ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Գարակէօզեան Տան տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի 8-րդ անգամ կազմակերպուեցան։ Վարժարանի «Վահան Գարթալլըօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը, որոնց մասնակցեցան տասնմէկ միջնակարգեր։ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբի, Մտախաղերու հանդէսի եւ Խելքի միութեան կողմէ աջակցութիւն բերուած էր այս ձեռնարկի կազմակերպման ուղղութեամբ։ Բազմաթիւ ճիւղերու մէջ նախատեսուած էին մտախաղերը, որոնց մասնակից աշակերտական խումբերը որպէս ուղեցոյց ունէին նաեւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները։ Գարակէօզեան Տան տիկնանց կազմն ալ այս ձեռնարկին համար բերած էր իր աջակցութիւնը։
Մտախաղերու սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Գարակէօզեան Տան փոխ-տնօրէնուհի Նարօտ Քուրուղօղլու։ Դպրոցի ուսուցչուհիներէն Նատին Քասըմօղլուի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Թուրքիոյ Ուղեղի կազմէն Ֆերհատ Չալափքուլուն ալ ողջունեց մասնակիցները։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Գարակէօզեան վարժարանը 8-րդ անգամ կը կազմակերպէ այս ձեռնարկը միջնակարգերու մակարդակով։ Չալափքուլու տեղեկացուց նաեւ, որ նախակրթարաններու մակարդարով Պէզճեան Մայր վարժարանը եւ լիսէներու մակարդակով ալ Սուրբ Խաչ դպրեվանքը պիտի սկսին մտախաղեր կազմակերպել յառաջիկայ շրջանին։ Դարձեալ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբէն Ֆաթիհ Քամէր Անտա աշակերտներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց խաղերուն եւ կանոններուն շուրջ։
Բացման փուլէն վերջ տղաքը ամբողջական կեդրոնացումով մասնակցութիւն բերին մտախաղերուն։ Արդիւնքին խմբային դասաւորման մէջ դափնեկիր հանդիսացան՝ Գարակէօզեան, Էսաեան եւ Գալֆաեան։ Անհատական դասաւորման մէջ առաջին երեք շարքերը զբաղեցուցին՝ Լառա Քըր (Էսաեան), Թարա Զիլման (Գարակէօզեան) եւ Զէյնէփ Պաքըրճըօղլու (Գալֆաեան)։
Մտախաղերու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւն։ Այս փուլին Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Մոնէ հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ մասնակից բոլոր վարժարաններուն եւ աշակերտներուն համար։ Մասնակցութեան վկայականներ յանձնուեցան վարժարաններուն եւ անոնց ներկայացուցիչ ուսուցիչներուն։ Դափնեկիրները ծափողջոյններու ներքեւ ստացան իրենց մետայլները։ Յուշանուէրներ վերապահուած էին նաեւ Գարակէօզեան Տան տիկնանց կազմին եւ Թուրքիոյ Ուղեղի խումբին համար։ Տիկնանց յանձնախումբին յուշանուէրը ստացաւ Հիլտա Վոլքան, իսկ Ֆերհատ Չալափքուլուն եւ Ֆաթիհ Քամէր Անտան միասնաբար ստանձնեցին Թուրքիոյ Ուղեղի խումբին համար պատրաստուած յուշանուէրը։
Մրցանակաբաշխան աւարտին հատուեցաւ կարկանդակ մը եւ սարքուեցաւ ընդունելութիւն։