայն եւ ըսաւ.- թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար» (ՄԱՏԹ. ԺԴ 29-31)։

Արդարեւ, երբ Յիսուս ըսաւ. «Եկո՛ւր», պէտք է վստահիլ եւ երբեք չտարակուսիլ, չվարանիլ…։

Ճշմարիտ հաւատքը իր իմաստը կը գտնէ աներկբայ վստահութեան արտայայտութեան մէջ։

Եւ անոնք որոնք կը վստահին եւ կը դիմանան՝ պիտի վարձատրուին, երբ Յիսուս Քրիստոս կրկին յայտնուի։

Պետրոս առաքեալի քաջալերական խօսքերու կողքին, կը պահանջուի հաւատացեալներէ իրենց հաւատքին մէջ միշտ արթուն եւ պատրա՛ստ ըլլալ. սուրբ կեանքով եւ անկեղծ եղբայրութեամբ ապրիլ եւ «կենդանի տաճար»ներ ըլլալ՝ ամրօրէն հաստատուած Քրիստոսի ժայռին վրայ։

Եւ մենք, բոլորս ներկայ օրերուն ո՜րքան պէտք ունինք հաւատքի, վստահութեան եւ քաջութեան։

Ներկայ համավարակի պատճառած նեղութիւնները եւ դժուարութիւնները կարելի է յաղթահարել համբերութեամբ, քաջութեամբ՝ հաւատալով ե՛ւ վստահելով Աստուծոյ, որ մեր հոգերը կը հոգայ միշտ իբրեւ Ամենախնամ, Ամենագութ Հա՛յր։ (Ա ՊԵՏ. Ե 7)։ Ձգենք մեր հոգերը Աստուծոյ եւ հաւատանք, վստահինք, քա՛ջ ըլլանք…։

Անշուշտ երբ կ՚ըսենք «ձգենք մեր հոգերը Աստուծոյ», այս չի՛ նշանակեր անշարժ, անաշխատ եւ անգործ մնալ՝ բոլորովին անհոգ եւ անտարբեր ըլլալ. ուստի պէտք է զգոյշ ըլլալ, կարելին ընել, քաջ ըլլալ եւ գործելով վստահի՛լ։

Վստահութիւն ունենալու համար մարդ պէտք է այդ վստահութեան արժանի գործէ. որովհետեւ վստահութիւնը շարժումի մէջ կը գտնէ իր իսկական իմաստը։ Պարզապէս վստահիլ եւ ծալապատիկ նստիլ, անաշխատ մնալ կը հակասէ վստահութեան գաղափարին։ Մարդ գործելու է եւ այդ գործին մէջ վստահութիւն ունենալու է եւ անշուշտ այդ վստահութիւնը քաջութիւն պիտի ներշնչէ ենթակային։ Ուերմն, աշխատիլ հաւատքով եւ գործել քաջութեամբ վստահելով, որ մեր հոգերը ի վերջոյ պիտի փարատին անպայմա՛ն…։

Արդարեւ, Աստուած ո՛չ միայն Արարիչ, այլ նաեւ Ամենախնամ Հայր է։ Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածները առանձին։ Ան Իր արարածին միայն ծնունդ չի տար եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, կը հոգայ եւ կը խնամէ. զայն գործելու, աշխատելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին ապահովութեան մէջ։

Ճանչնալ, անդրադառնալ այս կատարեալ առկախութեան ճշմարտութիւնը Արարչէն՝ աղբի՛ւր է «իմաստութեան» եւ «ազատութեան», «ուրախութեան» եւ «վստահութեա՛ն»։

Ուստի, արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը եւ կատարելութիւնը. բայց ան Արարչին ձեռքէն չէ ելած բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուեցաւ «ընթացողի վիճակի մէջ»՝ միշտ յառաջդիմութեան եւ կատարելութեան մէջ. ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։ Այն միջոցառումները որոնցմով Աստուած կ՚առաջնորդէ Իր արարչագործութիւնը դէպի այս կատարելութիւնը, մենք զայն կը կոչենք «Աստուածային Նախախնամութիւն»։ Եւ այս իսկ պատճառով ընդունելի չէ՛ «ճակատագիր» անուանուած վիճակը, քանի որ արարչագործութիւնը տակաւին կ՚ընթանայ որոշ «ծրագիր» մը գործադրելով։ Եւ դարձեալ, ա՛յս պատճառը, որ մենք աղօթքով կրնանք փոխել ներկայ կացութիւնը, քանի որ ան տակաւին չէ կատարելագործուած եւ բնական ընթացքի մը մէջ կը յառաջանայ դէպի կատարելութիւն։ Ահաւասիկ, այս ընթացքին մէջ աղօթքով կարելի է փոխել շատ բան, բաւ է որ աղօթքը կատարեալ հաւատքով եւ վստահութեամբ մատուցուի եւ անշուշտ անկեղծ ըլլայ։

«Աստուած Իր նախախնամութեամբ կը պահպանէ եւ կը կառավարէ ինչ որ ստեղծած է. զօրութեամբ կը հասնի ծագէ ծագ եւ կը տնօրինէ ամէն ինչ քաղցրութեամբ» (ԻՄՍ. Ը 1)։ Որովհետեւ Անոր հայեացքին դիմաց՝ «ամէն ինչ մերկապարանոց կայ» (ԵԲՐ. Դ 13), նոյնիսկ այն բոլոր բաները, զորս արարածներուն «ազատ կամք»ը պիտի իրագործէ։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին է, որ հաւատքը եւ վստահութիւնը կարեւորութիւն կը ստանան եւ իր իսկական իմաստը կը գտնէ Յիսուսի այն խօսքը, թէ՝ «Խնդրեցէ՛ք Աստուծմէ եւ պիտի տայ ձեզի, փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք, բաղխեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի» (ՄԱՏԹ. Է 7-8). «Որովհետեւ խնդրողը պիտի ստանայ»։ Եւ նաեւ՝ «Կ՚ըսեմ ձեզի, որ եթէ մանանեխի հատիկի մը չափ հաւատք ունենաք, պիտի կարենաք ըսել այս լերան.- Հոսկէ հոն տեղափոխուէ, եւ պիտի տեղափոխուի։ Ո՛չ մէկ բան անկարելի պիտի ըլլայ ձեզի համար» (ՄԱՏԹ. ԺԷ 20)։

Սուրբ Հոգին գլխաւոր հեղինակն է Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ, եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։

Աղօթքներ եւ մանաւա՛նդ Սաղմոսներու աղօթքը ամենամեծ դպրո՛ցն են այս վստահութեան։

Վստահութեամբ կրնանք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն, ամէն նեղութիւն եւ մեզ տառապեցնող, մեզ տանջող ամէն մտահոգութիւն փարատել եւ չքացնել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 24, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020