ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊՐԻԼ

Յա­ճախ ին­ծի խորհր­դա­ծու­թեան նիւթ ը­րած եմ, թէ Բնու­թիւ­նը մեր ան­ձէն դուրս՝ ա­ռար­կա­յա­կան ե­րե­ւոյթ մըն է՞, թէ զայն կ՚ապ­րինք մեր ան­ձին մէջ։ Ա­ւե­լի ճիշդ է հարց­նել. բնու­թիւ­նը մեզ­մէ դուրս ի­րո­ղու­թիւն մըն է՞, թէ մեր մէ­ջը՝ մեր ներ­սը պա­տա­հած, մեզ­մէ ան­բա­ժան, մե­զի հետ նոյ­նա­ցած ե­րե­ւո՛յթ մը։

Պէտք է ըն­դու­նիլ, որ բնու­թիւ­նը՝ դուր­սը կամ ներ­սը, մարդ­կա­յին կեան­քին ան­բա­ժան մէկ տարրն է գո­յու­թեան պատ­ճա­ռը, կեան­քին ի­մաս­տը։

Կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, կեան­քէ առ­նուած դա­սե­րը մե­զի կը սոր­վեց­նեն, թէ՝ բնու­թիւ­նը ի՛նչ որ է դուր­սը նո՛յնն է ներ­սը, ան զգա­յա­րան­նե­րու փոր­ձա­ռու­թիւն մը, ապ­րում մըն է, նաեւ՝ հո­գե­կա՛ն, մար­դուս հա­մար։

Բնու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ, ու­նի իր ե­րե­սակ­նե­րը՝ ո­րոնք կ՚ա­նուա­նենք «ե­ղա­նակ»ներ։ Զոր օ­րի­նակ, ձմրան մէջ ի՛նչ որ է բնու­թիւ­նը, նոյ­նը չէ միւս ե­ղա­նակ­նե­րուն մէջ. մար­դիկ գի­տեն ար­դէն, թէ ո՛ր­քան տար­բեր է բնու­թիւ­նը ե­ղա­նա­կէ՜ ե­ղա­նակ։

Այս­պէս է նաեւ մարդ­կա­յին հո­գե­ւոր բնու­թիւ­նը։

Մա՛րդն ալ ու­նի իր ձմեռ­նա­յին փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, ինչ­պէս ու­նի գար­նա­նա­յի­նը եւ ա­մառ­նա­յի­նը ե՛ւ աշ­նա­նա­յի­նը։

Դուք, տե­սա՞ծ էք, սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, մարդ մը՝ որ միշտ ու­րախ է, եր­ջա­նիկ եւ միշտ խնդա­ցող։

Մա՛րդ միշտ չի խնդար, այլ նաեւ՝ եր­բեմն կու լայ, եր­բեմն կը սգայ։ Եւ կար­ծեմ, ընդ­հան­րա­պէս «եր­ջա­նիկ» է այն մար­դը՝ ո­րուն ու­րախ պա­հե­րը ա­ւե­լի են քան տխուր, տրտում պա­հե­րը իր ամ­բողջ կեան­քին մէջ։ Ե­թէ լոյ­սը շատ է, լու­սա­ւոր է, ե­թէ նոյ­նիսկ տեղ տեղ խա­ւար մա­սեր ըլ­լան տեղ մը…։

Ու­րա­խու­թիւն­ներ, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, ժա­մա­նա­կա­ւոր եր­ջան­կու­թիւն­ներ՝ աշ­նա­նա­յին տե­րեւ­նե­րու պէս՝ յա­ճախ կը թօշ­նին, կ՚իյ­նան, կը կոր­սուին։

Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ ո՛չ մէկ բան տե­ւա­կան է եւ մնա­յուն, այլ ժա­մա­նա­կա­ւոր է. օր մը ու­րա­խու­թիւն, օր մը տրտմու­թիւն։ Եւ ե­թէ մարդ, զոր օ­րի­նակ, եր­կու օր ու­րախ է եւ մէկ օր տխուր, պէտք է եր­ջա­նիկ զգայ ինք­զինք, քա­նի որ ու­րա­խու­թիւ­նը տրտմու­թեան նկատ­մամբ ա­ւե­լի է։ Այս կը նմա­նի «սեւ»ի եւ «ճեր­մակ»ի, ե­թէ սե­ւը ա­ւե­լի է, սե՛ւ է, իսկ ե­թէ ճեր­մա­կը ա­ւե­լի շատ տա­րա­ծուած է, ճեր­մա՛կ է։

