ՔՈՎ ՔՈՎԻ՝ ՏԱՐԲԵՐ ՅՈՅԶԵՐՈՎ
Ի՜նչ չարաշուք պատահականութիւն մըն էր. բախտ վիճակած էր իրենց հսկայական օդանաւակայանին մէջ նստելու քով քովի: Անոնց միջեւ գտնուող միակ հասարակաց գիծը այդ սպասման սրահին մէջ գտնուիլն էր պարզապէս. տարբեր էին անոնց յոյզերը, սրտի խռովքն ու ապրումները: Երկուքն ալ երազկոտ, իրենց երեւակայութեանց մէջ կը խարխափեն, թանձր մշուշի մը մէջ յառաջիկայ օրերու անցուդարձը կռահել փորձելով:
Նման պարագաներու կարճ սպասում մը անգամ յաւերժական կը թուի ըլլալ. օտարութեան մէջ մեռնող իրենց հոգին, սիրելիներու կարօտն ու յիշատակը այդ սպասումը կը դարձնէին աւելի անողորմ: Առեղծուածային այդ երազական վիճակը պահ մը վերջ կը գտնէ աշխատակիցի յայտարարութեամբ. պէտք էր օդանաւ բարձրանալ:
Նախասահմանութիւնը այնպէս կը կարգաւորէ, որ սպասման սրահին մէջ քով քովի լուռ նստող մտացիր անձերը օդանաւին մէջ եւս աթոռակիցներ ըլլան. անոնցմէ աւելի տարեցը կը վճռէ խորտակել անհանդուրժելի լռութիւնը. շահագրգռուած հետաքրքիր շեշտով մը կը սկսի իր հարցաքննութիւնը.
-Գործո՞վ կ՚երթաս հայրենիք:
Մղձաւանջէ մը սթափողի տպաւորութեամբ աթոռակիցը կը նայի զինք հարցաքննողի երեսին. տիրող լռութիւնը պահպանելու մեծ ցանկութիւն մը կ՚ունենայ, սակայն բարեկրթութիւնը կը կանխէ այդ միտքը:
-Ո՛չ, գործով չեմ մեկնիր...
-Է՜հ, կարելի է դուն ալ ինծի պէս սիրելիներու կարօտով կը մեկնիս... արդէն երեք տարի եղաւ Լեւոնս չեմ տեսած. Հալէպէն աղջկայ մը հետ պիտի պսակուի մի քանի օր ետք. կ՚երթամ իրենց ուրախութեան մասնակից դառնալու. հայրենիքի մէջ քէֆ ընելը տարբեր համ ու հոտ մը ունի, այդպէս չէ՞...
Համամիտ չըլլալով հանդերձ կամաց մը գլուխը կը շարժէ. ո՞վ կրնար հակակարծիք ըլլալ հայրենիքի մէջ եղող քէֆի համի ու հոտի անզուգականութեան.
-Առաջին անգա՞մ հայրենիք կ՚երթաք:
-Ոչ, նախապէս մի քանի անգամ այցելած եմ...
-Օդն ու ջուրը տարբե՜ր է... ամէ՛ն կողմդ հայ. մարդ ինքզինք տան մէջ կը զգայ... մե՛նք ենք որ օտարութեան մէջ անիմաստ կը տառապինք. պիտի երթամ երկու շաբաթ լա՜ւ մը քէֆ ընեմ, կարօտս առնեմ: Ի միջի այլոց չըսիք, դուք ինչո՞ւ համար կը մեկնիք:
Մարդը կը զգայ, որ ազատում չունի. լռութիւնը յաղթուած է արդէն եւ այսպէս կամ այնպէս հարցաքննութիւնը նոյն շունչով պիտի շարունակուի՝ մինչեւ հասնին հայրենիք: Վարանումին դիմաց աթոռակիցը կը կրկնէ իր հարցը.
-Դժբախտաբար, ուրախ առիթով մը չեմ երթար հայրենիք։
-Բժշկական վիրահատութեա՞ն համար կ՚երթաք. իրաւո՛ւնք ունիք. մեր մօտ բժշկութիւնը սուղ է, սակայն Հայաստանի մէջ ամէն բան մատչելի... Է՜հ այսպէս հայրենիք ունենալ ու չհպարտանա՞լ...
