ԽՂՃԻՆ ՁԱՅՆԸ ԼՍԵԼ…

«Խիղճ»ը՝ մար­դուս մէջ Աս­տու­ծոյ ձայնն է, ո­րուն պէտք է անդ­րա­դառ­նալ եւ լսել, պար­զա­պէս սխալ քայլ չնե­տե­լու եւ երբ սխալ մը գոր­ծուած է՝ սխա­լը սրբագ­րե­լու եւ չկրկնե­լու հա­մար։ Այս ի­մաս­տով «խիղճ»ը ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն մըն է՝ գոր­ծուած եւ կամ գոր­ծուե­լով գո­յա­ցած վտանգ­նե­րու եւ վնաս­նե­րու դէմ։

Ար­դա­րեւ «խիղճ»ը՝ որ հո­գե­ւոր աշ­խար­հի մաս կը կազ­մէ, կա­րե­լի չէ ա­նոր ձայ­նը լսել մարմ­նա­կան ա­կանջ­նե­րով, այլ՝ հո­գե­ւոր ա­կանջ­նե­րով, որ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ «խղճա­հա­րու­թեան», այ­սինքն խղճի ան­հանգս­տու­թեան՝ ո­րուն պէտք է ան­սալ, մտիկ ը­նել եւ ներ­քին հա­շուեկշ­ռի մը են­թար­կել այն բո­լոր ա­րարք­նե­րը, ո­րոնք կրնան վնա­սել ու­րիշ­նե­րը կամ օգ­տա­կար ըլ­լալ ա­նոնց։ Ուս­տի «բա­րի»ին եւ «չար»ին բաղ­դա­տա­կան հա­շիւն է խղճի ձայ­նը՝ որ են­թա­կան կը հրա­ւի­րէ այդ հա­շուեկ­շի­ռը կա­տա­րե­լու եւ հա­շուե­յար­դար մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու իր ներ­քին աշ­խար­հին մէջ։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, մարդ պէտք է անդ­րա­դառ­նայ եւ գիտ­նայ, թէ ո՛ր­քան ար­տա­քին աշ­խարհ մը ու­նի, ու­նի՛ նաեւ նե­րաշ­խարհ մը՝ բա­րո­յա­կան մի­ջա­վայր մը եւ հո­գե­ւոր կեանք մը միան­գա­մայն։

Ար­դէն երբ մարդ անդ­րա­դառ­նայ իր նե­րաշ­խար­հին, այ­լա­պէս բնա­կա­նա­բար եւ դիւ­րու­թեամբ կը լսէ իր խղճին ձայ­նը եւ ըստ այնմ կը վա­րէ իր կեան­քը։

Խղճի ձայ­նին անդ­րա­դառ­նա­լը որ­քան որ կա­րե­ւոր է, նո՛յն­քան կա­րե­ւոր է խղճի պահ­պա­նու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, պէտք չէ ա­ռիթ տրուի որ խղճա­հա­րու­թիւն կրէ մարդ՝ խիղ­ճը յան­դի­մա­նէ զինք։ Այս պատ­ճա­ռով մարդ պէտք է պահ­պա­նէ իր խիղ­ճը թէ՛ Աս­տու­ծոյ, թէ՛ մեր­ձա­ւո­րի եւ թէ ամ­բողջ աշ­խար­հի նկատ­մամբ։

Աս­տու­ծոյ հան­դէպ իր խիղ­ճը կը պահ­պա­նէ մարդ, որ­պէս­զի չան­տե­սէ, անհ­նա­զանդ չգտնուի Ա­նոր պա­տուի­րան­նե­րուն հան­դէպ, նոյ­նիսկ եւ մա­նա­ւա՛նդ այն բա­նե­րուն, որ մար­դիկ ընդ­հան­րա­պէս չեն տես­ներ ի­րենց մարմ­նա­կան աչ­քով։ Ո­ւրեմն գաղտ­նի եւ ան­տե­սա­նե­լի սխալ­նե­րու, մեղ­քե­րու դէմ պէտք է պահ­պա­նուի խիղ­ճը։

