ՁԱԽՈՂԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԾԻՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրաստուած, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ մերժուած համաձայնութեան նախագիծը, որուն մասին զանազան լուրեր հրապարակուեցան վերջին օրերուն համայնքային մամուլին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հրապարակեց այդ ձախողած նախագծի ամբողջ բովանդակութիւնը։
*
Մենք ներքոստորագրեալներս՝ Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան (Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ ընտրեալ-տեղապահ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան) եւ Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան (Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ եւ լուսարարապետ) ի շարունակութիւն 3 Ապրիլ 2017, Երկուշաբթի, Պատրիարքարանի երդիքին տակ մեր ունեցած խորհրդակցութեան՝ որոշած ենք ստորագրել եւ հրապարակել հետեւեալ համաձայնագիրը։
Ա- 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունեցած Եկեղեցական համագումար ժողովի արդիւնքն ու յաջորդած իրադարձութիւնները ծանօթ են բոլորին։ Համամիտ ենք, որ որեւէ արգելք գոյութիւն չունի ընտրեալ-տեղապահի պաշտօնի կոչուելուն համար՝ միայն թէ անհրաժեշտ է պետութեան կողմէ համապատասխան ընթացակարգի մը հաւանութեան արժանանալը։ Ուստի, նկատի կ՚առնենք պատկան իշխանութիւններուն կողմէ վերջին օրերուն գրաւոր ու բանաւոր ձեւով Պատրիարքական Աթոռին փոխանցուած պատգամները։ Համոզուած ենք, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը ի կատար պիտի ածուի՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնին, մեր Պատրիարքութեան աւանդութիւններուն ու նախընթացներուն եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրէնսդրութեան տրամադրութիւններուն համադրութեամբ։ Հաշուի առնելով, որ ներկայ պայմաններով պետութիւնը որպէս պաշտօնական միակ երկխօս կը ճանչնայ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ զինքը կը նկատէ պաշտօնի գլուխ՝ բոլոր լիազօրութիւններով, մենք եւս յարմար կը դատենք որդեգրել զուգահեռ դիրքորոշում մը։ Հետեւաբար, մինչեւ պատկան իշխանութիւններուն հետ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի սկիզբին համաձայնեցումը՝ Աթոռի կառավարման ներկայ դրութիւնը կը պահուի անփոփոխ։ Ընտրեալ-տեղապահը պաշտօնի կը կոչուի նոր պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքներու ձեռնարկման փուլին ու մինչ այդ կը ճանչնայ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը, բոլոր լիազօրութիւններով, որպէսզի երաշխաւորուի ընտրութեան հեռանկարը։ Իր կարգին, Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդն ալ պատրաստակամ է՝ ճշդուած ժամկէտով պաշտօնավարութեան հերթը անվերապահօրէն փոխանցելու ընտրեալ-տեղապահին, ամենայն վստահութեամբ եւ համագործակցութեան ոգիով։
Յետ պաշտօնի փոխանցման, Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան կը շարունակէ իր լուսարարապետի պաշտօնը՝ ըստ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ տրուած լիազօրագրին։
Բ- Այս համաձայնութիւնը հետամուտ է կարգաւորել լիազօրութիւնները ո՛չ միայն պետութեան հետ առընչակից հարցերու շուրջ, այլ նաեւ՝ եկեղեցական եւ ներքին, ընթացիկ կամ արտակարգ նիւթերու պարագային։ Մինչեւ ընտրեալ-տեղապահին գործնականօրէն պաշտօնի ձեռնարկելը՝ թրքահայ հոգեւորականաց դասու անդամները կը գործեն պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի իշխանութեան տակ։ Ընտրեալ-տեղապահը յանձն չ՚առներ որեւէ որոշման փոփոխութեան կամ վերանայման պահանջ յառաջ քաշել՝ հոգեւոր հայրերու կամ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ եկեղեցավարչական կամ ելմտատնտեսական կարգադրութիւններու եւ տնօրինութիւններու շուրջ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռէն ներս երկգլխանի վիճակի մը կամ նման տպաւորութեան մը ստեղծումը կանխելու առաջադրութեամբ ներքոստորագրեալներուս կողմէ կը ցուցաբերուի առաւելագոյն նախանձախնդրութիւն։ Ընդհանուր փոխանորդը որեւէ ձեւով սկզբունքօրէն շուքի տակ չի թողուր ընտրեալ-տեղապահի գոյութիւնը եւ համաձայնեցուած պահուն գործունէութեան մեկնարկի հեռանկարը։ Ընդհանուր փոխանորդը յանձն կ՚առնէ փութով պատկան իշխանութիւններուն մօտ կատարել անհրաժեշտ դիմումները եւ հետամուտ ըլլալ անոնց արդիւնքին՝ ըստ պետութեան հայեցողութեան սահմանուելիք ժամկետին։ Իսկ ընտրեալ-տեղապահը կը յարգէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի բոլոր գետիններու վրայ ընդհանուր փոխանորդին կողմէ ներկայացման իրաւունքը։ Միջեկեղեցական շփումներու մէջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանուրին վերաբերեալ հարցերու շուրջ եւս ի զօրու է ընդհանուր փոխանորդին վերապահուած այս լիազօրութիւնը։ Աթոռին անունով թղթակցութիւնները կը կատարուին ընդհանուր փոխանորդին հայեացքով եւ ստորագրութեամբ։ Քաղաքէս դուրս ուղարկուելիք հոգեւորական կամ աշխարհական ներկայացուցիչները, նոյնպէս, կը նշանակուին ընդհանուր փոխանորդին կողմէ։ Բաց աստի, ընդհանուր փոխանորդը կը շարունակէ մնալ Կրօնական ժողովի նախագահ եւ իրեն կը վիճակի Եկեղեցական համագումարը ժողովի հրաւիրելու լիազօրութիւնը՝ մինչեւ ընտրեալ-տեղապահի գործնականօրէն պաշտօնի ձեռնարկելը։
Այս համաձայնութենէն տեղեակ կը պահուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, հայցելով Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը։
Գ- Կ՚աղօթենք Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. հանգստեան կոչուած Սրբազան Պատրիարք Հօր համար եւ մերազն ժողովուրդը կը հրաւիրենք խորաթափանց ընկալել այս համաձայնութեան ոգիէն ու տարրէն բխած յանձնառութիւնը։ Աւագ Շաբթուան սեմին մեր կոչն է՝ որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ըլլայ համախումբ ու միասնական եւ եղբայրական զօրակցութեան ոգիով աղօթէ Պատրիարքական Աթոռի անսասանութեան եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ
Ընտրեալ-տեղապահ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