ՊԷՅՔՈԶԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ԼՈՒՐՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

VADİP-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին դար­ձեալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ Պէյ­քո­զի եր­բեմ­նի գե­րեզ­մա­նա­տան տա­րած­քի ար­ժե­ւոր­ման հար­ցը։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու յայտ­նեց, որ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հետ անդ­րա­դար­ձած էր այս խնդրին։ Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, ըստ իր բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րուն, կա­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ էր։ Նա­խա­տե­սուած հա­տուց­ման գու­մա­րին 14 տո­կո­սը պի­տի փո­խան­ցուէր փաս­տա­բա­նի մը։ 12 տո­կոսն ալ պի­տի յատ­կա­ցուէր միջ­նոր­դի մը, որ պի­տի ա­պա­հո­վէր վճար­ման ա­րա­գա­ցու­մը։ Այս բո­լո­րին վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով՝ Էր­տո­ղան հրա­հան­գեց վճար­ման ա­րա­գա­ցուի­լը եւ խոր­հուրդ տուաւ փաս­տա­բա­նի բա­ժինն ալ զեղ­չել 6 տո­կո­սի։ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի կող­մէ փո­խան­ցուած վե­րո­յի­շեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ունկնդ­րուե­ցան ու­շադ­րու­թեամբ։

Բաց աս­տի, նոյն նիւ­թին շուրջ ան­ցեալ Կի­րա­կի կա­րե­ւոր խորհր­դակ­ցու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցած է Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Մա­ղա­քեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած Պէյ­քո­զի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը խորհր­դակ­ցած է խումբ մը հա­մայն­քա­յին վա­րիչ­նե­րու հետ։ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի (այդ պա­հու դրու­թեամբ Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ եւ «Յո­վա­կիմ 1461» հիմ­նար­կի վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ) գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցած է ժո­ղո­վը, ո­րուն մաս­նակ­ցած են Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, Մայր ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հրանդ Մոս­կո­ֆեան, Պո­յա­ճը­գիւ­ղի Ս. Ե­րից Ման­կանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Նա­զա­րէթ Էօզ­սա­հա­կեան, Է­յու­պի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թօ Ար­ման եւ այլ ազ­գա­յին­ներ։ Ա­մե­նայն ման­րա­մաս­նու­թեամբ քննար­կուած է հար­ցը, բո­լոր փու­լե­րուն վե­րա­բե­րեալ նրբու­թիւն­նե­րով։

Այս խորհր­դակ­ցու­թեան լոյ­սին տակ ո­րո­շուած է հրա­պա­րա­կել մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րու թրքե­րէն բնա­գի­րը կը ներ­կա­յաց­նենք յա­րա­կից սիւ­նակ­նե­րուն մէջ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 14, 2017