Զոր օ­րի­նակ, մէ­կը կը յու­լա­նայ, կը թու­լա­նայ եւ կամ ան­փոյթ կը դառ­նայ ա­ղօ­թե­լու հա­մար եւ կամ կրքոտ մտա­ծում մը կը մտնէ իր մտքին մէջ եւ դի­մադ­րե­լու ու­ժը կը պակ­սի իր­մէ, չի զգաս­տա­նար, հա­պա կը մնայ այդ հո­գե­վի­ճա­կին մէջ՝ ծոյլ եւ ան­տար­բեր եւ կամ ա­նի­րաւ կեր­պով կը դա­տէ իր բա­րե­կա­մը, ինչ­պէս ընդ­հան­րա­պէս կ՚ը­նէ մարդ, մէկ խօս­քով այդ ա­մէն­քը՝ ո­րոնք գաղտ­նի կը կա­տա­րուին, ո՛չ ոք կ՚անդ­րա­դառ­նայ եւ կը գիտ­նայ բա­ցի Աս­տուծ­մէ եւ խիղ­ճը պէ՛տք է պահ­պա­նուի եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յս է խղճին պահ­պա­նու­թիւ­նը՝ այն որ գաղտ­նի է եւ կրնայ պատ­ճառ ըլ­լալ խղճա­հա­րու­թեան՝ խղճի ան­հանգս­տու­թեան։ Քա­նի որ յայտ­նի սխալ­ներ ար­դէն հա­կազ­դե­ցու­թիւն կը ստեղ­ծեն շուր­ջին­նե­րուն կող­մէ, բայց կա­րե­ւո­րը գաղտ­նի եւ չգիտ­ցուած­նե­րու նկատ­մամբ, ա­ռանց ու­րիշ­նե­րու մի­ջամ­տու­թեան, ինք­նա­բե­րա­բար անդ­րա­դառ­նալն է եւ զղջու­մի զգա­ցու­մը զգալ։

Մեր­ձա­ւոր­նե­րու, բա­րե­կամ­նե­րու հան­դէպ խղճի պահ­պա­նու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ, բան մը չը­նել ինչ որ կը վշտաց­նէ, կը վի­րա­ւո­րէ, կը նե­ղաց­նէ եւ կամ գայ­թակ­ղու­թեա­նը պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ մեր­ձա­ւո­րին՝ թէ՛ խօս­քով, թէ՛ գոր­ծով, նոյ­նիսկ տես­քով ու կե­ցուած­քով, հա­յեաց­քով, ակ­նար­կու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ այս կը պա­հան­ջէ՝ չը­նել բան մը, որ մարդ չի փա­փա­քիր որ ի­րեն հան­դէպ կա­տա­րեն։ Մա­նա­ւանդ վա­րուիլ մար­դոց հետ այն­պէս՝ որ­պէս մարդ կ՚ու­զէ որ ա­նոնք վա­րուին ի­րեն հետ։

Մարդ վի­րա­ւո­րել բա­րո­յա­պէս կամ հո­գե­պէս հա­մա­զօր է եւ նոյ­նիսկ ա­ւե­լի վտան­գա­ւոր՝ մարմ­նա­կան վի­րա­ւո­րան­քէ։ Ուս­տի թէ՛ մարմ­նա­պէս, թէ՛ բա­րո­յա­պէս վտանգ սպառ­նա­ցող ա­մէն խօս­քէ եւ գոր­ծէ հե­ռո՛ւ մնա­լու է, որ­պէս­զի մարդ չխղճա­հա­րուի։ Ու­րեմն, մարդ պէտք չէ՛ մտադ­րուած ը­նէ այն­պի­սի բան մը, ար­տա­սա­նէ խօսք մը՝ որ նպա­տա­կը վի­րա­ւո­րել է իր նմա­նը, բա­րե­կա­մը, մեր­ձա­ւո­րը։ Քա­նի որ ա­մէն վի­րա­ւո­րա­կան ա­րարք խղճի խայթ կը պատ­ճա­ռէ եւ խղճին յան­դի­մա­նու­թեան ա­ռար­կայ կը դառ­նայ։ Խիղ­ճը երբ «զգայ», որ այդ խօս­քը կամ գոր­ծը, ու­րի­շը վի­րա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով կա­տա­րուած է, վնա­սե­լու իր եղ­բայ­րը կամ բա­րե­կա­մը՝ նե­ղու­թիւն եւ տրտմու­թիւն պատ­ճա­ռե­լու ա­նոր յե­տին նպա­տա­կով՝ եւ խի­ճը շարժ­ման կ՚անց­նի, ա­հա­ւա­սիկ այս կը նշա­նա­կէ խիղ­ճը պահ­պա­նել ու­րիշ­նե­րու՝ իր նման­նե­րուն դէմ։

Խղճի պահ­պա­նու­մը կը վե­րա­բե­րի նաեւ ա­ռար­կա­նե­րու հան­դէպ, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ ան­փու­թօ­րէն եւ չա­րա­չար չվա­րուիլ ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յի, ո­րե­ւէ ի­րի, որ օգ­տա­կա­րու­թիւն եւ դիւ­րու­թիւն կ՚ըն­ծա­յէ մար­դուն։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ վնաս չհասց­նել ո­րե­ւէ ա­ռար­կա­յի, լաւ պահ­պա­նել զայն եւ թոյլ չտալ որ ոչն­չա­նայ կամ աւ­րուի եւ ա­նօ­գուտ դառ­նայ, քա­նի որ ա­ռար­կա­ներ դիւ­րա­տար կ՚ը­նեն կեան­քը, կեան­քի ըն­թաց­քը հեշտ ու հա­ճե­լի կ՚ը­նեն։ Եւ պէտք է ըն­դու­նիլ, որ ա­մէն ա­ռար­կայ, մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թեան եւ հմտու­թեան ար­դիւնքն է եւ ար­ժէք մը կը ներ­կա­յաց­նէ, ինչ­պէս ա­մէն ինչ որ մար­դուս ձե­ռա­գործ ար­տադ­րու­թիւնն է։

