ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԸ
Հայ Եկեղեցին Սուրբ Խաչը կը տօնէ բազմաթիւ առիթներով։ Ինչպէս աւելի առաջ յիշուեցաւ՝ «Խաչվերաց», «Գիւտ Խաչ», «Երեւման Խաչ» եւ «Վարագայ Խաչ», որոնք ունին իրենց պատմական հիմերը։
Այս խաչի տօներէն, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, այս տարի կը տօնուի 25 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ, Կիրակի օր։
Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը պատմականօրէն կապուած է Ս. Հռիփսիմէ կոյսի հետ։ Ուրեմն կ՚արժէ յիշել նախ Ս. Հռիփսիմէ եւ իր հետ նահատակուող կոյսերը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասկնալ Վարագայ Խաչին կարեւորութիւնը եւ իմաստը։
Ըստ Ք. Հ. Հանրագիտարանի տեղեկութիւններուն, որ հեղինակուած է Լեւոն Սարգսյանի կողմէ, Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայանեանց կոյսեր՝ քրիստոնեայ վկայուիներ, նահատակներ են։ Հռիփսիմեանց կոյսերը առաքինազարդ վանական կեանք կը վարէին Հռոմի մէջ, իրենց մայրապետի՝ Գայիանէ կոյսի առաջնորդութեամբ։ Հռոմէական Դիոկղէտիանոս կայսրի (284-305) հալածանքներէն խուսափելով՝ ի վերջոյ ապաստանած են Հայաստան՝ Վաղարշապատի Հնձանք կոչուած վայրը։
Աւանդութիւնը, հալածանքներու պատճառ կը համարէ այն՝ որ կոյսերէն գեղեցկագոյնը՝ «երկնաւոր հարս» Հռիփսիմէն հրաժարած է Դիոկղէտիանոս կայսրի առաջարկներէն՝ դառնալու անոր կինը եւ Հռոմէական կայսրութեան թագուհին։
Ուստի կայսրը լուր կը ղրկէ հայոց Տրդատ Գ Մեծ թագաւորին, որ գտնէ Հայաստան ապաստանած կոյսերը եւ վերադարձնէ Հռոմ, բայց եթէ կ՚ուզէ, կրնայ կնութեան առնել Հռիփսիմէն։ Տրդատ թագաւոր կը գտնէ կոյսերը եւ տեսնելով Հռիփսիմէի գեղեցկութիւնը, ինքն ալ կ՚ուզէ կին առնել զայն։
Հռիփսիմէ կը հրաժարի դարձեալ։
Եւ այս պատճառով Հռիփսիմէ կ՚ենթարկուի չարչարանքներու, կը կտրուի լեզուն, աչքերը կը փորուի եւ մարմինը կ՚այրուի։
Հռիփսիմէ կոյսին նահատակումը, այս կերպով կը պատահի Վաղարշապատ՝ 301 թուականին։
Այս հակիրճ տեղեկութիւնէն յետոյ, տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Վարագայ Խաչի մասին՝ իր «Ծիսական բառարան»ին մէջ։
«Խաչի հրաշալի երեւումներէն Յունաց Եկեղեցին ունի Երուսաղէմի երեւումը 351-ին, իսկ Հայոց Եկեղեցին Վարագայ երեւումը 653-ին։
«Մենք ալ կը կատարենք Երեւման Խաչին տօնը, եւ Յինանց Ե. կիրակին՝ Զատկէն 28 օր ետքը։
«Իսկ Վարագայ երեւումը տեղի ունեցաւ Ներսէս Գ. Շինող Կաթողիկոսի օրով, որ այդ երեւման տօնն ալ հաստատեց։
«Ս. Հռիփսիմէ իր հետ ունեցած է բուն Խաչափայտէն մաս մը՝ զոր ի վերջոյ պահած է Վարագէն վեր գտնուող Գալիլիա կոչուած ժայռին մէջ։ Եւ այդ Խաչափայտի մասը՝ լուսաւոր տաճարի տեսիլքով յայտնուած է Թոդիկ ճգնաւորին, եւ տեղէն ելլելով՝ եկած հանգչած է Վարագայ վանքին եկեղեցին, ու առաջ Թոդիկ ու Յովէլ ճգնաւորները եւ յետոյ բոլոր շրջակայ գիւղերէն եւ Վան քաղաքէն եկող ուխտաւորներ տեսած ու պաշտած են։