-Ոչ... ձեր մտածածին պէս չէ... եղբայրս մահացաւ... կ՚երթամ եղբօրս թաղման ներկայ գտնուելու:
Յաղթուած լռութիւնը պահ մը կը կենդանանայ. նահանջած է նաեւ հարցաքննողը: Կեանքի այդ ի՞նչ զաւեշտ էր, որ քով քովի բերած էր այդ հայորդիները, որ մին քէֆի, իսկ միւսը տրտմութեան կ՚առաջնորդէր զիրենք. քով քովի նստած մէկուն հոգին արցունքի գերեզման, իսկ միւսինը՝ քէֆի ու կարօտի ճառագայթ մը պարզապէս:
Մինչեւ հայրենիք լռութիւնը շարունակուեցաւ. սուգի ու տխըրութեան դիմաց ուրիշի մը ուրախութիւնն անգամ ամօթ ըլլալ կը թուի. քաղաքավարութիւնը իր պարտուած դերը կը կատարէր. մին իր տխրութեամբ ու սուգով չէր ուզեր քանդել միւսին ուրախութիւնը, իսկ ուրախութեամբ լեցուածը՝ իր ուրախութեամբ պղծել յիշատակը մեկնողին, որ անկասկած յուսահատութեան ցաւ մը պատճառած էր աթոռակիցին:
Օդանաւը հասաւ հայրենիք։ Աթոռակիցները զգալով պահուն խորութիւնը իրար նայեցան. մին պէտք է շնորհաւորէր, իսկ միւսը՝ իր ցաւակցութիւնը յայտնէր, սակայն լռութիւնը շարունակեց յաղթել. պարզապէս իրարու ձեռք սեղմելով բաժնուեցան:
***
Երկուքն ալ հայրենիքի մէջ էին արդէն. մին ուրախութեամբ ու խնդուքով, իսկ միւսը արցունքով ողջագուրուեցաւ զիրենք դիմաւորելու եկող հարազատներուն. առաջինը մոռցած էր արդէն, իր միւսը եկած էր իր Լեւոնը պսակելու, իսկ Լեւոնի հայրը՝ մոռցած իր եղբօրը թաղման արարողութեան եկող աթոռակիցը:
Անարդար երազ մը ըլլար կարծես կեանքը. յաջորդ օր մին հայկական անուշ գինին ձեռքին՝ խնդութեամբ կը պարէր, իսկ միւսը իր եղբօր դիակին դիմաց, զինք անգամ մը եւս չտեսնելու վիշտով կը տառապէր ու այդ բոլորը կը կատարուէին միատեղ... մին իր Լեւոնին ձեռքէն բռնած կը պարէր, իսկ միւսը իր եղբօր դագաղին մէկ ծայրէն բռնած զինք հողին կը յանձնէր. մին յիշատակներ կը ստեղծէր, իսկ միւսը կը փորձէր յիշատակները վերյիշել:
Ա՛յս է կեանքը ամէն տեղ. ուրախութեան ու տխրութեան, սիրոյ եւ ատելութեան, բարիքի ու չարիքի անվերջ պայքար մը պարզապէս:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Անգլերէնը հայերէն լեզուէն աւելի հի՞ն է:
Պատասխան. Հայերէնը աւելի հին է՝ քան անգլերէնը. հայերէնի արմատները կու գան մեր թուականէն հազարամեակներ առաջ՝ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարուան հնութեամբ մը: Հայերէնը հնդեւրոպական լեզու է, որ մշակուած է մեր նախքան Քրիստոս հինգ դարեր առաջ. անգլերէն լեզուն կազմուած է աւելի ուշ։ Հին անգլերէնը սկսաւ զարգանալ միջնադարին, մօտաւորապէս 5-րդ դարաշրջանին, զգալի ազդեցութիւն ունենալով գերմանացի ցեղերէն: Թէեւ երկու լեզուներն ալ կը պատկանին հնդեւրոպական ընտանիքին, հայերէնը ունի շատ աւելի երկար պատմութիւն, քան անգլերէնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան