ԱԶԳԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏԸ՝ ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՏԵՍԱԿԷՏԷ

Ամենահին ժողովուրդներ եւ ազգեր, մինչեւ իսկ մտաւոր եւ բարոյական զարգացման ամենաստոր աստիճանի վրայ գտնուող ժողովուրդներ եւ վայրենաբարոյ ցեղեր, ամուսնութիւնը միշտ համարած են իբրեւ սուրբ, բարոյական կապ երկու ամուսինի՝ այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ։ Նմանապէս միշտ սուրբ համարուած է այն բնական-բարոյական կապը, որ կը գոյանայ ամուսնութենէ ընտանիքի անդամներու մէջ. եւ այս, այն աստիճան որ ինքը՝ բնութինւը կ՚ազդէ, կը ստեղծէ տեսակ մը «անարատ սէր» իր ազգականի հանդէպ, տեսակ մը գգուանք, տհաճութիւն սեռական յարակցութեան հանդէպ կամ ամուսնութիւնը նոյն ընտանիքի անդամներու մէջ. մերձաւոր ազգականներու մէջ։

Այս բնական զգացումով, որ յատուկ է միայն մարդուն իբրեւ գլխաւոր յատկանիշներէն մէկը՝ որով ան կը տարբերի եւ կը գերազանցէ անբան անասուններէն։ Ուստի, մարդիկ միշտ անկարելի եւ աններելի՛ կը համարեն եւ համարած են ո՛չ միայն ապօրինի սեռական յարակցութիւնը, այլ եւ օրինաւոր ամուսնութիւնը միեւնոյն ընտանիքի անդամներու՝ ազգականներու մէջ։ Եւ եթէ երբ եւ իցէ «ներելի» համարուած է ամուսնութիւնը հարազատ եղբօր եւ քրոջ մէջ, ինչպէս երբեմն Եգիպտոսի մէջ (Tissot, Le mariage, la separation), կամ ինչպէս Ամերիկա՝ Փերուի բնիկ վայրենիներու մէջ (Tissot, նոյն), այդ երբեք ներելի եւ օրինաւոր չէ՛ համարուած հօր եւ աղջկայ, եւ կամ մօր եւ որդիի մէջ։

Պատմական եւ մա՛նաւանդ իրաւաբանական վկայութիւններ ցոյց կու տան, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդի եւ ազգի մտաւոր-բարոյական զարգացման համընթաց զարգացած է եւ այդ վսեմ գաղափարը ամուսնութեան սրբութեան նկատմամբ, որով աւելի եւ աւելի՛ հեռացած է եւ ընդլայնած, ընդարձակուած է «օրինաւոր ամուսնութեան սահման»ը՝ նոյն ընտանիքի անդամներու՝ ազգականներու մէջ։

Արդարեւ, գիտական կենսաբանական հետազօտութիւններ, որոնց գլխաւորն է՝ կեանքի բազմաթիւ փորձերը դարերու ընթացքին, կը հաստատեն՝ որ մերձաւոր ազգականներու ամուսնութենէն ծնած զաւակները սովորաբար սակաւակեաց՝ կարճ ապրող կ՚ըլլան, տկար եւ թոյլ թէ՛ ֆիզիքական կազմուածքով եւ թէ՛ մտաւոր-բարոյական կարողութեամբ եւ ուժերով, սակաւ ընդունակ առողջ սերունդ մէջբերելու իրենց կողմէ, եւ ուրիշ բազմաթիւ անպատեհ երեւոյթներ եւ հետեւանքներ անշուշտ։

Ուստի եւ վնասակա՛ր է մարդկութեան կանոնաւոր եւ առողջ աճման համար մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւնը իրարու հետ։ Այս ընդհանուր կանոնը կը ստուգուի զանազան պատմական օրինակով՝ մի քանի երեւելի ընտանիքներ բոլորովին ոչնչացած եւ ջնջուած են յատկապէս մերձաւոր ազգականներու ամուսնութիւններու պատճառով։

Ամուսնութեան միջնորդութեամբ ընտանիքները կը կապուին իրարու հետ սիրոյ եւ բարեկամութեան կապերով, ուրկէ կը հետեւի հասարակական կեանքի խաղաղութիւն՝ որ շատ կը նպաստէ քաղաքակրթութեան եւ անոր զարգացման։

Ահա՛, այսպիսի բազմատեսակ հանգամանքներ պատճառներն են՝ որ որպէս հին, նո՛յնպէս եւ նոր դարերու ժողովուրդներու թէ՛ կրօնական եւ թէ՛ աշխարհական օրէնսդրութիւնները մեզի ցոյց կու տան, թէ՝ միշտ կանոններ եւ օրէնքներ գտնուած են, որոնք կ՚արգիլեն ամուսնութիւնը միեւնոյն ընտանիքի անդամներու մէջ։ Այս կանոնները միշտ գործադրուած են տարբեր ձեւերով եւ պայմաններով զանազան շրջաններու եւ վայրերու մէջ…։

Արենակցութիւնը. «consanguinitas» կոչուած է այն ազգականութիւնը՝ որուն անդամները կապուած են իրարու հետ համարիւնութեան կապով, ծննդեան միջոցով սերած են անոնք կա՛մ յաջորդաբար մէկը միւսին եւ կա՛մ զանազան ճիւղերով ընդհանուր նախահօրէ մը կամ բնից, «truncus»։ Եւ ուրեմն բոլոր արենակիցները իրարու հետ ունեցած կապով կը կազմեն «շարք» մը կամ գիծ, «linea»։

Այդ գիծը կ՚ըլլայ կա՛մ «ուղիղ». «linea recta» եւ կա՛մ «կողմնական». «linea transversa» կամ «obliqua»։ Ուղիղ գիծը կը բաժնուի երկու ձեւի. «վերընթաց». «linea superior» եւ «վայրընթաց». «inferior»։

Վերընթացը կը սկսի ծնողներէն դէպի վեր եւ այս գծին կը պատկանին ծնողք կամ հայր. «pater» եւ մայր «mater» եւ անոնց ծնողք կամ պապ՝ հաւ, որոնց շարունակութիւնը կը կոչուի «նախնիք». «majores»։

Իսկ ազգականներու մերձաւորութիւնը կամ հեռաւորութիւնը կը կոչուի ազգակցական աստիճան. «gradus cognationis»։ Այս աստիճաններու մէջ իւրաքանչիւր ծնունդ կը կազմէ աստիճան մը։ Ազգականութեան հեռաւորութիւնը որոշելու համար սովորաբար գործածուած են որոշ նշաններ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 5, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023