Բաղնիք, Աղօթք Եւ Այլն

Ծաղ­կա­ձո­րէն եւ Աղ­վե­րա­նէն ետք, այս ան­գամ հայ­րե­նի մեր բա­րե­կամ­նե­րը մե­զի, ին­ծի եւ կնոջս իբ­րեւ «օ­դա­փո­խու­թեան» նոր վայր, Ստե­փա­նա­ւան եր­թալ թե­լադ­րե­ցին: Ան­կեղ­ծօ­րէն, թէեւ գի­տէի, որ հայ­րե­նի­քին մէջ հա­մայ­նա­վար հե­րոս՝ Ստե­փան Շա­հու­մեա­նի ա­նու­նը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շար­ձան­ներ կա­յին, սա­կայն իր ա­նուան հետ կա­պուած օ­դա­փո­խու­թեան վայ­րի մը գո­յու­թեան ան­տե­ղեակ էի:

Ստե­փա­նա­ւա­նը Լո­ռիի շրջա­նին մէջ գե­ղե­ցիկ քա­ղաք մըն էր, ո­րուն շրջա­պա­տող բլուր­նե­րուն վրայ հան­դար­տօ­րէն հանգ­չած էին, այս­պէս կո­չուած, «հանգս­տեան» տու­ներ: Ե­թէ գիւ­ղէն դէ­պի պան­դոկ­ներ տա­նող ճամ­բուն խեղ­ճու­թիւնն ու հո­տը նկա­տի չառ­նէի, իր տես­քէն դա­տե­լով, ին­ծի հա­մար ան փոքր Զուի­ցե­րիա մըն էր ան­կաս­կած: Միւս կող­մէ, մեր բա­րի բախ­տէն, ա­ռա­ջին օրն իսկ պան­դո­կա­պե­տը մե­զի մտեր­մօ­րէն յայտ­նեց, որ քա­ղա­քէն քիչ մը հե­ռու կը գտնուէր «Լո­ռի միջ­նա­բերդ-ամ­րոց քա­ղա­քը»:

-Չէք փոշ­մա­նի, գնա­ցէ՛ք եւ տե­սէ՛ք, ախր, պատ­մա­կան էլ է,- ը­սաւ հա­մո­զիչ եւ վայր­կեա­նին, ա­ռանց իմ պա­տաս­խա­նիս սպա­սե­լու, «զան­գեց» եւ յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ կա­նուխ մե­զի դէ­պի այդ ամ­րո­ցը փո­խադ­րող «թաք­սին» ա­պա­հո­վեց, ե­զա­կի ու հաս­տատ ան­կեղ­ծու­թեամբ:

Ա­ռա­ւօ­տուն, ո­րո­շուած ժա­մուն, մեր մե­քե­նա­վա­րը, Սեր­գէ­յը իր ինք­նա­շար­ժով ար­դէն մեզի կը սպա­սէր: Ամ­բողջ ճամ­բու ըն­թաց­քին, իր ա­շա­կերտ­նե­րուն նոր դա­սը խան­դա­վառ բա­ցատ­րող ու­սու­ցի­չի մը նման՝ ան խօ­սե­ցաւ ու խօ­սե­ցաւ՝ ա­ռանց ա­ռիթ տա­լու, որ ես ալ իմ կար­գիս գո­նէ «բա­ներ» մը ը­սէի, ա­ւելց­նէի: Նոյ­նիսկ լաւ ծի­ծա­ղով մը յայտ­նեց նաեւ, որ ինք ներ­կա­յիս թո­շա­կա­ւոր մըն էր եւ՝ հինգ թոռ­նե­րու ալ պա­պիկ, եւ Լո­ռիի շրջա­նին մէջ պատ­մու­թեան ու­սու­ցիչ ալ ե­ղած էր եւ նոյ­նիսկ ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մին մաս­նա­կից՝ ա­զա­տա­մար­տիկ:

Այս­պէս, մա­հը մօ­տէն տե­սած աչ­քե­րով, սի­կա­րե­թը միշտ բեր­նին, կէս-կա­տար ակ­ռա­նե­րով, կար­ճա­հա­սակ մեր ու­սու­ցիչ-մե­քե­նա­վար Սեր­գէ­յը, ծանր բան մը բռնած իր ձայ­նով, պատ­մեց, թէ այդ ամ­րո­ցը ե՛րբ հիմ­նը-ւած էր, թէ ո՛վ էր Բագ­րա­տու­նի տոհ­մէն Դա­ւիթ Ան­հո­ղի թա­գա­ւո­րը, եւ թէ ամ­րո­ցը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Տա­շիր-Ձո­րա­գետ թա­գա­ւո­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք ալ ե­ղած էր, ինչ­պէ՞ս դար­ձած էր ա­ռեւ­տու­րի հսկայ կա­մուրջ մը՝ Վրաս­տա­նի եւ Ա­նիի մի­ջեւ, եւ թէ ի՛նչ նշա­նա­կու­թիւն ու­նէր ամ­րո­ցի եզ­րին, եր­կու լեռ­նե­րուն խո­րը գտնուող սար­սա­փե­լի եւ ան­հուն հո­վի­տի մը մէ­ջէն դա­րե­րէ ի վեր մեծ աղ­մու­կով վա­զող Ձո­րա­գե­տը: Այս բո­լո­րը կը պատ­մէր վա­րա­կիչ ապ­րու­մով, ո­րուն հետ ին­ծի կը բե­րէր նոր մտա­ծում­ներ:

Վեր­ջա­պէս հա­սանք փլա­տակ բերդ-ամ­րո­ցը: Մեզ­մէ զատ կա­յին նաեւ հայ եւ օ­տար մեծ թի­ւով զբօ­սաշր­ջիկ­ներ: Թէեւ եր­կին­քը ջեր­մու­թեամբ կը ժպտէր, սա­կայն ա­շու­նը հա­սած էր՝ իր խօս­քը ը­սե­լու: Սկսանք մեր «պտոյ­տին»՝ զգու­շա­ւոր հե­տե­ւե­լով Սեր­գէ­յի քայ­լե­րուն եւ ձայ­նին: Հին­ցած ու դա­րե­րուն մա­շե­ցու­ցած ժայ­ռե­րուն վրայ պատ­մու­թեան շուն­չը կար: Սեր­գէյ զա­նոնք մէկ առ մէկ մեր առ­ջեւ սկսած էր պար­զել համ­բե­րու­թեամբ:

Ու­րախ էի եւ հպարտ: Ի տես այս բո­լո­րին՝ կը զգա­յի, որ հայ աշ­խար­հը ե­թէ փո­րես, տա­կէն ան­պայ­ման կեանք պի­տի ծնէր: Ան­կաս­կած, որ գի­տակ­ցու­թեանս առ­ջեւ կը բա­ցուէր մեր իս­կա­կան էու­թիւ­նը: Բայց յան­կարծ կնոջս ձայ­նը ընդ­մի­ջեց ա­մէն մտա­ծում:

Կինս Լի­բա­նան բնա­կող իր նախ­կին ըն­կե­րու­հի­նե­րէն մէ­կուն հան­դի­պած էր: Ի՜նչ ու­րա­խու­թիւն եւ ա­նակն­կալ: Հա­մա­ձայն ան­գիր սո­վո­րու­թեան, պատ­մա­կան ամ­րո­ցի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը զի­ջե­ցան դպրո­ցա­կան եւ դրա­ցիա­կան կեան­քի յու­շե­րուն: Այդ վայր­կեա­նին տա­րի­նե­րու կա­րօ­տը կա­րե­լի չէր ու­րիշ «բա­նով» մը փո­խա­րի­նել:

-Դուք գա­ցէ՛ք,- ը­սաւ կինս հա­մո­զիչ եւ քիչ մը մէըն ալ՝ պա­ղա­տա­գին, ես ձեր ե­տե­ւէն կը հաս­նիմ: Հնա­զան­դե­ցանք: Ի­րա­ւունք ու­նէր: Ես ու Սեր­գէ­յը շա­րու­նա­կե­ցինք փո­շոտ ու նեղ ու­ղին, որ մեզ հաս­ցուց փոք­րիկ «շի­նու­թեան» մը դի­մաց:

-Ա­հա պա­լա­տին մա­տու­ռը,- ը­սաւ իմ հա­ւա­տա­րիմ «կայտ»ս, դու նա­յէ՛, ես մի պա­պի­րոս ծխեմ…:

Մօ­տե­ցայ: Ի՛նչ մեղքս պա­հեմ, փլա­տակ ե­կե­ղեց­ւոյ մը ան­ճա­նա­չե­լի խո­րա­նի մը մնա­ցոր­դա­ցը: Ան­կեղ­ծօ­րէն, մտո­վի փոր­ձե­ցի հայ­կա­կան մա­տուռ մը պատ­կե­րաց­նել: Բայց… Ա­պա, չեմ գի­տեր՝ ինչ­պէս, յան­կարծ ո­րո­շե­ցի ա­ղօ­թել: Մէ­ջէս ինք­նա­ծին, տա­քուկ, հա­ւատք բու­րող բա­ռե­րովս նախ «Հայր Մեր» մը ը­սի ա­րագ, միա­ժա­նակ նա­յուած­քիս խառ­նե­լով հիաց­մունք ու զար­մանք: Վեր­ջա­պէս, Բագ­րա­տու­նի­նե­րէն ժա­ռանգ հա­սած «խո­րան»ի մը առ­ջեւն էի կանգ­նած: Հա­ւատքս իս­կա­պէս զօ­րա­ցած ըլ­լա­լու էր, ինչ­պէս նաեւ ներ­քին յու­զումս ալ՝ բազ­մա­ցած:

