ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԻՏԻ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՄՈՆԻՔ ԵՐԿԱՆԵԱՆԸ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ո­րո­շած է պար­գե­ւատ­րել մեր հա­մայն­քի բա­րե­րա­րու­հի­նե­րէն Մո­նիք Եր­կա­նեա­նը։ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի տնօ­րի­նու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն ի­րեն պի­տի շնոր­հուի «Կո­լոտ» շքան­շա­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ե­րա­նաշ­նորհ Յով­հան­նէս Բա­ղի­շե­ցի Պատ­րիար­քի յի­շա­տա­կին հաս­տա­տուած այս շքան­շա­նը կը շնոր­հուի բա­րե­րար­նե­րուն։

Մո­նիք Եր­կա­նեա­նի շքանշա­նը պի­տի յանձ­նուի 11 Դեկ­տեմ­բե­րին, Գում­գա­բուի մէջ։ Այդ թուա­կա­նին Ա­թո­ռա­նիստ Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խա­տե­սուած է Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան յար­մար դա­տած է այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին պար­գե­ւատ­րել Մո­նիք Եր­կա­նեա­նը։ Ար­դա­րեւ, բա­րե­րա­րու­հին այդ մե­տայ­լը պի­տի ստա­նայ, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ի վար­ձատ­րու­թիւն շուրջ տաս­ներ­կու տա­րի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի գո­յա­տեւ­ման հա­մար մա­տու­ցած ան­փո­խա­րի­նե­լի սպա­սա­ւո­րու­թեան։ Ծա­նօթ է, որ որ­պէս Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ Մո­նիք Եր­կա­նեան հրաշ­քի հա­մա­զօր շար­ժում մը ստեղ­ծեց մեր հա­մայն­քէն ներս ու փո­խեց ճա­կա­տա­գի­րը Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի, որ հա­սած էր ան­դուն­դի եզ­րին։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շեն իր այս յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։

Հե­տե­ւա­բար, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի այս կար­գադ­րու­թիւ­նը դրա­կան ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս եւ Մո­նիք Եր­կա­նեան սկսած է այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րու­թեան հե­ռա­ձայն­ներ ստա­նալ։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 2, 2016