«Խաչափայտին գիւտը 327-ին տեղի ունեցաւ. իսկ Ս. Հռիփսիմէի մարտիրոսութիւնը 301-ին կատարուած ըլլալով՝ Խաչի գիւտէն առաջ Խաչափայտի մասունքին գոյութիւնը կրնայ մեկնուիլ կրկին աւանդութիւններով։ Որովհետեւ թէ՛ Տեառնեղբայր Յակոբոս առաքեալին համար կ՚ըսուի թէ կրցած է մաս մը ձեռք ձգել Վերացման ատեն, եւ թէ՛ Պատրոնիկէ դշխոյի համար կը պատմուի թէ Կղոդիոս կայսեր օրով (41-54) Խաչափայտի մասնաւոր գիւտ մը ընել յաջողած է։
«Վարագայ վանքին մէջ հանգչող Խաչափայտը աւելի սովորական կերպով կոչուած է Սուրբ Նշան, եւ Սուրբ Նշանի մասունքը մինչեւ 1021 մնացած է Վարագ, եւ նոյն տարին փոխադրուած է Սեբաստիա, 1026-ին դարձեալ Վարագ բերուած, 1651-ին Խոշաբ տարուած, իսկ 1655-ին Վանայ Ս. Տիրամայր Մայր-եկեղեցին դրուած՝ որ այնուհետեւ կոչուեցաւ Սուրբ Նշան։ Հոն երկար ժամանակ մնաց Վարագայ Սուրբ Խաչը։
«Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը կը կատարուի Վերացման Խաչէն 15 օր ետքը, այսինքն Սեպտեմբեր 25-էն մինչեւ Հոկտեմբեր 1 հանդիպող կիրակին»։
Ուրեմն, յայտնի է, թէ ի՛նչու Ս. Հռիփսիմէ կոյսը եւ Վարագայ Սուրբ Խաչը կապակցութիւն ունին պատմականօրէն, եւ մանաւա՛նդ թուականի տարբերութիւն մը կը գրաւէ մարդուս ուշադրութիւնը…։
Ուրեմն Վարագայ Խաչի մասին խորհրդածութիւնները ամբողջացնենք Նարեկ Աբեղայ Աւագեանի քարոզով։
«Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէ՛ր Յիսուս…»
«Տէ՛ր Յիսուս, քու Խաչդ թող ապաւէն ըլլայ մեզի…»։
(ԺԱՄԱԳԻՐՔ, Առաւօտեան ժամ)
«Սիրելիներ, այսօր Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը տօնէ փրկչական Խաչին նուիրուած չորս տօներէն վերջինը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը։
«Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօներէն երեքը կը նշեն քրիստոնէական միւս եկեղեցիները, իսկ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յատուկ է միայն մեր եկեղեցիին։ Այն հաստատուած է 653 թ., երբ Թոդիկ եւ Յովէլ ճգնաւորները, Աստուծոյ ողորմութեամբ Վարագայ լերան վրայ գտան Քրիստոսի մասունքը։
«Կլավդիոս կայսեր կինը՝ Պատրոնիկէ թագուհին, ընդունելով Յակոբոս Տեառնեղբայր Առաքեալի ձեռքէն Խաչափայտի սուրբ մասունքը, այն կը տանի Հռոմ։ Որմէ յետոյ այդ սուրբ մասունքը, սերունդէ սերունդ ժառանգաբար փոխանցուելով, վերջապէս կը հասնի սուրբ կոյս Հռիփսիմէին։ Սուրբ կոյսն ալ իր պարանոցէն մշտապէս կախած կը պահէ այդ սուրբ մասունքը՝ որուն վրայ թափուած էր Տիրոջ Արիւնը։
«Այդ ժամանակներուն էր, երբ Դիոկղէտիանոս կայսրը կամեցաւ իրեն կնութեան առնել սուրբ Հռիփսիմէն, բայց ան հրաժարելով՝ եօթանասուն կոյսերու հետ միասին, իրենց քահանաներով հանդերձ, Եգիպտոս փախչելով փրկուեցան, ապա՝ այնտեղէն Երուսաղէմ եւ ի վերջոյ հասան Հայաստան։
