ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ԹՇՆԱՄԻ Է ԼԱՒԻՆ

Մարդ էակը կոչուած է կատարելութեան, այս պատճառով բնական է որ ան ձգտի միշտ կատարեալին, լաւագոյնին։ Բայց երբ մարդ կ՚ուզէ լաւագոյնը ընել, յաճախ կրնայ լաւն իսկ չընել, քանի որ լաւագոյնը թշնամի է լաւին։ Մարդ երբ կը ձգտի լաւագոյնին, լաւը չի գոհացներ զինք եւ լաւը կ՚անտեսուի, կերպով մը կը զոհուի լաւագոյնին եւ լաւը կը մնայ անկատար։ Իսկ երբ լաւը չըլլայ, կարելի՞ է որ լաւագոյնը ըլլայ, եւ այդ պատճառով մարդ լաւագոյնին ճամբուն վրայ կը զրկուի լաւէն ալ։

Բանաւոր էակը՝ մարդը միշտ բարեփոխութեան մէջ է՝ դէպի աւելի լաւը, դէպի կատարեալը, բայց ասիկա պէտք չէ արգելք ըլլայ լաւին, եւ կամ թէ «թշնամի» ըլլայ թերութիւններու եւ տկարութիւններու արդիւնք անկատարութիւններու, որոնք մեկնակէտերը պիտի ըլլան կատարելութեան։ Ուրիշ խօսքով, մարդ պէտք է գիտնայ աստիճան աստիճան բարձրանալ  եւ այդ կերպով հասնիլ իր նպատակին, իր մտադրած բարձրութեան։ Որովհետեւ ամէն յաջողութիւն որոշ աշխատութեան մը արդիւնքը պէտք է ըլլայ։

Ուրեմն հարցը ի վերջոյ «բարիք»ի եւ «չարիք»ի  հարց մըն է. լաւի եւ վատի, կատարեալի եւ անկատարի, եւ այլն։

Ի՞նչ է ուրեմն առարկայական ստուգանիշը «բարիք»ին եւ «չարիք»ին։

Մարդկային կեանքը եւ մարդկային հասարակութիւններ կը ներշնչուին, նոյնիսկ լռելեայն, մարդուն եւ անոր ճակատագրին՝ ընդհանուր ծրագրի մը մէջ գրաւած դիրքին մասին տեսութենէ մը՝ որմէ կը քաղեն իրենց դատումի բաղդատութեան եզրերը, իրենց արժէքներուն դասաւորումը եւ իրենց ուղեգիրքը։ Մարդկային փոխյարաբերութիւններ մեծ մասամբ իրենց գործունէութիւնը կ՚առընչեն մարդոց իրերուն վրայ ունեցած որոշ մէկ գերիշխանութեան հետ։ Այս իմաստով, միայն աստուածայնօրէն յայտնուած Կրօնը յստակօրէն ճանչցած եւ ընդունած է Արարիչ, Նախախնամ եւ Փրկիչ Աստուծոյ մէջ ծագումը եւ ճակատագիրը մարդուն։

Մարդ, որ կ՚անգիտանայ եւ կամ կը մերժէ այս եզրը, քանի որ չ՚ընդունիր որ բարիին եւ չարին շուրջ առարկայական չափանիշ մը պաշտպանուի, կատարելութեան ճամբուն վրայ կը հանդիպի արգելքներու, որոնք պատճառ կը հանդիսանան անոր անկատարելութեան։

Աստուած աղբիւրն է եւ հեղինակը ամէն բարիքի։ Արդարեւ, խոստացուած երջանկութիւնը՝ որ է կատարելութիւնը, լաւագոյնը, կը դնէ մարդս բարոյական վճռական ընտրանքներու դիմաց։ Կը հրաւիրէ մարդը մաքրազտելու իր սիրտը իր յոռի եւ վատ բնազդներէն եւ ամէն բանէ վեր՝ փնտռելու Աստուծոյ սէրը։

Ան կ՚ուսուցանէ մարդուս, թէ ճշմարիտ երջանկութիւնը՝ կատարելութիւնը եւ լաւագոյնը չի կայանար բարեկեցութեան կամ հարստութեան մէջ, ո՛չ մարդկային փառքին կամ հզօրութեան մէջ, ո՛չ իսկ մարդկային որեւէ գործի մը մէջ, որքան ալ օգտակար ըլլայ ան, ինչպէս են գիտութիւնը, արուեստագիտութիւնները եւ արուեստները, ո՛չ ալ ո՛չ մէկ արարածի մէջ, այլ միա՛յն Աստուծոյ մէջ՝ աղբիւր ամէն բարիքի եւ ամէն սիրոյ։

Արդարեւ, հռչակը, ճանչցուած ըլլալու իրողութիւնը հասած է նկատուելու իբրեւ կատարելութիւն, իբրեւ բարիք մը ինքն իր մէջ, գերակայ բարիք մը՝ առարկայ մը իսկական մեծարանքի։ Մինչդեռ անոր մէջ կը կորսուի իրական կատարելութիւնը, լաւագոյնը եւ բարիքը…։

«Վարդապե՛տ, ի՞նչ բարիք գործ ընելու եմ՝ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։

Այս հարցումը ուղղող երիտասարդին Յիսուս կը պատասխանէ նախ յիշեցնելով, թէ անհրաժեշտ է ճանչնալ զԱստուած իբր «միակ Բարին», իբրեւ գերազանց եւ բացարձակ Բարին եւ իբրեւ աղբիւր ամէն բարիքի։ Յետոյ, կը յայտարարէ անոր. «Եթէ կ՚ուզես յաւիտենական կեանքը մտնել, պատուիրանները պահէ»։

Եւ Յիսուս Իր խօսակցին կը թուէ այն պատուիրանները, որոնք կը հային մերձաւորին սիրոյն. «Մի՛ սպաններ, մի՛ շնար, մի՛ գողնար, սուտ մի՛ վկայեր, հայրդ ու մայրդ պատուէ»։

Ի վերջոյ Յիսուս դրական ձեւի տակ կը համառօտէ այս պատուիրանները. «Ընկերդ սիրէ անձիդ պէս» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 16-19)։

Այս առաջին պատասխանին կ՚աւելնայ երկրորդ մը. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ, գնա՛, ունեցածներդ ծախէ՛, աղքատներուն տո՛ւր եւ երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս, եւ ետեւէս եկո՛ւր» (ՄԱՏԹ. ԺԹ 21)։

Երկրորդ պատասխանը չի ջնջեր առաջինը։

Յիսուս Քրիստոսի հետեւիլը կը բովանդակէ գործադրութիւնը պատուիրաններուն։

Օրէնքը չէ ջնջուած, բայց մարդը հրաւիր-ւած է վերագտնելու զայն իր Վարդապետին Անձին մէջ՝ որ անոր կատարեալ գործադրումն է։

Համատես երեք Աւետարաններուն մէջ, Յիսուսի կոչը ուղղուած հարուստ երիտասարդին՝ Իրեն հետեւելու աշակերտի հնազանդութեամբ եւ պահպանելու պատուէրները, մերձեցուած է աղքատութեան, հաւատարմութեան, ողորմութեան, արդարութեան եւ ողջախոհութեան կոչին։

Ուստի աւետարանական խրատները անբաժանելի՛ են պատուիրաններէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 18, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 5, 2019