Ա­ղօ­թե­ցի: Վերջ: Յե­տոյ քա­նի մը քայլ ե­տեւ ե­կայ: Սեր­գէ­յը զիս կը դի­տէր մեծ «բա­րիք մը» ը­նո­ղի նա­յուած­քով: Ինքն ալ ի­րա­ւունք ու­նէր: Ե­կած էի Ա­մե­րի­կա­յէն: Ար­դեօք տե­ղին չէ՞ր, որ այս փլա­տակ խո­րա­նին առ­ջեւ ծունկ մը ա­ղօթք ը­նէի: Ուխտ: Հա­յու հա­ւատք եւ ուխտ:

Յան­կարծ կնոջս ձայ­նը լսե­ցի: Ան­պայ­ման ըն­կե­րու­հիէն զա­տուած ըլ­լա­լու էր:

-Ան շու­տով Ե­րե­ւան պի­տի վե­րա­դառ­նար,- ը­սաւ ար­դա­րա­ցու­ցիչ ձայ­նով եւ ա­րագ ու դէմ­քիս զար­ման­քը փա­րա­տե­լով՝ շա­րու­նա­կեց.- բայց, դուն հո՛ս, ին­չո՞ւ կե­ցած ես , ե­կո՛ւր, քա­լէ՛, եր­թանք ամ­րո­ցին մա­տու­ռը…, տես­նես ի՜նչ գե­ղե­ցիկ է..

Ու թեւս մտնե­լով, զիս քաշք­շե­լով տա­րաւ իմ «մա­տուռ»էս շուրջ հա­րիւր մեթր ան­դին գտնուղ փլա­տա­կի մը առ­ջեւ: Է՜հ, իս­կա­պէս, որ մա­տուռ էր: Խո­րա­նը թէեւ կի­սա­քանդ, սա­կայն «ա­մէն» բան իր տեղն էր: Այս մէ­կը ո՜ւր, «իմս» ո՜ւր…

-Քա՛, մա՛րդ, խելքդ աշ­խատ­ցո՛ւր, ին­չո՞ւ այդ­պէս կե­ցա՛ծ ես փլա­տակ բաղ­նի­քին առ­ջեւ, քա­լէ՛:

Ալ  չու­զե­ցի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը լսել: Մե­ծա­պէս սխա­լած էի ու մա­նա­ւանդ՝ խա­բուած: Ան­մի­ջա­պէս վա­րոր­դիս նա­յե­ցայ: Այդ պա­հուն գլխուս մէջ կար­ծես հրա­բուխ կար, իսկ աչ­քե­րուս՝ կայ­ծակ: Ես յի­մա­րա­բար Սեր­գէ­յին հա­ւա­տա­լով՝ կե­ցած ու ա­ղօ­թած էի Բագ­րա­տու­նի­նե­րու բաղ­նիք­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Կար­ծես մէ­կը «վե­րէն վար» վրաս պաղ ջուր թա­փած ըլ­լար: Մա­տուռ եւ բաղ­նիք… Ես զիս ոչ միայն մե­ծա­պէս խա­բուած կը նկա­տէի, այլ նաեւ ծի­ծա­ղե­լի: Ե­թէ չամչ­նա­յի… պի­տի լա­յի… Մէկ խօս­քով, ա­պուշ մը դար­ձած էի: Հա­պա՞ այդ վայր­կեա­նին ե­թէ մէ­կը զիս տե­սած ըլ­լար… հա­պա ե­թէ «այդ մէ­կը» կինս ըլ­լար… այս ի՜նչ խայ­տա­ռա­կու­թիւն… Ե­կուր եւ հա­մո­զէ, որ յի­մար Սեր­գէյն էր… Բեր­նիս մէջ ա­նո­րոշ տո­ղեր սկսած էին եր­գել: Այդ մէ­կը զգա­լի էր ար­դէն: Բար­կու­թե­նէս կրկին ան­գամ նա­յե­ցայ Սեր­գէ­յին: Ա­նոր դէմքն ու մար­մինն ալ պաղ քրտինք մը բռնած ըլ­լա­լու էր: Ինքն ալ կը զգար իր սխա­լը: Մեծ «կա­ֆը»: Ան­կաս­կած հի­մա իր լի­ճին մէջ ալ ա­լիք մը կար, իսկ աչ­քե­րուն՝ ին­ծի նման ցա­ւոտ նա­յուածք:

Ծօ՛, կը կրկնէի մտո­վի ու տան­ջուած, լա՛ւ որ տա­կա­ւին ըստ ա­ւան­դու­թեան բարձ­րա­ձայն «Տէր ո­ղոր­մեա» մըն ալ չէի եր­գած… Մա՛րդ Աս­տու­ծոյ, ո՞ւր տես­նուած է բաղ­նի­քին մէջ ա­ղօ­թել, հոն միայն կ՚եր­գեն, ա­պո՛ւշ… կ՚եր…­գեն… ո՛չ թէ կ՚ա…­ղօ…­թեն… յի…­մար… ան­խելք կկու…

Ու ան­կէ ետք, երբ ա­մէն ան­գամ այս դէպ­քը յի­շէի, ինք­նա­ծին ծի­ծաղ մը կը գծուէր դէմ­քիս վրայ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵ­ՏԻ­ԿԵԱՆ

Ուրբաթ, Փետրուար 17, 2017