Ո՞վ է կեան­քի մէջ եր­ջա­նիկ մար­դը։

Եր­ջա­նիկ մար­դը այն է, ո­րուն եր­ջա­նիկ օ­րե­րը ա­ւե­լի են իր կե­նա­քին մէջ, քան՝ դժբախտ օ­րե­րը։ Ու­րեմն «եր­ջան­կու­թիւն»ը հա­մե­մա­տա­կան կամ յա­րա­բե­րա­կան վի­ճակ մըն է մար­դուս կեան­քին մէջ։

Ոե­ւէ մէ­կու մը հա­մար երբ կ՚ը­սենք.- եր­ջա­նիկ մարդ է, այս կը նշա­նա­կէ, թէ իր կեան­քին մէջ ու­րախ եւ եր­ջա­նիկ օ­րե­րը ա­ւե­լի են, քան՝ տխուր օ­րե­րը։

Ուս­տի, ինչ­պէս տես­նուած է կեան­քի մէջ, հա­րուս­տը կրնայ աղ­քա­տա­նալ, ա­ռողջ մէ­կը կրնայ հի­ւան­դա­նալ, եւ կամ հա­կա­դար­ձա­բար, աղ­քա­տը՝ հարս­տա­նալ, հի­ւան­դը՝ ա­ռող­ջա­նալ…։

Ինչ­պէս որ մար­դուս գլխուն վրա­յի երկ­նա­կա­մա­րը միշտ կա­պոյտ չէ, նո՛յն­պէս ալ սեւ ամ­պեր ցա­ւե­րու, վիշ­տե­րու, յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րու, դժբախ­տու­թիւն­նե­րու՝ կու գան խա­ւա­րեց­նել, մռայ­լել մար­դուս հո­գին։ Այս մա­սին մա՛րդ ա­պա­հո­վագ­րուած չէ, պահ մը կը բա­ւէ, եր­ջա­նի­կը դժբախտ ը­նե­լու, ո­րուն ժա­մա­նա­կը յայտ­նի չէ՛։

Ինչ­պէս բնու­թեան մէջ, մար­դուս հո­գիին մէջ ալ փո­թո­րիկ­ներ կը ծա­գին եւ երկ­րա­շար­ժներ՝ ո­րոնք հիմ­նո­վին կը յե­ղա­փո­խեն իր կեան­քին պայ­ման­նե­րը, կամ կը կոր­ծա­նեն իր ա՜յն­քան քաղցր եւ փայ­փա­յա­կան յոյ­սե­րը եւ ե­րազ­նե­րը։

Ու­րեմն իյ­նա­լը բնա­կան է, իսկ քա­ջու­թիւն է՝ իյ­նա­լէ ետք կանգ­նի­լը։ Ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ է ի­րա­կան յա­ջո­ղու­թիւ­նը եւ յաղ­թա­նա­կը։

Կեան­քը ե­լե­ւէջ­ներ ու­նի, կա­րե­ւո­րը ա­մէն ան­գամ վեր կանգ­նե­լու կամք ու­նե­նա՛լն է. կեան­քի յաղ­թա­նա­կը եւ եր­ջան­կու­թիւ­նը ա՛յս է ա­հա­ւա­սիկ։

Այս չա­փա­նիշ­նե­րով ո­րո­շե­ցէք, թէ եր­ջա­նիկ էք, եւ կամ դժբախտ։ Ձեր կեան­քը բնու­թեան ե­ղա­նակ­նե­րէն ո՞ր մէ­կուն կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ՝ եր­ջան­կու­թեա՞ն թէ դժբախ­տու­թեան։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ան­կու­մէ վերջ՝ կանգ­նիլ, կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ յա­ջո­ղու­թեան, եւ ու­րեմն՝ եր­ջան­կու­թեա՛ն։

