ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
«Ճշմարտութիւնը գեղեցիկ գետ մըն է որ ո՛չ մէկը կրնայ ցամքեցնել», կ՚ըսէ Victor Hugo (1802-1885)։
Ճշմարտութիւնը այն առաքինութիւնը եւ արժէքն է, որ կը կայանայ ուղիղին ձգտելու եւ ճիշդը տեսնելու մէջ՝ զգուշանալով երկդիմութենէն, ձեւացումէն, սուտէն եւ մա՛նաւանդ կեղծաւորութենէն։ Այս իմաստով, մարդը բնականաբար կը ձգտի ճշմարտութեան։ Ուստի ճշմարտութիւնը վեհագոյն մտապատկերն է մարդուն, որուն հասնիլ՝ կը կատարելագործէ, կը զօրացնէ եւ կ՚ամբողջացնէ զայն։ Ճշմարտութիւնը իտէալ մըն է՝ որուն հասնիլ մարդուն առաջնակարգ կոչումն է։ Մարդ պարտի հաւատարիմ մնալ իր կոչումին եւ աշխատիլ հասնելու իր իտէալին։ Ան պարտի պատուել ճշմարտութիւնը եւ վկայել անոր։ Իրենց արժանապատուութեան զօրութեամբ, բոլոր մարդիկը, քանի որ «անձ»եր են եւ մղուած են իրենց բնութեան եւ բարոյական ստիպողութեամբ, պարտաւորուած են փնտռելու ճշմարտութիւնը եւ ամենէն առաջ ա՛յն ճշմարտութիւնը՝ որ հայի կրօնին։ Անոնք նաեւ պարտաւոր են փարիլ ճշմարտութեան, հազիւ թէ ճանչնան զայն եւ պարտին իրենց ամբողջ կեանքը կանոնաւորել ըստ ճշմարտութեան պահանջներուն։
Ճշմարտութեան կ՚ընկերակցին անվարձ ուրախութիւն, բարոյական գեղեցկութիւն եւ բարիին գործածութիւնը։ Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցիկ է եւ բարութենէ կ՚աճի, ան իր հետ կը բերէ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։ Ճշմարտութիւնը՝ իբր իմացական արտայայտութիւն ստեղծուած եւ անստեղծ իրականութեան ճանաչումին անհրաժե՛շտ է իմացականութեամբ օժտուած մարդուն համար, եւ սակայն ճշմարտութիւնը կրնայ նաեւ գտնել մարդկային արտայայտութեան լրացուցիչ տարբեր ձեւեր, մանաւանդ երբ խնդրոյ առարկայ է ոգեկոչել ի՛նչ որ անպատում է, ինչպէս՝ մարդկային սրտին խորութիւնը, հոգիին վերացումը, Աստուծոյ խորհուրդը։
Արդարեւ, Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ տիեզերական բարբառովը արարչագործութեան՝ որ գործն է Անոր Խօսքին։ Անոր Իմաստութեան կարգը եւ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին - զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը - ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տայ անոնց Արարիչը». (ԻՄՏ. ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք», (ԻՄՏ. ԺԳ 3)։
«Ստեղծուած ըստ Աստուծոյ պատկերին». (ԾՆՆԴ. Ա 26), մարդը Աստուծոյ հետ իր առընչութեան ճշմարտութիւնը կ՚արտայայտէ նաեւ իր գեղարուեստական գործերուն գեղեցկութեամբ։ Արդարեւ, «արուեստ»ը յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութիւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան։ Ահաւասիկ, այս կէտին, արուեստը՝ ճշմարտութեան բնական արգասիքներէն մին է, անոր շողերն են բարին, գեղեցիկը եւ հոգեւոր ամէն արժէք…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 6, 2023, Իսթանպուլ