«Վասպուրականի մէջ՝ Վանի հարաւ-արեւելեան կողմը՝ Վարագայ լերան լանջերուն, անոնք գտան իրենց առաջին ապաստանը։
«Լերան գագաթին ամփոփեցին սուրբ Նշանը՝ որպէս մեծ պարգեւ՝ թողլով Հայաստանին։ Եւ այդ իրենց կամքով չըրին, այլ՝ Աստուծոյ Նախախնամութեամբ։ Անոնցմէ ոմանք մնացին լեռնագագաթը՝ սպասաւորելու սուրբ Նշանին, իսկ սուրբ Գայիանէ եւ սուրբ Հռիփսիմէ, երեք քահանաներով եւ քառասուն կոյսերով, Սուրբ Հոգիի առաջնորդութեամբ գացին Վաղարշապատ, եւ ուր նախատակուեցան։
«Հայոց երկրի մէջ գիտէին, թէ Վարագայ լերան վրայ պահուած է սուրբ Նշանը, բայց մինչեւ իշխաններու իշխան մեծն Վարդ պատրիկ Ռշտունի եւ Ներսէս Շինող Կաթողիկոսի հայրապետութեան ժամանակները չէին կրցած գտնել զայն։ 653 թ. Թոդիկ անունով կրօնաւոր մը, իր սրբասէր աշակերտին՝ Յովէլի հետ միասին կ՚երթան ճգնելու Վարագայ լերան վրայ եւ կը հաստատուին այնտեղ՝ ուր բնակած էին սուրբ կոյսերը։ Անոնց փափաքն էր գտնել սուրբ մասունքը։ Երկար ճգնութենէ յետոյ աւելի կը բորբոքի անոնց սիրտը Քրիստոսի սիրով եւ սուրբ Նշանի փափաքով։
«Եւ ճգնաւորները աւելի եւս կը խստացնեն իրենց ճգնութիւնը եւ տասներկու օր շարունակուող ծոմապահութեամբ կը խնդրեն Տիրոջմէ՝ տեսնել իրենց փափաքածը։
«Եւ մարդասէրն Աստուած, որ կը կատարէ Իրեն հաւատացողներուն կամքը, կը լսէ զանոնք գիշերամիջին, երբ անոնք կ՚աղօթէին, լերան գագաթէն, ուր պահուած էր սուրբ Նշանը, ահաւոր ձայնով անոնց նշան կու տայ, որմէ զարմացած, ճգնաւորները կը նային դէպի լերան գագաթը եւ այնտեղ կը տեսնեն պայծառ լոյս մը։
«Լոյսը իր չափով եւ ձեւով այնպիսի էր, ինչպէս՝ այնտեղ գտնուող մասունքը։
«Ճգնաւորները կը շարունակեն զարմացած նայիլ լոյսին, որ աստիճանաբար կը պայծառանար եւ կը լուսաւորէր ամբողջ լեռը, առաւել քան արեգակի լոյսը, որով սքանչանալով կը փառաւորեն զԱստուած։ Ապա կը տեսնեն լոյսի տասներկու սիւներ՝ որոնք վեր կը խոյանային երկրէն մինչեւ երկինք։ Ամբողջ լեռը կը լեցուի անուշահոտութեամբ ու հրեշտակներու օրհնութեան երգերով։
«Մինչ կրօնաւորները կը վայելէին այդ սքանչելիքը՝ որ տեւեց կէսգիշերէն մինչեւ օրուան վեցերորդ ժամը, սուրբ մասունքը իր մասնատուփով հանդերձ կ՚ելլէ վէմէն եւ լոյսերու մէջ վեր բարձրանալով ու ցոլարձակելով՝ կու գայ ու կը կանգնի սուրբ Սեղանի վրայ՝ լոյս ճառագայթելով վեցերորդ ժամէն մինչեւ իններորդ ժամը։ Մինչ ճգնաւորները զարմանքի մէջ էին, խաչանիշ լոյսէն անոնց կը հասնի ձայն մը, որ կ՚ըսէ.- Քրիստոս հաճեցաւ բնակիլ սուրբ Նշանի մէջ՝ Հայոց աշխարհի պահպանութեան եւ փրկութեան համար։
«Եւ անոնք առաջ գալով՝ մեծ ահով ու դողով կը տեսնեն սուրբ Նշանը՝ սուրբ Սեղանի վրայ լոյսով պարուրուած։ Ապա վերցնելով, կը բարձրացնեն իրենց ձեռքը՝ արտասուալից կը համբուրեն ու կը գոհանան Տիրոջմով։
