ՍԻՐՈՅ ՄԱՍԻՆ
Սիրոյ մասին խորհիլ, խորհրդածել եւ խօսիլ շատ բնական է, քանի որ ամբողջ կեանքը հաստատուած չէ սիրոյ վրայ։ Արդարեւ, այս մասին կրկնութիւնը երբեք ձանձրոյթ պէտք չէ պատճառէ մարդուս, քանի որ սէրը կեանքի ամէն պահուն գոյութիւն ունի. եւ ինչպէս որ մարդ շնչառութենէ չի ձանձրանար, սիրոյ մասին մտածելէ եւ խօսելէ ալ պէտք չէ՛ ձանձրանայ, քանի որ ան անհրաժեշտ պահանջք մըն է ապրելու համար…։
Ուստի, կարիքը չկայ սիրոյ մասին նոր հետազօտութիւններ, ուսումնասիրութիւններ կատարելու, քանի որ սէրը մի՛շտ նոյն «սէր»ն է, եւ որովհետեւ մենք նոյնիսկ անտեսենք սէրը մեր կեանքի ընթացքին, ան երբեք չի թողուր մեզ։ Ուստի, մենք պէտք ալ չունինք սիրոյ մասին նոր հետազօտութիւններ կատարելու, որովհետեւ մենք նոյնինքն Քրիստոսը ունինք որպէս սիրոյ վարդապետ՝ ուսուցիչ, որ կ՚ըսէ. «Սիրեցէ՛ք զիրար եւ եթէ զիրար սիրէք, պատուիրաններս կը գործադրէք». (ՅՈՎՀ. ԺԴ 23)։
Արդարեւ, սէրը պատուիրաններուն գլուխն է՝ առաջնակարգը, եւ ան որ կ՚ուզէ զԱստուած պաշտել՝ հաւատալ եւ վստահիլ Անոր, միւս բոլոր պատուիրաններէն առաջ պէ՛տք է սէր ունենայ։
«Ձեր զիրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան թէ դուք ի՛մ աշակերտներս էք, ինչպէս որ ես ձեզ սիրեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 35)։ Եւ դարձեալ. «Ամէն բանէ առաջ սրտանց սէր ունեցէք իրարու». (Ա ՊԵՏ. Դ 8)։ Որովհետեւ Ինք սէր է. Յովհաննէս «սէր» կը կոչէ զԱստուած, եւ Ան, որ ճշմարիտ սէրն է, կը բնակի բոլոր սիրտերուն մէջ։ Եւ երբ մարդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ կը մնայ, ան Աստուծոյ մէջ կը բնակի եւ Աստուած իր մէջ, քանի որ ան Աստուծոյ սիրոյ հրամանը՝ պատուէրը կը գործադրէ՝ սէրը կեանքի կը վերածէ։ Սէրը կեա՛նք է եւ կեանքը կը սկսի սիրո՛վ…
Սէրը Հին կտակարանի մէջ եւս քարոզուած է, բայց Նոր կտակարանի մէջ Քրիստոս կը պատուիրէ բարեկամները, բայց նաեւ թշնամիները սիրել եւ իր բարեկամին սիրոյն կեանքն իսկ զոհել. (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Արդարեւ, Քրիստոս կեանքը զոհեց Իր թշնամիներուն, ե՛ւ բարեկամներուն համար, որպէսզի մեր մէջ սիրոյ պատուիրանը ամրացնէ ո՛չ միայն խօսքով, այլեւ գործո՛վ։ Ան, արդարեւ, եղաւ «Սիրոյ տիպար»ը։
Ուստի, ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը այն է՝ որ մարդ պիտի սիրէ ո՛չ թէ ակնկալութեամբ եւ կամ որոշ դիտաւորութեամբ եւ կամ յետին նպատակներով, ո՛չ թէ աւանդական-ընտանեկան սովորութեամբ մը, ո՛չ թէ «սիրուն դէպք»ի մը համար, ո՛չ թէ որովհետեւ համակրելի թուելուն համար, ո՛չ թէ գութի մը համար եւ ոչ ալ ուրիշի մը սիրոյ փոխադարձելու համար, այլ պիտի սիրէ բոլորը եւ բոլորին հետ խաղաղութեան մէջ պիտի ըլլայ միա՛յն Աստուծոյ պատուիրանին համար։ Սիրոյ փոխադարձելու համար սիրել, սէր չէ՛, քանի որ սէրը առեւտուրի առարկայ մը չէ երբե՛ք։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, քրիստոնեան եւ Քրիստոսի աշակերտները, հետեւորդները պէտք է սիրեն իրենց եղբայրները ճշմարիտ եւ անկեղծ, քրիստոսաւանդ սիրով. «Ձեր զիրար սիրելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 35)։ Ուստի, եղբայրը, լայն առումով՝ իր նմանը սիրելը աւելի լա՛ւ է, քան մարգարէական ոգի մը ունենալը. աւելի բա՛րձր է, քան առաքելական կոչումը. աւելի պատուակա՛ն է, քան մարտիրոսներու, վկաներու պատիւը, աւելի պատուեալ կ՚երեւի, քան բոլոր առաքինութիւնները եւ ամբողջապէս կը նմանի առաջնորդի մը, որ իր շքեղութեամբ եւ կարողութեամբ կը փայլի պարզ, համեստ ժողովուրդին մէջ։
Արդարեւ, առանց սիրոյ կարելի՞ է, որ ողորմութիւն ըլլայ։ «Ի՞նչ օգուտ, եթէ բոլոր ինչքերս աղքատներուն տամ եւ նոյնիսկ մարմինս կրակի տամ եւ եթէ սէր չունենամ, այդ բոլորը ո՛չինչ կ՚արժեն». (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 3)։
Եւ քանի որ կա՛յ սէրը, ապա ինչո՞ւ ատելութիւն եւ թշնամութիւն…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 2 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 06/17/2025
- 06/17/2025