ԽՂՃԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ

Բարոյապէս բարի արարքը կ՚ենթադրէ միանգամայն լաւութիւնը առարկային, նպատակին եւ պարագաներուն։ Գէշ նպատակ մը կ՚ապականէ արարքը, նոյնիսկ եթէ անոր առարկան ինքնին բարի է. զոր օրինակ, աղօթելը կամ ծոմ պահելը՝ տեսնուելու համար մարդոցմէ։

Մարդ որպէս «իմացական արարած» ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ՝ անոր տրուելով անձի մը արժանապատուութիւնը, որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մարդը իմացական արարած է, եւ ասով՝ նման Աստուծոյ։ Ան ստեղծուած է ազատ եւ տէր իր արարքներուն»։ Այս իմաստով ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ կատարելու գործեր։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։

Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ, հետեւաբար կարելիութիւնը աճելու կատարելութեան մէջ եւ կամ սայթաքելու եւ մեղանչելու։ Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէ՛ս մարդկային արարքները. ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանիքի։

Մարդը իր խղճմտանքին խորը կը գտնէ ներկայութիւնը օրէնքի մը՝ որ ինք չէ տուած, սակայն որուն ինք պարտական է հնազանդիլ։ Այս «ձայն»ը, որ անդադար կը մղէ զինք սիրելու եւ կատարելու բարին եւ զգուշանալու չարէն, պատեհ պահուն կը հնչէ անոր սրտին մէջ՝ սրտին մտերմութեան մէջ։ Ասիկա օրէնք մըն է՝ արձանագրուած Աստուծոյ կողմէ մարդուն սրտին մէջ։ Խղճմտանքը մարդուն ամենէն մտերիմ եւ ամենէն գաղտնի ներսիդին է. սրբավայր մը ուր ան առանձին է Աստուծոյ հետ եւ ուր Աստուծոյ ձայնը ինքզինք յայտնի եւ լսելի կ՚ընէ։

Ուրեմն խղճմտանքը՝ մարդուս ազատութիւնը հակակշռող «ձայն» մըն է՝ որ կը մղէ դէպի բարին եւ ուղեցոյց կ՚ըլլայ որ մարդ ընտրէ բարին եւ օգտակարը փոխանակ չարին եւ վնասակարին։

Խղճի ազատութիւնը կ՚ենթադրէ շարժիլ եւ վարուիլ ըստ խղճմտանքի աստուածային «ձայն»ին եւ անկախ ըլլալ ամէն արտաքին ազդեցութիւններէ, բարին ընտրելու հանդէպ ամէն արգելքներէ։

Մարդուն սրտին մէջ ներկայ եղող բարոյական խղճմտանքը պատեհ վայրկեանին կը հրամայէ անոր կատարել բարին եւ զգուշանալ չարէն։ Ան կը զատորոշէ նաեւ կատարելիք ընտրանքները, անսալով բարիին, մերժելով չարը։ Ան կը վկայէ ճշմարտութեան իշխանութեան՝ որ կապակցութեան մէջ է գերագոյն Բարիին հետ, որուն քաշողականութիւնը կը կրէ մարդկային անձը եւ կ՚ընդունի Անոր պատուիրանները։ Խոհեմ եւ ողջամիտ մարդը երբ կ՚ունկնդրէ բարոյական խղճմտանքը, կարող կը դառնայ լսելու իրեն խօսող Աստուածը։

Եւ ահաւասիկ, խղճի ազատութիւնը այն ուժն է՝ արժէքը, որ կը զօրացնէ մարդը լսելու խղճին ձայնը եւ շարժելու ըստ անոր ցուցմունքին։

Խղճի ազատութիւնը արգելք կը հանդիսանայ այն ամէն արտաքին մղումներուն, որոնք կը խափանեն խղճմտանքին ձայնը։

Բարոյական խղճմտանքը բանականութեան մէկ դատողութիւնն է, որուն միջոցով մարդկային  անձը կը ճանչնայ բարոյական հանգամանքը շօշափելի եւ տեսանելի գործի մը՝ զոր պիտի կատարէ, կամ կը կատարէ, կամ արդէն իսկ կատարած է։

