ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը ե­րէկ հա­սաւ իր ա­ւար­տին։ Հան­գու­ցեալ Տիգ­րան Սար­կա­ւա­գեան-Ար­զուեա­նի յի­շա­տա­կին կազ­մա­կեր­պուած այս եր­րորդ մրցա­շար­քը տե­ւեց 16 շա­բաթ։ Ե­րէ­կուան ա­ւար­տա­կան խա­ղե­րէն վերջ յայտ­նի դար­ձան դափ­նե­կիր­նե­րը։ Ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ «Քամփ Ար­մէն», ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին «Պոլ­սա­հայս» եւ «Նէօ­շա­թէլ»։ Ճեն­թըլ­մէն խում­բը ե­ղաւ «Քոն­թա», իսկ լա­ւա­գոյն ռմբար­կուն ճան­չուե­ցաւ Ռո­պին Միր­զա­խա­նեան։ Մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին բո­լո­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ներ­քեւ ստա­ցան ի­րենց պար­գեւ­նե­րը։ Մրցա­շար­քի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը հա­մա­կար­գեց Մի­նաս Ա­սա։

Մինչ այդ, այս մրցա­շար­քի ա­ւար­տա­կա­նի օ­րուան պա­տուոյ հիւ­րը ե­ղաւ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վար Էօ­մէր Ֆուատ Կիւն­տայ։ Այս վեր­ջի­նը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չա­քի եւ ըն­կեր­նե­րուն կող­մէ։ Ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Կիւն­տայ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րուն կող­մէ մեր երկ­րի մար­զա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու կեան­քին բե­րուած նպաս­տին շուրջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 23, 2017