ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին՝ Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակած պատգամին համար։ Պատրիարքական Աթոռը մասնաւոր յայտարարութիւնով մը արձագանգեց Էրտողանի պատգամին։ Այս կապակցութեամբ Գումգաբուէն կատարուած յայտարարութեան թրքերէն բնագիրը յարակից սիւնակին մէջ ներկայացուած է նոյնութեամբ։
Պատրիարքարանը դրական արձագանգելով Հանրապետութեան նախագահի պատգամին՝ մատնանշած է, որ այդ մէկը գոհունակութեամբ ընկալուած է մեր համայնքին կողմէ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդգծած է, որ Էրտողան երրորդ անգամ մասնաւոր պատգամ մը հրապարակած է Ապրիլի 24-ի առթիւ՝ բաժ-նելով թրքահայութեան ցաւը։ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուած է, որ պատգամը ունի մարդասիրական ամուր շեշտ մը։ Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Էրտողանի կողմէ հայ համայնքի անդորրութեան, անվտանգութեան ու երջանկութեան նկատմամբ ցուցաբերուած մասնաւոր կարեւորութիւնը շատ դրական արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս եւ ընկալուած՝ մեծ գոհունակութեամբ։ Մեր երկրէն ներս միութեան ու միասնականութեան միջավայրի ամրապնդման տեսակէտէ՝ այդ պատգամին մէջ արտայայտուած ղեկավարման հասկացութիւնը ունի անգնահատելի նշանակութիւն։
Հանրապետութեան նախագահի պատգամի արտայայտութիւններու ի շարունակութիւն՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բացատրած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու տեւականացման համար պետութեան կողմէ առնուելիք քայլերուն զօրակցութիւն բերելը Պատրիարքարանի կողմէ կը համարուի քաղաքացիական պատասխանատուութիւն։
Յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երախտագիտութիւն յայտնած է Էրտողանին եւ ընդգծած է, որ միշտ կ՚աղօթէ մեր պետութեան անսասանութեան համար։