ՎԱՌ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԻՒՆ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) ձեւաչափին մէջ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ կարեւոր ժողով մը։ Առաւել չափով VADİP-ի դիւանէն քանի մը անդամներու ջանքերով կազմակերպուած լայնախարիսխ քննարկում մըն էր այդ մէկը։ Նախաձեռնարկները հաւաքոյթը նախատեսած էին՝ որպէս VADİP-ի ընդլայնուած կազմով նիստ։ Այսինքն, բացի մեր հաստատութիւններու վարչայիններէն, հաւաքին մասնակցութիւն բերին մեր համայնքի զանազան խաւերէն ներկայացուցիչներ։
Գումգաբուի մէջ ստեղծուած մթնոլորտը հերթական անգամ ապացուցանեց, որ մեր համայնքի բոլոր շրջանակները, մեր համայնքի բոլոր խաւերը ինչպիսի վառ հետաքրքրութիւն մը կը ցուցաբերեն պատրիարքական ընտրութեան հարցին նկատմամբ։ Հաւաքոյթի բոլոր մասնակիցները հակուած էին կեդրոնանալ դրական երեւոյթներուն վրայ եւ կը ձգտէին այդ բոլորը ձեռքբերումի մը վերածելու՝ ապաւինելով հաւաքական մտքով ծնելիք հեռանկարներուն։ Մետայլի միւս երեսակին կային նաեւ յուզիչ կամ տխուր երեւոյթներ։ Ապրուեցան լարուածութիւններ, մասնակիցներուն միջեւ ծագեցան բախումներ, հնչեցին հայհոյանքներ, տեղի ունեցան ֆիզիքական ընդհարումներ ու նոյնիսկ ոստիկանութիւնը փութաց միջոցներ ձեռք առնելու՝ երաշխաւորելու համար անվտանգութիւնը։ Սակայն եւ այնպէս, ընդհանուր առմամբ, վերջին հաշուով ժողովուրդին համար ազատ արտայայտութեան հնարաւորութեան ընձեռումը ձեռքբերում մը կը համարուի ընդհանուր առմամբ։
Երէկուան հաւաքոյթի կազմակերպիչները, բնականաբար, ենթարկուեցան քննադատութիւններու։ Այդ քննադատութիւններուն արդար կամ անարդար ըլլալը անշուշտ կարեւոր է, սակայն հարցը պէտք չէ սահմանափակուի այդքանով։ Երէկուան հաւաքը պէտք է փորձառութեան մը վերածուի մեր համայնքին տեսակէտէ։ Պատրիարքական ընտրութիւնը տակաւին տեղի պիտի ունենայ եւ նախընտրական շրջանին բնականաբար տակաւին բազում նման հաւաքներ պիտի կազմակերպուին։ Ուստի, երէկուան լայնախարիսխ համախմբման ոգին պէտք է պահել, պէտք է արժեւորել վառ հետաքրքրութիւնը, սակայն նաեւ պէտք է կանխել սխալներուն կրկնութիւնը։