ՀԱՑԻՆ ԵՒ ԳԻՆԻԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Սուրբ Պատարագի խորհուրդին հանդիսակատարումին կեդրոնական մաս կը հանդիսանան «հաց»ը եւ «գինի»ն, որոնք Քրիստոսի խօսքերով եւ Սուրբ Հոգիին կոչումով կը փոխուին Քրիստոսի Մարմինին եւ Արիւնին։

Արդարեւ Սուրբ Պատարագ՝ «Messe», կամ «Միսսա» լատին լեզուով կը նշանակէ «արձակում», քանի որ փրկութեան խորհուրդը կատարող ծիսակատարումը կը վերջանայ՝ իր աւարտին կը հասնի հաւատացեալներուն արձակո՛ւմով՝ որպէսզի տուն երթան եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն. «Օրհնեալ եղերո՛ւք ի շնորհաց Սուրբ Հոգւոյն։ Երթա՛յք ի խաղաղութիւն, եւ Տէր Յիսուս եղեցի ընդ ձեզ ընդ ամէնեսեանդ։ Ամէն»։ (Օրհնեալ եղէք Սուրբ Հոգիին շնորհներով, գացէք խարարութեամբ եւ Տէր Յիսուս թող ըլլայ ձեզ բոլորիդ հետ. ամէն)։

Հաւատարիմ Տիրոջ տուած պատուէրին եւ ի յիշատակ Անոր՝ մինչեւ Անոր փառքով վերադարձը, 000Եկեղեցին կը կատարէ՝ կատարել կը շարունակէ ի՛նչ որ Ան ըրաւ Իր չարչարանքներուն նախօրեակին. «Առաւ հացը…», «Առաւ գինիով լեցուն բաժակը…»։

«Հաց»ին եւ «Գինի»ին նշանակները, խորհրդաւորապէս Քրիստոսի Մարմին եւ Արիւն դառնալովը, կը շարունակեն արարչութեան ալ բարութիւնը խորհրդանշել։ Քանի որ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդով է որ մենք կը միանանք Քրիստոսի՝ որ մեզ Իր Մարմինին եւ Իր Արեան մասնակիցներ կը դարձնէ, մեզի հետ կազմելով «մէ՛կ մարմին»։ (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 16-17), ուր Առաքեալը կ՚ըսէ. «Երբ կը խմեմ այն բաժակէն՝ որ Տիրոջ Ընթրիքի յիշատակին կ՚օրհնենք, միթէ Քրիստոսի Արեան հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Եւ երբ կը ճաշակենք այն հացէն՝ որ կը բեկանենք, միթէ Քրիստոսի Մարմինին հաղորդուած չե՞նք ըլլար։ Մենք բոլորս մէկ հաց, մէկ մարմին ենք, որովհետեւ նոյն եւ միակ հացէն կը ճաշակենք»։ Կը կոչուի նաեւ «սրբութիւններ», ասիկա է առաջին իմաստը «սուրբերու հաղորդութեան», որուն մասին կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի. «հաց հրեշտակներու, հաց երկինքի, դեղ անմահութեան, թոշակ…»։

Եւ այս կերպով, Ընծայումին ատեն, գոհութիւն կը մատուցանուի Արարչին՝ հացին եւ գինիին համար. «Անիկա Իր վերնատուններէն լեռները կը ջրէ։ Քու գործերուդ պտուղէն երկիրը կը կշտանայ։ Անիկա անասուններուն համար խոտ կը բուսցնէ եւ մարդուն ծառայութեան համար՝ բոյս, որպէսզի կերակուր հանէ երկրէն եւ գինի՝ որ կ՚ուրախացնէ մարդուն սիրտը, եւ իւղ՝ որ անոր երեսը փայլեցնէ եւ հաց՝ որ կը հաստատէ մարդուն սիրտը», (ՍԱՂՄ. ՃԴ 13-15), որոնք պտո՛ւղն են «մարդուն աշխատանքին», բայց նախապէս «պտուղ եւ երկրին» եւ «այգիին», որոնք պարգեւները, շնորհներն են Արարչին։

Մելքիսեդեքի անձին մէջ, որ թագաւոր եւ քահանայ էր եւ որ «հաց եւ գինի բերաւ» (ԾՆՆԴ. ԺԴ 18), Եկեղեցին նախապատկերը կը տեսնէ իր մատուցած ընծային։