Ուս­տի մէկ կողմ նե­տուած ո­րե­ւէ իր պէտք չէ ան­տե­սուի, քա­նի որ ան աշ­խան­տու­թեան մը ար­դիւնք է, ան ըլ­լայ օգ­տա­կար կամ ան­պէտ, պէտք չէ՛ ան­տե­սուի եւ պէտք է վերց­նել եւ դնել իր տե­ղը, խոր­հե­լով որ ան ե­թէ մէ­կու մը հա­մար ան­պէտ է կամ ա­նօգ­տա­կար, կրնայ ու­րի­շի մը հա­մար պի­տա­նի եւ օգ­տա­կար ըլ­լալ։

Մար­դիկ եր­բեմն կրնան բա­ւա­րա­րուիլ մէկ հա­տով, ու­րիշ­ներ կ՚ու­զեն երկ­րորդ մը ու­նե­նալ, ո­մանք կ՚ու­զեն յա­ճախ փո­խել եւ կամ նո­րո­գել ի­րենց ա­ռար­կա­նե­րը՝ տի­րա­նալ ա­ւե­լի գե­ղե­ցի­կին, ա­ւե­լի նո­րին եւ յար­մա­րիլ եւ ոտք բռնել կ՚ու­զեն նո­րու­թիւն­նե­րու, նո­րոյթ­նե­րու մա­տու­ցած կա­րե­լիու­թիւն­նե­րուն, ար­դիա­կան ա­մէն իր եւ ի­րո­ղու­թիւն, ժա­մա­նա­կա­կից ա­մէն ա­ռար­կայ կը գրա­ւէ զի­րենք. տի­րա­նալ կ՚ու­զեն, կը հրա­պու­րուին եւ այ­լեւս ան­կա­րե­ւոր կը նկա­տեն ի­րենց նախ­կին ա­ռար­կան, գոր­ծի­քը կամ ի­րը, որ նա­խա­պէս օգ­տա­կար ե­ղած է ի­րենց. «վաս­տա­կա­ւոր» եւ «ե­րախ­տա­ւոր» օգ­նա­կան մը ե­ղած է ի­րենց։ Բայց մարդ ա­րա­րա­ծը, դժբախ­տա­բար, ա­պե­րախ­տու­թեան ըն­դո­ծին զգա­ցու­մով խմո­րուած է եւ որ­քան ալ դի­մադ­րել ու­զէ այդ զգա­ցու­մին, ընդ­հան­րա­պէս կը տա­րուի ա­նով եւ շուտ կը մոռ­նայ ի­րեն ըն­ծա­յուած բա­րի­քը, օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը եւ չի խնա­յեր զա­նոնք՝ ո­րոնք այդ բա­րի­քը եւ օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը մա­տու­ցած են ի­րեն։ Ան­շուշտ այս ե­րե­ւոյ­թը ու­նի ազ­նիւ ան­ձե­րու դրսե­ւո­րած բա­ցա­ռու­թիւն­նե­րը եւ այդ ե­րախ­տա­գէտ ան­ձեր կը մնան միշտ ազ­նիւ ու ա­ռա­քի­նի եւ տի­պար մար­դիկ։ Եւ ու­րեմն մարդ­կա­յին այս ընդ­հա­նուր զգա­ցու­մէն տա­րուած՝ ո­մանք անխղ­ճօ­րէն կը լքեն եւ կը փճաց­նեն ի­րենց ա­ռար­կա­նե­րը, ի­րե­րը եւ զա­նոնք կը փո­խեն նո­րե­րով։

Նո­րու­թիւն­նե­րէն օգ­տուիլ, նոր կա­րե­լիու­թիւն­ներ գոր­ծա­ծել, ան­շուշտ բնա­կան է եւ բա­նա­կան, մարդ պէտք չէ կառ­չի մնայ հի­նին վրայ, բայց կրնայ ա­նոր յար­մա­րա­գոյն տեղ մը յատ­կաց­նել իր կեան­քին մէջ եւ ե­րախ­տա­պար­տու­թիւնն ալ ա՛յս կը պա­հան­ջէ։

Ու­րեմն խղճի եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան մէջ սերտ կապ մը կը գտնուի եւ ա­մէն ա­պե­րախ­տու­թիւն խղճա­հա­րու­թեան պատ­ճառ մը կը դառ­նայ։ Եւ այս բո­լո­րը դէ՛մ է խղճին, ուս­տի եր­բեք պէտք չէ թոյ­լատ­րել, որ խիղ­ճը ան­հանգս­տա­նայ, վի­րա­ւո­րուի, ու­շա­դիր եւ բծախն­դիր ըլ­լա­լու է խղճի ձայ­նին՝ որ Աս­տու­ծոյ ձա՛յնն է մարդ­կա­յին ամ­բողջ կեան­քին մէջ։

Ան­սանք, հնա­զան­դի՛նք խղճի ձայ­նին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 7, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017