ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ՏԻԳՐԱՆ ԷՖԷՆՏԻ ԳարակէօզեաՆ ԵՐԷԿ Ոգեկոչուեցաւ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՎ
Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան երէկ ոգեկոչուեցաւ երախտագիտական զգացումներով։ Ծանօթ է, որ ամէն տարի հանգուցեալ Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեան մասնաւոր հոգեհանգստեան պաշտօնով մը կ՚ոգեկոչուի՝ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ։ Այս տարուան հոգեհանգստեան պաշտօնը երէկ տեղի ունեցաւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Օրուան պատարագիչն էր Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արմենակ Սրկ. Գազանճեան, ուրարակիր Գարեգին Աւետիքեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ՝ Ուխտաւոր դպրաց կողմէ։ Պատարագիչ Հայր Սուրբը խօսեցաւ քարոզ մը։ Գարակէօզեանցի սաներ ստացան Ս. Հաղորդութիւն։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որով ոգեկոչուեցան Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանն ու ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան Տան բոլոր սատարողները։
Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Գարակէօզեան Տան խնամակալներ, վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ։ Գարակէօզեանցիներուն միացան նաեւ Ղալաթիոյ խնամակալութեան ներկայացուցիչները, Կեդրոնական վարժարանի պատասխանատուները։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ գարակէօզեանցիները կէսօրուան ճաշով մը հիւրընկալուեցան Կեդրոնական վարժարանի երդիքին տակ։ Տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանի գլխաւորութեամբ անոնք ճաշէն վերջ շրջայց մը կատարեցին Կեդրոնականի երդիքին տակ։ Ստեղծուած ջերմ մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան մեր կրթական կեանքին վերաբերեալ զանազան նիւթեր։