«Այս ամենէն յետոյ Ներսէս Գ. Տայեցի (Շինող) հայրապետը կարգ կը սահմանէ՝ ամէն տարի ա՛յդ օրը տօնել - Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը՝ Քրիստոսի եւ Անոր սուրբ Խաչին փառքի համար։ Ապա տասներկու եկեղեցիներ կը կառուցուին՝ տասներկու լոյսերով սիւներու երեւման տեղը, իսկ այն եկեղեցին՝ ուր եկաւ եւ հանգչեցաւ սուրբ Նշանը, ընդարձակելով կը նորոգեն եւ նոյն տեղը վանք կը հիմնեն։
«Ահա, այսօրուայ տօնի հակիրճ պատմութիւնը։
«Սիրելիներ, աստուածային որեւէ հրաշք ինքնանպատակ չէ, այլ կը ծառայէ որոշակի նպատակի, առաջին հերթին՝ մարդու փրկութեանը։ Երբ աշխարհաստեղծ Աստուած կ՚ուզէ անհաւատները հաւատքի բերել, իսկ թերահաւատները հաւատքի մէջ հաստատել, ապա Իր ամենակարող զօրութեամբ, իբրեւ երկնային ողորմութիւն ու պարգեւ, կը հրաշագործէ։ Այդ հրաշքներն ալ կը դառնան այն արտաքին ազդակները՝ որոնք ներքուստ մարդիկը կը մղեն դէպի ապաշխարութիւն, դէպի դարձ առ Աստուած։
«Խաչը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, հաշտութեան նշանն է մեր եւ Աստուծոյ միջեւ (ԿՈՂՈՍ. Ա 19-20)։ Քանի որ Խաչի մահով Յիսուս բացաւ երկինքը, որ փակ էր այն օրուընէ, երբ նախաստեղծները՝ Ադամը եւ Եւան ճաշակեցին արգիլուած պտուղը եւ զրկուեցան աստուածային շնորհները վայելելէ եւ մահը աշխարհ մտաւ։
«Հոգեւոր աշխարհի դռները բացուելով, Յիսուս սկզբնաւորեց հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ։ Վերցնելով մեր բնութիւնն ու այն գամելով խաչին Քրիստոս սպաննեց մեղքը (ՀՌՈՄ. Զ 6-7), Իր մահուամբ յաղթեց մահուան, ապա Իր մահուամբ ու յարութեամբ կենսագործեց մեր բնութիւնը՝ անոր տալով յաւիտենական կեանք, իսկ յետոյ համբարձաւ՝ տարաւ զայն երկինք ու նստեցուց Հօր աջ կողմը (ԵԲՐ. Ա 3)։ Այդպիսով, ահաւասիկ, խաչը մահուան գործիքէն վերածուեցաւ Կենաց ծառի։
«Իսկ այսօր, սիրելի հաւատացեալներ, Վարագայ Ս. Խաչի տօնի ընդմէջէն, Տէրը կը վերահաստատէ Եկեղեցին եւ մեր մէջ հաստատութեան կնիք կը տպաւորէ, որով ինչպէս Ինք յաղթեց մահուան ու դժոխքին, այդպէս ալ մենք յաղթենք աշխարհին ու սատանային, քանի որ խաչին կաշկանդուելով կապուեցաւ բանսարկուն եւ ազատուեցաւ բռնուածները անոր կողմէ։
«Խաչը նահապետներու ցանկութիւնն է, մարգարէներու կանխասացութիւնը, առաքեալներու քարոզութիւնը եւ հայրապետներու դաւանութիւնը։
«Խաչը մարտիրոսներու պսա՛կն է եւ նահատակներու յաղթութիւնը։ Խաչը կենաց ծառն է եւ անմահութեան պտուղը։ Խաչը անմեղներու խրատն է եւ մեղաւորներու քաւիչը։ Խաչը մոլորուածներու ճանապարհն է եւ խաւարածներու ճառագայթը։
«Սիրելիներ, դժուար է խաչի ճանապարհը, փշոտ ու նեղ, բայց այն մեզ դէպի փրկութիւն կը տանի, ինչպէս պատմութեան մէջ, երբ մեր ազգը քալեց այդ նեղ ճանապարհով՝ յաղթանակի ու ձեռքբերումներու նշանակելի դրուագներ արձանագրեց իր կեանքի շրջագիծէն ներս։
