ԱՆՎԵՐՋ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այսօր կը վերադառնայ Մարսէյլէն եւ քաղաքիս մէջ կը մասնակցի Աւագ շաբթուան եւ Ս. Զատկի արարողութիւններուն։ Նորին Սրբազնութիւնը այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ քաղաքս կը վերադառնայ, որ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը կը շարունակուի՝ անվերջ հարցականներով։
Երէկ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան քաղաքս ժամանելու ընդառաջ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւնով մը։ Ան վերջնականօրէն մերժեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ նախորդ շաբաթ իրեն ներկայացուած համաձայնութեան առաջարկը։ Ընտրեալ-տեղապահը նշեց, որ ընդհանուր փոխանորդին կողմէ ներկայացուած համաձայնութեան առաջարկը խորքին մէջ առ ոչինչ կը համարէ Եկեղեցականաց համագումարի կամքն ու որոշումը, միայն առերես կը ճանչնայ տեղապահի օրինաւոր ընտրութիւնը, կը զրկէ ընտրեալ-տեղապահը բոլոր իր լիազօրութիւններէն ու կը փորձէ օրինականացնել «պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի» պաշտօնէն հրաժարելու իր յամառումը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան միեւնոյն ժամանակ հրապարակած է իրեն ներկա-յացուած համաձայնութեան նախագծին ամբողջ բովանդակութիւնը, զոր կը ներկայացնենք յարակից սիւնակին մէջ։ Բաց աստի, ընտրեալ-տեղապահին կողմէ պոլսահայ մամլոյ եւ հանրութեան յանձնուած պատկան նամակն ալ յարակից սիւնակին մէջ առանձնապէս կը ներկայացնենք նոյնութեամբ։
Այսպէսով յայտնի կը դառնայ, որ Ս. Զատկի տօնակատարութիւններէն վերջ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապը պիտի շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքային օրակարգը։