Իր ամէն ըսածին՝ խօսածին եւ ըրածին՝ գործածին մէջ, մարդը պարտաւոր է հետեւելու հաւատարմաբար այն բանին, զոր գիտէ, թէ արդար եւ ուղի՛ղ է։ Իր խղճմտանքին դատողութեամբ է, որ մարդը կը տեսնէ եւ կը ճանչնայ աստուածային օրէնքներու հրահանգները եւ տրամադրութիւնները։ Եւ ուրեմն խիղճը պէտք է ազատ ըլլայ եւ անկախ, որպէսզի մարդ կարենայ զայն լսել եւ հրահանգները ուղիղ կատարել։

Ճոն Հենրի Նիուման այս մասին կ՚ըսէ. «Խղճմտանքը օրէ՛նք մըն է մեր մտքին, որ կը գերազանցէ մեր միտքը. կու տայ մեզի հրահանգներ, կը նշէ պատասխանատուութիւն, պարտականութիւն, երկիւղ եւ յո՛յս։ Ան պատգամաբերն է Անոր, որ բնութեան եւ շնորհքին աշխարհին մէջ, կը խօսի մեզի վարագոյրին ընդ մէջէն, կը դաստիարակէ եւ կը կառավարէ մեզ։ Խղճմտանքը Քրիստոսի բոլոր փոխանորդներուն առաջի՛նն է»։

Արդարեւ կարեւոր է եւ անհրաժեշտ որ իւրաքանչիւր անձ ինքնագիտակցութիւն ունենայ, եւ պատրաստակամ՝ լսելու համար խղճմտանքին ձայնը եւ անոր հնազանդելու եւ հետեւելու, միշտ անոր հաւատարիմ մնալով։ Այս ներամփոփումի պահանջքը այնքան աւելի կարեւոր է, ո՛րքան կեանքը յաճախ կը մղէ մեզ խուսափելու ամէն խորհրդածութենէ, ուսումնասիրութենէ, քննութենէ եւ կամ ինքնամփոփումէ։

«Վերադարձի՛ր քու խղճմտանքիդ, հարցաքննէ՛ զայն։ Վերադարձէ՛ք եղբայրներ, դէպի ձեր ներաշխարհը եւ ձեր բոլոր գործերուն մէջ դիտեցէ՛ք Վկան Աստուած», կը յորդորէ Սուրբ Օգոստինոս։ Արդարեւ, մարդկային անձին արժանապատուութիւնը իր մէջ կը ներփակէ եւ կը պահանջէ բարոյական խղճմտանքին ուղղամտութիւնը։

Բարոյական խղճմտանքը իր մէջ կը բովանդակէ գիտակցութիւնը բարոյական սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց գործադրութիւնը տուեալ պարագաներու մէջ՝ պատճառներու եւ բարիքներու գործնական դատողութեան միջոցով, եւ վերջապէս՝ կը բովանդակէ դատումը կատարուելիք կամ արդէն կատարուած շօշափելի եւ տեսանելի արարքներուն մասին։

Բարոյական բարիին շուրջ ճշմարտութիւնը՝ որ հռչակուած է իմացականութեան օրէնքին մէջ՝ գործնականապէս եւ շօշափելի կերպով ճանչցուած է խղճմտանքին խոհեմ դատողութեամբ։

Խոհեմ եւ ողջամիտ կը կոչուի մարդը, որ ընտրութիւն կը կատարէ այս դատումին համեմատ։

Խղճմտանքը, նաեւ թոյլ կու տայ ստանձնել պատասխանատուութիւնը կատարուած արարքներուն։ Եթէ մարդը գէշ կը գործէ, խղճմտանքին արդար դատաստանը կրնայ մնալ անոր մէջ թէ՛ իբր վկան բարիին ընդհանրական ճշմարտութեան, թէ՛ վկան չարութեան՝ անոր եզակի ընտրանքին։

Եւ խղճմտանքը, կարենալ կատարելու համար իր այս բոլոր գործունէութիւնները, անհրաժեշտ է որ խիղճը ազատ ըլլայ, եւ այս պատճառով է որ մարդկային ընկերային կեանքին մէջ խղճի ազատութիւնը անվիճելի՛ արժէք մը ունի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 25, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Փետրուար 8, 2019