ԵՐԲ ԿԸ ԽՕՍԻ ՄԱՐԴ
Խօսիլը՝ մարդուս ամենէն խորհրդանշական արարքն է, քանի որ խօսիլը միա՛յն իրեն յատուկ կարողութիւն մըն է բոլոր կենդանական աշխարհին մէջ։ Արդարեւ, մարդ, կը զանազանուի եւ կը տարբերի միւս բոլոր կենդանի էակներէն՝ իր բանականութեան եւ խօսելու յատկութեամբ։ Խօսիլը բանականութեան բնական մէկ հետեւանքն է։ Մարդ իր բանականութիւնը կ՚արտայայտէ խօսելով, այսինքն միտքը, մտածումը խօսքի փոխելով։ Մարդ բառերով է որ կը խօսի. իսկ «բառ» կը կոչուի ձայներու այն խումբը կամ հնչիւնը՝ որ իմա՛ստ մը կ՚արտայայտէ։ Ասկէ կը հետեւի անշուշտ, թէ՝ ամէն ձայն «խօսիլ» չի նշանակեր, եթէ ան իմաստ մը չ՚արտայայտեր։
Եւ այս իմաստով, լեզուի մէջ գործածուող բոլոր բառերը միասին «բառային կազմ» կամ «բառապաշար» կը կոչուին։ Բառերը, ըստ իրենց իմաստին եւ գրաւոր ձեւին, կ՚ըլլան «նոյնանիշ», «հոմանիշ», «հականիշ» եւ «նոյնանուն»։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները ցոյց կու տան, թէ խօսիլը իրապէս արուեստ մըն է՝ ուղիղ բանականութեան եւ շիտակ ըմբռնումի հարց մը…։
Բառեր շարել յաջորդաբար՝ «խօսիլ» չի՛ նշանակեր, եթէ «իմաստ»ը կը պակսի։
Խօսելու կամ գրելու ատեն բառերու միջոցաւ նախադասութիւններ կը կազմուին, այդ բառերը իրենց նշանականութեամբ եւ ձեւով իրարմէ կը տարբերին։ Բառերը ըստ իրենց նշանականութեան, երբեմն նաեւ ըստ իրենց ձեւին եւ կիրարկութեան՝ կը կազմեն խումբեր, որոնք կը կոչուին «խօսք» կամ «խօսքի մասեր»։ Խօսքի մէջ գոյական անունը կը գործածուի տարբեր ձեւերով. իւրաքանչիւր ձեւ ունի «իմա՛ստ» եւ նախադասութեան մէջ կը կատարէ որոշակի պաշտօն։ Իսկ գոյականի փոփոխութիւնը նախադասութեան մէջ այս կամ այն պաշտօնը կատարելու համար, կը կոչուի «հոլովում», իսկ փոփոխուած, հոլովուած իւրաքանչիւր ձեւ կը կոչուի հոլով։
Ուրեմն, ուղիղ եւ նպատակայարմար խօսիլը արուե՜ստ մըն է, զոր կը պահանջէ լուրջ վարժութիւն։
Այս պատճառով է որ շատեր կը խօսին, բայց քիչեր իմաստալից բան մը կ՚ըսեն…։
Շատեր խօսիլ կ՚ուզեն, բայց «ուզել»ը կարենալ չէ՛. այն որ կ՚ուզէ անխռով ապրիլ, լաւ կ՚ընէ նախ իր կարողութիւնը եւ տարողութիւնը փորձէ եւ յետոյ գործել սկսի իր նախընտրած մարզին մէջ։ Այս անհրաժե՛շտ է մանաւանդ հանրային խօսակցութիւններու եւ կամ հրապարակագրութեան մէջ։ Այլապէս, շիտակ խօսիլ կամ ուղիղ գրել՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը պահանջէ, քանի որ ամբողջ բազմութիւն մը կը գտնուի իր դիմացը։ Խօսելու կամ գրելու ատեն անհրաժեշտ է նկատի ունենալ ունկնդիրներու կամ ընթերցողներու վիճակը, ընդհանուր տրամադրութիւնը եւ մանաւանդ անոնց ակնկալութիւնները, եւ ո՛չ խօսողը եւ ո՛չ ալ գրողը, իրաւունք ունին յուսախաբ ընելու իրենց ունկնդիրները կամ ընթերցողները։ Եւ, խօսողը կամ գրողը իրաւունք չունի նաեւ սխալ ընթացքի մէջ մատնելու ունկնդիրը կամ ընթերցողը ծուռ եւ սուտ տեղեկութիւններ փոխանցելով անոնց, եւ կամ թերի գաղափարներ յայտնելով անոնց։ Արդարեւ, Սուրբ Վիչենցիոսի ամենէն քաջամարտիկ ընկերակիցը ի զուր կը յարձակէր Պղինձէ քաղաքին վրայ, եւ ամէն անգամ «յաղթեցի» պոռալով՝ իրականին ծաղրուծանակ կ՚ըլլար։ Ուստի «յաջողիլ» տարբեր բան է, «յաջողիլ կարծել»՝ բոլորովին տարբե՛ր։