Այս ի­մաս­տով, բնու­թիւ­նը կար­ծես ար­տատ­պուած՝ ըն­դօ­րի­նա­կուած «պատ­կեր» մըն է մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ։ Մա՛րդն ալ ու­նի իր հո­գիին խո­րը լե­րան կա­տար­ներ՝ ո­րոնք իր մտա­ծում­նե­րուն, խոր­հուրդ­նե­րուն թռիչք­նե­րը, իր հե­ռան­կար­նե­րը՝ ի­տէալ­նե­րը, իր սէ­րե­րը, իր ըմբռ­նո­ղու­թիւ­նը, իր ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը Էա­կի մը մա­սին կը կազ­մեն ու կը հաս­տա­տեն՝ որ ամ­բողջ Տիե­զեր­քի Ստեղ­ծիչն է եւ Կա­ռա­վա­րի­չը, Ա­րա­րի­չը եւ Նա­խախ­նա­մը, մարդ­կա­յին կեան­քին ու ճա­կա­տագ­րին բա­ցար­ձակ Տէ­րը նաեւ։

Եւ երբ «ճա­կա­տա­գիր» կ՚ը­սենք, մենք կը հասկ­նանք՝ աս­տուա­ծա­յին ընդ­հա­նուր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան մեծ «ծրա­գիր»ը՝ որ տա­կա­ւին ըն­թաց­քի մէջ է, եւ ո­րուն մաս կը կազ­մէ ա­մէն մէկ կեն­դա­նի էա­կի կեան­քը։ Եւ այդ կեան­քին մէջ ա­մէն մէկ էակ ու­նի իր դե­րը, ո­րուն կա­տար­ման կեր­պը կը կո­չուի «ճա­կա­տա­գի՛ր»։­

Ուս­տի «ճա­կա­տա­գիր»ը՝ «Ծրագ­րի»ն մէկ մասն է։ «Ճա­կա­տա­գիր»ը Աս­տու­ծոյ ա­մե­նա­տե­սու­թեան մէկ ար­դիւնքն է, այն՝ որ Աս­տուած տա­կա­ւին չպա­տա­հած, ար­դէն գի­տէ եւ կը տես­նէ՛։ Եւ ու­րեմն այս ի­մաս­տով պէտք է հասկ­նալ Աս­տու­ծոյ՝ ճա­կա­տագ­րին բա­ցար­ձակ տէ­րը ըլ­լա­լը։

Եւ մարդ, իր հո­գիին մէջ գտնուող լե­րան կա­տար­նե­րուն վրայ կե­ցած՝ կ՚ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը կը կրէ, թէ՝ Սաղ­մո­սեր­գուին բա­ցատ­րու­թեամբ՝ եր­կին­քի հրեշ­տակ­նե­րէն քիչ մը միայն վար դրուած է ինք։

Եւ սա­կայն մարդ, որ ա­սանկ բարձր դիր­քի վրայ կը գտնուի, իր հո­գիին մէջ ու­նի նաեւ ան­յա­տակ վի­հեր՝ ար­հա­ւա­լից ու մթին, ո­րոնց մէջ կրնայ եր­բեմն թա­ղուիլ։ Մարդս կրնայ սրբա­նալ բայց կրնայ նաեւ՝ մե­ղան­չել Աս­տու­ծոյ եւ իր նման­նե­րուն դէմ մին­չեւ այն աս­տի­ճան, որ նոյ­նիսկ «դժոխ­քը իր­մէ ամչ­նայ»։ Մար­դուս հո­գին ալ ու­նի վի­հեր, ո­րոնց մէջ կը թա­փա­ռին գա­զան­ներ, նոյ­նիսկ ա­ւե­լի՛ կա­տա­ղի քան աշ­խար­հի վրայ՝ ո­րե­ւէ ան­տա­ռի մէջ ա­մե­նէն ա­րիւ­նար­բու վագ­րե­րը կամ թու­նա­լից օ­ձե­րը։

Մարդ­կա­յին հո­գիին մէջ կա՛յ նաեւ ազ­նուու­թիւն, վե­հանձ­նու­թիւն, ա­ռա­քի­նու­թիւն, եւ սա­կայն ա­նոնց քով կայ խա­բէու­թեան, կեղ­ծի­քի ճա­հիճ­ներ։

Մարդ էա­կը իս­կա­պէս «ան­ծա­նօ՛թ» մըն է իր այլ տար­բեր ե­րե­սակ­նե­րով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 28, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2017