Ուստի, Հին Ուխտին մէջ, երկրիս երախայրիք եղող «հաց»ը եւ «գինի»ն Արարչին «զոհ» մատուցուած են ի նշան երախտագիտութեան։ Բայց Ելից Գիրքի շրջագիծին մէջ «հաց»ը եւ «գինի»ն նոր իմաստ մը, նոր նշանակութիւնը մը կը ստանան։ Ամէն տարի Զատիկի օրը Իսրայէլի ճաշակած «բաղարջ հաց»երը կը յիշատակեն Եգիպտոսէն ազատումի շտապ մեկնումը։ Անապատի մանանան Իսրայէլին միշտ պիտի յիշեցնէ, թէ կ՚ապրի Աստուծոյ Խօսքին հացով (Բ ՕՐ. Ը 3)։ Վերջապէս ամէնօրեայ հացը՝ «խոստացուած Երկրին» պտուղն է եւ գրաւականը Աստուծոյ հաւատարմութեան՝ Իր կատարած խոստումներուն հանդէպ։ Հրեաներուն զատկական ընթրիքին աւարտին «օրհնութեան բաժակ»ը (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 16). գինին տօնական ուրախութեան կը հաղորդէ կատարածնային ծաւալ մը, ծաւալը «Երուսաղէմի վերականգնութեան մեսիական սպասումին»։

Արդարեւ, Յիսուս Հաղորդութիւնը հաստատեց՝ հացին եւ բաժակին օրհնութեան տալով նոր եւ վերջնական նշանակութիւն մը։

Հացերուն բազմացումին հրաշքները, որոնց ընթացքին Տէրը հացերը օրհնեց, բեկանեց եւ Իր առաքեալներուն միջոցաւ բաշխեց բազմութեան որ ուտեն, նախապատկերն են, նախատիպարը Իր Հաղորդութեան միակ «հաց»ին բազմաճոխութեան. (ՄԱՏԹ. ԺԴ 13-21, ԺԵ 32-39)։ Նաեւ, Կանայի մէջ գինիի փոխուած ջուրին հրաշքը (ՅՈՎՀ. Բ 11) արդէն իսկ կ՚աւետէ Յիսուսի փառաւորումին ժամը։ Ան կը յայտնէ հարսանեկան ընթրիքին իրագործումը Հօր Արքայութեան մէջ՝ ուր հաւատացեալները պիտի ըմպեն Քրիստոսի Արեան փոխ-ւած «նոր գինի»ն. (ՄԱՐԿ. ԺԴ 25)։

Ս. Հաղորդութեան մասին Յիսուսի կատարած առաջին ծանուցումը՝ աշակերտներուն մէջ պառակտում յառաջացուց, ինչպէս որ չարչարանքներուն լուրն ալ գայթակղեցուց զանոնք. «Խիստ են այս խօսքերը, ո՞վ կարող է զանոնք տանիլ» (ՅՈՎՀ. Զ 60)։ Հաղորդութիւնը եւ Խաչը՝ քար գայթակղութեան են։ Անոնք նո՛յն խորհուրդն են, որ կը շարունակէ «բաժանումի առիթ» ըլլալ. «Դո՞ւք ալ կ՚ուզէք մեկնիլ» (ՅՈՎՀ. Զ 67). Տիրոջ այս իմաստալից հարցումը կ՚արձագանգէ դարէ՜ դար՝ իբր հրաւէր մը Անոր սէրը փնտռելու, գիտնալով թէ Ի՛նք միայն ունի «յաւիտենական կեանքի խօսքերը» (ՅՈՎՀ. Զ 68), եւ թէ Իր Հաղորդութեան պարգեւը հաւատքով ընդունողը՝ զԻնք կ՚ընդունի։

Արդարեւ, Տէրը սիրեց իրենները եւ սիրեց զանոնք ի սպառ։ Գիտնալով թէ հասած է ժամը, ընթրիքի ատեն՝ անոնց ոտքերը լուաց եւ սիրոյ պատուիրանը տուաւ անոնց. «Նոր պատուիրան կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք իրար…» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։

Այո՛, սիրելինե՜ր, սիրենք զիրար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 15, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 6, 2019