Երբ նիւթը «խօսիլ» է, կամ «գրել», ինչ որ ո՛չ միայն խօսողը կամ գրողը կը հետաքրքրէ, այլ՝ ամբողջ հասարակութիւն մը՝ ունկնդիրներու եւ ընթերցողներու, նպատակը ըլլալու է՝ օգտակար ըլլալ, ինչ որ խօսողին կամ գրողին յաջողութիւնն է եւ յաղթանա՛կը։
Կան ոմանք, որ որեւիցէ դա՛տ մը պաշտպանելու կ՚ելլեն մէկէն՝ առանց իրենցմէ պահանջուած ըլլալու, ինքնակոչ եւ կարծեցեալ պաշտպան հռչակելով իրենք զիրենք։ Իրենց այդ ըրածը կամովին նուիրում մը կամ ինքնազոհութի՞ւն է, թէ պարզապէս իրենք զիրենք գոհացնելու փորձ մը։ Յայտնի չ՚ըլլար շատ անգամ, քանի որ մարդիկ արտաքին երեւոյթին կարեւորութիւն կու տան եւ մինչեւ իսկ «հերոս»ի հանգամանք կ՚ընծայեն անոր։ Այդպիսի ինքնակոչ պաշտպաններ, դատ մը պաշտպանելու կ՚ելլեն բայց չեն գիտեր ո՛չ դատին իսկութիւնը, ո՛չ ալ ի՛նչ պէտք է՝ ինչ փաստարկումներ, ինչ գործելակերպ, եւ հետեւաբար խոհեմ եւ օրինաւոր պաշտպանութեան տեղ՝ անխոհեմ եւ ապօրինաւոր ունայնաբանութեան՝ պարապ եւ անիմաստ խօսքերու կը դիմեն եւ խօսած ժամանակ անոնք կը խայտառակուին։ Անոնք ո՛չ իրենք իրենց եւ ո՛չ ալ հասարակութեան օգտակար կ՚ըլլան, այլ՝ միայն կը վնասեն իրենք զիրենք եւ հաւաքականութի՛ւնը։
Ուստի ո՛չ դատարկաբանութիւնը եւ ո՛չ իսկ պոռոտախօսութիւնը եւ մեծխօսիկութիւնը օգուտ մը ունին, այլ միայն վնա՛ս։
Ինչպէս որ «ամէն պեխաւոր հայրդ…» նոյնպէ՛ս ալ ամէն լսածդ ճշմարիտ չի կրնար ըլլալ։
Մարդ, տեսածը խօսելու կամ գրելու պէտք չէ՛ վախնայ. բայց լսածը յայտարարելէ եւ կամ գրելէ առաջ պէտք է լա՛ւ քննէ եւ ուսումնասիրէ։
Արդարեւ, ամէն «խօսող» կամ «գրող» ի՜նչ որ կը լսէ եւ կը տեսնէ, կը հրապարակէ, եւ ո՛չ «խօսող» մը եւ ո՛չ ալ «գրող» մը ասկէ առաւել կրնայ ընել։ Իսկ իր հրատարակութիւններուն եւ յայտարարութիւններուն արժէք մը տալու իրաւունքը ընթերցողներուն եւ ունկնդիրներուն կը վերաբերի։ Այս իրողութիւնը անտեսող «գրող» կամ «խօսող»ներ անմիջապէս կը զայրանան, կը բարկանան եւ կը հակազդեն՝ երբ մէկը ելլէ եւ տեղեկացնէ զիրենք, թէ իրենց տուած այս ինչ լուրը կամ ծանօթութիւնը անտեղի է եւ անհիմն եւ այն ինչ հրատարակումը կամ յայտարարութիւնը ապօրինաւոր է։ Մէկ անձ մը կը գրէ, բայց հազար անձ կը կարդայ, մէկ հոգի կը խօսի, սակայն հազար հոգի կ՚ունկնդրէ… միեւնոյն գոյնը կամ միեւնոյն երգը ամէն աչքի եւ ամէն ականջի ախորժելի չի կրնար ըլլալ։
Եւ ուրեմն, իմաստուններ պարտին խօսիլ, իսկ պարզամիտներ՝ լռե՛ն։ Բայց երբ պարզամիտը կամ անտաղեակը իր ձայնը բարձրացնէ՝ իսկական իմաստունը ա՛յն է որ կը լռէ։
Արդարեւ, դժուար բան է իմաստակներու, մեծամիտներու եւ յաւակնոտներու հետ վիճիլ, ուստի իմաստունին վերջին եւ միա՛կ ընելիքը՝ լռութիւնը պահել եւ լռութեամբ հարուածել է զանոնք։ Արհամարհական լռութիւնը արդէն անխօս եւ անգիր պատասխան մըն է անոնց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
2018, Իսթանպուլ