«Մեզի համար կենսականօրէն ամենածանր եւ տաժանելի ժամանակաշրջաններուն անգամ, հայ ազգը կարողացաւ տոկալ եւ յարատեւել, նոյնիսկ աւելին՝ ապրիլ ու ստեղծագործել եւ նաեւ կարողացաւ չտրտնջալ, այլ միշտ փառք տալ աշխարհաստեղծ Աստուծոյ եւ կրելով կեանքին իրեն բաժին հանած խաչը՝ ըսաւ.- Տէր Աստուած Դուն մեզի քար եւ հող տուիր, իսկ մենք այդ քարէն ու հողէն Քեզի համար տաճար եւ վանք կերտեցինք եւ խաչ ու խաչքար տուինք, Դուն մեզի փայտ ու կաշի տուիր, իսկ մենք Քեզի մագաղաթ ու թուղթ տուինք։
«Եւ միթէ Քրիստոսի խաչին հանդէպ ունեցած հաւատքով չէ՞ր, որ մեր նախնիները կարողացան անմար պահել մեր հաւատքի հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Արագածի կատարին զետեղուած կանթեղի խորհրդախորհուրդ Լոյսը, եւ միթէ Քրիստոսի խաչին հանդէպ ունեցած հաւատքով չէ՞ր, որ Օշականի Սուրբը, այբենաստեղծ ու գրագիւտ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը փրկեց մեր ազգը ձուլուելու ահասարսուռ վտանգէն, եւ միթէ Քրիստոս խաչին հանդէպ ունեցած հաւատքով չէ՞ր, որ Վարդանը եւ անոր զինակիցները կարողացան խորտակել յազկերտեան սպառնալիքները։
«Սիրելի հաւատացեալներ, այս ամէնը մենք ունինք այսօր, որպէս նախնիներու ժառանգութիւն, քանի որ մեր երանելի՜ նախնիները հաւատացին եւ կրեցին կեանքին իրենց բաժին հանած խաչը։ Այսօր մենք՝ ապրողներս կրելու ենք այդ խաչը, քանի որ Խաչեալին հանդէպ ունեցած մեր հաւատքն ու սէրը միմիայն զոհողութեան այդ ձեւով կրնանք արտայայտել։
«Ուրեմն եկէք, միասնաբար, ամուր կառչած մնանք Տիրոջ փրկչական խաչին, որպէսզի խաչի զօրութեամբ աւերենք դժոխքի վերածուած մեր երկրաւոր կեանքը, որպէսզի խաչի վրայ թափուած Աստուածորդիին փրկչական Արեան միջոցով, մուտք ունենանք դէպի դրախտ, որպէսզի խաչի օրհնութեամբ երկնային շնորհներ բաշխենք մարդկութեան եւ որպէսզի խաչով սաստենք եւ հեռու վանենք դեւերը։
«Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի փրկչական խաչը հանապազ պահապան եւ հովանի ըլլայ մեզի, մեր բովանդակ կեանքի ընթացքին, որպէսզի երբեք չշեղինք աստուածահաճոյ ճանապարհներէն եւ կարող ըլլանք Տիրոջ կամքը կատարել երկրի վրայ՝ աղօթքով խնդրելով Աստուծմէ.
«Տէ՛ր Յիսուս, Քու խաչդ թող ապաւէն ըլլայ մեզի։
«Շնորհք, սէր եւ խաղաղութիւն եղիցին ընդ ձեզ եւ ընդ ամենեսեանս. Ամէն»։
Նարեկ Աբեղայ Աւագեան
Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, կը տեսնուի, որ Խաչը որքան կարեւոր տեղ մը կը գրաւէ մեր կեանքին մէջ։ Անդրադառնանք Խաչին զօրութեան եւ արժէքին, այն ատեն կեանքը աւելի՛ դիւրատար պիտի ըլլայ բոլորիս համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 16, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024