ՇԻՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Կեանքի մէջ կան այնպիսի շինարար՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր սկզբունքներ, որոնք կեանքը կը դիւրացնեն եւ անոր ընթացքը կ՚որոշեն։
Զոր օրինակ, ուրիշի մը հետ վարուիլ այնպէս՝ ի՛նչպէս որ կ՚ուզես վարուին քեզի հետ։ Այս կը նշանակէ՝ հասկնալ ուրիշին զգացումները, մտածումները եւ համեմատել զանոնք իր զգացումներուն, իր մտածումներուն հետ, եւ ըստ այնմ վարուիլ կամ շարժիլ ուրիշներու նկատմամբ։ Այս հին բայց մշտանորոգ սկզբունքը այսօր ալ կը պահէ իր արժէքը եւ կ՚արտայայտուի որպէս «համակրական հասկացողութիւն», որ կը կանոնաւորէ մարդկային փոխյարաբերութիւնները եւ անշուշտ անոնց բարելաւման պատճառ կ՚ըլլայ, լաւ յարաբերութիւններ մշակելու առիթ ընծայելով մանաւանդ։
Մարդ երջանիկ կ՚ըլլայ ինքն իրմով, բայց նաեւ իր շուրջիններով։ Արդարեւ, ընտանիքի մը մէջ, կամ ընկերութեան մէջ եթէ մէկ հոգի իսկ երջանիկ չէ, այս կը նշանակէ որ ոչ մէկը երջանիկ է։
Ուրեմն, անհատապէս երջանիկ ըլլալ չի բաւեր կատարեալ երջանկութեան մը համար, այլ պէտք է որ շուրջիններն ալ երջանիկ ըլլան, որպէսզի ամէն մէկ անհատ ինքզինք երջանիկ զգայ։
Ընտանիքի մը մէջ, կամ բարեկամներու շրջանակի մէջ եթէ մէկ անդամ իսկ դժբախտ է, ապա ուրեմն կարելի՞ է, որ միւսները երջանիկ զգան իրենք զիրենք։ Ուրեմն երջանկութեան համար անհրաժե՛շտ է հաւաքական՝ ամբողջական երջանկութիւնը, անհատական կատարեալ խաղաղութեան մը հաստատման համար։
Այս իմաստով՝ ներքին խաղաղութիւնը արդէն ինքնին երջանկութեան ազդակներէն մին եւ կարեւորագոյնն է. իսկ ներքին խաղաղութիւնը կը հաստատուի ուրիշներու խաղաղ հոգեվիճակով։ Ուրիշ խօսքով, ներքին խաղաղութիւնը կախում ունի ուրիշներու՝ շուրջիններուն խաղաղութենէն, որ յատկապէս կ՚ազդէ մարդուս ընդհանուր հոգեվիճակին՝ ներգործելով անոր բարոյական կեանքէն ներս։ Ուրեմն, կատարեալ եւ ամբողջական երջանկութիւնը կը հաստատուի եւ կը գոյատեւէ բոլորին երջանկութեամբ։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, մարդ պէտք է երջանիկ ըլլայ եւ երջանկացնէ իր շուրջինները՝ որպէսզի տեւական ըլլայ իր երջանկութիւնը։
Կեանքի մէջ, արդարեւ, բարոյական շինարար սկզբունքներ ըլլալու են՝ որոնց հաւատարիմ անհատներ կարենան կազմել եւ տեւականացնել առողջ եւ երջանիկ ընկերութիւն մը, միութիւն մը՝ ընտանիք կամ բարեկամական լայն շրջանակ մը։
Հանրային առողջ հոգեկան աշխարհ մը անհրաժեշտ պէտք է նկատուի ամբողջական երջանիկ միութեան մը համար։ Զոր օրինակ, զիրար հասկցող անդամներէ կազմուած ընտանիք մը հանրային առողջ սկզբունքներու վրայ հաստատուած է՝ ուր երջանկութիւնը անպակաս կ՚ըլլայ։
Նաեւ՝ զիրար հասկցող, իրարու հանդէպ համակրական հասկացողութիւն զգացող բարեկամներու բարեկամութիւնը առողջ բարեկամութիւն մը, ամուր կապ մըն է, որ անկեղծ բարեկամներու երջանկութիւն կը պատճառէ։
Ուստի, իրերհասկացողութիւնը՝ միանալով հանդուրժողութեան հետ, կը դառնայ ուղեցոյց լուսարձակի մը՝ որ անփոխարինելի բարոյական «զէնք»ի մը կը վերածուի, քանի որ երկնային լոյսով լուսաւորուած խիղճը բաղձացուած խաղաղութեան եւ երջանկութեան մեծագոյն եւ մշտնջենական ազդա՛կն է։
Ուրեմն երջանիկ մարդը կ՚ըսէ.- Ես ունիմ իմ առողջ եւ ուղիղ դատողութիւնս, պատիւս եւ արժանապատուութիւնս եւ խի՛ղճս, որոնց ցուցմունքին համաձայն եւ համեմատ կը շարժիմ եւ կը վարեմ կեանքս, քանի որ անհատներու եւ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ այս երեք արժէքները միայն կը մատնանշեն ամենէն բանաւոր, ամենէն օգտակար եւ ամենէն ապահով եւ վստահելի ուղղութիւնը։
Արդարեւ, մարդ եթէ ուղիղ եւ առողջ դատողութեան տէր է, գիտէ, որ ինք հայելի՛ն է ուրիշին եւ փոխադարձաբար, ուրիշը՝ իրեն։ Ուրեմն գիտէ նաեւ որ եթէ ուրիշը երջանիկ է, ինքն ալ անոր երջանկութեամբ երջանիկ պիտի ըլլայ։
Դատողութիւնը կարելի է նմանցնել ժամացոյցի, կրնայ ան շատ յարգի եւ ճշգրիտ ժամացոյց մը ըլլալ՝ պայմանաւ որ մարդ շարունակ խնամք տանի անոր։ Բայց ամենէն ընտիր ժամացոյցն իսկ կրնայ որեւէ պատճառով մը խանգարուիլ՝ սխալիլ եւ կամ երբեմն բոլորովին գործելէ դադրիլ։ Ուստի հարկ կ՚ըլլայ ատեն ատեն նորոգել, ուղղել զայն։
Խիղճը՝ աստուածային այդ ազդարարը դատողութիւնը նորոգիչին դերը կը կատարէ՝ կը նորոգէ եւ կ՚ուղղէ զայն, սխալները կը սրբագրէ, ուղղութիւնը կը շտկէ։ Եւ կատարեալ է այն մարդը՝ որ կրնայ ներդաշնակել դատողութիւնը եւ խիղճը, եւ դատողութիւնը կրնայ հակակշռել խղճով։
Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, երջանիկ ըլլալու համար պէտք ունինք մեր շուրջիններուն երջանկութեան, եւ այս կը նշանակէ, որ իրապէս երջանիկ ըլլալու համար պէ՛տք է ամէն ջանք թափենք երջանկացնելու համար մեր շուրջինները՝ ընտանիքի անդամները եւ մեր բարեկամները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28, 2018, Իսթանպուլ